Բադերը երեքն էին

ՎԻԳԷՆ Ա.

Միսաք Վանլեանի յիշատակին

Սեդրակ ուրախ էր։
Չորս օր առաջ թոշակի ելած էր, երեսուն երկար ու ձիգ տարիներ մետաղագործական հսկայ արտադրամասին մէջ շաբաթական հինգ օր տքնելէ ետք։ Փոքրիկ հանդիսութիւն մը, նուէր մը (թանկարժէք ժամացոյց մը), յուշատախտակ մը… եւ մանաւանդ ամեն ամիս կոկիկ թոշակի մը հեռանկարը։
Դեռ առոյգ էր Սեդրակ, վաթսունը նոր թեւակոխած։ Տակաւին ամբողջ կեանք մը ունէր առջեւը։ Տարիներ շարունակ երազած էր այս օրը։ Հազիւ պատանեկութենէն դուրս եկած, նետուած էր կեանքի ասպարէզ, ինչպէս գրոց-բրոցները կ՚ըսէին, եւ անընդհատ վազած էր։ Ի՜նչ գործ ըսես, որ չէր ըրած. աշկերտութիւն երկաթագործի մօտ հոն՝ Հալէպ, բանուորութիւն՝ Պէյրութ ապա Գանատա, քշած էր թաքսի՝ ինչպէս բոլոր նորեկները, յետոյ կրցած էր մտնել այդ գործարանը, որուն զուգահեռ պահած էր թաքսին, մէկ արտօնագիրը երեքի վերածած ու վարձու տուած, բացած էր թաղային մանր խանութ, կուտակած էր բաւական կարողութիւն… Զուգահեռ՝ կազմած էր ընտանիք, կին եւ երկու երեխայ, որոնց ուսման համար ոչինչ խնայած էր։ Կրցած էր սեփական տուն ունենալ, երկու անգամ փոխած էր զայն՝ աւելի մեծը գնելով։ Վերջին տունը չէր գնած, այլ անցեալ տարի գետի ափին կառուցել տուած էր՝ լայն, ընդարձակ, ուր ամառները պիտի հաւաքուէին իր ընկերներն ու ազգականները եւ իր սիրտը պիտի փառաւորուէր։ Continue reading “Բադերը երեքն էին”