Մեր ՕԳՈՍՏՈՍ 2024-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՕԳՈՍՏՈՍ 2024-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

Բանաստեղծութիւններ

Արա Նախշքարեան
ԺՊՏԱՑՈՂ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ

Քո աչքերի մելամաղձոտ խորքերից,
Ժպիտներ են կաթկթում,
Ընկնում հողին ու խանդավառ
Հրեշտակներ են դառնում։

Հրեշտակներ են դառնում
Յոգնած սէրերը անցած,
Բաժանուելով-միանում,
Նոր համբոյրով կեանք առած։ Continue reading “Բանաստեղծութիւններ”

«ԽԱՒԱՐԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽ ԻՆՔԴ ՊԻՏԻ ՎԱՌՈՒԵՍ…»

(Արա Նախշքարեան, «Թղթէ երկինք», 2024 թ.)
ԿԱՐԻՆէ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Ինքնատիպ ձեռագիր ունի հեղինակը, ինչն առանձնապէս ակնյայտ է արձակ խօսքում. նա մաքուր զգացմունքը դարձրել է զգայուն եւ հոգեխտիղ տող՝ սկսած արձակ բանաստեղծութիւնից մինչեւ մտորումներ եւ հրապարակախօսութիւն։ «Հոգեւոր կապն ամենազօրաւորն է, դրա համար է, որ, երբ այն խախտւում է, հոգիդ Continue reading “«ԽԱՒԱՐԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽ ԻՆՔԴ ՊԻՏԻ ՎԱՌՈՒԵՍ…»”

Արա Նախշքարեանի «Թղթէ երկինք» հատորը

Նանար Սիմոնեան

Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար:
Պ. Սեւակ

Արա Նախշքարեանի «Թղթէ երկինք» ժողովածուն հոգեւոր արժէքներով ապրող, հայրենասիրութիւնը՝ որպէս սրբազան դրօշ ծածանող, ազնւութիւն սերմանող անխոնջ մշակի մշտադալար պարտէզ է։
«Վրէժի կտակարան» հայրենասիրական երգերի շարքը հայի հոգու, Continue reading “Արա Նախշքարեանի «Թղթէ երկինք» հատորը”

ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Զ)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.
ՍԱՂՄՈՍ 32

Քերթող մը անցաւ բոլոր ճամբաներէն,
եւ որպէս մարդ՝ միշտ սայթաքելով, ու հասաւ պատգամին՝
թէ իր ժողովուրդի միակ փրկութիւնը հաւաքական ուժին մէջ է…
Եւ պատուհասեալ մեր օրերուն, երբ պատգամը կը հնչէ մերթ ընդ մերթ
(երանի՜ ըլլար «ձայն բարբարոյ յանապատի»), Continue reading “ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Զ)”

Բոլորս կը սիրէինք զինք

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ

Տարիներէ ի վեր այրի էր արդէն հօրաքոյրս, երբ ինք ալ մահացաւ։ Մասնաւոր լուրջ հիւանդութիւն մը չունէր. պարզապէս սիրտը տկարացած էր եւ սկսած էր աներեւոյթ մարդոց հետ կռուիլ եւ բարկանալ, թէ ինչո՞ւ իր սենեակը կու գան եւ զինք կը դիտեն։ Վկայ չունէր, անշուշտ, որովհետեւ ծերանոցը կ՚ապրէր առանձին եւ իր տեսածներն ու լսածները ուրիշ ոչ ոք կը տեսնէր կամ կը լսէր։ Մինչ իր միւս ազգականները Չէ, ատանկ բան չկայ. դուն կ՚երեւակայես կոր, կ՚ըսէին, ես քիչ մը աւելի կարեկցութեամբ՝ Կարեւորութիւն մի տար այդ Continue reading “Բոլորս կը սիրէինք զինք”

Գեղեցիկ վաղ մը բոլոր բարի մարդոց իրաւունքն է — Զահրատի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ

Մարօ Խաչատրեան-Լոնգէն

Հարցազրոյց ժամանակակից հայ բանաստեղծուհի, արձակագիր, հրապարակագիր, ՀՀ Գրողների միութեան անդամ, Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանի (ԳԱԹ) աւագ գիտաշխատող Գոհար Գալստեանի հետ:
Նուիրուած է մեծանուն բանաստեղծ Զահրատի 100-ամեայ յոբելեանին:

Պար կը խաղանք
Բառերու հետ բառ
Քարերու հետ քար կը խաղանք
Ու ծառերու հետ ծառէ ծառ կը խաղանք
Չարերուն հետ
Չենք խաղար…
* * *
Երազէ՛, աղուո՛ր. — լուսնկան քեզի կը նայի։
Լուսնին շողերը ամենունն են ու մանաւանդ անոնցը՝
որոնց տանիքը ծակեր ունի։
… երազէ գեղեցիկ վաղ մը,
Որովհետեւ գեղեցիկ վաղ մը բոլոր բարի մարդոց իրաւունքն է։
Զահրատ Continue reading “Գեղեցիկ վաղ մը բոլոր բարի մարդոց իրաւունքն է — Զահրատի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ”

Ի յուշ — Սրտակցութիւն մը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Յարութն ալ գնաց։ Գնա՜ց, այդպէս անակնկալ՝ ցնցումի մատնելով մեզ։
Եւ հիմա, երբ խմբագիր ընկերոջս դրդումով, կը փորձեմ քանի մը տող գրել, կ՚անդրադառնամ, թէ քանի մը տողով բան չ՚ըսուիր Քիւրքճեան Յարութիւնին մասին։ Սրտակցութեան մը պատմութիւնն է, որ պէտք է գրի առնեմ, ինչ որ ժամանակի տուեալ սահմաններուն մէջ անկարելի է։ Continue reading “Ի յուշ — Սրտակցութիւն մը”