Զրոյց՝ դրախտային ծննդավայրիս հետ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Զարմանալի է կեանքը: Արդէն տասը եւ աւելի տարիներ անցած են՝ քեզի հետ իմ վերջին հանդիպումէս: Անհաւատալի: Ի՜նչ արագավազ է եղեր մեր ապրած այս դարը: Ու ամենօրեայ մտահոգութիւններուս մէջ տակաւին քիչ առաջ էր, երբ կրկին անգամ յիշեցի մեր միասին անցուցած օրերը:
Հիմա, որ մօտս չես, ժամերս սկսած են երազին ալիքներուն մէջ ման գալ, Continue reading “Զրոյց՝ դրախտային ծննդավայրիս հետ”

ԻՆՔԸ ԵՒ ԵՍ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Աշնանացած շատ կանուխ առաւօտ մըն էր ու չեմ գիտեր ինչպէս յանկարծ ես ու ազգակիցս, մենք երկուքով, սենեակէս ներս կրկին անգամ իրար հանդիպեցանք: Մտերիմ բարեկամս էր ան, անբաժան ընկերս ու նաեւ խորհրդակիցս: Գրեթէ լուսաբացի սկիզբն էր ու դուրսը, քաղաքին վրայ կախուած էր մշուշը, իսկ ծառերու կատարին գունատ դեղինը շատոնց նստած էր արդէն: Թէեւ փողոցներուն մէջ անձրեւ-ձիւն չկար, սակայն բացայայտ էր, թէ ցուրտերը հասած էին:
Քայլերս սառեցան: Ինքնաբերաբար ես ալ կեցայ: Continue reading “ԻՆՔԸ ԵՒ ԵՍ”

ԵՐԵՍՈՒՆՕՐԵԱՅ ԳՈՅԱՄԱՐՏ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Գորոնա» կամ «Օմիքրոն»՝ մահացու համաճարակ: Այդպէս է եղեր:
Միտքս պարզեմ: Այսպէս, օր մը, երբ առաւօտուն աչքերդ հազիւ կը փորձես բանալ, կը զգաս, որ դո՛ւն՝ ինքդ չես: Տարբեր մէկն ես: Մկաններդ ուժ չունին, որ քեզ ոտքի հանեն: Զօրաւոր հազ մը կը ցնցէ ամբողջ մարմինդ: Կը կարծես, որ հիմա սիրտդ, թոքերէդ դուրս պիտի իյնայ: Քիթդ անընդհատ «կը վազէ»: Ձայնդ «քաշուած է»: Չես գիտեր ի՞նչ պէտք, որ ընես: Ահա քեզի անակնկալ նորութիւն մը: Հազին ստեղծած աղմուկէն արդէն կողակիցդ մօտդ կը հասնի, անմիջապէս գաւաթ մը ջուր եռացուցած, եւ մտահոգ կը հրամայէ, որ կամաց-կամաց խմես: Կը հնազանդիս, որովհետեւ ուժ-կարողութիւն ըսուածը չունիս: Չկայ: Կ՚ուզես քնանալ, ուստի տեղդ գամուած կը մնաս: Continue reading “ԵՐԵՍՈՒՆՕՐԵԱՅ ԳՈՅԱՄԱՐՏ”

Առաջին դասապահը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Յանկարծ զրոյցը փոխեց իր սովորական հունը, չես գիտեր ինչպէս:
— Ուրեմն, այդպէ՛ս… պարոն… համաձայնեցանք, — վերջապէս ըսաւ տարիքոտ եւ քիչ մըն ալ նիհարակազմ մարդը, — երկուշաբթի առաւօտ, Աստուած ուզէ, նախ կը մտնէ՛ք տնօրէնի գրասենեակ, եւ ապա ձեր դասացուցակը վերցնելէ ետք, կ՚անցնի՛ք ձեր դասարանը…, ձեր գործին…, հ՞ը…եղա՞ւ…: Continue reading “Առաջին դասապահը”

Խօսք` ընդ Ամենակալին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթներէ ի վեր ուզած էի Քեզի հետ խօսիլ: Քեզի դիմել: Մտահոգութիւնս յայտնել: Պարզել: Բայց սանկ տեսակ մը վախ, ակնածանք եւ անհամարձակութիւն պատճառ դարձած էին, որ չկարենամ ինծի համար շատ մտերմիկ եւ նոյնքան ալ հարազատ այդ զրոյցս իրականացնել: Continue reading “Խօսք` ընդ Ամենակալին”

Գրախօսականէ մը անդին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի երեկոյ էր եւ ես հազիւ կրցայ հասնիլ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենար յուշ երեկոյ մը, ձօնուած՝ քանի մը ամիսներ առաջ իր խոր ծերութեան մէջ մահացած սփիւռքահայ մեր քերթողութեան նահապետ՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն։ Continue reading “Գրախօսականէ մը անդին”

Կը փնտռեմ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Պարզ փնտռտուք մը չէ ըրածս, ինչպէս նաեւ պարզ բան մը չէ փնտռածս:
ճիշդ է, թէ թանկագին առարկայի մը արժէքը ունի, սակայն առարկայ մը չէ:
Փնտռտուքս չի նմաներ մամուլի էջերու այն փոքրիկ սիւնակներու մէջ շարքի անցած յայտարարութիւններուն: Continue reading “Կը փնտռեմ”

Նամակի մը ոդիսականը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեկոյ էր, մեր գթասիրտ Հալէպ քաղաքի աշնանային անուշ երեկոներէն մէկը։ Ու ես յոգնած, եւ օրուան խոնջանքէն անձնատուր եղած, տուն կը դառնայի։ Հազիւ մեր թաղի ծայրամասին հասած էի, նկատեցի, որ մէկը «պարոն-պարոն» կը պոռար։ Continue reading “Նամակի մը ոդիսականը”

Բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի անմար յիշատակին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս օրերուն գրական մեր աշխարհէն ներս, սուգ է, որովհետեւ ոչ եւս է երկար տասնամեակներէ ի վեր մեր գրականութեան ածուին մէջ անխոնջ վար ու ցան ընող մեր երիցագոյն բանաստեղծը՝ սփիւռքահայ ամենէն տարեց բանաստեղծը` Ժագ Ս. Յակոբեան։ Continue reading “Բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի անմար յիշատակին”

Մարդն ու գրողը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Խնդրե՛մ, ըսէ՛ք, ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր պատասխանը, եթէ օր մը ձեր սենեակէն ներս, ձեր գրասեղանի վրայի համակարգիչին դիմած նստած, մտածկոտ ու խոհերու մէջ թաղուած, յանկարծ տասը տարեկան ձեր թոռնուհին սենեակ մտնէր, առանց բարեւելու, մօտենար ձեզի եւ բարկացող եւ սակայն անմեղօրէն հարց տար. Continue reading “Մարդն ու գրողը”