ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Այս անգամ կ՚ուզեմ անդրադառնալ չորս գիրքերու, որոնցմէ միայն մէկը նոր չէ, սակայն նոր անցաւ ձեռքս, մէկը պարբերաթերթի բացառիկ թիւ մըն է, իսկ երրորդ մը՝ յոբելենական այլ հատոր մը։ Շնորհակալութիւն՝ բոլորին ստացման համար։
Շողեր Մարգարեան, ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՏԱՌԸ, Corridor Books, Մոնթրէալ 2023, 151 էջ։
«Արկածախնդրութիւն 9 – 99 տարեկաններու համար»՝ ինչպէս նշուած է գիրքի կողքին, որուն նկարն ու համադրումը՝ Մարալ Պօղոսեանի. Գիրքի գծագրութիւնները՝ Freepik.com-ի, գիրքի գեղարուեստական ձեւաւորումն ու էջադրումը՝ Garni Graphics-ի։ Մեկենաս՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւն։
Այս գիրքը կը հանդիսանայ երկրորդ արգասիքը Շողերի, որ ինք եւս կը փնտռուի, քանի որ, ինչպէս կը նշուի գիրքի վերջաւորութեան՝ «նախորդ դարու վերջաւորութեան ճամբայ ելած է դէպի հեքիաթներու աշխարհ ու տակաւին չէ վերադարձած»…
Հեղինակը, գիրքին ընկերացող մեզի ուղղուած նամակին մէջ լաւապէս կը բնութագրէ հատորն ու իր նպատակը. «Գիրքի հերոսին պարտականութիւն կը տրուի այբուբենի կորսուած տառը գտնել։ Այս առաքելութեամբ, դպրոցական տարիքի հերոսը կը շրջի աշխարհի չորս կողմերը, ուր կը հանդիպի եզակի անձնաւորութիւններու, ինչպէս՝ տիկնոջ մը, որ բոլոր հարցերը անուշի կը կապէ, կամ կօշկակարի մը, որ իր դիմացինը կը դատէ ըստ անոր հագած կօշիկին»։ Ի դէպ, բոլոր կերպարները կրնանք յականէ-յանուանէ ճանչնալ մեր ծանօթներու շրջանակին մէջ, նոյնպէս՝ վայրերը…
Հեղինակը կը շարունակէ. «Գիրքը մէջընդմէջ կը պարունակէ նուրբ կատակներ, երգեր ու բանաստեղծութիւններու հատուածներ», որոնք դիտմամբ փոխուած են՝ ծանօթագրութիւններու բաժնին մէջ անոնց բնագրերուն ալ ներառմամբ։ «Գիրքին պատմութիւնը առիթ կ՚ընծայէ մեր սովորոյթներուն եւ ինքնութեան հետ դէմ-յանդիման գտնուելու։ […] Այս բոլորը իրարու կապող թելը անշուշտ արեւմտահայերէն լեզուն է, իր տեղական խօսելակերպերով ու դարձուածքներով։ Յատուկ ուշադրութեամբ ընտրած եմ պատանիին համար մատչելի լեզու եւ դիւրին ընթեռնելի տառատեսակ»։ Այստեղ կ՚արժէ դիտել տալ, թէ «պատանիին մատչելի լեզուն», որքան ալ որ կրնայ անոր գործածած սխալ քերականութեամբ դրուիլ, տեղ մը այդ սխալին ճիշտ ձեւն ալ պէտք է նշուի, թէկուզ այլ գոյնով կամ լուսանքին մէջ, ինչպէս Շողեր ըրած էր իր առաջին գիրքին՝ «Պատանեկան օրագիր»-ին պարագային։ «Առաւել՝ իւրաքանչիւր գլուխ ունի հարուստ բառացանկ մը, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ համապատասխան անգլերէն եզրեր»։
Ես՝ 9-էն քիչ մը վեր տարիքով, մէկ շունչով կարդացի այս գաղտնի ոստիկանական վէպը եւ կ՚ենթադրեմ ուրիշներն ալ նոյնը պիտի ընեն, ի՚նչ տարիք ալ ունենան։
Այս գիրքը նախ ապացոյցն է, որ Շողեր անկասկած ունի հայ գիրքը սիրցնելու կիրք ու պատմելու ձիրք, ապա յոյս կը ներշնչէ, որ պիտի չուշանան յաջորդ հատորները։
ԲԱԳԻՆ 60-ամեակ, հրատ. Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, 2023, ԿԱ. տարի, 420 էջ
Խմբագիր՝ Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան, փոխխմբագիր՝ Վարդան Մատթէոսեան, գործավար՝ Նայիրի Ադամեան, գրաշարներ՝ Անի Փեհլիվանեան եւ Նայիրի Ադամեան, ձեւեւորում եւ էջադրում՝ Անոյշ Ակներեան, կողքի նկարը՝ Կարէն Պետրոսեանի։
Իր «Երկու խօսք»-ին մէջ խմբագիրը կը գրէ. «Անոնք որոնք մօտէն հետեւած են Բագինի թիւերուն, կրնան վկայել, թէ տարիներու ընթացքին անիկա սփիւռքահայ մտաւորականութիւնը համախմբելու հիմնարար դեր ունեցած է, միաժամանակ կամուրջ մը հանդիսանալով Սփիւռքի եւ հայրենի գրողներուն միջեւ։ Վաթսունամեայ իր երթի ընթացքին, իբրեւ հայերէնով մտածող եւ ստեղագործող մտքի հանդէս, Բագին յաջողած է իրականացնել հիմնադիր խմբագրական կազմի երազը՝ ստեղծելով այն խանդավառ բեմը, ուր վաւերական գրողներէն սկսեալ մինչեւ երիտասարդ խոստմնալից ուժերը՝ բոլորը կրցած են անկաշկանդ արտայայտել իրենց ստեղածագործական եռանդը եւ նոր էջ մը բանալ Սփիւռքի գրականութեան պատմութեան մէջ»։
Այս բացառիկ թիւի բովանդակութիւնը կազմուած է «60 տարի, 60 անուն» բնաբանով, եւ ի մի բերուած են «գրութիւններ, որոնք իրենց արծարծած նիւթերով, հարցադրումներով, մտահոգութիւններով եւ լեզուամտածողութեամբ կը ներկայացնեն թէ՛ սփիւռքեան ինքնութեան զանազան երեսները եւ թէ՛ անոր զարգացումը»։ Այդ 60 անուններուն մէջ կը հանդիպինք հիներուն եւ նորերուն, ինչ որ նշան է պարբերաթերթի կենսունակութեան։ Կը հանդիպինք նաեւ բազմաթիւ անուններու, որոնք երկար ատեն է բացակայած են անոր էջերէն, եւ կը յուսամ 60-ամեակի այս թիւը կը հրահրէ անոնց ցանկութիւնը գրիչը ետ ձեռք առնելու…
Կարգ մը լուսանկարներ եւ երգիծանկարներ հիմնադիր սերունդէն յաւելեալ արժէք մըն ալ կու տան այս հատորին։
Վարձքերնիդ կատար, Սոնիա եւ գործակիցներ։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԸ (յուշեր, վկայութիւններ, խորհրդածութիւններ եւ մտաումներ), 95-ամեակին առթիւ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, Պէյրութ 2023, 280 էջ
Հատորը, որ կը բովանդակէ Համազգայինի առնչուած բազմաթիւ անձերու, ապա նաեւ կրօնական, մշակութային ու քաղաքական ղեկավար դէմքերու 53 գրութիւններ, լոյս տեսած է բարեկամի մը մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ հրատարակչատան նախկին տնօրէն Երուանդ Մոնոֆարեանի։ Հրատարակութեան բաժինի պատասխանատու՝ Յակոբ Հաւաթեան, խմբագիր ու սրբագրիչ՝ Կարօ Յովհաննէսեան, էջադրող՝ Անի Սարգիսեան, կողքի ձեւաւորում՝ Յովիկ Գըլընճիպաշեանի, կազմի ձեւաւորում՝ Մեղրի Շամմասեանի։
Հետաքրքրութեամբ կարդացուող հատոր մը, որ նաեւ կարեւոր վկայարան մը կը հանդիսանայ պատմութեան համար։
Արա Գազանճեան, ՏՈՂԱՌԿԱԽ, Լոս Անճելըս 2015, 98 էջ։
Բանաստեղծութիւններու այս ժողովածուն լոյս տեսած է Հայ կրթական հիմնարկութեան, Համազգայինի ԱՄՆ-ի արեւմտեան շրջանի, տէր եւ տիկ. Սարգիս Քարկոտորեաններու եւ Ճորճ Թիթիզեանի մեկենասութեամբ։ Կողքի առջեւի էջը՝ Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի իսկ ետեւի էջը՝ Վահէ Հաննիսեանի նկարներով։ Ձօնուած՝ Սարոյին եւ Սարինին։
Հատորը կը բովանդակէ 31 չափածոյ գործեր եւ մէկ երկարաշունչ արձակ բանաստեղծութիւն, այս մէկը նուիրուած հօրը՝ Կայծակին, հօրեղբօր՝ Զուլալ Գազանճեանին, քրոջ ամուսնոյն՝ Վահէին եւ աներոջ՝ Գալուստ Քրիստինեանին։
Բանաստեղծին թախիծին ու վիշտին արտայայտութիւնն է այս գիրքը։ Անձնական կորուստներու եւ յուսախաբութիւններու, հաւաքական կորուստներու եւ հիասթափութիւններու, քաղաքին ու բնութեան հասնող հարուածներու եւ այլազան տխուր ապրումներու մէկտեղումը, որ անկասկած ընթերցողն ալ կը վարակէ։
Շատ են եւ հետարքրական՝ բառախաղերը, բառային կապակցութիւններն ու արտայայտչական գիւտերը, որոնք հատորին արժանիքը կը հանդիսանան։ Ցանկալի պիտի ըլլար, որ ուրիշի մը սուր աչքէն անցած ըլլար գիրքը՝ խուսափելու համար վրէպներէ։
Ցանկալի պիտի ըլլայ նաեւ կարդալ հեղինակին ապրած լուսաւոր փորձառութիւններուն, իր զաւակներուն ու մանաւանդ աշակերտներուն իրեն առթած ուրախութիւններուն ալ նուիրուած էջեր։
Այս հրաւէր մը թող ըլլայ Արային՝ մեր վաղեմի աշխատակցին…