ԻՆՔԸ ԵՒ ԵՍ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Աշնանացած շատ կանուխ առաւօտ մըն էր ու չեմ գիտեր ինչպէս յանկարծ ես ու ազգակիցս, մենք երկուքով, սենեակէս ներս կրկին անգամ իրար հանդիպեցանք: Մտերիմ բարեկամս էր ան, անբաժան ընկերս ու նաեւ խորհրդակիցս: Գրեթէ լուսաբացի սկիզբն էր ու դուրսը, քաղաքին վրայ կախուած էր մշուշը, իսկ ծառերու կատարին գունատ դեղինը շատոնց նստած էր արդէն: Թէեւ փողոցներուն մէջ անձրեւ-ձիւն չկար, սակայն բացայայտ էր, թէ ցուրտերը հասած էին:
Քայլերս սառեցան: Ինքնաբերաբար ես ալ կեցայ:
— Ո՞ւր, — յանկարծ ինք խօսեցաւ, անախորժ հետաքրքրութեամբ մը կիսելով լռութիւնը:
Անմիջապէս անդրադարձայ, որ խօսքը ինծի էր: Կանգ առի եւ արագ մը ըսի.
— Ո՛չ մէկ տեղ, — ու փորձեցի ազատիլ իր ներկայութենէն եւ ուղղուիլ դէպի պատուհան: Գիտէի գլխուս գալիքը: Առաջին անգամ չէր, որ այսպէս յանկարծակի դէմս կ՚ելլէր, կամ ալ նոյն տեղը իրար կը հանդիպէինք:
Ուժգին եւ անժամանակ ցնցուած կ՚երեւէր: Վախազդու երազէ մը հալածուողի մը նման, կը դողար: Դէմքը պաղ քրտինք մը կապած էր, տեսանելի ու նոյնքան ալ առատ: Շատ մօտիկէն սկսած էի լսել իր սրտին զարկերը: Սիրտ մը, որ կարծես մեծ ահով ու վախով լեցուած էր եւ որ կը փորձէր պատռել զինք շրջապատող վանդակին ոսկորները ու դուրս գալ, իբրեւ ազատատենչ եւ գերիշխան:
Ժամադրութենէ ուշացողի հարազատ պատկերն էր, միաժամանակ անիմաստ աճապարանք ունեցողի կերպարանք մըն ալ ունէր: Ուզեցի իր ներկայութիւնը անտեսել, խուսափիլ, դուրսը դիտել: Դիտել աշխարհը: Փորձեցի կրկին անգամ պատուհանին մօտենալ, որուն վարագոյրին ետեւէն փշրանք մը աղօտ լոյս հազիւ ներս կը նայէր:
Կանխեց զիս: Ճիգս անօգուտ էր: Ձախողած էի:
Հիմա երկուքս ալ կանգնած էինք դէմ դիմաց: Ներքին հաշտութիւնէ մը մղուած ստիպուած, ես ալ սկսայ զինք դիտել:
Ա՜խ, Աստուած իմ, այս որքա՜ն փոխուած էր: Տակաւին երէկ, երբ դարձեալ հոս, նոյն տեղը, այսպէս անխօս հանդիպած էինք, ինք բոլորովին տարբեր էր: Իսկ հիմա՝ գրեթէ ծերացած: Յոգնած ու ջարդուած: Անժամանակ հոգեդարձ մը ապրողի նման դէմքին վրայ, միտքին նման օղակ օղակ հետքեր կային: Զիս կը դիտէր երկարօրէն ու ագահ, կեանքի հեգնանքին նման: Վերջապէս իր աչքերը նայուածքս որոնեցին:
— Այս օրերուն բաւական ծուլացած կ՚երեւիս, ըսաւ համարձակ, առանց նախաբանի:
Մտադրութիւնը հասկնալով, ինքզինք աժան ձեւով արդարացնողի պարզ բառերով, գրեթէ անտրամադիր, ըսի.
— Ժամանակ չունի՛մ:
— Չե՛մ հաւատար: Փորձէ՛, — սաստեց:
Ձայնն ու արտասանած բառերը բիրտ էին եւ նոյնքան ալ խիստ: Իր այսքան լայն ու ընդարձակ համարձակութիւնը կու գար, թանձր ու անթափանց սեւ ամպի մը ծանրութեան նման, ճզմելու մէջս արթուն մնացած ամէն ապրում:
— Ո՞ւր մնացին հայկականութիւն բուրող ոգիիդ թելադրանքները: Խօսի՛ր բոլորին, շրջապատիդ, ընտանիքիդ: Պատմէ՛ անոնց մանաւանդ քու այդ Հալէպիդ մասին: Թող բոլորը տեղեակ ըլլան:
Յանկարծ յոգնութենէ ճնշուողի նման, ձայնը մարեցաւ: Բայց, ինչո՞ւ այսօր այս բոլորը կրկին անգամ ինծի կը յիշեցնէր…: Տարօրինակ եւ զարմանալի:
Խորքին մէջ իր այս թելադրանք-խօսքերը նորութիւններ չէին: Ինք շատ լաւ գիտէր, թէ ծննդավայր Հալէպս իր դարաւոր բերդին պէս, ինծի նման հազարաւորներու հոգիներուն ու մտքերուն մէջ ի՜նչ խորութեամբ խարսխուած էր։ Լաւատեղեակ էր այս եւ նման զգացումներուս ու մանաւանդ՝ անոնց թելադրանքներով առաջնորդուած գրիչիս:
Հալէպը, մե՛ր Հալէպը, ինծի համար ուրիշ քաղաք մըն էր: Իր աղմուկով, իր փոշիով, իր բազմակենցաղ իրավիճակով, բայց եւ անպայման իր հայկականութեամբ, տարբեր էր աշխարհի միւս քաղաքներէն, յատկապէս այս իմ ապրած երկրիս քաղաքներէն, որոնք խորհուրդէ զուրկ են: Արդէն ամերիկեան բոլոր քաղաքները առանց հոգեկան արմատի են եւ անբովանդակ: Ասոնք չունին իրենց մէջ կեանքի ալեկոծուած ծովեր կամ խորը մխրճուած արմատներ եւ կամ խորհրդաւոր անցեալներ: Անոր համար կարելէ չէ Հալէպը ասոնցմով փոխարինել կամ ասոնց հետ բաղդատել:
Այս բոլորը ըսի, համարձակ եւ շեշտակի եւ աւելցուցի, թէ ես քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր, քաղաքագէտ չեմ, որովհետեւ ինծի համար քաղաքականութիւն ըսուածը խաբէութեան եւ ստախօսութեան համազօր է:
— Այս ալ Հայ Դատ է. — ըսաւ շեշտակի նայելով աչքերուս, — հասկցո՛ւր:
Նշմարեցի, որ վիշտի նման բան մը սահեցաւ դէմքին վրայէն, իսկ շրթունքի եզրին՝ հեգնանք մը: Անկասկած, որ ինք՝ ինծի ուրիշ բան մը կը փորձէր հասկցնել: Լուրջ էր: Կը զգայի, որ որդերու նման միջուկը կրծող հարցեր կային մտքին մէջ եւ լեզուին ծայրը:
— Մտիկ ըրէ՛, կ՚ըսեմ քեզի, — ըսաւ աւելի ջղային:
— Ժամանակ չունիմ, — պատասխանեցի իրմէ աւելի հեւքոտ, — է՜հ, չես տեսներ, արդէն ազատ ժամերու մուրացկան մը դարձած եմ, — ըսի կանխելու համար իր մէջ ամբարուած ամեն ուրախութիւն կամ տխրութիւն, սպասում եւ կամ յուսախաբութիւն:
— Հո՛ս, այս երկրին մէջ, օրուան ժամերդ քեզի չեն պատկանիր, — սկսայ արդարանալ: — Մեծ ու փոքր, քաղցր ու լեղի պարտաւորութիւններ եւ պարտականութիւններ կան, ազգային կամ ընտանեկան, զաւկի, թոռնիկի, միութեան հանդէպ ու նկատմամբ, որոնք կու գան կլանել օրերդ, ամիսներդ ու տարիներդ:
— Դուն քեզի համար ժամանակ յատկացո՛ւր, — սաստեց խստօրէն: — Առանձնացի՛ր: Մինակութի՛ւնն է, որ մարդուս ուժ կու տայ: Այլապէս՝ մարդիկ ինչպէ՞ս պիտի գրէին գիրքեր, այսքա՜ն վէպեր եւ կամ ալ պատմուածքներ: Ինչպէ՞ս, ըսէ՛: Անոնք ինչպէ՞ս գիւտեր պիտի հնարէին այս աղմկոտ բազմութեան մէջ: Գիտցի՛ր, որ առանձնութեան մէջն է միայն, որ մարդիկ ազատօրէն եւ առանց խանգարուելու կրնան խորհիլ, յուզուիլ, կեդրոնանալ, իրենք իրենց մտածումներն ու սէրերը կիսել, զարգացնել: Այսպէս է, որ կը ստեղծուի մշակոյթը: Այս մէկը արարչական գաղտնիք մըն է, հասկցի՛ր, պարգեւ մը ըլլալուն կողքին:
Յանկարծ լռեց, պատասխանի մը սպասողի ակնկալութեամբ ու կերպարով:
Կրկին անգամ փորձեցի զինք դիտել, գաղտագողի եւ նոյնպէս ամչկոտ: Վայրկեանին ուզեցի ձեւով մը վերլուծել իր ըսածները, «շարածները», քննադատական բառերն ու խօսքերը ու այս բոլորէն ծնունդ առած՝ իր թելադրանքները:
Հոգիս պաշարուեցաւ ինքնածին ու անծանօթ երկիւղով մը: Վախցայ: Յուսախաբ ու տխրութեամբ կրկին մտածեցի: Կարծես մտասեւեռման բրիչը սկսած էր կամաց-կամաց փորել յիշողութեանս հողը: Մտածումներու անթիւ փշրանքներ, արդէն լեցուցած էին ամբողջ միտքս:
Այս բոլորը, համոզիչ դարձնող ներշնչանքի պահերու նման, մինակութեան հմայքէն ծնունդ առած էին: Գիտէի: Միւս կողմէ սակայն, կ՚ուզէի միտքս ազատել այն բոլոր խօսքերէն, որոնք փուշի նման եկած ու խռուած էին գլխուս մէջ: Ցաւագին միտքեր, որոնք կը հրաժարէին կանգ առնել եւ որոնց հետ միասին կրած էի ամէնօրեայ ծանր բեռը: Անմիջապէս որոշեցի տարբեր առուներով փոխել մտքիս հունը: Վայրկեանին, նոր ու հին եւ սակայն մեծապէս մտահոգիչ այլ բաներ մտաբերելով, խօսքս շարունակեցի.
— Ճի՛շդ ես, — ըսի համոզիչ ու տխուր, — բայց ասոնց վրայ անպայմանօրէն պէտք է աւելցնել նաեւ արեւմտահայ մեր լեզուի ներկայ տխուր իրավիճակը, ամէն տեղ ու ամէն առիթով մե՛ր հայախօսութեան անտեսումը, հայերէն գիրքերու եւ թերթերու ընթերցման նահանջն ու պակասը, մեր հայու հարազատ գիտակցութեան հետզհետէ մաշումն ու անյետացումը: Աւելին՝ հայ աշակերտներու մեծ թիւին բացակայութիւնը, հո՛ս, այս երկրի հայ վարժարաններէն ներս: Եւ տակաւին՝ շատ յաճախ հայ բեմերէն հրապարակային ձեռնարկներուն կամ յայտագիրներուն մեր պատասխանատուներու կողմէ արտասանուած ճառերու անհաճոյ խորքն ու արտայայտութեան ոճերը: Այնպէս կ՚երեւի, թէ մեզմէ շատեր մոռցած են, որ մեր լեզուն, մեր արեան մէջն է, ինչպէս տաղանդը, ինչպէս ճաշակը: Կը տեսնե՞ս… շարքը երկար է:
Լռեցի: Իսկապէս, որ խօսելէն յոգնած էի: Ես ինծի, ձայնիս ու հեւքիս, քիչ մը դադար տուի: Ինք, լուռ եւ անժպիտ զիս կը դիտէր: Իր կեցուածքէն քաջալերուած վերադարձայ մտահոգութիւններուս կծիկին ու աւելի համարձակ շարունակեցի յիշեցնելով, թէ հայրենիքին չափ եւ նման Սփիւռքի ամբողջ տարածքին տակաւին անսասան պատերու պէս հարցեր կային, որոնք տեսանելի դարձած էին եւ վախազդու ժայռերու նման ցցուած մեր ժողովուրդին դիմաց ու կը մաշեցնէին զինք:
— Ըսէ՛, — պոռացի, — ե՞րբ պիտի անդրադառնանք ամէնօրեայ այս վտանգներուն: Ե՞րբ պիտի սկսինք լաւապէս ճանչնալ մեր թշնամին կամ թշնամիները, մեր բարեկամն ու բարեկամները: Ո՞ւր է համայն հայութեան մտահոգութիւնն ու կեցուածքը: Ըսէ՛, խնդրեմ:
Զգալի էր, որ կսկիծը սկսած էր հոսիլ սրտէս:
Դիմացինս իրաւունք ունէր, կը փորձէի ես զիս համոզել: Պէտք է խօսիլ: Պէտք է ամէն վայրկեան եւ ամէն գինով յիշեցնել ու յարատեւ պայքարիլ՝ յանուն լեզուի իշխանութեան: Այսօր ամէն բանի պէտք ունինք, բացի անտարբերութենէ:
Հաստատապէս բառերուս մէջ յոյզերն էին, որոնք կ՛ապրէին: Այդ բոլոր ծփացող խոհերը սրտնեղիչ տագնապ մը բերած էին ինծի, իրենց հետ: Սիրտս պիտի կենար: Ի՞նչ կարիք կար, առաւօտ կանուխ, նման հոգեկան տագնապ բերել կամ ստեղծել:
Ինչո՞ւ, հը՜, ինչո՞ւ…:
Հայեացքս կրկին անգամ խաչուեցաւ անոր աչքերուն: Ինքն ալ յուզուած էր: Կարծես տեսակ մը տմարդի խայթոցներէ կը տառապէր: Խայթոցներ, որոնք ոչ սահման կը ճանչնային եւ ոչ ալ ժամանակ: Կրծող, թրթուրի նման իմ միտքերս, քրտինք բերած էին նաեւ իր ճակտին: Ինք կը զգար ու կը զգացնէր չարագոյն աղէտներու տարփանքը: Յայտնի էր, թէ մեր երկուքին համար կար նաեւ այս հարցերէն ծնունդ առած լռակեաց տառապանք մը, որ չէր խաղաղեր: Անոր համար քանի մը անգամներ միասին կրկնած էինք տաղտղալի կրկներգի նման այն բառերը, որոնք դժուար կը մոռցուէին: Յստակ էր, թէ ինքն ալ ինծի նման կը սարսափէր դժբախտ ըլլալէ եւ նոյն այս խորհուրդն էր, որ մեզ երկուքս աւելի դժբախտ կը դարձնէր:
Դարձեալ լռեցի, ինծի հետ նաեւ՝ ինք: Տարօրինակ կերպով ինք աւելի երկար սկսաւ զիս դիտել: Կապարի նման ծանրացած էր հայեայցքը: Աստուած իմ, կարծես լքուած, սակայն ապրող ուրուական մը ըլլար: Սրտին մէջ հաստատապէս ինկած էր շուրջը ծաւալող, ազգը մտահոգող հարցերուն ծանրութիւնը: Կասկած չկար, որ վերապրումներու յիշողութիւն մըն էր, որ տենդագին յուզում մը ստեծած էր մեր երկուքին համար:
Զգացի, որ ինքն իր հետ որոշ չափով հաշտուած էր: Այդ պահուն էր, որ իմ ալ սիրտս լռութեան եւ ինքնազսպումի կարօտը զգաց ու խաբուածի նման հանդարտեցաւ:
Արդեօք իրական աշխարհը նման բան կա՞ր. թէ ո՛չ եղածն ու պատահարը պարզ երազ մըն էր կամ պատահական յօրինուածք մը եւ կամ ընդարձակ կեղծիք, կամ ալ համատարած սուտ եւ խաբկանք:
Խոնաւութիւն մը իջաւ մեր լռութեան վրայ: Իր դէմքը պղտորեցաւ: Այլեւս յստակ կերպով չէի կրնար տեսնել իր երեսը, իր աչքերը, իր հասակը: Քաղաքի մշուշը կարծես հոս ալ հասած էր ու մեր լռութիւնը դարձուցած անախորժ:
Հիմա սենեակին մէջ ոչինչ կար եւ կար միայն ոչինչը:

* * *

Անդրադարձայ: Արագ հեռացայ սենեակիս մեծ հայելիին դիմացէն: Մօտեցայ գրասեղանիս: Դուրսը, գիշերը արդէն մեռած էր:
Կարծես խօսողը երեւակայութիւնս ըլլար:

Լոս Անճելըս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *