Յուլիս 2018-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի յուլիս 2018-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Գիւղին այդ կեդրոնական թաղը, ուր շատ էին տուները, մեզմէ՝ մեր ընտանիքէն բացի ուրիշ բնակիչ չունէր:
Իմ ծննդեանս տարին այդ տարածքին մէջ գտնուող տուներու շարքերը չորսէն աւելի եղած էին` Կուվճենց, Քորքենց, Մինասկոնց, Լրջենց… Իրարու թեւ մտած կամ մէկը միւսին թեւին տակ ծուարած, մէկը միւսին մէջքին ոտք դրած տուներու շարքեր էին ասոնք, որոնց դուռն ու մէկ-երկու պատուհանը միշտ արեւմուտքին կը նայէին. Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ”

ԱԿՍԵԼ ԲԱԿՈՒՆՑԸ եւ «ԾԻՐԱՆԻ ՓՈՂ»-Ը

ՆԱՐԻՆԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Բանասիրական գիտութիւնների թեկնածու, դոցենտ
Արցախի պետական համալսարանի դասախօս

Ժողովուրդների եւ ազգերի պատմութեան մէջ լինում են այնպիսի ծնունդներ, որոնք յետոյ դառնում են նրա մեծագոյն երջանկութեան եւ միաժամանակ մեծագոյն ողբերգութեան անմոռանալի երգը: Բակունցի նման գրողի եւ մարդու բացառիկ ծնունդը մի այդպիսի երջանկութիւն, եւ նրա եղերական վերջալոյսը մեծագոյն ողբերգութիւն էր ոչ միայն մեր գրականութեան, այլեւ մեր իսկ ժողովրդի համար: Continue reading “ԱԿՍԵԼ ԲԱԿՈՒՆՑԸ եւ «ԾԻՐԱՆԻ ՓՈՂ»-Ը”

«Հրաժեշտէն ետք» հայրենիքում

ԼԻԼԻԱ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ

Օ, ներեցէք, ընկերներ,
Որ վերստին պիտի մեկնիմ ձեր աշխարհէն…
Իմ աշխարհի տէրերն անտէր
Կը ստիպեն որ աճապարեմ։
Պ. Հերկելեան

Յունիսի 12-ին Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանում տեղի ունեցաւ լիբանանահայ նշանաւոր բանաստեղծ Պետիկ Հերկելեանին նուիրուած «Հրաժեշտէն ետք» խորագրով գրական-երաժշտական ձեռնարկը։ Continue reading “«Հրաժեշտէն ետք» հայրենիքում”

ՀԱՐԵՒԱՆ ՇԷՆՔԵՐ

ԳԱՅԵԱՆԷ ԶԱՐԵԱՆ

Մեր տան պատշգամբներում անցնում են մեր կեանքի մտորումների պահերը, մեկուսացման վայրկեանները: Ոմանց այնտեղ է տանում ձանձրոյթը, ոմանց յուսահատութիւնը, որոշներին էլ ուղղակի ծխելու պահանջը: Թւում է,ամեն ինչ սովորականից էլ պարզ է… Continue reading “ՀԱՐԵՒԱՆ ՇԷՆՔԵՐ”

«Ճամբայ ելլել, ճամբայ բանալ, որովհետե՞ւ…» — Բ. մաս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Մեր անցեալ թիւով տուինք Հայերէն blog կայքէջի հիմնադիր, վարիչ եւ խմբագիր Իշխան Չիֆթճեանի հետ զրոյցին առաջին մասը։ Այժմ ընթերցողին կը յանձնենք անոր շարունակութիւնը։
Continue reading “«Ճամբայ ելլել, ճամբայ բանալ, որովհետե՞ւ…» — Բ. մաս”

Ոչ եւս է Կարէն Ա. Սիմոնեան

ՓԱՐԻԶ—Երկուշաբթի 9 յուլիսին, Փարիզի «Մոնսուրի» հիւանդանոցին մէջ 82 տարեկանին մահացաւ յայտնի արձակագիր, թատերագիր, հրապարակագիր, թարգմանիչ, քաղաքական գործիչ եւ «Հորիզոն գրական»-ի վաղեմի աշխատակից Կարէն Արամի Սիմոնեանը: Continue reading “Ոչ եւս է Կարէն Ա. Սիմոնեան”

Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ — Դ.

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Լափալիսեան ճշմարտութիւն
Ներկայիս այս դարձուածքը աշխարհի լեզուներուն մէջ հոմանիշ է «տափակ, ճապաղ, փաստի անկարօտ ճշմարտութեան, որ հանրօրէն ծանօթ է ամենքին, այնպիսի ճշմարտութեան, որ հեգնանք ու ծիծաղ կը պատճառէ: Մինչդեռ պատմականօրէն՝ իր ծագումվ ան բոլորովին ուրիշ բան կը նշանակէ: Continue reading “Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ — Դ.”