ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԲԱՂՆԻՔ

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

1940-ական թուականներուն Հալէպի բնակարաններուն մեծամասնութիւնը սահմանափակ յարմարութիւններով օժտուած էր, ու բաղնիքները հեռու էին գործնական ըլլալէ. լոգնալու համար անհրաժեշտ էր օճախին վրայ խոշոր կաթսաներու մէջ ջուր տաքցնել, ապա «բաղնիք» համարուած փոքր խուցի մը մէջ մայրեր իրենց փոքրերը ցած, անթեւ աթոռակի վրայ նստեցնելով՝ կ՚օճառէին անոնց գլուխներն ու մարմինները, եւ դոյլերու մէջ ամբարուած տաք ջուրերը թասերով թափելէ ետք անոնց օճառի փրփուրներով ծածկուած գլուխներուն ու մարմիններու վրայ՝ վերջ կը դնէին լոգնալու արարողութեան։ Արեւելեան բաղնիք յաճախելու սովորութիւնը կը պարտինք մեր բնակած շէնքի այնթապցի դրացիներ տիկին Անահիտին ու տիկին Վահիտէին, որոնք համոզած էին մայրս, թէ տուներու մէջ առնուած լոգանքները մակերեսային են, ու շեշտած՝ լաւ մաքրուելու համար, տարին գէթ մի քանի անգամ արեւելեան բաղնիք յաճախելու անհրաժեշտութիւնը, առանց մոռնալու նշելու հոն հաճելի ժամանակ անցընելու հաւանականութիւնը։
Մեր թաղին ամենամօտ արեւելեան բաղնիքը կը գտնուէր Ճըտէյտէ թաղին վրայ, Հայկազեան վարժարանի տղոց բաժնին շատ մօտ, նպարավաճառ Նահապետեաններուն խանութին կից։ Առաւօտեան ժամը 8-էն մինչեւ երեւոյեան ժամը 6-ը բաղնիքը վերապահուած էր կիներուն, իսկ երեկոյեան ժամը 8-էն մինչեւ յաջորդ առտուան ժամը 6-ը յատկացուած էր այրերուն։
Ճըտէյտէի արեւելեան բաղնիքը ունէր հսկայ, կամարաձեւ, երկաթեայ, մասամբ ժանգոտած տպաւորիչ մուտքի դուռ մը, որ կը բացուէր քառակուսի տարածուն դահլիճի մը վրայ, ուր բաղնիքին պատասխանատուները կ՚ընդունէին յաճախորդութիւնը, ու լոգնալէ զատ՝ անոնց այլազան պատուէրները՝ մարձում, շփում, եւայլն։
Վերոյիշեալ տարածուն դահլիճը, առանց դուռի, լայն բացուածքով մը կը հաղորդակցէր ուրիշ հսկայ դահլիճի մը հետ, շատ աւելի գաղջ, տաքութիւնը 32-էն 35 աստիճանի միջեւ. այս դահլիճին մէջ է, որ տեղի կ՚ունենային յաճախորդներուն ցանկացած մարձումներն ու մորթային շփումները, սեւ կարծր ձեռնոցներով (քէսէ)։ Երկրորդ դահլիճը կը հաղորդակցէր բուն բաղնիքին հետ քարաշէն լայն բացուածքով մը, ուր տաքութիւնը 45 աստիճանի շուրջ կ՚ըլլար։ Տիրող խոնաւութիւնն ու գոլորշին մշուշապատ, խորհրդաւոր երեւոյթ մը կը ստեղծէին ներսը. ամենուրեք՝ պատերուն առջեւ հաստատուած տասնեակներով քարաշէն լուացարաններ, իրարմէ բաժնուած ու խցիկներու վերածուած քարաշէն հաստ պատերով։
Առաջին այցելութիւնս արեւելեան բաղնիք կատարած եմ մօրս ու դրացիներուն հետ միասին, 4 տարեկանիս, ու ան մեծապէս դրոշմուած կը մնայ յիշողութեանս մէջ։ Նախ հարկ է նշել, որ արեւելեան բաղնիք յաճախելը այնթապցի ընտանիքներու ընկերակցութեամբ՝ միայն լոգնալ չի նշանակեր, այլ նաեւ՝ կատարեալ փիքնիք մը բազմազան ուտեստեղէններով, անուշեղէններով ու խմիչքներով…։
Առաւօտեան ժամը 9-ի ատենները ճամբան ենք բոլորս, իւրաքանչիւրիս ձեռքերը հաստ ծրարներով բեռնուած, որոնց մէջ՝ փոխնորդ հագուստներ, օճառ, խիտ ատամներով փղոսկրեայ սանտրեր, անուշեղէններ, օշարակներ ու մանաւանդ՝ կիր, որուն գործածութիւնը անհրաժեշտ նկատուած էր այդ շրջանին իգական սեռին երկար մազերուն մաքրութեան համար։
Աղմկարար խումբը երբ հասաւ բաղնիքին երկաթեայ դրան առաջ, տիկին Վահիտէն, որ վարժ էր կատարուելիք գործողութիւններուն ու ծանօթ՝ դռնապան կնոջ, անկէ խնդրեց մեզի յատկացնել մուտքի դռնէն ոչ շատ հեռու հաստատուած ամենամեծ պահարաններէն մին, մեր ծրարներուն համար, ապա իւրաքանչիւրս կարգով առանձնացանք քովի փոքր սենեակի մը մէջ, ուր մերկանալէ ետք իւրաքանչիւրը դուրս ելաւ մարմնին վերի ու վարի մազերը ծածկած լաթերով՝ որոնք դրուած էին պատերուն վրայ հաստատուած դարակներու վրայ։
Ես եւ տիկին Վահիտէին ինծի տարեկից տղան՝ Երուանդը, զերծ մնացինք այդ գործողութիւններէն ու մերկանալով՝ դուրս ելանք…։
Արդար ըլլալու համար՝ ես սիրեցի արեւելեան բաղնիքը, կաւին հոտը ու տաք դահլիճին մէջ տիրող գոլորշին, որ միջավայրին մշուշապատ ու խորհրդաւոր կերպարանք մը կու տար…։
Տիկին Վահիտէն, որ 20 տարեկան երիտասարդ տղայ մը ունէր, ամենայն ուշադրութեամբ կը դիտէր հասունցած աղջիկները, անոնց մարմնային համաչափութիւնները… հաւանաբար իր տղուն մասին մտածելով։ Մայրերը այս տեսակի խօսակցութիւններ կ՚ունենային, ու եթէ պատահէր, որ մենք բոլորս իրենց մօտ ըլլայինք այդ միջոցին, մեզմէ կը խնդրէին հեռանալ ու շարունակել մեր խաղերը։ Տիկին Վահիտէն, արտայայտուելով դրացի խցիկին մէջ լոգանք առնող հայ երիտասարդ աղջկայ մը մասին, ըսած էր շուրջիններուն, որ ան թէեւ համաչափ մարմին ունի, սակայն սրունքները տղամարդու պէս առատ մազեր ունին… Ուրիշ աղջկայ մը մասին, որ լոգնալէ ետք սրունքներուն վրայ գրէմ կը տարածէր, հիւանդ աղջիկ մը ըլլալու էր, կը պնդէր ան… Եւ այսպէս բամբասանքներու փերեզակի ծրարը կը բացուէր ու խօսակցութեան գլխաւոր նիւթ կը դառնար։
Բաղնիքի առաջին մասի աւարտին՝ անհրաժեշտ էր տելլաքին կատարելիքը։ Տելլաքները որոշ տարիք ունեցող անձեր կ՚ըլլային, որոնց պարտականութիւնը սեւ կարծր ձեռնոցով (քէսէ) մարմնին բոլոր մասերը ու մասնաւորաբար կռնակը շփելն է՝ ամիսներու ընթացքին մորթին վրայ տեղ գտած աղտերը դուրս հանելու համար։ Քրտնած մորթին վրայ անոնց կատարած շփումները աղտերը մակարոնի տեսքով դուրս կը հանեն մարմնէն։
Փոքրերս չէինք սիրեր տելլաքը, որովհետեւ շփումները ցաւ կը պատճառէին, սակայն մեր ծնողաց պնդումին տեղի կուտայինք։
Արեւելեան բաղնիքներուն մէջ գործող տելլաքները ընդհանրապէս քրիստոնեայ կամ ոչ իսլամ անձեր կ՚ըլլային, հաւանաբար կրօնական նկատումներով։ Տելլաքին արարողութենէն ետք կը սկսէր իսկական փիքնիքը. ծրարներէն դուրս կը բերուէին անուշեղէնները, չոր պտուղներն ու օշարակները, ու ցերեկոյթը կը շարունակուէր այլազան խօսակցութիւններով ու բամբասանքներով։ Լոգանք ու փիքնիք կը տեւէին 5-6 ժամ։
Մի քանի տարի արեւելեան բաղնիք ընկերանալէ ետք մօրս ու դրացիներուն, երբ 7 տարեկան եղայ, բաղնիքին դռնապան տիկինը մայրս ու տիկին Վահիտէն իր մօտ կանչելով, յայտարարեց, որ Երուանդն ու ես այլեւս մեծ ենք ու այսուհետեւ պարտինք մեր հայրերուն հետ միասին գալ բաղնիք…։
7 տարեկանէս վերջ տարին 2 կամ 3 անգամ ընկերակցած եմ հօրս արեւելեան բաղնիք՝ երբեմն բարեկամներով եւ կամ թաղընկերներով միասին։ Խոստովանիմ սակայն, որ այս յաճախումները կատարուած են առանց փիքնիքի, տեւած են հազիւ 2-3 ժամ, եղած են չոր ու յստակօրէն՝ նուազ հաճելի։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *