ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ օրերուն օգոստոս էր եւ երեւանեան օգոստոս ու երկինքը բաւական բարձր ջերմութեամբ կը ժպտար։ Ու ինչ մեղքս պահեմ, կ՚ուզէի այդ օրն ալ չծուլանալ եւ մտովի վերանորոգուիլ։ Թէեւ մայրաքաղաքի մեծ եւ յայտնի գրադարաններն ու գրախանութները կարգով այցելած էի, սակայն առիթով մը երեւանաբնակ աշակերտուհիներէս Մատլէնէն խնդրած էի, սանկ, քանի մը «անանուն» գրադարաններն ալ այցելել։ Անկեղծօրէն կ՚ուզէի միշտ լսել հայ գիրքին ձայնը։ Իրապէս, որ հայրենիքի կարօտիս կողքին, ընթերցումի սէրս ալ հետս Հայաստան բերած էի։ Եւ այդ օր մուրազիս հասած էի։Ու հիմա, ամբողջ երկար ժամեր այդ անանուն գրադարանէն ներս անցընելէս, եւ անոր փոշոտ գիրքերուն հետ «խաղալէս» ետք, դուրսը, բակին (երեւանեան խօսուածքով՝ «հայաթին») մէջ կեցած, ինքնաբերաբար եւ ագահօրէն շուրջս դիտելով, Մատլէնին կը սպասէի։ Եւ ի տես աչքիս զարնուող անբացատրելի տեսարաններուն, խօսակցութեան ու շէնքի դրացիներու արտայայտութիւններու ձեւին ու ոճին, յաճախ յուսախաբ գլուխս կը շարժէի, մտովի ըսելով, որ մեր այս ժողովուրդն ալ օտար քամիներուն անձնատուր եղած էր իր կենցաղով եւ վերաբերմունքով։ Դաժան իրականութիւն։
Բայց… ահա վերջապէս Մատլէնը երեւցաւ ռուսական իր ինքնաշարժով։ Նստեցայ։ Յոգնած կ՚երեւէր, քիչ մըն ալ ջղային, ուստի փորձեցի մթնոլորտը փոխել։ Հարցը պարզ էր՝ հեւքոտ կեանքի մը մէկ պատկերը. իր մանչը դպրոցը ինկած էր եւ քիթը արիւնած, ինք հոս հոն վազած, բայց եւ այնպէս, ես յանցանք չունէի։ Այս մէկ բացատրութիւնը զիս քիչ մը աւելի հանդարտեցուցած էր։
— Իսկ հիմա ո՞ւր կ՚երթանք,— ըսի վերջապէս եւ համարձակ։
— Անակնկալ է, «ըսթազ» պարոն,— ըսաւ շատ մտերիմ։
Կեանքը իսկապէս, որ հետքրքրական էր։ Այն աշակերտներուս, որոնց հայերէն դասաւանդած էի, իրենց համար ես «պարոն» կը կոչուէի, իսկ անոնց, որոնց արաբերէն՝ «ըսթազ»։ Այս ուրիշ հարց է։
Յանկարծ «օհ» բացականչութիւն մը լսեցի։ Մատլէնն էր։
— Ի՞նչ եղաւ,— ըսի գրեթէ վախցած։
— Հէ՛չ, հէ՛չ, հիմա կը շտկեմ,— ըսաւ ու նոյն փողոցին մէջ ինքնաշարժին գլուխը դէպի ձախ դարձնելով, փորձեց ճամբան շարունակել։
— Մենք սխալ ուղղութեամբ փողոց մտած էինք,— ըսաւ պարզ եւ յստակ։
Ցնցուեցայ։ Իսկապէս որ, պատահածը մեծ սխալ մըն էր։ Մատլէնը ինքնաշարժը ուղղած էր միակողմանի փողոց մը՝ հակառակ ուղղութեամբ։ Մեր բախտէն տեղւոյն վրայ ինքնաշարժի չհանդիպեցանք։ Այլապէս… նոր արկած մը եւս։
— Լաւ է,— ըսաւ ու սկսաւ ճամբան շարունակել։ Բայց ոստիկանական ինքնաշարժի մը ահազանգի ճչակն ու անոր հետեւող խռպոտ ձայնով հրահանգը խանգարեցին մեր ներքին հանդարտութիւնը։ Առ քեզի անակնկալ սիրելի Մատլէնս, ըսի մտովի։
—Փորձա՜նք,— բացականչեց Մատլէն զարմացած,— այս մէկը ուրկէ՞ բուսաւ։
Գլուխս դէպի պատուհան ծռեցի ու տեսայ, որ կապոյտ ճերմակ ոստիկանական ինքնաշարժ մըն էր, որ իր զգուշացնող լոյսերը թարթելով, մեր ետեւէն կու գար։
Մատլէն իր կարգին, շուտով փողոցին աջ կողմը թեքուեցաւ ու կանգ առաւ, միաժամանակ ինծի ըսելով, որ «եթէ մօտս քսան տոլարանոց մը ունէի, զայն պատրաստէի ափիս մէջ»։ Այսչափ։ Հասկցայ։ Կաշառք։ Անմիջապէս խնդրանքը կատարեցի, ու գրպանէս քսաննոց մը հանելով, ձախ ափիս մէջ ամուր մը պահեցի։ Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ ինք չափազանց մտահոգ ու ջղային ալ էր։ Ինքնաշարժը կանգ առնելէ ետք Մատլէն իր պատուհանը բացաւ ու ինծի կարճ ու կտրուկ թելադրեց.
—Հաճի՛ս, չխօսի՛ք եւ չմիջամնտէ՛ք… միայն մտիկ ըրէ՛ք։
Լուռ հնազանդեցայ։
Ոստիկանը, որ երիտասարդ տղայ մըն էր, նախ մօտեցաւ եւ յարգանքով աջ ձեռքը գլխուն մօտեցնելով իր անունը տալով բարեւեց։ Ապա քիչ մը աւելի ցած ծռելով, ինծի ալ «բարեւ ծէծէ» մը ըսաւ։
— Հրամմեցէ՛ք, պարոն ոստիկան,— ըսաւ Մատլէն բաւական քաջ։
Իմ կարգիս, անկեղծօրէն ըսելով, ես ալ վախցած էի։ Անձնապէս ոստիկաններէն կը խրտչիմ, նոյնիսկ երբ ոստիկան մը տեսնեմ կամ հանդիպիմ՝ կը վախնամ, տեսակ մը քրտինք կը թափեմ։ Այս բոլորը թերեւս անոր համար, որ մանկութեանս, Հալէպի այդ մեր բազմաբնակ բակին մէջ, պարոն Արթին անունով դրացի մըն ալ ունէինք։ Ծոյլ մարդ մըն էր, միշտ սիկարէթը բերնին։ Կինը կ՚աշխատէր, իսկ ինք տունը կը քնանար։ Ու իսկապէս իրմէ կը վախնայինք։ Եւ երբ մեր խաղի ընթացքին մեր ձայները քիչ մը աւելի «բարձրացնէինք», ինք անմիջապէս պատուհանէն կը պոռար…։
— Ծօ՛, խելօք հա՛, սուս հա՛, հիմա «բոլիսը» կը կանչեմ, ձեզի բանտ կը տանի, խելոք հա՛։
Ուստի կը կարծէի, որ եթէ ոստիկանի մը հանդիպէի, զիս բանտ պիտի տանէր։ Ահա քեզի պատմութիւն։ Վախ եւ հոգեկան կեցուածք։ Իսկ հիմա…։ Հիմա ալ նոյնն էր կարծես, այս տարիքիս…։ Ճիշդ էր, որ մեծ սխալ մը չէինք ըրած…, այսպէս քիչ մը ճամբէն շեղած, սխալ ուղղութեամբ գացած էինք…։
— Ձեր թղթերը, քոյրիկ ջան,— լսեցի ոստիկանին ձայնը։
Մատլէն վայրկեանին կրկին իրար անցաւ։ Նայեցայ երեսին։ Կաս կարմիր եւ քրտինք։ Աստուած իմ այս աղջիկը ի՞նչ եղաւ յանկարծ։ Շուարեցայ։ Գլուխովս հարց տուի, այս ներքին տագնապին եւ իրարանցումին պատճառը հասկնալու համար։
— Կը ներէ՛ք,— լսեցի Մատլէնի ձայնը, գրեթէ աղաչական, պայուսակս տունս մոռցած եմ, աճապարանքով տունէս ելայ եւ հիմա… մօտս փաստաթուղթ չունիմ…։
— Օ՜հ, այդպէ՛ս,— ըսաւ ոստիկանը տարբեր ոճով մը, ուրեմն առանց արտօնագրի վարում էք «աւտօ»… է՜հ, տուէ՛ք ապահովագրութեան թղթերը։
Հարցում…եւ հարցում։ Հիմա ես Մատլէնէն աւելի մտահոգ էի։
— Ան ալ մօտս չէ,— ըսաւ Մատլէն յանցանքին վրայ բռնուող աշակերտի մը նման, խղճալի ձայնով։
— Ի՞նչ,— զարմացած, կրկին անգամ ոստիկանը հարցուց։
— Ճի՛շդ լսեցիք, մօտս չէ։ Ըսի ձեզի, որ աճապարանքով տունէն ելած եմ եւ նոյնիսկ պայուսակս չեմ վերցուցած, մոռցած եմ, «օթոյ»իս բանալին առնելով արագ մը եկած եմ, որ «իսթազս» վերցնեմ… ճշմարիտ կ՚ըսեմ։
Ահա քեզի պատմութիւն եւ վէպ։ Ինչպէ՞ս կրնաս բացատրել այս դաշտանկարը։ Ոստիկանը գլխարկը գլխէն հանեց։ Քանի մը անգամներ գլուխը քերեց։ Ապա գլխարկը տեղը դնելէ ետք քիչ մը աւելի ծռելով, ձեռքերը հանգչեցուց ինքնաշարժին Մատլէնին կողքի պատուհանին եւ երկար բարակ բացատրեց, որ նման պատմութիւններ ամէն օր լսած էր եւ չէր հաւատացած։ Սուտ ինքնարդարացում։ Անիմաստ պատճառաբանութիւն։ Ապա ան այս բոլորէն ետք աւելցուց, թէ ինք պէտք է մեզ ոստիկանատուն առաջնորդէր եւ անոր կայանատեղիին մէջ պահ դնել տար մեր ինքնաշարժը, մինչեւ որ Մատլէն իր տունէն բերէր պահանջուած թուղթերը եւ տուգանքը մուծէր։ Այսքան։ Մատլէն այս անգամ տեղացիներուն նման կրկնեց իր պատմութիւնը եւ երդուեց.
— Ձեզ վստահեցնում եմ, պարոն ոստիկան, հօրս արեւը, ես տանն եմ մոռացել, ամբողջ պայուսակս։
Կարծես պիտի լար։ Ճիշդ էր, որ Մատլէն սուտ չէր խօսեր, բայց «եկուր եւ հաւատացուր այս մարդուն»։ Իր կարգին ոստիկանը չեմ գիտեր որքան ատեն զինք դիտեց, միւս կողմէ ալ աչքին ծայրովը զիս չափելով։ Բայց ինծի ոչ մէկ հարցում հարցուց։ Ճիշդ էր, որ ես բաժին չունէի բայց վերջապէս տարիքոտ «վկայ» մըն էի…։
—Լա՛ւ, լա՛ւ, հաւատում եմ ձեզ, քոյրիկ ճան, մի յուզուէք, … առայժմս գնացէ՛ք եւ ասկէ ետք նման «ղալաթ»ներ (սխալներ) չանէ՛ք, խնդրում եմ… բարի օր,— ըսաւ եւ հրահանգեց, որ մեր ճամբան շարունակենք։ Վայրկեանին ես ու Մատլէնը իրարու երես նայեցանք։ Նախ իսկապէս, որ մեր ականջներուն չհաւատացինք։ Հրաշք։
Տակաւին քսան տոլարանոցս, ափիս մէջ, մատներուս կպած, երակներուս հետ միասին կը դողար։ Ան ալ քրտնած էր։
Ինծի համար յստակ էր, թէ կաշառակերութիւն ըսուած այդ արեւելեան եւ կարծես մարդկային այս վառ իրականութիւն-արարքը, հիմա զարնուած էր այս ոստիկանին խղճին ու փշուր-փշուր եղած էր, փխրուն արձանի մը նման։
Իրապէս որ հայ ոստիկանը աչքիս մեծցած էր։ Ան հիմա ինծի համար գերազանցօրէն հայ էր։ Մինչ այդ, ինչ մեղքս պահեմ, ես ալ շատերու նման կը կարծէի, թէ հայրենիքիս մէջ հայ հոգին կորսնցուցած էր իր բանալին, եւ թէ հայը ցուրտ էր, ե՛ւ խարդախ, ե՛ւ նիւթապաշտ… Բայց այդպէս չէր։
Հիմա, այդ փողոցին մէջ, գիտակցութեանս առջեւ մարդկային մաքուր եւ բարի նկարագիրը պարզուած էր։ Նոր մարդկութիւն։ Նոր երիտասարդ հայ։ Բայց, կը մտածեմ, արդեօ՞ք մէկ ծաղիկով գարուն կու գայ։ Եթէ ուզենք… գարունը անպայման կու գայ…։ Կարեւորը մեր կամքն է։ Մեր մտածելակերպն է։ Այս տեսարանը խորքին մէջ մեզի կը պարտադրէր յստակ իրականութիւն։ Մէկ խօսքով՝ մաքուր տպաւորութիւն մը, որ իբրեւ գեղեցիկ երեւոյթ, մէջս վարկեանին ապրեցուց յոյսի մը ուրախութիւնը։ Յոյս մը՝ որ վաղը, կամ օր մը, այս ծաղիկը կրնար իր նմանները ունենալ, գտնել եւ «գարունանալ»։
Ահա քեզի, ճկուն, կայտառ ու վաղուան հզօր հայութիւն, ըսի ես ինծի, որոնց մէջ թագնուած է վեհութեան եւ յաւերժութեան խորհուրդը։
Ու հոգիս կրկին անգամ ջերմացաւ, տեսակ մը անբացատրելի ջերմութեամբ մը, որ նոյնիսկ անուն չունի, որովհետեւ այդ օր, ինծի համար, հայը ճանաչելի դարձած էր։