Ապրե՛ս, տէր պապ…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Խաղողօրհնէքի Կիրակին էր: Օ՛հ, ներեցէ՛ք: Սխալեցայ: Կողակիցս դարձեալ սրբագրեց: Պէտք էր, որ ըսէի. «Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի», տօն, չորրորդ տաղաւար… եւ անպայման եկեղեցի պէտք է երթայինք: Չեմ դժկամիր: Եկեղեցի կ՚երթամ հոգիիս կանչին պատասխանելու: Չէ՞ որ ես ալ քահանայի թոռ եմ եղած: Տակաւին գիտակցութիւնս պահած է հաւատքը: Այդ մէկը զգալի է: Միւս կողմէ ալ, ամբողջ շաբաթը սենեակիս պատուհանէն եւ կամ պարտէզս նստած ընթերցումի կամ խոկումի կողքին աղաւնիներու սիրերգը մտիկ ընելէն յոգնած էի:
Պատարագը նոր «մտած էին» երբ եկեղեցի հասանք: Փորձեցի ինքնաշարժը պահել շէնքի կողքի երեք կանգառներէն մէկուն մէջ: Ո՛չ մէկ տեղ: Բոլորն ալ բերնէ բերան լեցուն: Մարդ Աստուծոյ, ըսէ մտովի, քանի մը հատ սկաուտ դրէ՛ք, կամ պահակ, կամ հսկիչ, որպէսզի կանգառներու մուտքն ու ելքը հսկեն, կանոնաւորեն: Այս մասին ո՞վ է մտածողը: Մարդիկ՝ պատասխանատուներ, կ՚երեւի ասկէ աւելի կարեւոր բաներ ունէին կատարելիք ներսը, եկեղեցւոյ մէջ: Այդ ուրիշ խնդիր է, կը ներէք: Վերջապէս, երկու թաղ անդին տեղ մը գտայ: Քիչ մը ջղային հասայ եկեղեցի: Աստիճաններէն վեր բարձրացայ ու փորձեցի մտնել: Աստուած իմ, կարծես Ծնունդ կամ Զատիկ ըլլար: Աննկարագրելի խճողում: Կանգնելու տեղ չկար: Հաւանաբար աղօթելէ առաջ եւ աւելի եկած էին խաղող առնելու: Որո՞ւ հոգը:
Հապա նե՞րսը. մէկ կողմէ աւագ սեղանէն շարականները կը բարձրանային, անդին՝ մուտքին, ներկաները աղմուկով զիրար կը հրմշտկէին: Իրենց համար կարեւորը ներս մտնել, տեղ մը, նստարանի մը ծայրը տեղաւորուիլն էր: Հոգաբարձուները գործի լծուած էին. այդ խճողումին մէջ եկեղեցւոյ երկայնքին ու լայնքին կ՚երթային ու կու գային, նորեկներուն համար տեղեր փնտռելով: Ապա երբ յարմար տեղ մը գտնէին, մեծ բարիք մը ընողի գոհունակութեամբ, հաւատացեալներու ուշադրութիւնը գրաւող շարժումներով, իրենց ցուցամատով «տեղ փնտռողը» կը կանչէին, մեծ սրահներու թուագրեալ աթոռներուն առաջնորդող պաշտօնեաներուն նման: Ահա քեզի «դրամ հաւաքելու» կողքին, ուրիշ գործ մըն ալ: Դարձեալ ինծի ինչ: Այս ալ ուրիշ հարց է:
Իմ կարգիս, բոլոր ուժովս մարդկային այս ալիքը դէպի առաջ հրելով, քրտինքոտ ճակատով կամաց կամաց եւ աներեսաբար ոչ միայն ներս հասած էի, այլեւ կարողացած սանկ մէկ ու կէս հոգինոց տեղ մը գտնել խորանին մօտիկ նստարաններէն մէկուն վրայ, տարեց կնոջ մը կողքին: Նոր դրացուհիս վերէն վար սեւեր հագած մամիկ մըն էր: Ճերմակ թաշկինակ մը ձախ ձեռքին: Երբ զիս տեսաւ, փէշերը հաւաքեց, պայուսակը նստարանին վրայէն վերցնելով դրաւ ցած, երկու ոտքերուն մէջ ու նիհար ձեռքերով նշան ըրաւ, որ մենք՝ էրիկ-կնիկ իր մօտը նստէինք: Շնորհիւ այս բարի սամարացիին, կրցանք տեղաւորուիլ, բառին իսկական առումով: Անմիջապէս շնորհակալութիւնս ցած ձայնով յայտնեցի ու արագօրէն տեղս գրաւեցի: Կինը կ՚երեւի զիս չլսեց: Շատ լուրջ եւ խոր հաւատացեալի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր: Երբեմն խորանին եւ երբեմն ալ դէպի վերերը նայելով, սրտանց կ՚աղօթէր: Ձայնը յստակ կը հնչէր հասնելով նոյնիսկ պատերու վրայի սուրբերուն, որոնք կարծես այդ պահուն հոգի առած ըլլային ու զինք վերէն դիտէին: Աղօթքին բառերը գինիի նման կ՚այրէին շրթները: Այսպէս են մեր հաւատացեալ մամիկները: Այսպէս է նաեւ մեր պատարագը, որ իր շուրջ կը ժողվէ բոլորին սրտերը: Իսկ ես, իրմէ վարակուած, ամբողջ սրտով անմիջապէս կ՚ուզէի կառչիլ երգին, լոյսին, խունկի հարբեցուցիչ բուրումին: Դժբախտաբար, դուրսը կանգառներու ժամավաճառութիւնս մեզմէ խլած էր պատարագին կէսը եւ հասցուցած էր քարոզի պահին: Եկեղեցին իսկապէս տօնական բնոյթ առած էր: Պատարագ եւ աղօթք, բոլոր տարիքի մարդոց ձայներով:

* * *

Եւ ահա վերջապէս պատարագիչ տէր հայրը, հանդիսաւոր կերպով մօտենալով խորանին վրայ իրեն համար դրուած գրակալին, սկսաւ օրուայ յատուկ իր պատգամ քարոզին, որուն նիւթն էր՝ Ս. Մարիամ Աստուածածինը: Քահանան կը խօսէր հանդարտ: Յաճախ բարձր ձայնով եւ յատուկ շեշտով կը պարզաբանէր: Իսկապէս, որ շունչ կար բառերուն մէջ: Մարմաջ մը՝ նոյն այդ բառերու ետին: Տեսակ մը հաւատքով լեցուն արձակ լեզու: Քաղցր խօսք: Ձայնին մէջ յուզումը թանձրացած էր եւ դարձած՝ շեշտ, հոգիէն փրթած բեկոր, համակրելի նայուածքով խառն: Չէի զարմացած: Ծանօթ էի քարոզիչին ոճին, բառերուն եւ վարակիչ ապրումներուն: Բառեր, որոնք լոյս կու տային ներկաներու գիտակցութեան: Դրացուհիս ալ ինծի նման ուշի ուշով կը հետեւէր այդ բառերուն: Հաստատապէս հաւատքը պահած էր իր մտքի պայծառութիւնը: Առիթէն օգտուելով չորս կողմս նայեցայ: Վիզս աջ-ձախ պտտցուցի: Երկարեցի: Իսկապէս յուզիչ բան մը կար օդին մէջ: Թէեւ բոլորն ալ եկած էին խաղող վերցնելու, սակայն եւ այնպէս ամեն մարդ մօտէն կը հետեւէր քարոզին: Քահանան զուարթ դէմքով եւ հոգեկան երանութեան ցոլացումով, Ս. Աստուածածնի յատկութիւնները կը կապէր հայ մօր հետ: Բառերը պարզ էին եւ անփոխարինելի: Հայ մայր, գութ, խիղճ, սէր, հաւատք, հաւատարմութիւն, հերոսութիւն, զոհաբերում, հայապահպանում, քաջարի մարտիկուհի, հայոց լեռներուն վրայ իր ամուսնոյն զինակից, եւ Տէր Զօրի անապատի տաք ու կիզիչ աւազաներուն վրայ իր զաւկին մեր հայերէն տառերը սորվեցնող հայուհի, ու վերջին՝ բարձրաձայն կոչ, թելադրանք ու խրատ՝ բոլորին ու յատկապէս մայրերուն եւ մեծ մայրերուն, որ անպայման իրենց զաւակներուն եւ կամ թոռներուն հետ տան մէջ թէ դուրս մայրենի լեզուով խօսին: «Տան մէջ հայերէնը չբացակայի՛», շեշտաւորուած յորդորեց քահանան:
Ահա՛ Ս. Աստուածածին եւ ահա՛ հայ մայր, կ՚ըսէի մտովի: Նոյնն էին այդ վայրկեանին: Նոյնարժէք: Նոյնացած: Եկեղեցին լուռ էր եւ անշարժ: Շուրջս տիրող խորհրդաւորութիւնը զիս ալ բոլոր ներկաներուն նման տարած էր ուրիշ աշխարհ, մաքուր, խաղաղ եւ նոյնքան ալ հերոսական: Պաշտամունքի մթնոլորտ: Եւ յանկարծ ո՜վ հրաշք, երբ քարոզիչը իր վերջին բառերը հազիւ արտասանած, դէպի սուրբ սեղան կը դառնար, դրացուհիս ոտքի ելլելով բացականչեց «ապրե՛ս տէր պապ», ու սկսաւ ծափահարել: Այս տեսարանը զիս ալ զարմացուց: Ընդհանրապէս մենք, մեր եկեղեցիէն ներս չենք ծափահարէր: Մերինը սրահ չէ: Մեզի համար սրբավայր է: Աղօթավայր: Թէեւ յաճախ պսակներու ընթացքին հանդիպած էի օտարներու, որոնք մեր եկեղեցիէն ներս նորապսակներու եկեղեցէին դուրս գալու պահուն, առ ի ուրախութիւն՝ ծափահարութիւններով եւ բարձրաձայն աղմուկով ողջունած էին, սակայն այս մէկը իսկապէս որ նորութիւն էր ինծի համար: Ուստի մէջս անակնկալ երկիւղ մը բռնեց: Ու ինչ զարմանք, ծափը իր կարգին արձագանգեց, ամբողջ եկեղեցնին թնդաց:Հաւատացեալները ոտքի ելան: Քարոզիչի մանաւանդ վերջին խօսքերը ներկաներու գիտակցութիւնը արթնցուցած էր: Բոլորին աչքերուն մէջ հայ մօր պատկերը յոյսի ու խաղաղութեան թեւերով եկած էր սաւառնիլ: Կը զգայի, որ դարձեալ հայու հոգին պայքարի մէջ էր: Շանթահար իրականութիւն: Զարմանքս թակած էր մտքիս բոլոր դռները, ու ես ալ ինքնակոչ, ոտքի ելլլելով սկսայ հետեւիլ ամբոխի շարժումներուն: Երկար ծափահարեցի: Իր կարգին սակայն տէր հայրը հանդարտ ու խաղաղ, վերադառնալով դէպի մայր սեղան, շարունակեց պատարագը: «Հայր մեր»ը, եկաւ եկեղեցին լեցնելու նոր կեանքով ու խաղաղութեամբ:
Ապրե՛ս, տէր պապ…

* * *

Ինծի տրուած խաղողի տոպրակը վերցնելէ ետք, տուն վերադարձանք, միշտ մտքիս մէջ ունենալով երգի եւ երգիչի յստակ տարբերութիւնն ու ներուժը: Երգը բոլորս ալ գիտէինք եւ գիտենք, դարձեալ կ՚ըսէի մտովի: Ուրեմն՝ էականը երգիչն էր:
Բոլորս քարոզը գիտենք. էականը՝ քարոզիչն է, տէր հայրն է:
Ու հաւատացեալ դրացուհիիս ձայնի արձագանգը ականջիս մէջ պահելով փորձեցի առանձնանալ սենեակէս ներս: Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ այդ օր կրկին անգամ նորոգած էի հաւատքիս մաշած ոտնամանները:
Ապրե՛ս, տէր պա՛պ… վարձքդ կատար:

Լոս Անճելըս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *