Կարդալով Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Խճանկարներ հայկական ցեղասպանութենէն» հատորը (Բ.)

Դոկտ. Տանիա Օհանեան

Սկիզբը՝ նախորդ թիւով

Հոս տեղին է յիշել, որ Արամ Ա. Վեհափառի նախաձեռնութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով, կարեւորագոյն իրագործումներէն մէկը եղաւ «Թռչնոց բոյն»-ի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարար եւ նուիրական թանգարանին հիմնադրութիւնը: Continue reading “Կարդալով Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Խճանկարներ հայկական ցեղասպանութենէն» հատորը (Բ.)”

Կարդալով Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Խճանկարներ հայկական ցեղասպանութենէն» հատորը

Դոկտ. Տանիա Օհանեան

Ստորեւ մեր ընթերցողին կը ներկայացնենք բժ. Կարպիս Հարպոյեանի «Խճանկարներ Հայկական Ցեղասպանութենէն» հատորի մասին դոկտ. Տանիա Օհանեանի գրութիւնը, որ հեղինակը ներկայացուց այս տարուան 16 ապրիլին՝ Մոնթրէալի մէջ։

… հաւաքուած ենք, նուիրեալ հայու մը հրատարակութիւնը ներկայացնելու համար։ Աշխատասիրութիւնը անուանուած է՝ Continue reading “Կարդալով Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Խճանկարներ հայկական ցեղասպանութենէն» հատորը”

Նոր եւ ոչ այնքան նոր հրատարակութիւններ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այս անգամ կ՚ուզեմ անդրադառնալ չորս գիրքերու, որոնցմէ միայն մէկը նոր չէ, սակայն նոր անցաւ ձեռքս, մէկը պարբերաթերթի բացառիկ թիւ մըն է, իսկ երրորդ մը՝ յոբելենական այլ հատոր մը։ Շնորհակալութիւն՝ բոլորին ստացման համար։ Continue reading “Նոր եւ ոչ այնքան նոր հրատարակութիւններ”

Եզակի ընտրանի մը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«ԿԱՊՈՅՏ ԵՐԱԶ – Ծովաբոյր ընտրանի ստանպուլահայ պատմուածքի», քաղեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Սեւան Տէիրմենճեան, Արաս հրատարակչութիւն, Ա. տպագր. յունուար 2022, Բ. տպագր. սեպտեմբեր 2023, Ստանպուլ, 384 էջ
Կողքը՝ Մելիսա Արսէնեանի, կողքի եւ ներդիր լուսանկարները (բացի մէկէն)՝ Արայ Կիւլէրի:
Հատորը կը բաղկանայ չորս բաժիններէ՝ «Ծով», «Նաւամատոյց», «Նաւ», «Կղզի», որոնք կը յաջորդեն Ս. Տէիրմենճեանի նախաբանին («Սկսելէ առաջ…») եւ կ’աւարտին «Մատենագիտական տուեալներ»-ով, ուր կը նշուին այն աղբիւրները (առանձին հատորներ թէ գրական մամուլ), որոնցմէ քաղուած են ընդգրկուած 37 պատմուածքներէն 35-ը: Գուցէ Continue reading “Եզակի ընտրանի մը”

Իրարմէ ամբողջովին տարբեր չորս նոր գիրքեր

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Գիրքերու այս անդրադարձները գրախօսականներ չեն. նպատակս ծանուցել է անոնց հրատարակումը եւ քաջալերել անոնց տարածումը՝ մղելով ընթերցողները, որ իրենց մօտակայ գրատարածներէն կամ գրախանութներէն ձեռք ձգեն, հակառակ պարագային պահանջեն, որ բերուին ու տրամադրելի ըլլան սոյն գիրքերը։ Continue reading “Իրարմէ ամբողջովին տարբեր չորս նոր գիրքեր”

«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Զ.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ահա երկու գիրք եւս, որոնք տակաւին չէին տեղաւորուած գրադարանիս մէջ՝ սպասելով, որ իրենց մասին ալ քանի մը տող գրեմ։
Առաջինը Արամ Հայկազի «ՉՈՐՍ ՏԱՐԻ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆԻ ԼԵՌՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ»-ն է, որուն առաջին տպագրութիւնը (յԱնթիլիաս) օրին ունեցած եմ՝ հեղինակին մակագրութեամբ ալ օժտուած, եւ որուն 50-ամեակին առթիւ է, որ լոյս տեսած է այս մէկը 2022-ին, Երեւան, 608 էջերով։ Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Զ.”

«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Ե.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այս անգամ պիտի գրեմ արդէն տարիէ մը աւելի գրասեղանիս կողքի դասաւորման սպասող գիրքերու շարժական ու ճաղաւոր «շտեմարանէս» ինծի ծուռ-ծուռ նայող երկու գիրքերու մասին ։ Ի՞նչ մեղքս պահեմ, երբ ուրիշներ արդէն իսկ կ՚անդրադառնան նոր գիրքի մը հրատարակման, կը վարանիմ ես ալ բան մը գրելու։ Ընթերցողը տեղեկացուած կ՚ըլլայ, կրնայ ձեռք ձգել, կարդալ գիրքը։ Ուրեմն այս Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Ե.”

«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Դ.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այն երկու գիրքերը, որոնց մասին պիտի գրեմ, իրարմէ որքա՜ն տարբեր՝ երկարամեայ վաստակի արդիւնք են, հեղինակները՝ երկու դաշնակցական ընկերներս՝ մէկը գրեթէ տարեկից, միւսը երէց, որոնց հետ ծանօթանալու, զիրենք ճանչնալու, իրենց հետ ժողովի նստելու հաճոյքն եմ ունեցած։ Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Դ.”

«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Գ.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այս անգամ պիտի խօսիմ իրարմէ շատ տարբեր երկու գիրքերու մասին, մէկը առնչուած Սփիւռքին, միւսը՝ Հայրենիքին։ Սակայն ձեւով մըն ալ անկասկած առնչուած իրարու։
Առաջին գիրքը գրուած է անգլերէն. DARING TO ACCOMPLISH («Յանդգնիլ յաջողիլ»), որ կը կրէ երկու ենթատիտղոսներ՝ Born in Egypt from Armenian Genocide survivors — to Canadian CEO (Ծնած Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Գ.”

Քաղաքներու կախարդանքը — Գ. Թեւաբեկ հրեշտակներու քաղաքին մէջ

Հեղինակ՝ Մարզպետ Մարկոսեան. Անթիլիաս 2023

Արմենակ Եղիայեան

Եռագրութեան այս երրորդ եւ վերջին հատորը իր որակով կը յիշեցնէ Կանայի հարսանիքի գինին. այստեղ հեղինակը յուզող բազմաթիւ հարցեր կարծես կը յանգին իրենց աւարտին՝ իւրաքանչիւրը ստանալով իր լուծումը: Դրուած հարցերուն լուծում առաջարկելու գեղեցիկ սովորութիւնը արգասիքն է Մարզպետ Մարկոսեանի պայծառ ու որոնող մտքին, որ յատուկ էր իրեն վաղ երիտասարդութեան օրերէն, իսկ ժամանակը աւելի սրած ու ազնուացուցած է զայն: Continue reading “Քաղաքներու կախարդանքը — Գ. Թեւաբեկ հրեշտակներու քաղաքին մէջ”