«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Ե.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այս անգամ պիտի գրեմ արդէն տարիէ մը աւելի գրասեղանիս կողքի դասաւորման սպասող գիրքերու շարժական ու ճաղաւոր «շտեմարանէս» ինծի ծուռ-ծուռ նայող երկու գիրքերու մասին ։ Ի՞նչ մեղքս պահեմ, երբ ուրիշներ արդէն իսկ կ՚անդրադառնան նոր գիրքի մը հրատարակման, կը վարանիմ ես ալ բան մը գրելու։ Ընթերցողը տեղեկացուած կ՚ըլլայ, կրնայ ձեռք ձգել, կարդալ գիրքը։ Ուրեմն այս յօդուածս թող ծառայէ յիշեցման։
Երկու ներկայանալի, բաւական ստուարածաւալ, հատորներ՝ երկու աշխատակիցներու, բարեկամներո՛ւ կողմէ։
Ահա առաջինը. ԱՌԱՁԳԱԿԱՆ, Յարութիւն Պէրպէրեանի, լոյս տեսած Երեւան, 2021-ին՝ Զանգակ հրատարակչատունէն, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ։ Կարծրակազմ, 270 էջ։ Կողքին՝ Արթօ Չաքմաքչեանի մէկ շատ իւրայատուկ գծանկարը, որ ամենէն ժուժկալ գիծերով կը ներկայացնէ Կոմիտասը՝ դէմքէն ու քովէն, այնպէս, որ կարծես ինքն իրեն կը դիտէ։ Արդար ըլլալու համար նշենք հեղինակին ստեղծագործութիւնները շօշափելի հատորի մը վերածողներուն անունները, հրատարակչութեան տնօրէն՝ Էմին Մկրտչեան, գեղարուսետական խմբագիր՝ Մարիամ Կանայեան, տեխնիկական խմբագիր՝ Նուարդ Փարսադանեան, ձեւաւորումը եւ էջադրումը՝ Գրիգոր Յարութիւնեանի, կազմի ձեւաւորումը՝ Վիտալի Ասրիեւի։ Հատորը ձօնուած է «թոռնիկներուս՝ Լեւոնին եւ Սեւանային»։
Գիտենք, որ Յարութիւն Պէրպէրեան է նաեւ վաստակաւոր ուսուցիչ, խմբագիր, գործիչ՝ առաւելաբար «Համազգային»-ի շարքերուն մէջ։ Այս գիրքը անոր հինգերորդն է, որ կը ներառէ իր «վերջին տասներկու տարիներու բանաստեղծական ստեղծագործութիւններէն, առաւել՝ նախորդ չորս հատորներէն [լոյս տեսած 1979-էն 2007 տարիներուն] քերթուածներ, բաժնուած [19 մասերու] ըստ ոճի եւ նիւթի, գլխաւորաբար կեդրոնանալով սփիւռքահայ գրողի կացութեան, գրողական արարքին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի փորձառութիւններուն, սիրոյ, բնապահպանման եւ համամարդկային այլ տագնապներու» վրայ, ինչպէս կ՚ըսուի վերջին էջին վրայ զետեղուած բացատրագրին մէջ։
Միայն մասերու վերնագրերը՝ «Գրէ՛», «Աղուէսի մուշտակը», «Անցման եղանակ», »Քայքայում», «Խառն եղանակներ», «Կորսուող բնաշխարհներ», «Տան յետնամասի պարտէզը փոքրիկ», «Պատկերներ», «Ճիչեր հովին մէջ», «Առաջին շրջանակ», «Անապատային դաշտանկարներ», «Մասունք բանի», «Ծածկոցին տակ երփներանգ», «Անդրադարձումներ», «Մհեռի դուռ», «Ազատ շրջան», «Վայրեր», «Հիմա կրնամ արձանագրել», «Ղատ», գաղափար մը կու տան, թէ ի՛նչ բաներ յուսած են այս բանաստեղծը։
Փաըթամ հայերէնով մը այս բոլորը քով-քովի բերած հատորի մը տիտղոսը կրնա՞ր ուրիշ բան ըլլալ, եթէ ոչ «Առաձգական»՝ հրաւիրելով ընթերցողը տեսնելու իր առջեւ լայն բացուող հորիզոնն ու անոր այլազան գոյներն ու երանգները։ Իսկ Արթոյի գծանկարն ալ որքա՜ն կը համընկնի Յարութի մօտեցումին՝ ինքն իր ստեղծագործութիւններուն նայելով բնանիւթերու նման ընտրութիւն մը կատարելու համար։
Ցանկալի է, անշուշտ, որ երկրորդ նման հատորով մը ան համախմբէ այս մէկէն դուրս մնացած, նաեւ նորագոյն բանաստեղծութիւնները, իսկ երրորդով մը՝ իր արձակ գրութիւնները, գրախօսականները եւ ուսումնասիրութիւնները։
Երկրորդ գիրքը Վեհանոյշ Թեքեանի ԿԻՆ՝ ԱՏԵԱՆ ԵՒ ՄԱՏԵԱՆ երկն է, լոյս տեսած նոյնպէս Զանգակ հրատարակչատունէն, Երեւան, 2022-ին։ 359 էջ։ Խմբագիրն է նոյն ինքն Յարութիւն Պէրպէրեանը։ Կողքին, ձեւաւորուած Նշան Գուլեանի կողմէ, Նշան Գազազեանի ինքնատիպ մէկ գործն է՝ «Ինքնաբարձրացում», ըստ Մայա Անճըլուի։ Նաեւ, «Զանգակ»-ի նոյն անձնակազմն է՝ Էմին Մկրտչեան, Մարիամ Կանայեան, Նուարդ Փարսադանեան եւ Գրիգոր Յարութիւնեան։
Բացատրագրին մէջ արձանագրուած է. «Քերթողական եւ արձակ կտորներու այս հաւաքածոն Վեհանոյշ Թեքեանի վաստակին մէջ կիներու մասին խօսող արտադրութեան մէկ ճաշակն է։ Հոն կը ներկայանան այլատեսակ կիներ՝ տարբեր մշակոյթներէ, ցամաքամասերէ, ու ընկերային յարաբերութեանց ժամանակաշրջաններէ։ Անոնք իրենց հոգեխառնութեամբ եւ ձայնով է որ կը դիմակայեն սովորականն ու անսովորը, տարբեր պետութիւններու օրէնքները, դատարաններն ու պարտադրուող ինչեւինչ աւանդութիւնները։ Մեղքերն ու սրբութիւնները։ Կը կազմեն սեփական կամքով ատեան եւ կը մատուցուին որպէս ժամանակակից մատեան»։
Կնոջս ու ինծի ձօնուած մակագրութեամբ Վեհանոյշ անգամ մը եւս կը հաստատէ «Հայ կնոջ աշխարհն է ահա իր մատեանով ու ատեանով»։
Նոյնպէս դաստիարակ, այլեւ գրադարանավար բանաստեղծուհիին այս գիրքը, որ 14-րդն է իր վաստակին, կը բաղկանայ երկու մասերէ, առաջինը՝ կէսէն քիչ մը աւելին՝ «Արձակ», երկրորդը՝ «Բանաստեղծութիւն»։ Այստեղ ի մի են բերուած քերթողուհիին վաստակէն տարբեր ժամանակներու նմուշներ, որոնք կ՚արտայայտեն իր ըմբոստ էութիւնը, ցոյց կու տան արդարութեան ու մարդկայնութեան համար պայքարելու իր ջիղը ու մանաւանդ հայերէնի, գեղեցի՛կ հայերէնի իր պաշտամունքը։
Կ՚արժէ այս փոքր անդրադարձը փակել շապիկի վերջին էջին վրայ իրմէ յիշուած սա հատուածով. «Անյիշելի պարտք մը ունիմ, որ պէտք է անվերջօրէն հատուցեմ, իր մէջէն անցընելով բարձրութիւնները կիրքի եւ զրկանքի խորութիւնները։ Անկէ ետք է, որ կ՚արթննայ ստեղծագործ երջանկութիւնը եւ հոգիս կը պտուտքի երաժշտութեամբ մը, որ ոչ ոք պիտի լսէ։ Անշուշտ ոչ ոք պիտի լսէ։ Բացարձակ անտարբերութեամբ կը փետէ ճամբան, կը փետտէ մարդերը իրենց տեղերէն եւ երթեւեկ մը կը ստեղծէ իրեն համար։ Ոչ մէկ երաշխիք կու տայ, ոչ մէկ վերջաւորութիւն։ Ինչ տարօրինակ է վստահութիւնդ. կը բաւէ, որ ոտքդ դնես անոր ծայրը եւ վստահ ես, որ ելքը պիտի գտնես, պիտի հասնիս։ Ճամբան անվերջութիւնն է։ Ինքզինք չի զսպեր, կը պայթի, կը բողոքէ, կը լքէ։ Կնոջ մը պէս։ Ընդհանուրին մէջ կ՚անանձնականացնէ՝ յետոյ քեզ անհունօրէն ինքնախոյզ դարձնելու»։

(շարունակելի)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *