ՎԻԳԷՆ Ա.
Միսաք Վանլեանի յիշատակին
Սեդրակ ուրախ էր։
Չորս օր առաջ թոշակի ելած էր, երեսուն երկար ու ձիգ տարիներ մետաղագործական հսկայ արտադրամասին մէջ շաբաթական հինգ օր տքնելէ ետք։ Փոքրիկ հանդիսութիւն մը, նուէր մը (թանկարժէք ժամացոյց մը), յուշատախտակ մը… եւ մանաւանդ ամեն ամիս կոկիկ թոշակի մը հեռանկարը։
Դեռ առոյգ էր Սեդրակ, վաթսունը նոր թեւակոխած։ Տակաւին ամբողջ կեանք մը ունէր առջեւը։ Տարիներ շարունակ երազած էր այս օրը։ Հազիւ պատանեկութենէն դուրս եկած, նետուած էր կեանքի ասպարէզ, ինչպէս գրոց-բրոցները կ՚ըսէին, եւ անընդհատ վազած էր։ Ի՜նչ գործ ըսես, որ չէր ըրած. աշկերտութիւն երկաթագործի մօտ հոն՝ Հալէպ, բանուորութիւն՝ Պէյրութ ապա Գանատա, քշած էր թաքսի՝ ինչպէս բոլոր նորեկները, յետոյ կրցած էր մտնել այդ գործարանը, որուն զուգահեռ պահած էր թաքսին, մէկ արտօնագիրը երեքի վերածած ու վարձու տուած, բացած էր թաղային մանր խանութ, կուտակած էր բաւական կարողութիւն… Զուգահեռ՝ կազմած էր ընտանիք, կին եւ երկու երեխայ, որոնց ուսման համար ոչինչ խնայած էր։ Կրցած էր սեփական տուն ունենալ, երկու անգամ փոխած էր զայն՝ աւելի մեծը գնելով։ Վերջին տունը չէր գնած, այլ անցեալ տարի գետի ափին կառուցել տուած էր՝ լայն, ընդարձակ, ուր ամառները պիտի հաւաքուէին իր ընկերներն ու ազգականները եւ իր սիրտը պիտի փառաւորուէր։
— Մենք բախտաւոր էինք, գործ՝ ուզածիդ չափ կար այն օրերուն։ Այսօրուան երիտասարդներուն համար դժուար է։
Գէորգն էր ըսողը։ Սեդրակ իր ամպերէն պահ մը վար իջաւ։
Ճաշը աւարտած էին, կիները խոհանոց անցած սուրճի գործով, մնացեր էին երեքը՝ Եսային ալ իրենց հետ էր այդ օր։ Գէորգը կանչած էր զիրենք, Սեդրակի թոշակի անցնիլը նշելու համար։
— Դժուարը իրենց խելքի՛ն մէջն է։ Իրենց չափ նազ ու տուզ եթէ ընէինք, մե՛նք ալ անգործ կը մնայինք։ Դէմդ ի՛նչ գործ ելլէ՝ պիտի ընես,— կտրուկ շեշտով ըսաւ Սեդրակ։ Պահ մը մտածեց, ու շարունակեց.— Կը յիշե՞ս, Գէորգ, երբ տոկոսները բարձրացան 20-22 առ հարիւրի։ Առաջին տունս նոր առած էի։ Ամեն մարդ ըսաւ թէ տակէն պիտի չելլեմ. ելա՛նք։ Ատեն մը եղաւ, երբ Հայկուհին գործը կորսնցուց, երեք գործ կ՚ընէի. օրական 12-15 ժամ… Փառք Աստուծոյ, մէջէն ելանք, քիչ մըն ալ աւելիով։
Ինքնագոհ ժպտաց։
Եսային, որ ամենաերիտասարդն էր երեքէն, ուզեց նիւթը փոխել։
— Կը յիշէք այն տարին, 14-15 տարի առաջ, քերմէսին բադերը,— ըսաւ եւ չարաճճի նայուածքը յարեց իր աւագ սեղանակիցներուն։
Գէորգին դէմքը գրեթէ աննշմար կծկուեցաւ, սակայն Սեդրակին դէմքը շառագունեցաւ, աչքերը կարմրեցան, եւ մատը թափահարելով Գէորգին ուղղութեամբ, պոռաց.
— Կերաք, շուն-շանորդիներ, բադերը կերա՛ք։
* * *
Ամառ էր, տաք ամառ։ Նոյնիսկ մեր հիւսիսային աշունը տակաւին դարանակալ կը սպասէր, դեռ չէր անցած գործի։ Օգոստոսի կէսն էր, խաղողօրհնէքի շաբաթավերջը։
Գաղութը եռուզեռի մէջ էր։ Երկրորդ տարին էր, որ հայկական վարժարանին ի նպաստ տարեկան մեծ դաշտահանդէս մը կը կազմակերպուէր։ Առաջին վարանոտ փորձի յաջողութենէն քաջալերուած, կազմակերպիչ յանձնախումբը մեծ խանդավառութեամբ լծուած էր գործի եւ ամիսներ շարունակ ծրագրած, քննարկած, եզրակացուցած ու իրականացուցած էր աւելի լայն ծիրով երկօրեայ դաշտահանդէս։ Եւ ոչ ոք աւելի խանդավառ չէր նետուած այդ գործին մէջ, քան յանձնախումբի ատենապետ Սեդրակ Տարօնեանը։
Ամիսներ շարունակ, իր հաստ ու կարճ հասակը առած, գիշերն ու ցերեկը իրար խառնած, Սեդրակ կազմած էր դաշտահանդէսի ծրագիրը իր բոլոր մանրամասնութիւններով։ Նախ իր մտքին մէջ. առաւօտեան նախաճաշի սուրճին հետ վառած գլանիկներուն ծուխին մէջ ներշնչում փնտռելով, աշխատանքի ընթացքին՝ իր հսկած մետաղաշինական կիսաինքնաշխատ մեքենայէն ժամեր շարունակ աջ ու ձախ թռչող մետաղի տաշեղներուն պարը դիտելով, տան մուտքին առաջին ձիւները մաքրած ատեն… Ապա իր յանձնախումբի ընկերներուն հետ, ժողովի ընթացքին թէ անկէ դուրս։ Կազմած էր ընդարձակ ծրագիրը. վրաններու դասաւորում, երգիչ/նուագախումբ, ճաշեր, կրպակներ, հովանաւորներ եւ այլն, եւ այլն։ Մանաւանդ շատ աշխատած էր մանուկներուն եւ պատանիներուն յատուկ խաղերու եւ զբօսանքի բաժիններուն վրայ։ Այցելած էր զանազան դաշտահանդէսներ, ժամեր քշելով գացած հասած էր հեռու շրջաններ, տեսած, քննած, համեմատած եւ հաշուարկած։ Յանձնախումբը օրեր աշխատած էր, ծրագիրը ներկայացուցած էր հոգաբարձութեան, հոն ալ քննուած էր, թերահաւատութեամբ ընդունուած, փորձեր եղած էին «ողջախոհութեամբ» զայն կրճատելու. գործի ծաւալը մեծ էր, շատ աւելի լայնածաւալ, քան ցարդ իրագործուած ձեռնարկները, եւ գործին բուն պատասխանատուները, որոնք պիտի վճարէին նաեւ ձախողութեան գինը եւ այդ մասին հաշիւ տային զիրենք ընտրած ժողովուրդին, զգուշաւոր էին։ Ի վերջոյ, յետ քանիերորդ հանդիպման ու ժողովին, դաշտահանդէսին ծրագիրը կը բարեփոխուէր ու կը հաստատուէր իր «վերջնական» տեսքով։ Վերջնականը չակերտեցի, որովհետեւ ծրագիրը, իր վաւերացումէն ետքն իսկ, գործնական պատճառներով մի քանի փոփոխութիւններ կրեց։
Դաշտահանդէսի ծրագիրը երեք բաժիններ ունէր. սնունդի բաժինը, որ ի հարկէ պիտի ղեկավարէր Հայ կեդրոնի ճաշարանի խոհարարը, գեղարուեստական բաժինը՝ երգն ու պարը, որ ամիսներ առաջ ճշտուած էր, համաձայնեցուած էր երգիչին եւ նուագողներուն հետ, եւ խաղերու բաժինը՝ երեխաներուն եւ պատանիներուն բաժինը, որ ըստ Սեդրակի ամենակարեւորն էր, որովհետեւ եթէ երեխաները չձանձրանան, ծնողները կը մնան եւ դաշտահանդէսը կ՚ըլլայ բազմամարդ, կ՚ըլլայ յաջող։
— Սեդրակ, վազ անցիր, իշուկը ինչի՞դ է պէտք։ Էշերը թող մնան իրենց տեղը, այն հին երկիրները. մարդիկ եկեր-հասեր են ամերիկաներ, նորէ՞ն էշ պիտի նստին։ Չի քալեր, խայտառակ պիտի ըլլանք։
Ի հարկէ, Սեդրակ իր էշը քշեց եւ դաշտահանդէսը ունեցաւ իր իշուկը, որուն վրայ նստած ամբողջ օրը մանուկները մեծ ուրախութեամբ շրջեցան դաշտի լայնքին ու երկայնքին։
Դաշտահանդէսը ունեցաւ նաեւ բազմաթիւ տաղաւարիկներ, ամեն մէկը տարբեր խաղի մը տրամադրուած. տեղ մը՝ գնդակներով պիտի փորձէիր թիթեղներու բլրակ մը փլցնել, ուրիշ տեղ մը՝ նետ ու աղեղով փուչիկներ պայթեցնել, այլ տեղ՝ … Սեդրակ կը ջանար միշտ նորութիւններ բերել, որպէսզի երեխաները ուրախանան եւ ծնողները անտրտունջ դիմանան այդ երկու օրերուն։
Խաղերէն մէկն ալ այդ տարի օղակներու խաղին մէկ տարբերակն էր։. Օղակներու խաղը մի քանի օղակներ հեռուէն նետելով ձողի մը վրայ անցընելով կէտեր շահիլ է։ Այդ տարուան գիւտը ձողին տեսակն էր. փոխանակ փայտէ ձողերու, Սեդրակ տեղէ մը ճարած էր երեք խոշոր բադեր, բաւական մեծկակ աւազանով, եւ խաղացողը պիտի փորձէր օղակները անցընել լողացող բադերուն վիզը։ Անշուշտ բադերը անշարժ ձողեր չէին, եւ շատ դիւրութեամբ իրենց վիզերը կ՚ազատէին։ Միայն մի քանի ճարպիկներ յաջողեցան շահիլ խաղը, ան ալ երկու հոգիի ջանքերու համատեղումով. պէտք էր երկու տարբեր ուղղութիւններէ գրեթէ միաժամանակ նետել օղակները, որ բադը շուարէր եւ չկրնար խուսափիլ։ Սակայն խաղին դժուարութիւնը պատճառ չեղաւ, որ երեխաներն ու չափահասները չբոլորուէին աւազանիկին շուրջ, պարզապէս բադերը դիտելու հաճոյքին համար։
* * *
Շաբաթ կէսօրին սկսած դաշտահանդէսը մանկական խանդավառութեամբ շարունակուեցաւ մինչեւ մայրամուտ, ապա երիտասարդական աւիւնով շարունակուեցաւ մինչեւ «առտուան պզտիկ ժամերը», ինչպէս կը սիրէինք ըսել։ Երբ համայնքդ շփացած էր ունենալով իր տեղաբնիկ երգիչը, այն ալ Ճորճ Թիւթիւնճեանի նման հանրածանօթ մեկնաբան մը, նոյնիսկ շատ տաք ու պաղ տեսած տարեցներուն համար դժուար չէր երիտասարդի նման անձանձրոյթ դիմանալ կէս գիշերէն շատ աւելի ուշ, ըմբոշխնելու համար յեղափոխական երգերու անոր անզուգական կատարումները։
Փորձելով կարգ ու կանոն մտցնել պարահանդէսներուն եւ խրախճանքներուն մէջ, տարիներ առաջ անանուն պատասխանատու մը կարգադրած էր, որ խրախճանքներուն գեղարուեստական յայտագիրին՝ այսինքն երգիչին երգացանկին վրայ պէտք է յստակօրէն սահմանազատուէին սիրային-պարային եւ ազգային-յեղափոխական երգերը. նախ կը կատարուէր առաջին մասը, պարողները իրենց պարերը կը պարէին, ապա քրտնաթոր կը նստէին երկրորդ մասը վայելելու, յեղափոխական երգերը լսելու եւ երգիչին ձայնակցելու։
Երեկոյեան տասին մօտ երեխաները յոգնեցան, իրենց խաղերու կրպակները փակուեցան։ Կէս գիշերին սկսաւ տան ճամբան բռնող քնաթաթախ երեխաներ շալկած ծնողներու թափօրը։ Առաւօտեան երկուքէն ետք, «Արիւնոտ դրօշ»-ի վերջին տողերուն հետ վերջին խրախճանաւորը գնաց տուն, քանի մը ժամ քնանալէ ետք վերադառնալու խոստումով. յաւարտ պատարագի պիտի կատարուէր խաղողօրհնէք, հուսկ ապա դաշտահանդէսը պիտի շարունակուէր մինչեւ ուշ երեկոյ։
Օրերէ ի վեր գիշերը ցերեկին խառնած Սեդրակին յանձնախումբն ու բոլոր աշխատողները, արդէն պարտասած, արագ մաքրութենէ մը ետք գացին իրենց տուները՝ որպէսզի առաւօտեան վերադառնան։ Ամբողջ գոյքը՝ բեմական սարքաւորումները, երաժշտական գործիքները, սառնարան-բեռնատարը, աթոռ-սեղան, ամանեղէն եւ մասամբ նորին, մնաց բաց երկնքի տակ։ Բադերը նոյնպէս մնացին իրենց ճաղապատուած տաղաւարիկին մէջ։ Անշուշտ այդ բոլորը կարելի չէր այդպէս անտէր ձգել։ Գէորգը մի քանի երիտասարդներով յանձն առած էր մինչեւ լոյս հսկել, որ առաւօտեան տհաճ անակնկալի առջեւ չգտնուէին։
Եւ իջաւ լռութիւն, ինչպէս պիտի ըսէր բանաստեղծը։
* * *
Լռութիւնը համեմատական էր։ Դպրոցին բակը, ուր կը կայանար դաշտահանդէսը, կը գտնուի բանուկ մայրուղիի մը կից, եւ անդադրում երթեւեկը միշտ ալ խորքային աղմուկ կը տրամադրէ, ծովափի ալիքներուն նման։ Գէորգն ու տղաքը սեղան մը դրին բակին մէջտեղը, ուրկէ կը տեսնուէին բոլոր անկիւնները, արագ շրջան մը ըրին ցանկապատին երկայնքով՝ վերջին ստուգման համար եւ պիտի բոլորուէին սեղանին շուրջ, երբ Յովիկ նկատեց.
— Սխալ բան մը կայ հոս. բադերը ջուրէն դուրս են։
Իրօք, բադերը իրենց աւազանիկէն դուրս ելած, տաղաւարի պատին տակ ծուարած, կը փորձէին քնանալ։
— Է հա՛, ի՞նչ կայ որ, ուր կ՚ուզեն թող քնանան,— Վարդանն էր արձագանգողը.— Ո՞վ ըսաւ, թէ բադերը ջուրին մէջ կը քնանան։
Յովիկ որսորդի համբաւ ունէր եւ Վարդանի հարցումը իր համբաւին մարտահրաւէր համարեց։ Ուստի անառարկելի շեշտով յարեց.
— Բոլոր բադերը ջուրին վրայ կը քնանան։ Հոն աւելի ապահով կը զգան։ Ասոնք շուարած են, պէտք է շտկենք։
Եւ անմիջապէս ուղղուեցաւ բադերուն կողմը, զանոնք մէկ առ մէկ վերցուց եւ դրաւ աւազանին մէջ։
Բադերը, կիսաքուն ըլլալով, շատ չդիմադրեցին։ Բայց արագ սթափեցան, ու Յովիկ սեղանին չհասած, արդէն ջուրէն դուրս եկած եւ վերադարձած էին իրենց նախկին տեղը։
— Հերիք է մեծ-մեծ խօսիս,— հեգնեց Գէորգ,— դուն բադերու տոքթո՞ր ես, թէ ինչ։ Տես ահա, ետ իրենց տեղը գացին։
Յովիկ կմկմաց, առարկեց։ Միւսները աւելի խորացուցին քաշքշուքը։ Յովիկ ետ գնաց բադերուն քով, զանոնք դրաւ ջուրը։ Հազիւ հեռացաւ, բադերը դարձեալ դուրս եկան ջուրէն։ Եւ այսպէս մի քանի անգամ, շուրջ կէս ժամ, տղաքը զբաղեցան Յովիկով, Յովիկն ալ բադերով։
Առաւօտեան չորսին մօտ էր։
Ինքնաշարժ մը մտաւ շրջափակէն ներս, մայր դռնէն։ Տղաքը պահ մը մոռցան բադերը եւ ինքնաշարժով զբաղեցան։
Երկու ծանօթ երիտասարդներ էին, պատանեկութենէն դեռ նոր դուրս եկած, որոնք այդ ուշ ժամին կը վերադառնային քաղաքամէջի տիսքոթէքներէն եւ տուն չգացած ուզեր էին պահ մը հանդիպիլ տղոց։ Անոնցմէ մին երբեմն ականջօղ կը դնէր, բայց ուշադիր էր որ հայկական միջավայրի մէջ չըլլայ։ Այդ գիշեր մոռցեր էր ականջօղը հանել։
Գէորգին սուր աչքէն չվրիպեցաւ.
— Ծօ, այդ ի՞նչ է ականջիդ։
Բոլորին ուշադրութիւնը սեւեռեցաւ ականջին վրայ, որ կաս-կարմիր կտրեցաւ։ Տղան փորձեց զայն արագ հանել, աւելի շուարեցաւ ու քիչ մնաց ականջն ալ հետը հանէր։
— Ինչ ականջ,— հազիւ կմկմաց։
Ու սկսաւ քաշքշուքը։
— Չես ամչնար, ծօ, հայ տղուն կը վայելէ՞ օղ դնել։
— Հայրդ, մայրդ լսեն, սիրտերնին կը կենայ։
— Դուն որ հոս, այս կեդրոնին մէջ մեծցար, ա՞յս պիտի ըլլար վերջդ…
— Վաղը-միւս օր քիթէդ ալ բան մը կախէ։
Եւ այսպէս երկար ու բարակ։
Բադերը, որոնք լրջօրէն մտահոգ էին իրենց քունի խանգարումով, անմիջապէս որսացին պահը եւ կամացուկ, անաղմուկ, տոտիկ-տոտիկ քալելով հեռացան դէպի մայրուղին, որ մետաղալարի ցանկապատով մը բաժնուած էր դպրոցի շրջափակէն։ Կ՚երեւի թէ շատոնց պատրաստած էին իրենց փախուստը, որովհետեւ ուղղակի գացին հոն, ուր երկար ցանկապատին մէջ կար փոքր ծակ մը։
Յովիկն էր, որ առաջինը նկատեց։
—Տղաք, բադերը փախան,— պոռաց ու նետուեցաւ բադերուն ետեւէն։
Ուշ էր։ Բադերը իրարու ետեւէ արագ անցան ցանկապատին միւս կողմը եւ նոյն տոտիկ–տոտիկ քայլերով գացին թեքուեցան ձախ, դէպի հիւսիս։ Երեւի բնազդով զգացին, որ գետը այդ կողմն է։
—Ըրածիդ հաւնեցա՞ր,— Գէորգ դարձաւ Յովիկին.— Հիմա ի՞նչ ըսենք Սեդրակին։
* * *
Եսայի չէր գիտեր, թէ ի՞նչ ըսած էին Սեդրակին, բայց կէսօրուան մօտ, երբ տունէն եկաւ ու ներկայացաւ յանձնախումբին, որ ռատիոկապի սարքը վերցնէ ու անցնի հսկիչի իր դերին, Սեդրակին դէմքը թթուած էր։ Յակոբին, որուն հետ ցերեկուան հսկողութիւնը կը կատարէին, կամացուկ հարցուց այդ մասին։
— Բադերը կորսուեր են,— եղաւ պատասխանը։
— Ինչպէ՞ս։
— Շա՞տ գիտեմ։ Տղաքը ըսեր են, թէ առտուան կողմ ձգեր գացեր են։ Թռիլ ալ չէին կրնար, թեւերուն ծայրի փետուրները կտրուած էին։
— Գացեր են ո՞ւր։
— Դուրս։ Ցանկապատին ծակէն գացեր են մայրուղի եւ կորսուեր։
Մօտեցաւ Սեդրակին։
— Բադերը փախեր են կ՚ըսեն։
— Կ՚ըսեն կոր, այո, ես ալ հաւատացի։ Ծօ երեք հատ հսկայ բադը ինչպէ՞ս կը փախչին։ Ինծի ապուշի տե՞ղ դրած են, թէ ինչ։ Մորթած են ու կերած եւ վերջ։ Բոլորն ալ իրենք զիրենք որսորդ կը կարծեն։ Ձեռքերնին բադ անցաւ ալ, իրենք չկերան, չէ՞։
Եւ այսպէս, մինչ պատարագէն ետք խաղողը կ՚օրհնուէր, մինչ մատաղի հարիսան կը բաժնուէր, մինչ ժողովուրդին առաջին ալիքը,— անոնք որոնք գիշերը կանուխ մեկնած էին ու կրցած էին պատարագին համար ժամանակին արթննալ,— կը ճաշէր, մինչ երեխաները նորէն խաղի կրպակներուն՝ ներառեալ բադերուն ամայացած աւազանիկին շուրջ կը հաւաքուէին, Սեդրակին դէմքը կը մնար թթուած։ Հարկ եղածը կ՚ընէր, գործերուն կը հսկէր, կարգադրութիւնները կ՚ընէր, բայց սիրտը կոտրած էր։
Արեւը արդէն թեքուած էր ու շուքերը կ՚երկարէին։ Յոգնած ու պարտասած, Սեդրակ նստած էր նուագախումբի բեմին քովը դրուած աթոռի մը վրայ ու կը դիտէր ժողովուրդը, միաժամանակ աչքի պոչով հետեւելով մայր մուտքէն ներս մտնողներուն, որոնց հոսքէն կախեալ էին խոհանոցի աշխատանքին կշռոյթը, անհրաժեշտ աշխատողներու թիւը եւ բազմաթիւ այլ մանր-մունր տուեալներ։ Եսայի եւ Յակոբ իրենց շրջապտոյտները կը կատարէին։ Յովիկ մօտեցաւ Սեդրակին։
— Սեդրակ, տղաքը կ՚ըսեն կոր որ կը կարծես կոր թէ մենք կերեր ենք բադերը,— կմկմալով փորձեց նիւթը բանալ։
— Չեմ կարծեր կոր, ուղղակի գիտեմ, վստահ եմ։
— Բայց Սեդրակ, ինչպէս թէ գիտես, ե՛ս էի ետեւնէն վազողը, ե՛ս տեսայ թէ ինչպէս ծակէն անցան միւս կողմը։
— Կարեւոր չէ, ոչ ալ պէտք է։ Կերեր էք եւ վե՛րջ։
Յովիկ դանդաղ քայլերով հեռացաւ, ուսերը վեր հանած։ Ի՞նչ ըներ։ Եղածը եղած էր։
Այդ պահուն, Գէորգ եկաւ մայր մուտքէն։ Սեդրակ զայն հեռուէն տեսաւ, աչքերը փայլեցան, մանաւանդ երբ Գէորգ ձեռքը փորին դրած շփելու նման շարժում մը ըրաւ։ Գուցէ չըրաւ, բայց Սեդրակին աչքին այդպէս երեւաց։
— Շփէ՜, շփէ՜, լաւ շփէ որ դիւրին մարսես,— կանչեց հեռուէն։
Գէորգ մօտեցաւ՝ որպէսզի չպոռայ եւ պատասխանեց.
— Ի՞նչը մարսեմ։
— Ի՞նչը։ Բադե՛րը, հապա ի՞նչը։ Գոնէ համո՞վ էին։
— Ի՞նչ բադ, ինչ բան։ Բադերը ցանկապատէն փախան գացին։
— Ուրիշին վրայ քալեցուր։ Բադերը մորթեցիք կերաք։
Այս խօսակցութեան ընթացքին Գէորգ կամաց կամաց կը մօտենար Սեդրակին, որ լաւ լսուի ձայնը՝ բեմէն հնչող բարձր երաժշտութեան մէջ։ Յովիկ ետ դարձած կը դիտէր տեսարանը, առանց խօսակցութիւնը լսելու՝ հեռաւորութեան պատճառով։ Յակոբ նոյնպէս կը դիտէր տեսարանը եւ տեսնելով երկուքին ձեռքի շարժումները, աւելի մօտեցաւ եւ ձեռքը առաջ տանելով փորձեց հանդարտութիւն թելադրել երկուքին ալ։ Այդքան բազմութեան առաջ պէտք չէր որ ձեռնարկին պատասխանատուները դէպք ստեղծէին։
Յովիկին թուաց, թէ Յակոբ Գէորգին վրայ ձեռք բարձրացնելու կը պատրաստուի, անմիջապէս առաջ ցատկեց եւ Սեդրակին ու Գէորգին մէջտեղէն անցնելով, եւ երկուքն ալ հրելով, Յովիկին վրայ թռաւ։ Եսայի ժողովուրդին մէջն էր, բաւական հեռու եւ միայն նկատեց հրմշտուքի մը սկիզբը։ Մինչեւ վազէ ու հասնի, Յովիկ, Սեդրակ, Գէորգ ու Յակոբ, ինչպէս նաեւ այն աթոռը որուն վրայ Սեդրակ նստած էր, վերածուած էին մէկ խլրտացող կոյտի՝ մի քանի հարիւր հանդիսականներու հետաքրքիր աչքերուն առջեւ։
Ամեն կողմէ վազեցին հասան յանձնախումբի անդամները, եւ Եսայիին հետ միասին առաջին հերթին կռուողները հրեցին տարին բեմին ետեւը, ժողովուրդին աչքէն հեռու։ Հոն սկսաւ թատրերգութեան երկրորդ արարը՝ կռուողները իրարմէ բաժնելու եւ հանդարտեցնելու բաժինը, որ տեւեց մօտ կէս ժամ։ Մի քանի հոգի այդ գործով զբաղեցան, երկու անգամ աւելի մարդիկ ալ հետաքրքրասէրները հեռու պահելու դժուար գործով. Ամեն նոր հասնող կը փորձէր առաջ խցկուիլ եւ հասկնալ թէ ի՞նչ կատարուած է, ինչո՞ւ այդքան լուրջ մարդիկ յանկարծ գետինները կը տապլտկէին։ Մէկ երկու հոգի ալ կը փորձէին մթնոլորտը թեթեւցնել. «Զարմանալի էր, որ ամբողջ շաբաթավերջը առանց կռիւի անցաւ։ Հիմա որ կռիւը եղաւ, կրնամ այս գիշեր հանգիստ քնանալ, այլապէս պիտի մտահոգուէի թէ մեր աւանդոյթները կը կորսնցնենք, կ՚ուծանանք կոր…», կը սրախօսէր ազգային մը։
* * *
— Կերաք, շուն շանորդիներ, բադերը կերաք։
Դէպքէն աւելի քան 15 տարիներ անց, Սեդրակ տակաւին չէր մարսած կատարուածը եւ կը յամենար իր պնդումին վրայ, հակառակ Գէորգին բոլոր հաւաստիացումներուն թէ բադերը փախած էին եւ ոչ մորթուած։
Եսայի պահ մը շուարեցաւ։ Ապա, նիւթը վերաբանալու իր մեղքը քաւած ըլլալու համար, փորձեց քիչ մը այլ ուղղութեամբ տանիլ խօսակցութիւնը.
— Գիտէք, թէ ի՞նչն էր այն օրուան ամենազաւեշտալին։ Ամեն բան աւարտելէն ետք, ելայ դառնալու ժողովուրդին մէջ, որ տեսնեմ ու լսեմ թէ ինչ տպաւորութիւն ձգեց։ Մէյ մըն ալ ինծի մօտեցաւ լուսահոգի դերձակ Կարապետը, ինչպէս միշտ սիկարէթը բերանին ծայրէն կախուած, ու ձայնը ցածցնելով հարցուց թէ ի՞նչ պատահեցաւ։ Մտածեցի, թէ հօրս տարիքը կամ աւելի մեծ մարդ է, համայնքին մէջ տարիներու վաստակ ունեցող, իրեն չէ որ պիտի պատմութիւն յօրինեմ։ Ելայ նոյնութեամբ պատմեցի, թէ ինչ կատարուեցաւ։ Ուշի-ուշով լսեց, ու ծուռ-ծուռ նայեցաւ ինծի ըսելով՝ «Այդ լոլոն ուրիշներուն կը կարդաս, ինծի ճի՛շտը ըսէ»։ Այնքան անհեթէթ էր պատահածը, որ մարդիկ չէին կրնար հաւատալ, թէ իրօք երեք հատ բադի համար չափահաս մարդիկ կրնան գետինները տապլտկիլ։
Սեդրակ եւ Գէորգ իրարու նայեցան, մեղաւոր ժպիտ մը դէմքերուն։