ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ
Մայտային
Օթոստրատին վրայ, հակառակ ուղղութեամբ, նկատեց դէպի կանգառ յառաջացող օթոպիւսը: Պէտք է աճապարէր, կանգառ հասնէր, հակառակ պարագային, ամբողջ երկար ժամ մը պիտի սպասէր յաջորդին ժամանման…
Աշխատավայրէն իրեն բախտակից, գաղթական բանուորուհիի մը հետ դուրս եկան, աշխատանքային երկար օր էր: Մեծ էր թիւը գաղթողներուն, աշխատանքի դիմողներ շատ էին, ընդունուողները բախտաւոր կը համարուէին: Ինք փորձ-քննութեան յաջորդ օրն իսկ հրաւիրուեցաւ, կարի աշխատանոցի մէջ երկար տարիներ աշխատած էր.. հետեւաբար բախտաւորներու փաղանգին մաս կը կազմէր:
Բախտաւո՞ր, ուրեմն ինք բախտաւո՞ր էր, մինչ իր կեանքի յիսունհինգ տարիները եղած էին զրկանքով, դառնութեամբ, յուսախաբութեամբ լեցուն: Հայրը կանուխէն մահացած էր, մայրը վերստին ամուսնացած. խորթ հայր, խորթ քոյրեր ու եղբայրներ: Ըմբոստ ու տղայավարի էր, մայրը նախընտրեց զինք որբանոց յանձնել. հոն աւելի լաւ ըմբռնեց, թէ ինչ կը նշանակէր կրկնակի որբութիւնը…
Տարիները սահեցան որբանոցի գորշ առօրեային հետ: Նորակազմ պատանուհիի իր մարմնին վրայ պոռթկացող, փարթամ կուրծքը, որ այնքան խոտոր էր տղայավարի իր շարժուձեւերուն, վերաբերմունքին, փոքր հասակին, իրեն համար ալ զարմանալի երեւոյթ էր ու անզգալաբար թէ պարտադրաբար ինք եւս տեղ գտաւ որբանոցի հասուն համարուող աղջիկներու ցուցակին վրայ:
Շուտով փեսացու մը ներկայացաւ, ֆիզիքական արատ ունէր, կաղ էր, բայց ինք արդէն կ՚ըմբռնէր, որ երեւելի արատը շատ աւելի համոզիչ ու ընդունելի է, քան թաքունը: Եւ իր կեանքի պայծառ երեսը, փայլուն յիշատակը այդ ամուսնութիւնը եղաւ: Ամուսինը հոգատար էր, սիրալիր:
Հին Հալէպի նեղլիկ թաղերէն մէկուն, արաբական ոճով փոքր բակի մը մէջ կը բնակէին: Հարս եկած օրէն սիրած էր իրենց տրամադրուած նեղլիկ սենեակը, փոքրիկ բակը, նոյնիսկ դէպի վերի յարկ, իրենց սենեակը տանող ցից աստիճանները: Ամեն կողմ բոյսեր ցանեց, տքնաջան աշխատանքով խնայած գումարէն բակին մէջ աւազան եւ օրօրոց տեղադրել տուաւ: Հոն գտնուող ամենափոքր իրը պատկանելութիւն եւ պատմութիւնն ունէր, ինչպիսի զոհողութեամբ գնած, պատրաստած, մաքրած ու խրճիթը զարդարած էր:
«Տուն, քաղցրիկ տուն»
Զաւակ չունեցաւ, խնամեց կեսուրը, սիրեց ու յարգեց ամուսինը: Ան որպէս մարդ արարած ունէր իր թերութիւնները, բայց բարեսիրտ էր… Մանուկ տարիքէն բացի մեծ մայրէն, ոչ ոք իրեն հանդէպ գուրգուրանք ցուցաբերած էր, իսկ մարդ արարածը, մասնաւորապէս անտեսուած մանկութիւն ապրած կինը, իր կողքին կանգնող այր մարդու կարիքն ունի, անով երջանիկ ու հպարտ կը զգայ:
Իր կեանքին լուսանցքին վրայ անակնկալ կերպով յայտնուած ամուսինը, տաքուկ շող սփռած ու յանկարծ, նոյնքան անակնկալ հեռացած էր այս աշխարհէն: Անոր մահուան բօթը անսպասելի էր. ինք փորձով գիտէր, որ երջանկութիւնը երկար չէր տեւեր:
* * *
Երկրի կարգ մը քաղաքներուն մէջ բողոքի ցոյցեր, խառնակչութիւններ ծայր առած էին: Բոլորը նոյն կարծիքի էին, շուտով պիտի զսպուէին անօրէնները, իշխանութիւնը անսասան էր: Մարդիկ կը խօսէին քաղաքականութենէն, կը դիտէին լուրեր, վերլուծումներ կ՚ընէին: Ինք ոչինչ կը հասկնար, բայց կը գիտակցէր թէ նոյնիսկ հասկնալ ձեւացողները ոչինչ գիտէին.. Միակ շօշափելի իրականութիւնը այն էր, որ երկրի անդորրը խանգարուած էր, գիւղերն ու քաղաքները աստիճանաբար եւ անխնայօրէն կը կործանէին, տարածքներ կը գրաւուէին: Մեծ պետութիւնները իրենց հաշիւներն ունէին, իսկ մարդիկ կը կորսնցնէին տուն, աշխատանոց, կեանք:
Թաղամասը անապահով դարձած էր, ինքը միս-մինակ էր բակին մէջ, թէեւ թաղին մէջ դրացիներու ներկայութիւնը խրախուսիչ էր: Ամեն կողմ բանակի զինուորները կը հսկէին, մատղաշ տղաք էին, կրակին դիմաց… որո՞ւն կարեկցէր:
* * *
Ելեկտրականութիւնը անջատուած էր, մոմի աղօտ լոյսը պատկերներ կը գծէր պատերուն վրայ, վատ բաներ կը նախազգար, վեցերորդ զգայարանքն էր, ամուսնոյն մահուան օրն ալ սրտին մէջ խռովք կար, մկանները պռկող սեղմում: Բակի կից դրացի աղջիկները զանգեցին, այս իրիկուն սուրճի կարգը իրենց էր: Ներկայ վիճակէն, դժուար ճարուող հացէն, ուտելիքէն բացի խօսակցութեան այլ նիւթ չունէին: Այդ գիշեր իր խօսուն, եռանդուն խառնուածքին հակառակ մնաց լուռ, փորձեց մտիկ ընել: «Ապու Հայտար»ը՝ զինուորներու պատասխանատուն, երէկ խրախուսիչ բաներ ըսած էր.
— Երկու շաբաթուան ընթացքին ամեն ինչ կ՚աւարտի, բոլոր կեղտերը կը մաքրուին.— ոգեւորութեամբ կը պատմէր դրացուհին՝ Ժանէթը, թութակի նման կրկնելով պատասխանատուին խօսքերը:
Բայց իր սիրտը կը ճմլուէր, պիտի պայթէր, միւս դրացին պատմեց ծայրամասերէն եկած լուրերը.
— «Քարֆուր»ի շրջանի հայերը նորակառոյց տուները ձգած, փախած են, «անոնք» գիշերը խուժեր են, վախազդու մարդիկ, մօրուքները ահա այսքան,— ձեռքը փորին դրած ու աչքերը լայն բացած կը պատմէր տիկին Սիրարփին:
Ցնցուեցաւ։ Եթէ յանկարծ խուժէին… շուարած կը դիտէր ոտքի մարզական կօշիկները, հինցած էին, տակաւին չնչին ամսական մը կը ստանար ու ամիսը աւարտին մօտեցած էր, բայց ամեն ինչ սուղ էր, այլ կարիքներ ունէր… անդին դրացիները կը շարունակէին տաք նիւթեր ծեծել, ալ մտիկ չըրաւ թէ ինչ խօսեցան:
Ամիսներ առաջ թաղը բնակիչներով, զբօսաշրջիկներով կը խայտար. ինք թաղի պանդոկ-ճաշարանին մէջ մատակարարողի աշխատանք ունէր, կը վազվզէր, բայց ուրախ էր: Հիմա թաղը ամայութիւն էր, հրասանդներու հարուածներէն վիրաւոր բակեր, մնացեր էին երեք տուն ու զինուորներու խումբեր:
Կծկուեցաւ անկողնին մէջ, ամուր փակեց աչքերը. մթութիւնը եւ առանձնութիւնը կը ճնշէին հոգւոյն վրայ: Որքան ժամանակ անցած էր չէր գիտեր, խլացուցիչ պայթումներու ձայներ, սարսափելի ցնցումներ, թաղին մէջ վազող ոտնաձայններ լսեց: Ոտքի մատներուն վրայ բարձրանալով, դուրսէն չնկատուող՝ խոհանոցի փոքրիկ պատուհանէն դիտեց նեղլիկ փողոցը, բոպիկ ոտքերով անծանօթ մարդիկ կը վազէին, «Ալահ ու աքպար» պոռացին ու կրակեցին օդին մէջ, մարմինը փայտացաւ…
«Անոնք» էին, երկար մօրուքով, մինչեւ ծունկերը հասնող լայն զպուններով: Կարծես նկատեցին, որ թաղը անել էր, դարձան հարուածելով դռները: «Ալահ ու աքպար»-ին արձագանգը կը զարնուէր նեղլիկ թաղի քարէ պատերուն ու օձի նման կը պլլուէր վզին շուրջը՝ շունչը սպառելով:
Անդամները սառած էին, կը դողդղար: Հեռաձայնը զնգաց, անմիջապէս մեկնեց ձեռքը, եթէ լսէին ու զգային որ երկաթէ դռներուն ետեւ բնակիչներ կան, կորսուած էին…
— Կը լսե՞ս, անոնք են, ի՞նչ ընենք.— շշուկով խօսեցաւ դրացուհին:
Ահաւոր պայթուն մը ցնցեց պատերը, ծուխ ու փոշի, գետին փռուած էր, իսկ հեռաձայնի ընկալուչին մէջէն զսպուած ճիչին հետ դրացուհին կը կրկնէր:
— Տէր Յիսուս ողորմէ… ողորմէ…
Մինչեւ լուսաբաց մնաց անկիւնը կծկուած, զարկերն ու պայթիւնները խլացուցիչ էին: Երկու երկար օրեր միայն հեռախօսով կը կապուէր դրացիներուն հետ, զարկերը շատ մօտիկ էին, պայթիւնները կը ցնցէին տան պատերը: Երրորդ օրը կէսօրուան մօտ լսեց զինուորներուն աղաղակները.
«Պըլրոհ, պըլտամ նֆտիք…»
Յարձակումը ետ մղած էին:
* * *
Ծանր օր էր, կարի մեքենաներուն տկտկոցը, կարող ասեղին վազող գիծերը, վերակացուին խոժոռ նայուածքները ուղեղին վրայ անախորժ դրոշմ կը դնէին, ականջ չտուաւ գլխուն մէջ տողանցող չըք-չըքին, ներբաններու մզզացող ցաւին: Տունդարձի ճամբուն վրայ ընկերուհիին հետ խօսակցութեան նիւթը, ինչպէս միշտ, Հալէպն էր, լուրերը ցնցող, տակառներ կը տեղային, մարդիկ կը զոհուէին, ընկերուհին հարազատներ ունէր հոն, ինք եւս… ո՞ր հալէպցին հոն ծանօթ ու բարեկամ չունէր…
Չէր կրնար ըսել, թէ այս հեռաւոր երկիրը անհիւրընկալ էր, զինք երաշխաւորող՝ ամուսնոյն ազգականուհին, նախկին-թաղեցի դրացիները այնքան սրտբաց, պատրաստակամ հիւրընկալեցին զինք, ցուցմունքներ տուին, օգնութեան ձեռք մեկնեցին:
Ետին ձգած էր քանդուած, անհասանելի դարձած տունը, հոնկէ դուրս բերած կարգ մը առարկաները՝ իր գնահատմամբ արժէքաւոր, ծախու հանեց, բայց ոչ ոք ուզեց գնել… ծիծաղելի էր մտածել իրերու մասին, երբ մատղաշ կեանքեր կը կործանէին ռումբերու անակնկալ ու անխնայ հարուածներուն տակ:
Օթոպիւսը կը յառաջանար, չափեց հեռաւորութիւնը, պէտք է վազէր, արտօնուած չէր օթոստրատը կտրելը, իսկ երկար ժամ մը յաջորդ օթոպիւսին սպասելը այնքան ալ ցանկալի չէր.. կողմնորոշուեցաւ ու նետուեցաւ առաջ:
Շչակի խլացնող ձայն…
Երբ պայթուցիկ տակառը ինկաւ տան առջեւ եւ գլորելով զարնուեցաւ բակի դրան, արիւնը սառեցաւ երակներուն մէջ, կծկուեցաւ խոհանոցի անկիւնը եւ սպասեց, տակառը չպայթեցաւ: Սոսկումի պահը անցած էր, բացաւ մուտքի դուռը ու դուրս խոյացաւ, ձայն տուաւ թաղը հսկող զինուորներուն, անոնք փութացին, բայց ոչ ոք համարձակեցաւ վերցնել պայթուցիկով լեցուն տակառը։
—Մտի՛ր տունդ, մօրաքո՛յր, պէտք է ստուգենք, կրնայ պայթիլ յանկարծ.— ըսաւ հրամանատարը:
Հրաշք էր, եթէ պայթէր տունը փուլ կու գար, ինք ալ տակը: Աստուած պահած էր զինք, աղօթքները լսած:
Յաջորդը կիրակի յետմիջօրէին էր, անակնկալ իրարայաջորդ պայթումներ ու ցնցումներ, հրասանդներու տարափ էր, դրացի աղջիկները կը ճչային.
—Օգնութիւն, տունը քանդուեցաւ…
Եթէ պայթուցիկով լեցուն յաջորդ տակառը քանի մը մեթր անդին իյնար, ինք տան հետ գետնին հաւասար կ՚ըլլար: Հարիւրապետը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ թաղը վտանգաւոր գօտի է, շրջանը վերջնականապէս պէտք է դատարկուի խաղաղ բնակչութենէն: Քաղաքը լքած, ամուսնոյն ազգականին տան մէջ ապաստանեցաւ… այլեւս տուն չունէր, ինչպէս քաղաքի բնակչութեան շատ-շատերը:
Տան մէջ մնացած առարկաները փոխադրեց այլ վայր, գոնէ կարենար բաներ մը ծախել, գոնէ ձեռքի հեռաձայն մը գնէր, այնքան կ՚ուզէր ինք ալ այդ հրաշք գործիքը ունենալ, շուրջը բոլորը, նոյնիսկ երեխաներ, ծերեր ունէին ձեռքի հեռաձայն:
* * *
Սա արդէն անփոխարինելի առիթ էր, բախտաւորութիւն էր երաշխաւոր ճարել ու գաղթել… ուրիշ ճար չունէր: Վերջին անգամ կ՚ուզէր տեսնել թաղը, բակը, աւազանը… բայց անկարելի էր, շրջանը կիսաւեր էր, անմարդաբնակ, վտանգաւոր: Երբ ճամբորդական ինքնաշարժը Հալէպի սահմանը հատելով անցաւ քարքարոտ խճուղի, նայեցաւ ետեւ ու իրեն թուեցաւ, որ հոն ապրուած երկար տարիներու յուշերը փոխադրած միակ պայուսակէն յորդելով կը նահանջէին, կը փարէին անապահով քաղաքի աւերակներուն:
Ուրիշ ճար չունէր, չունէ՜ր, նոր, ապահով կեանքի ակնկալիքով կը հեռանար ապաստանելու սառնաշունչ այդ երկիրը, պիտի աշխատէր եւ առաջին ամսականով ձեռքի հեռաձայն գնէր:
Առաջին շաբաթավճարը ստացաւ, բայց չկրցաւ հեռաձայնը գնել, սենեակի վարձք, այլ ծախսեր ու մանրուքներ կային:
Գիշերը երազին մէջ ամուսինը տեսած էր: Հիմա հեռուն, ամպերուն մէջ անոր կանաչագոյն աչքերը կը պլպլային հրաւիրող ժպիտով: Ինքզինք թեթեւ զգաց օդին մէջ… ամուսինը ձեռքը առաջ մեկնեց, ճերմակ ամպերուն ետեւն էր, ճեփ-ճերմակ տարազով:
Երա՞զ էր կրկին, փորձեց լողալ պարապին մէջ, ամպերը ծածկեցին ամուսնոյն դէմքը, այս երկրի երկինքի կապոյտը տեսնելը հազուագիւտ էր: Ամեն կողմ համատարած սպիտակութիւն:
Մարմինը բախեցաւ օթոստրատի չոր յատակին… տաքութիւն զգաց, անտանելի ցաւ կար գլխուն մէջ:
Ահաւոր աղմուկ, շչակ, շչակ, շչակ, շտապ օգնութեան մեքենայի ձայն։
Շաբաթավճարը վիզէն կախուած պայուսակին մէջ էր, վաղը ընկերուհիին հետ ժամադրուած էր, ձեռքի հեռաձայնը պիտի գնէին ու խօսէր բարեկամներու հետ:
Օթոստրատը վտանգի գօտի էր, խաչաձեւելը արգիլուած:
Ամուսինը ներողամիտ կը ժպտէր: Փորձեց շարժել ձեռքը ու մեկնել առաջ, դէպի ամուսինը, դէպի անհունը:
Սպիտակ թռչուն մը թափահարեց թեւերը ճախրելով դէպի երկինք:
ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ
Երեւան, Յունիս 2016
ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ
Պերճուհի Աւետեան ծնած է Հալէպ, նախնական կրթութիւնը ստացած է Հայկազեան վարժարանէն, երկրորդականը` Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանէն, վկայուած է Հալէպի երկրաչափական համալսարանի շինարարական բաժանմունքէն եւ աշխատած է ճանապարհաշինութեան բնագաւառին մէջ։
Հայ լեզուի եւ գրականութեան հանդէպ յատուկ սէր ու հետաքրքրքութիւն ցուցաբերած է փոքր տարիքէն, իր առաջին փորձերը Ճեմարանի «Ծիլեր» աշակերտական պարբերաթերթին մէջ տպած է հայ լեզուի վաստակաշատ ուսուցիչ Մկրտիչ Մկրտիչեան:
Արձակագիր է, ունի հրատարակուած գիրքեր «Կտակը»՝ 1994-ին, «Միս Եփփէ Մայրիկը»՝ 2006-ին, մանկական հեքիաթներ 2011-ին՝ «Սփայտիկ», «Սփայտիկ եւ Արա» նաեւ «Բեմահարթակ» հատորը, որ հրատարակուեցաւ Գէորգ Մելիտինեցի հիմնադրամի մրցանակով: Իսկ 2009-ին Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէ կազմակերպուած կարճ պատմուածքի մրցոյթին իր «Այր եւ կին» պատմուածքը արժանացած է մրցանակի:
Խմբագրած է «Նոր Մարաշ» պարբերաթերթը, մօտ մէկ տարի պատրաստած Գանձասարի գրական էջը: Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային վարչութեան մէջ վարած է ատենադպրութեան պաշտօն: Անդամ է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Սուրիահայ օգնութեան խաչին:
Աշխատակցած է զանազան գրական հանդէսներու ինչպէս Շիրակ, Կամար, Նարցիս, Գանձասար, «Երթ» տարեգիրք եւ այլն: