ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Ե.)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.
ՍԱՂՄՈՍ 26

Տէր, ստուերներու մէջ կ՚ապրիմ,
եւ ըստ ցանկութիւններուս՝ ստուերներ են կեանքիս երիվարները,
որոնց ետեւէն կը վազեմ թեւաւոր եռանդովը ոտքերուս:
Պատահի որ մէկը բռնեմ եւ ագարակին մէջ դնել երազելով սկսիմ տօնել յաջողութիւնս,
անիկա արդէն խոյս տուած կ՚ըլլայ:
Դարձեալ ոտքերուս թռիչքէն զմայելելով կը վազեմ, եւ կը բռնեմ ուրիշ մը:
Բայց մինչ զայն եւս ագարակս տանելու կը փութամ,
անիկա ալ արդէն խոյս տուած կ՚ըլլայ:
Վերստին կը վազեմ, եւ այնքան արագ՝ որ ոտքերս գետնին հազիւ կը դպչին:
Կը յաջողիմ ստուեր մը բռնել, բայց ագարակ տանելու գաղափարին հետ՝
անիկա խոյս տուած կ՚ըլլայ:
Եւ այսպէս՝ կը վազեմ, կը բռնեմ, կը կորսնցնեմ միաժամանակ:
Դեռ չեմ հասկցած, Տէր,
թէ ցանկութիւններուն կեանքը կը նմանի ոստայնին,
որ ոչինչին հայրը հիւսած է, կամ՝ մայրը,
գուցէ եղբայրը կամ քոյրը, գուցէ հաւաքականութիւնը՝
իր բոլոր տարրերով, տեսակներով, դասերով եւ խմբակցութիւններով:
Կը վազեմ իմ ստուերային ազատաստանիս ոստայնին մէջ,
որ սակայն արթնութեան նշոյլին հպումէն իսկ՝ կը քայքայուի անմիջապէս:
Տէր, ամեն օր, ամեն ժամ եւ ամեն ռոպէ տուր ինծի նշոյլ մը Լոյսէդ, իրաւ երիվար մը:
Տուր ինծի, Տէր, նշոյլ մը…
Տուր ինծի, Տէր…

ՍԱՂՄՈՍ 27

Կը պատմուի, թէ դարաւոր երկրի մը մէկ մնացորդին վրայ
իշխանաւոր կարգուեցաւ ծաղրածու մը:
Բայց ան այլանդակութիւն մըն էր,
որ ծնած էր ապականութեան արգանդէն,
դիեցուած ու դաստիարակուած ըստ քայքայման ոգիին:
Ան քալած էր յեղափոխականօրէն՝ իտէալներու փուչիկներ արձակելով,
եւ ատելութիւններու ու ընդվզումներու ձեռնածմամբ հասցուած հոն՝ ուր էր:
Հագուած էր համազգեստ մը, որ չափուած կարուած էր մերժելի ուրիշի մը համար:
Բաճկոնը գրեթէ ճիշդ վրան էր ծաղրածու համարուածին.
տաբատը՝ նոյնպէս, գօտին մէկ երկու ծակ վեր.
կօշիկներուն մէջ ոտքերը իրենք զիրենք երջանիկ գտած էին:
Ընդհանրական խաբէասիրութիւնը
անոր հեծանիւին ժողովրդավար շրջագայումներով սեւ ու սպիտակի զբօսանքին էր ելած…
եւ ուղիղ գացած մինչեւ աղէտ:
Յետ աղէտին, դարձեալ կարգուած էր իշխանաւոր,
եւ իր գրպանին իմաստութիւնը հանելով դուրս՝
«Երանի՜ խաղաղարարներուն» յայտարարած,
երբ գայլերն ու անգղերը կը սպասէին յօշոտելու պատանդառեալը:
Անկասկած, յայտարարութեան հետ՝ լուսապսակ մը կազմուած էր գլխուն վերեւ,
որուն մասին սակայն ոչ ոք էր խօսած կամ գրած, գուցէ ոչ ոք տեսած էր զայն:
Եւ գայլերն ու անգղերը պիտի սկսէին յօշոտել ժողովուրդ մը
մարդկային արդարութեան աչքերուն առջեւ…
Տէր, կը ներես, տրտնջալը քիչ է,
բայց քանի Կամքդ է որ գահ կը բարձրացնէ եւ գահընկեց կ՚ընէ,
ինչո՞ւ օրին աղէտաբերները գահընկեց չես ըներ,
եւ գէթ ծաղրածուներ չես հաներ ապականութեան սերունդներէն:
Ծաղրածուները գոնէ բարոյագէտներ են եւ իմաստասէրներ ողբերգական կացութեան:
Դուն որ օր մը մեղապարտ ազգէն լուսաւորիչ մը շնորհած էիր մեզի՝
ծաղրածու մը տուր այսօր, որ խնդրականացնելով հանդերձ ամեն ինչ՝
առաքինութիւնը ունենայ տարրալուծուող միաբանութիւնը վերածելու
հաւաքական զօրութիւն զգաստութեան: _
Ծաղրածուները իրենց իսկութեամբ զգաստածուներ են:
Եթէ ծրագիրդ է լուսաւորիչ մը չտալ, ծաղրածու մը տուր,
որպէսզի ապագայէն ո՛չ թէ ցեղասպանութիւն մը եւս տեսնուի,
այլ հրաշալի յառնում մը…

ՍԱՂՄՈՍ 28

Տէր,
Դուն խոնարհեցար անցեալին,
եւ կը խոնահիս այսօր ու պիտի խոնարհիս գալիք ժամանակներուն:
Եւ խոնարհելուդ յայտնակերպումները փրկարար զօրութիւններ են միշտ:
Դուն այս կամ այն անհատը,
այս կամ այն հաւաքականութիւնը միայն չես ընտրեր խտրականօրէն,
այլ քու ընտրութիւններդ արեգակին նման են,
որ իր լոյսը կը սփռէ ամենուր՝ ըստ կարգին բնութեան, որ Խօսքովդ արարեցիր:
Քու լոյսդ վստահութիւն է եւ սէր, եւ է յոյս փրկութեան՝
ուր համբերութեան արարքներ հետդ կը քալեն:
Անվստահութեան այս օրերուն իսկ՝ լոյսդ չի դադրիր սփռուելէ.
անսէր այս օրերուն իսկ՝ լոյսդ չի դադրիր սփռուելէ.
Վհատութեան այս օրերուն իսկ՝ լոյսդ չի դադրիր սփռուելէ:
Տո՛ւր, Տէր, արիութիւնը
մեր անձնաբանտարկումի սենեակին փեղկերն ու պատուհանները բանալու,
որպէսզի լոյսովդ վերակենդանանայ անիկա:
Գիտես, թէ այս աղօթքը սկսայ գրել՝ կարդալով աշուղ մը, անոր «Կարելի Է» երգը:
Քանի լոյսդ է մշտասփիւռ՝
կարելի է ունենալ հաստատ վստահութիւնը,
թէ պիտի նորէն ծնանիս յաղթանակներու առաջնորդներ _
պարգեւէ որ անոնք ըլլան իմաստութեամբ օծեալներ:
Կարելի է ունենալ իրաւ սէրը,
թէ պիտի նորէն ծնանիս սրտակից առաջնորդներ _
պարգեւէ որ անոնք ըլլան առաքինութեամբ զարդարեալներ:
Կարելի է ունենալ յայտնատես յոյսը,
թէ պիտի նորէն ծնանիս խոստումներու առաջնորդներ _
պարգեւէ որ անոնք ըլլան Ողորմութեանդ, Գթութեանդ եւ Անեղիդ իմաստներուն թարգմանիչներ:
Ա՛յո, Տէր, պիտի գայ նոր օրը՝
երբ մեր մութ ու նեխած սենեակին փեղկերն ու պատուհանները պիտի բացուին…

ՍԱՂՄՈՍ 29

Օր մը Յիսուս երկու կոյրի տեսողութիւն շնորհելէ եւ համրի մը լեզուն բանալէ յետոյ
կը շրջէր Գալիլեան քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ,
եւ կ՚ուսուցանէր ամենուր
ու կը բժշկէր հոգեկան ախտաւորներ ու մարմնական հիւնադութիւններէ տառապողներ.
կարեկցութիւնը իրն էր, եւ ինք՝ կարեկցութիւնը:
Եւ լքեալ բազմութիւններուն մէջ ըսաւ.
«Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ»:
Եւ ինչպէս իր համագոյակիցներուն հետ թոհուբհին ատեն
ստեղծագործեց եւ հաստատեց կարգաւորութիւնը՝ սկսելով լոյսէն,
նոյնպէս ընտրած տասներկուքը լծեց առաքելութեան:
…Տէր, դուն որ հիմա ինծի կը յիշեցնես աւետարանիդ այս դրուագը,
կը լսես, անկասկած, ագռաւաչ բարբառները աշտարակներէն,
կը զգամ որ հարց կու տաս՝ թէ ե՞րբ հունձքերը առատ չեղան, եւ մշակները՝ քիչ:
Եւ դուն որ երբեք չես սիրած ապացուցել ինքզինքդ,
եւ բարութիւններդ հրաշալիօրէն յայտնակերպած՝ տեսողութիւն եւ խօսք շնորհելով,
կը խոնարհիս եւ ընտրութեանդ ընդառաջողները կը լծես մշակակցութեան:
Քու սիրած բարբառդ անապատէն էր, որ կ՚ըսէր.
«Պատրաստեցէ՛ք Տիրոջ ճամբան եւ հարթեցէ՛ք անոր շաւիղները»:
Քեզ խոստովանող կոյրերը կը հասկնային ասիկա,
ուստի՝ տեսողութիւն շնորհուեցաւ իրենց:
Քեզի համր մը բերողները կը հասկնային ասիկա,
ուստի՝ զիրենք օրհնեցիր ախտաւորին խօսիլ շնորհելով:
Հունձքերը առատ էին միշտ, եւ մշակները՝ քիչ,
եւ այդպէս ալ է այսօր ու պիտի ըլլայ այդպէս:
Սակայն դուն կը հաւատաս ընտրածներուդ,
եւ հաւատքդ զօրութիւն է յաւերժ բազմարփեան,
որ տեսիլներ կու տայ, տեսիլներ՝ նոր խորհուրդներու, նոր խօսքերու եւ նոր գործերու…

ՍԱՂՄՈՍ 30

Հրայր Աւ. Քհնյ. Նիկոլեանի
վախճանման առիթով

Ահեղ է խորհուրդը բազկատարած Տիրոջ,
որ կը շիջեցնէ դժոխաբորբ հուրը ու կը վանէ խաւարը:
Ան՝ որուն ներկայութիւնը հողմ է ցօղացիր,
եւ որմէ կը հեռանան բոցերը ամենատեսակ տանջանքներուն.
Ան՝ որուն մթութիւնը փառքին լոյսն է,
եւ որմէ մահուան թանձրութիւնը իր իսկ ոչնչութեան մէջ կ՚իյնայ:
Ահեղ է խորհուրդը, որ սոսկումը մահուան կը փարատէ,
եւ որմէ կը սփռուի խաղաղութիւնը:
Ահեղ է խորհուրդը, որուն գեղարադախոց կողը աղբիւրն է յաւիտենական կեանքին,
եւ որմէ ըմպող ծարաւեալները կը վերածուին վարարուն աղբիւրակներու:
Ահեղ է խորհուրդը, որ կը կանգնի իր յիշատակի Ս. Սեղանին առջեւ,
եւ կը բաշխուի որպէս հաց լոյսի եւ գինի պայծառութեան՝
ուրախութեան համար տրտմեալներուն…
Ծառայ գոհաբանութեան զոհին, դուն եւս քալեցիր ճամբան,
որ կ՚երկարէր տկար տեսողութեանդ առջեւ,
եւ չէիր կրնար ստուգապէս գիտնալ, թէ անիկա ո՞ւր պիտի աւարտէր, եւ ինչպէ՞ս:
Բայց խորհեցար, թէ կը հետեւիս Կամքին վերին:
Կասկածները եւ վարանումները չդադրեցան քեզի այցելելէ,
սակայն ապրեցար յոյսին վստահելով՝
թէ Ողորմութեան շնորհը կը յայտնուի մեղաւորներուն,
ուստի սրտագին եւ երկիւղով ճգնեցար
գոյութիւնդ որպէս ընծայ հաճելի մատուցել Անոր՝ որմէ էիր,
եւ որուն դարձած ես ժամանակներուդ վախճանին հետ:
Եւ հոնկէ երգասէր հոգիդ կ՚եղանակէ իր «Ողջոյն»ները,
կ՚երգէ շնորհովը մխիթարութեան Հոգիին.
_ Ողջո՜յն ձեզի՝ Ս. Եկեղեցի եւ Սեղան Սրբութեան:
Ողջո՜յն ձեզի՝ դասեր քահանայութեան,
եւ ողջո՜յն հօտ Քրիստոսի:
Ահա եւ ես ճանապարհորդեցի իմ ու ձեր Արարիչին եւ վերանորոգողին մօտ:
Ողջ լերուք ի Տէր:

ՍԱՂՄՈՍ 31

Մարդ էակին փառքը ստուերի մը պէս կ՚անցնի,
եւ կենատ՝ ան կ՚իյնայ փոսին մէջ տիղմի,
կամ կիզուելով աճիւնադարանի տփիկ մը կ՚ըլլայ,
կամ ջրալուծուելով կը թափուի ծառի մը տակ…եւ այլն եւ այլն…:
Յիրաւի, կ՚անցնին բոլոր փառքերը, եւ ո՛չ միայն անհատական,
այլեւ հաւաքական, ու տիեզերական՝ ինչպէս պիտի ըսէին անցեալին:
Ու ամեն ոք, ազինք եւ ազգք կը տարուին գիրկը ոչինչին:
Սակայն, Դուն Տէր, այս տունը արարեցիր կեանքին համար, եւ՝ առաւել կեանքին:
Հաւատքը պարգեւեցիր որպէս հիմք ասոր,
յոյսը՝ որպէս ամուր նեցուկ,
սէրը՝ որպէս առաստաղ,
եւ բոլոր առաքինութիւնները՝ իւրաքանչիւրը իր պաշտօնով,
ու թէպէտ անկեալ, բայց ըստ պատկերիդ արարածներէն իւրաքանչիւրը՝ իր կոչումով,
որպէսզի երկրի վրայ ուրախական վայելքը նմանութիւնը բերէր երկնքի վայելքին:
…Ահա առաքինութիւնները սասանած են, խախտած, փուլ եկած.
կոչումները լքուած են, մսխուած, ի մի խօսք՝ սպանուած,
եւ երկրի վրայ տխրական դառնութիւնը նմանութիւնը բերած է դժոխքի դառնութեան:
Բարկութեամբ խրատէդ առաջ, Տէր, մենք արդէն աճապարած ենք դէպի վախճանը…:

(Շարունակելի)

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *