ՄԵՐ ՀԱԼԷՊԷՆ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այսպէ՛ս պատմեց նախկին դրացիս՝ արաբ ծեր բանաստեղծը.
—Յարգելիս։ Լաւ եմ։ Աստուծոյ կամքով կը յուսամ աւելին։ Կանգնած եմ կեանքիս հին եւ նոր էջերուն միջեւ։ Հոս պատմութիւնը տակաւին թէեւ թարմ եւ ցցուն է, սակայն եւ այնպէս նաեւ անորոշ ալ է։ Պատմեմ.Զիս մի՛ այպաներ, երբ խոստովանիմ, որ օրերը ստիպեցին զէնք շալկեմ։ Նախ տատամսեցայ, բայց շալկեցի։ Ստիպեցին նաեւ հին երգերս մոռնամ։ Հնազանդեցայ։ Ուրիշ ճար չունէի։ Մէջս զգալի էր, որ յոգնած էի ամեն օր երկինքէն օգնութիւն խնդրելէ։ Շատ նեղուեցայ, բայց եւ այնպէս շատ մը երգերս մոռցայ։ Եւ ապա տարիներ ետք, երբ յանկարծ թնդանօթները լռեցին, ու փամփուշտները դադրեցան տեղալէ, կարծեցի մարդիկ իրապէս, ալ յոգնա՜ծ էին կռուելէ։ Չեմ գիտեր, սխալած էի, թէ ոչ։
Բայց նոյն այդ մարդիկը ինծի հրամայեցին, որ դուրս գամ մենութենէս ու արցունք չթափեմ։ Անոնք նաեւ ըսին, որ «խաղաղութեան աղաւնին» վերջապէս մեր քաղաքը «հասած էր» իսկ ողբերգութեան ձայները՝ յաւէտ դադրած։ Ու աւելցուցին, թէ «հիմա ժամանակն է վերանորոգման, եւ վերականգման»։
Հաւատք ընծայեցի ու անմիջապէս պատուհանէս դուրս նայեցայ։ Մշուշոտ առաւօտ մըն էր եւ ո՜վ հրաշք, ես տեսայ այդ աղաւնին, ճիշդ մեր տանիքի լուացքի թելերէն մէկուն վրայ ծուարած՝ իր սովորական սիրերգութեամբ զբաղած էր։ Վայրկեանին յուզումիս հետ միատեղ ինքնածին ուրախութիւն մըն ալ մէջս ծնունդ առաւ։ Բայց յետոյ, ես ինծի խնդացի։ Ուղղակի յիմարի խնդուք, որովհետեւ մանուկի մը նման հաւատած էի, որ այդ կենդանին իր հետը բերած էր սպասուածն ու երազուածը։
Ուրախութեանս կողքին, մէջս նոր երանութիւն մըն ալ հիւսուեցաւ։ Ու այդ վայրկեանէն սկսեալ կեանքիս պատմութիւնը ինծի համոզեց, որ հաւատք ընծայեմ նաեւ մեր այս նոր հերոսներուն։
Ապա անկէ ետք, ես ամեն օր, պատահանիս դիմաց նստած, սկսայ փլատակ դարձած քաղաքս դիտել։ Տխուր էի եւ վշտացած։ Յետոյ որոշեցի սենեակէս դուրս գալ, երթալ ու բարձրանալ քաղաքիս բլուրներուն վրայ, հեռու «նոր հարուստներէն», միշտ փնտռելով բարեսիրտ մարդիկ, որպէսզի կարենամ նոր պատմութիւններ լսել։ Ու հոն, այդ չոր ու աւերակ գագաթներուն վրայ, փլատակ տուներու եւ շէնքերու մօտ, նոր յոյսեր հիւսելու նպատակով, փորձեցի պահուըտիլ երազներուս կոյտերու ետին։
Հաւատա՛, ա՜լ սկսած եմ վախնալ մարդոց փսփսուքներու տարափէն։ Չեմ ուզեր այլեւս նստիլ դժբախտութեան ծառին տակ ու մինակս խօսիլ առանց բառերու, առանց զգալու, միաժամանակ անիծելով կեանքն ու օրերը եւ անոնց հիւսած պատմութիւնները։
Գիտե՛ս, դրացի, շատոնց չորցած է ձեր բակին ծառը։ Միւս կողմէ սակայն ձեր թաղէն ներս նոր ձայներ էր, որ լսեցի։ Ձայներ, որոնք թերեւս այդ ծառը պիտի սկսին ջրել։ Լաւ նշան է. Չէ՞։
Անկեղծօրէն ըսելով, շատ կը ցաւիմ ի տես անցնող տարիներուս չորութեան, պատմական ու հեքիաթային քաղաքիս աւերակներուն, փլատակներուն, ոճիրներուն, մահերուն ու անմեղ զոհերուն։ Մնացեալը դուն գիտես արդէն։ Ասոնք բոլորն ալ օրին մաշեցուցին մեր բոլորին ուղեղները։ Ըսեմ նաեւ, որ զաւակներս, ընտանիքս, բարեկամներս ու ընկերներս գացին ու հեռացան, իրենց դէմքերուն վրայ միշտ պահելով վերադարձի ժպիտը։ Ու այսպէս մինակ նստած, անզգալաբար յաճախ կը գինովնամ լացով ու խնդուքով եւ կը փորձեմ հաւատքս դուրս բերել իմ անգոյն թանգարանէն։
Սակայն քեզի գաղտնիք մըն ալ ըսեմ։ Սկսած եմ խենթի նման անվերջ փնտռել ցաւի աշխարհէն կորսուած մատիտս, թուղթերս, տողերս, էջերս ու քերթուածներս։ Յաճախ կ՚իջնեմ ցած, վարը, փողոց, մայթ, պարտէզ։ Տակաւին տխրութիւն եւ աւերակ ու մանաւանդ անստոյգ ժամեր։ Ու այսպէս խռնուած յոյսի եւ վերանորգման հաւատքին հետ, կը փնտռեմ մտքիս թռիչքը, կորսնցուցած գրիչիս հետ միատեղ։ Կասկածի ու տարակուսանքի նայուածքներով, մոռացութեան եւ կարօտի արցունքներով ագահօրէն նաեւ կը փնտռեմ յուշերս, հին ու կարկտնուած պատմութիւններս։ Նաեւ կը փորձեմ մոռացութեան աշխարհէն անպայման հանել թաքնուած մաքուր սէրս, սէրերս…։
Ըսին եւ տակաւին դարձեալ կը կրկնեն. «ահա եկած է, հասած է, հոս է աղաւնին, չէ՞ք տեսներ։ Նոյեան աղաւնին։ Ահա խաղաղութեան ազդանշանը։ Ելէ՛ք դուրս, նորոգեցէք, ե՛ւ նորոգուեցէ՛ք։ Ահա՛ ձեզի նո՛ր շունչ եւ նո՛ր յոյս»։
Կ՚ուզեմ հաւատք ընծայել այս բոլորին: Նաեւ ըսեմ, որ անձնապէս թէեւ տեսած եմ այդ աղաւնին, բայց տակաւին սրտիս մէջ կան կորսուածի ու անմեղ զոհուածներուն կանչերը, իսկ դէմքիս վրայ անօթի երեխաներու արցունքները։ Բայց…։
Կ՚անցնիմ մանկութեանս փողոցներով, այս անգամ օտարի քայլերով ու իմ այս յոգնած վիճակիս մէջ ես ինծի կրկին անգամ հարց կու տամ. «ինչո՞ւ այս բոլորը. ի՞նչ էր իմաստը այս բոլորին եւ կամ՝ ի՞նչ է իմաստը կեանքին, այս կեանքին մէջ»։
Յարգելիս, կեանքը մասամբ մը անուրջներու, պատրանքներու կերտում է: Ըսած եմ միշտ ու կրկին կը հաստատեմ։ Դո՛ւն ալ գիտես, չէ՞։ Յաճախ խօսած ենք այս մասին։ Ահա այդ անուրջներն են, որ այսօր մէջս դարձեալ կ՚ապրին, որովհետեւ մենք`մարդ արարածներս, կը հաւատանք այդ «երազին»: Չի բաւեր միայն բառեր, գոյականներ շարել, արդարութիւն եւ համերաշխութիւն քարոզել։ Այս բոլոր բառերը պարզապէս անիմաստ ձայներ եւ հնչիւններ են։ Որովհետեւ եթէ մենք չկարենանք պատկերել, թէ ի՛նչ ըսել է արդարութիւն եւ կամ խաղաղութիւն, եւ կամ աւելին՝ համերաշխութիւն եւ կամ համբերութիւն, այդ կը նշանակէ, որ մենք կորսնցուցած ենք մեր հաւատքը։ Պէտք է հասկնալ խօսքի ու շարադրանքի իմաստը: Այս օրերուն բառը դարձած է ձրի ու յաճախ խօսքերը, անիմաստ եւ ապարդիւն են։ Բայց կան շատեր, որոնց համար այս բառերը հաճոյալի ու յուսալի են։
Իսկ ես, այս բոլորէն ետք, դարձեալ կը քալեմ։ Բայց վախս կը մնայ։ Ետեւս է երազս, որ իր տէրը կը փնտռէ։ Նոյն այդ երազն է, որ կը փնտռէ այն դէմքերը, որոնք գաղթեցին եւ որոնք նոյնիսկ ոչնչացան։ Դէմքեր, որոնցմէ շատեր կորսուեցան ճակատագրի էջերուն մէջ։
Կը քալեմ փնտռելու համար մեր թաղերը, այն թաղերը, որոնք կար ժամանակ ճաքած նռան նման կը վխտային մարդոցմով, մեծով ու պզտիկով։ Կը քալեմ նոյնիսկ փնտռելու համար ծառերը, որոնք տերեւներով ծածկուած էին ու կը հիւրընկալէին ճերմակ եւ մոխրագոյն աղաւնիներ։ Ապա անմեղօրէն կը փնտռեմ մեր այն կեանքի «տերեւները», որոնք երբեմն կ՚իյնային մեր ոտքերուն տակ եւ կամ առաջ ու հաճելի երաժաշտութեան մը ծնունդ կու տային։
Կը քալեմ խելագարի նման, նոյնիսկ փնտռելու համար մեր թաղի կատուները, փողոցիս լոյսերը, պարտէզներու նստարանները եւ անոնց վրայի սիրային ու քաղցր փսփսուքները։
Կը քալեմ փնտռելու համար եկեղեցիիդ խաչը եւ մեր մզկիթէն արձագանգող աղօթքը, թաղիս լակոտներուն կանչերուն եւ խաղերուն հետ միատեղ։ Կը քալեմ, որպէսզի նոյնիսկ հանդիպիմ մեր փողոցի գիշերային պահակին։
Ժամանակի մասին կը խօսիմ։
Ըսե՛մ, այս բոլորէն ետք, ամեն օր որոշած եմ քալել, այս անգամ անվախ։ Բարձրաձայն կը խնդամ եւ նոյնքան ալ բարձրաձայն կը բարկանամ։ Յաճախ ալ ուրախութենէս՝ մանկութիւնս կ՚երգեմ։ Հինը կը յիշեմ։
Կը քալեմ ու աչքերովս կը փնտռեմ այն ինչ որ կեանքէս ինծի բաժին ձգած են։ Կը զգամ, որ ոտքերս սկսած են կքիլ։ Բայց հակառակ ասոր կը շարունակեմ որպէսզի վերագտնեմ այն ինչ ու կորուած էր ու այս ձեւով ինձմէ հեռացնեմ յուսահատութիւնս ու յուսախաբութիւնս։
Նաեւ կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ քաղաքիս բոլոր փողոցներն ու թաղերը տակաւին հինգ վեց տարիներ առաջ արցունքէն աւելի միշտ խինդ ու ժպիտ բերած էին մեր խաղաղ կեանքին, մեր առօրեային։ Բայց, ինչպէս տեսար, մեր այդ խաղաղութիւնը օր մը սուտ դարձաւ։
Ըսի, չէ՞, թէեւ տեսած եմ աղաւնին, բայց տակաւին կ՚ուզեմ ամեն օր քալել, գտնել, հանդիպիլ, տեսնել, խօսիլ, հաղորդակցիլ հին ու նոր դրացիներուս հետ, ծանօթ-անծանօթ դէմքերու հետ, իրենց ժառանգած տառապալի անցեալին հետ։ Տեսնել բոլոր աղաւնիները…: Խեղճ թռչուններ…
Կը քալեմ միշտ կարօտը սրտիս, յոյսով եւ նոր երազներով ու կը փորձեմ վերադառնալ էութեանս։
Հո՛ս այլեւս ամեն ինչ պատմութիւն է. շաղախուած խորունկ զգացումով եւ վաղուան հաւատքով, նախկին օրերու, նախկինին հասնելու եւ վերապրելու համոզումով։ Վերանորոգուելու։
Ահա ճառագայթող տպաւորութիւն մը. հինը ապրելու երանութիւնը:
Ըսեմ նաեւ, որ տակաւին թաղիս մէջ կան մթին քարեր։ Անոնց համար ունիմ լուռ երկչոտութիւն։ Անոնց համար նաեւ յաճախ սիրտս շատրուանի նման կը ցայտէ։
Ինծի «տոկա՛» ըսին։ Տոկացի։ Ու հիմա «վերապրի՛ր» կ՚ըսեն։ Կ՚ըսեն նաեւ սիրել կեանքը եւ ստեղծագործել։ Վերանորոգուիլ։
Յանդուգն եւ անպարտելի առաջարկ։ Բայց ինչպէ՞ս։
Երկիւղած եմ։ Իրականութեանն է, որ կ՚արձագանգեմ։ Ու անկեղծօրէն ըսելով, ստիպուեցայ այս տարիքիս ալ հրաշքի խորհուրդի գոյութեան հաւատալ, մանկան մը նման։ Կարծես նոյնիսկ կախարդուած եմ։ Բայց ի տես կարգ մը ելոյթներու, յաճախ յուսախաբ ու տխրութեամբ կը մտածեմ, մեղքի զգացումը ապրելով։ Անոր համար է, որ դարձեալ փոխան բառերու, լռութեամբ կը խօսիմ։ Ու ինչ մեղքս պահեմ, վերապրումներու անարժան յիշողութեանս միջոցին, ես ինծի կը հարց կու տամ.
—Եթէ քիչ ժամանակ առաջ, ե՛ս, հոգեպէս այն վիրաւոր մարդը, որ իր կեանքի ծաղիկը կորսնցուցած էր ռումբերու աղմուկին մէջ, ե՛ս, որուն երազները խոյս տուած ու ցնդած էին, եւ կեանքը դժոխքի վերածուած, ե՛ս, որուն քաղաքին փողոցներուն մէջ ամեն քայլափոխիդ սիրտդ փլուզումներու ահով կը լեցուի, ու ինքնածին կսկիծը կը հոսի տատղկալի կրկներգի մը նման, ե՛ս, որ միլիոնաւոր մարդոց հետ անդադար երկինքէն տարիներով յոյս մուրացի. ահա հիմա ա՛յս օրերուն նոյն այս «աղաւնի»-ին գալուստով, իր կեանքը կը փորձէ կամաց կամաց ու դանդաղօրէն ու հաւատքով դասաւորել ու նորոգել ու միաժամանակ երգել իր նոր կեանքի նոր քայլերգը։
Այսօր այսչափ։ Աստուած քեզի ու ինծի հետ՝ միշտ պահապան։
Լոս Անճելըս