Դոկտ. Տանիա Օհանեան
Ստորեւ մեր ընթերցողին կը ներկայացնենք բժ. Կարպիս Հարպոյեանի «Խճանկարներ Հայկական Ցեղասպանութենէն» հատորի մասին դոկտ. Տանիա Օհանեանի գրութիւնը, որ հեղինակը ներկայացուց այս տարուան 16 ապրիլին՝ Մոնթրէալի մէջ։
… հաւաքուած ենք, նուիրեալ հայու մը հրատարակութիւնը ներկայացնելու համար։ Աշխատասիրութիւնը անուանուած է՝ Խճանկարներ Հայկական Ցեղասպանութենէն խորագրով, իսկ նուիրական այս գործը, նոյնքան օգտաշատ ու անշահախնդիր է, որքան գիտակից՝ մարդկային տառապանքին եւ յատկապէս անկէ ճակատագրուած ազգի մը։
Հեղինակը՝ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան ոչ միայն հմուտ բժիշկ եղած է ասպարէզով, այլ դասախօս, պատգամաբեր, մտաւորական եւ ազգասէր հայ մը, որ միշտ մնացած է հաստատ իր սկզբունքներով, համեստ, խոնարհ եւ ամբողջականօրէն նուիրուած հայ մշակոյթին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան իր նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանէն. իսկ երկրորդական ուսումը Հալէպի Ամերիկեան Ալէբբօ Գոլէճէն: Իր բժշկական ուսումը աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ 1965-ին: Ան հետեւած է Պէյրութի Ամերիկեան հիւանդանոցի «քիթ-կոկորդ-ականջ» մասնագիտական բաժանմունքին եւ նոյն վայրին մէջ աշխատած է որպէս մասնագէտ վիրաբոյժ. ունեցած է իր անձնական դարմանատունը Պէյրութի մէջ: Հեղինակն է բժշկական բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու` միջազգային բժշկական գրականութեան մէջ, իսկ իր բժշկական եւ առողջապահական հայերէն յօդուածները տարիներէ ի վեր լոյս կը տեսնեն Սփիւռքի հայկական զանազան օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ:
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան ամբողջ իր կեանքի ընթացքին, ուր որ ալ գտնուած է, իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է ազգային հասարակական կեանքէն ներս եւ ստանձնած է կարեւոր պատասխանատուութիւններ եւ պաշտօններ զանազան կառոյցներէ ներս, ինչպէս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Լիբանանի Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան, Լիբանանի Հայոց Թեմին, Համազգայինի, Լիբանանի Օգնութեան Խաչի, ՀՄԸՄ-ի եւ վերջապէս Գանատայի մէջ։ Բժիշկ Հարպոյեանի կուրծքը զարդարուած է մեր ազգային կառոյցներու բարձրագոյն շքանշաններով։ Վերջերս, ան արժանացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի կողմէ շնորհուած «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանին։
Կարպիս Հարպոյեան ամուսնացած է արուստագիտուհի Էլիզապէթ Պտղունիի հետ եւ բախտաւորուած են երեք դուստրերով՝ Դալար, Լոռի եւ Փաթիլ:
Նշեցինք հակիրճ կենսագրական գիծեր, սակայն, հեղինակին կեանքը լեցուն է ասպարէզի յաջողութիւններով, իրագործումներով, գիւտերով, հրատարակութիւններով։ Թէ բժիշկ Հարպոյեան, իր զանազան հետաքրքրութիւններով, ե՞րբ գտած է ժամանակը այս բոլորը իրագործելու, այդ պէտք է հարցնենք իր կողակիցին՝ Էլոյին, որ վստահաբար իր դրական նկարագրով, եղած է մղիչ ոյժ եւ քաջալեր հոգին իր կեանքին։
* * *
«Խճանկարներ Հայկական Ցեղասպանութենէն» հատորը լոյս տեսաւ 2019 թուականին, Մոնթրէալի մէջ։ Իսկ անուանումը՝ չի ներկայացներ գունագեղ նկարներու զմայլանք մը, այլ յստակ պատկերացում մը Հայոց Ցեղասպանութեան, ուր իւրաքանչիւր էջ կը պատմէ դրուագ մը, պատում մը մեր ողբերգութենէն, վկայութիւններու փունջ մը, ոդիսականներ վերապրողներէ եւ հեղինակի ընտանիքէն եւ այդ ամբողջութեան ընդմէջէն հարց կու տամ, թէ արդեօք հեղինակին կտակն է այս ի յիշատակ եւ ի յարգանք ցեղասպանութեան նահատակներուն ու վերապրողներուն։
Հատորը կը բաղկանայ 500 էջերէ, ուր բովանդակութիւնը բաժնուած է 27 գլուխներու։ Հոն արձանագրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին թուրք բժիշկներու դերակատարութեան մասին, նահատակ հայ բժիշկներու , թուրք իգական սեռին դերակատարութեան, թուրք երեխաներու մասնակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան գործընթացքին մէջ, որբանոցներու, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին, Օրօրա Մարտիկանեանի եւ նմաններու ճակատագրին, վերապրողներու եւ հեղինակին հարազատներու ոդիսականներուն մասին, ինչպէս՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներ՝ Գառնիկ Բանեանի, Պետրոս Պտղունի-Մէյվալեանի, Մարթա Մայայեան-Հարպոյեանի եւ Թորոս Հարպոյեանի ինքնակենսագրութիւնները եւ տարագրութեան յուշերը եւ այլն։
Բժ. Կարպիս Հարպոյեան գրքի նախաբանին մէջ կը գրէ. «Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով ստեղծուած հայ «գաղթաշխարհ»-ը եւ «որբաշխարհ»-ը ընդհանրապէս ապաստան գտան արաբական երկիրներուն մէջ գոյութիւն առած՝ մեծ թիւով գաղթականներու եւ որբանոցներու մէջ, որոնք առաւելաբար մատակարարուեցան ոչ-հայկական մարդասիրական-բարեսիրական կազմակերպութիւններու կողմէ։ Անոնք մատուցեցին մարդասիրական աննախընթաց եւ անսահման ծառայութիւններ՝ հայ տարագիր ժողովուրդին եւ որբաշխարհին։ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցը եղաւ այդ կազմակերպութիւններէն մէկը եւ կարեւորագոյնը»։
Հատորի առաջին գլուխը կը սկսի «Թուրք բժիշկներու դերակատարութիւնը եւ նահատակ հայ բժիշկները հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին» թեմայով։ Հեղինակը հոն կը նկարագրէ բժիշկներուն անմիջական մասնակցութիւնը եւ մեղսակցութիւնը, որոնցմէ շատերը արդէն իսկ մաս կը կազմէին քաղաքական եւ իշխանական ղեկին, որոնք համախորհուրդ ղեկավարութեան մաս կազմած են տեղահանութեան, անտեսելով բժշկութեան հայր Հիւպոկրատի երդումը եւ բժշկական բարոյականութիւնը։
Հեղինակը ոչ միայն թուագրած է թուրք բժիկներուն անուանացանկը այլ մասնագիտական ուսումնասիրութեամբ 18 հոգիի մասին տոմարակալած եւ նշած է օգտագործուած աղբիւները եւ անոնց առանցքային ու հիմնական դերակատարութիւնը հայկական ջարդերու կազմակերպումին եւ գործադրութեան մէջ։ Թուրք բժիշկներ ուղղակի կամ անուղղակի մեղսակցութեամբ պատասխանատու են՝ առնուազն 196 հայ բժիշկներու եւ վիրաբոյժներու, 15 բժշկական հայ ուսանողներու, 102 հայ դեղագործներու, 16 հայ ատամնաբուժներու եւ անորոշ թիւով հայ հիւանդապահուհիներու սպանութեան:
Երկրորդ գլուխը տրամադրուած է «Թուրք իգական սեռին դերակատարութիւնը հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին» թեմային։
Հեղինակը կը գրէ.
«Հայ վերապրողներու գրի առած տեղեկութիւնները, օտարազգի ականատեսներու եւ բարեսիրական ու կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու յուշագրութիւնները կը փաստարկեն, որ թուրք կանայք մասնակցած են բռնարարքներու եւ անմիջական ու գործօն դերակատարութիւն ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ»։
Սվազի ֆրանսայի փոխ-հիւպատոս Մորիս Կարլիէի կինը՝ Էմիլ Կարլիէ հե- տեւեալ ձեւով նկարագրած է Ուրֆայի դէպքերը. «3,000 հայ կիներ պատսպարուած էին հայոց եկեղեցւոյ մէջ. թուրք մարդասպան տղամարդիկ մտնելով եկեղեցի, բռնաբարեցին շատերը եւ զանազան տեսակի բռնութիւններ բանեցուցին, իսկ գազան թուրք կիներ 50 արկղ նաֆթ թափեցին հայ կանանց վրայ եւ հրոյ ճարակ դարձուցին բոլորը»:
Բժիշկ Հարպոյեան կը գրէ, որ թուրք կանայք ցեղասպանութեան ընթացքին եղած են նաեւ նախաձեռնողներ, սպանութիւններ կատարողներ, հրահրողներ, կողոպտիչներ եւ հայ կիներ ու մանուկներ առեւանգողներ։
Այս տողերը կու գան 25 վկայութիւններով եւ մանրամասնութիւններով, Էրզրումէն, Խարբերդէն, Տիարպէքիրէն, Սվազէն, Տոմինիկեան եւ Շուէտացի միսիոնարներէ, Դանիացի ընկերային եւ կրօնական ծառայողներէ եւ վերջապէս՝ վերապրողներէն։
Երրորդ գլուխը տրամադրուած է «Թուրք երախաներու մասնակցութիւնը հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին» թեմային։
Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ թուրք երեխաները ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մասնակից դարձած են Հայոց Ցեղասպանութեան արարքներուն: Ինչպէս գիտենք, հայրենիքի գաղափարախօսութեան եւ ազգայնամոլութեան քարոզչութիւնը ունեցած է մեծ դերակատարութիւն: «Թուրքիան միայն թուրքերուն» եղած է թուրք ազգայնամոլներուն հիմնական կարգախօսը: Անոնք համոզած են հասարակութիւնը, որ օսմանցի ժողովուրդը ունի սրբազան պարտականութիւն մը՝ «սրբազան պատերազմ-Ճիհատ»-ը: Եւ որովհետեւ թուրք երեխաները ունեցած են նաեւ թուրք մեծերուն ենթարկուելու եւ մեծերը յարգելու ժողովրդային-ընկերային հասկացողութիւնը, հետեւաբար, նոյնիսկ դանիացի միսիոնար Մարիա Ճէյքըպսըն, իր յուշագրութեան մէջ նկարագրած է թուրք երեխաներուն վերաբերմունքը՝ ըսելով. «Երբեք տեսած չեմ կատաղի եւ վայրի տեսք ունեցող նման մարդիկ: Նոյնիսկ իրենց պզտիկ տղաքը իրենք իրենց հասուն մարդու ձեւեր կու տային ու մեր ետեւէն կը պոռային` կեաւո՛ւր, քրիստոնեայ շո՛ւն: Անոնք կը հաւաքուէին եւ կը զուարճանային հայերու չարչարանքները դիտելով»…։
ՍԵՌԱՅԻՆ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Թուրք ղեկավարութիւնները ընդունած եւ քաջալերած են սեռային բռնութիւնները, որոնք նկատուած են Ցեղասպանութեան շրջանին: Անոնք հաւատացած են, որ բռնաբարուած հայ կիները պիտի լքեն իրենց ամուսինները, հարազատները եւ ցեղակիցները։ Անձնասպան պիտի ըլլան ու պիտի անհետանան: Անոնք հաւատացած են նաեւ, որ թիրախ դարձած հայ աղջիկները պիտի հեռանան իրենց ընտանիքներէն՝ վախի, նուաստացումի, ամօթխածութեան եւ յանցանքի զգացումներով:
Թուրք զինուորներ դեռատի հայ աղջիկները բռնի ուժով փոխադրած են Պոլիս, իբրեւ նուէր Պոլսոյ կեդրոնական հրամանատարութեան անձնակազմի անդամներուն:
Կարգ մը թուրք բժիշկներ կատարած են նաեւ անմարդկային եւ հրէշային անդամահատումներ շատ մը հայ աղջիկներու վրայ, յագեցնելու համար իրենց վատառողջ սեռային կիրքերը: Շատեր խոստովանած են, թէ ինչ մեծ հաճոյքով եւ մոլեգնօրէն իրենց պապակը կը յագեցնէին անչափահաս, 12 տարիքը չբոլորած հայ պարմանուհիներու կուսութիւնը պղծելով եւ դիտելով պղծուած հայ անմեղուհիներու զոհաբերումը իրենց ձեռքով սարքուած բագիններու վրայ:
Այս բոլորը կատարուած են մէկ յստակ միտումով, որ բնաջնջուի հայ ազգի նոր սերունդ ծնող հատուածը, այլ խօսքով՝ հայ իգական սեռը:
— Քարէն Եփփէ 1926-ին վկայած է. «Հազարաւոր հայ կիներ, զորս անձամբ ազատած էի իսլամ տուներէ, մեծամասնութիւնը այդ տուներու տղամարդոց կողմէ մատնուած էր սեռային շահագործումի եւ ունեցած էր բռնի սեռային յարաբերութիւն»:
— Տոմինիկեան միսիոնար Եասէթ Սիմոն ականատես եղած է Մարտին քաղաքի ողբերգութիւններուն: Ահաւասիկ անոր վկայութիւնը՝ թուրքերու սեռային «սխրագործութիւններուն» մասին. «Խենեշում եւս, կիրքն աւելի քստմնելի հա-մարձակութիւն ստացաւ: Իրենց կիրքը յագեցնելու համար, բռնացան ո՛չ միայն ողջ, այլեւ մեռած կանանց վրայ: Ու վերջապէս գազանութիւնը հասաւ զազրելիութեան գագաթնակէտին: Տիգրանակերտի ձորակին մէջ ժամանակաւոր ցուցահանդէս սարքեցին, ուր զինուորներու հսկողութեամբ ցուցադրեցին զոհուած կանանց մարմինները՝ սրունքները վեր, արեւէն ուռած ու այլանդակուած անդամներով»:
Հեղինակը օգտագործած է 18 աղբիւրներ եւ նշած է 46 վկայութիւններ։
ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՆՉԱՓԱՀԱՍՆԵՐՈՒ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ
Հայ մանուկները եւ անչափահասները բաժնեկից դարձան, հայ տարեցներու եւ չափահաս կիներու տարագրութեան ծայրագոյն աստիճանի դժուարութիւններուն, փոթորկալից տեղահանութեան եւ անվերջանալի տարագրութեան դէպի հեռաւոր անապատային վայրեր:
Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ մանուկներու եւ անչափահասներու ոդիսականին մասին էջերով կ՚անդրադառնայ հեղինակը, եւ հոն զգալի է անոր յատուկ հետաքրքրութիւնը Հայ որբերու ողբերգութիւններուն եւ անոնց ապրած գաղթականութեան դառնութիւնները, որոնք տեսան տառապանք ու զրկանք, եւ չունեցան արդար եւ խաղաղ մանկութիւն:
Գառնիկ Բանեան կը յիշէ. «Որբանոցին մէջ հարցուցին անունս, մեքենաբար պատասխանեցի՝ Գառնիկ: Ահռելի ապտակ մը եւ ես լաց ու ճիչով գետին ինկած՝ կը գալարուէի, երբ թուրք պաշտօնեայի կօշիկին քիթով կողիս տրուած հարուած մը բաւական եղաւ, որ ուշակորոյս, փռուիմ գետին մեռելի պէս: Անունս այլեւս Գառնիկ չէր, այլ՝ Մահմուտ, թիւս ալ 551: Հայերէն խօսիլը ջնջուած էր»: Գառնիկ Բանեան Ճեմալ Փաշայի կազմակերպած հարիւր հազարաւոր հայ որբերու հաւաքին ընթացքին փոխադրուած է Անթուրայի որբանոցը, ուր ենթարկուած է թրքացումի ահաւոր վտանգին։ Ապա, ազատելով այդ դժոխքէն փոխադրուած է Ժպէյլի որբանոցը։ Սորված է արհեստ, ապա իր ուժերով 1935-ին Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն եղած է։
Գառնիկ Բանեան՝ դաստիարակ, գիրքերու հեղինակ, Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի փոխ-տնօրէն։ Եղած է «Ակօս» պաշտօնաթերթի խմբագիր։ Նաեւ գործօն համազգայնական, Ազգային Իշխանութեան անդամ եւ ատենապետ։ Բանեան իր ներդրումը ունեցած է Ազգային Երեսփոխանական եկեղեցական կեանքին։
Վերապրող Ներսէս Արքեպիսկոպոս Բախտիկեան իր «Խորշակահար մանկութիւն» գիրքին մէջ գրած է՝ «Այս մեր առաջին գաղթն էր: Կարաւանը հասաւ քաղաքէն դուրս Տիշտէրիկի Եազին: Պետութեան կողմէ եկան յայտարարեցին, որ եթէ իսլամանային կը վերադառնային: Բոլորն ալ իսլամութիւնը ընդունեցին ու տուն վերադարձան հոգեպէս ընկճուած ու ֆիզիքապէս փշրուած: Տան բանալիները տուին: Տուները կողոպտուած էին»:
Մուշեղ Իշխանի հետեւեալ տողերը կը մարմնաւորեն ջարդի օրերուն որբացած հայ մանուկներու հոգեվիճակը.
Չէ՞ք ճանչնար զիս, ես այն մանչուկն եմ սիրուն
Որ յոգնասպառ, կիսամերկ
Անապատին մէջ Տէր Զօրի մտաւ քուն
Եւ չարթնցաւ ալ երբեք.
Մի սարսափիք կմախակերպ իմ տեսքէս,
Հող չեմ մտած ես բնաւ
Կը շրջէի դիակներու մէջ այսպէս,
Միշտ անօթի ու ծարաւ:
Օրեր անվերջ, կարօտ պատառ մը հացի,
Տեսայ արիւն, տեսայ մահ:
Քոսոտ այծի պէս միայն խոտ ծամեցի,
Խոտն ալ յետոյ չգտայ:
Ամերիկեան Նպաստամատոյցի խնամատարութեան տակ եղող որբանոցներէն մէկը եղած է Լիբանանի «Ճպէյլի տղոց որբանոց»-ը: 1919-ին Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցը կը գնէ Ճպէյլի մէջ մեծ հողաշերտ մը, 40.000 քառակուսի մեթր, իր հին շէնքերով միատեղ եւ կը վերածէ զայն որբանոցի, որ կը կոչուի «Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց»-ի «Ճպէյլի տղոց որբանոց»:
«Ճպէյլի տղոց որբանոց»-ը, որ յետագային կոչուեցաւ «Թռչնոց բոյն», կը գտնուի Լիբանանի Ճպէյլ-Պիպլոս քաղաքին մէջ: Մեծ թիւով նոր որբեր կը հասնին «Ճպէյլի տղոց որբանոց»-ը Կիլիկիոյ զանազան շրջաններէն: Այս որբանոցը կը գոյատեւէ մինչեւ 1928: Այդ թուականէն սկսեալ «Թռչնոց բոյն»-ը կը գործէ նոր առաքելութեամբ մը:
Հեղինակը ուսուցիչներէն յիշած է՝ Ստեփան Տարտունի, Կոստան Պանտիկեան, Միհրան Պալիկեան եւ Հայկ Պալեան:
Աւետիս Ահարոնեան, Ճպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի հայ որբերուն ուղղած իր նամակին մէջ գրած է՝ «Դուք սիրուն ծիլեր մեր նոր անդաստանի, մեր խորտակուած անտառի հարուստ բողբոջներ, առաջին ցոլքերը մեր ծագող արշալոյսի, ահա ձեր պատկերն իմ հոգումն է եւ կեանքս՝ ձեր կեանքն է եւ շունչս: Ձեր շունչը, վասնզի դուք էք հաւատքիս անխորտակելի անսասան սիւները»:
Մարիա Ճէյքպսընի անձնուիրութիւնը (էջ 128-էն սկսեալ կը կարդանք) անքակտելի կապ ունի «Թռչնոց բոյն»ի հետ։ Սակայն, նախ 1915-ին կը հասնի Խարբերդ եւ մինչեւ 1919 ականատես վկան կ՚ըլլայ Խարբերդի մէջ պատահած թրքական սարսափելի ու անմարդկային արարքներուն ու ոճիրներուն: Ան կը տառապի ամբողջ այս չորս տարիները, սակայն գերմարդկային ճիգերով կը փրկէ հազարաւոր հայ կեանքեր:
«Թռչնոց բոյն»-ը 1928-ին՝ սեփականութիւնը կը դառնայ «Դանիական կանանց միսիոնարական գործիչներու կազմակերպութեան» եւ կը յանձնուի Մարիա Ճէյքպսընի տնօրէնութեան: Այդ թուականէն սկսեալ «Թռչնոց բոյն»-ը կը գործէ նոր առաքելութեամբ մը: Հոն կը պատսպարուին եւ կը խնամուին լիբանահայ գաղութէն ներս ամենէն աւելի կարիքաւոր հայ ընտանիքներու զաւակները եւ ծնողազուրկ որբերը:
Թռչնոց Բոյնէն դուրս կու գան հազարաւոր պատուական հայորդիներ, որոնցմէ շատերը կ՚ըլլան գիտութեան, արուեստի, մշակոյթի հռչակաւոր ծառայողներ, եկեղեցականներ ու ազգային գործիչներ: Ասոնցմէ եղած է Սմբատ Արքեպիսկոպոս Լափաճեան: Ան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը կ՚ընդունի 1948-ին եւ կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 1958-ին անուանուելով՝ Սմբատ աբեղայ: Երկար տարիներ կը ծառայէ հայ եկեղեցիին Լիբանանի եւ Լոս Անճելըսի մէջ, որպէս վարդապետ, ծայրագոյն վարդապետ, եպիսկոպոս եւ արքեպիսկոպոս: Ան կը վախճանի 1998-ին Լոս Անճելոս:
Մոնթրէալ
(Շարունակելի)