Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ — Դ.

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Լափալիսեան ճշմարտութիւն
Ներկայիս այս դարձուածքը աշխարհի լեզուներուն մէջ հոմանիշ է «տափակ, ճապաղ, փաստի անկարօտ ճշմարտութեան, որ հանրօրէն ծանօթ է ամենքին, այնպիսի ճշմարտութեան, որ հեգնանք ու ծիծաղ կը պատճառէ: Մինչդեռ պատմականօրէն՝ իր ծագումվ ան բոլորովին ուրիշ բան կը նշանակէ:Լափալիսը ֆրանսացի փայլուն զօրական մըն էր (1470—1525), որ մարաջախտի աստիճանով ծառայած էր Լուի ԺԲ. եւ Ֆրանսուա Ա. թագաւորներու երկարատեւ պատերազմներուն՝ այս վերջիններուն յատկապէս Իտալիոյ դէմ մղած մարտերու ընթացքին: Իտալական ճակատին վրայ ալ ան զէն ի ձեռին զոհուեցաւ հերոսի մահով: Այս առիթով իր շնորհալի զինուորներէն մէկը գրեց բանաստեղծութիւն մը, որ օրին մեծ ժողովրդականութիւն գտաւ ու կ՚երգուէր ամբողջ Ֆրանսայի մէջ: Այդ գրութեան տողերէն մէկը կ՚ըսէր. «Մահէն քառորդ ժամ առաջ Լափալիս տակաւին ողջ էր…»:
«Ողջ» բառը այստեղ կը նշանակէր՝ աշխուժ, եռանդուն, մարտունակ: Իսկ ամբողջ տողը կը նշանակէր՝ Լափալիս մահէն մինչեւ քառորդ ժամ առաջ տակաւին կը կռուէր հերոսաբար, ինչպէս մենք պիտի ըսէինք՝ «մինչեւ վերջին շունչը»:
Այնքան ատեն որ Լափալիսի մահէն ետք անոր կերպարը տակաւին թարմ էր յետնորդներուն յիշողութեան մէջ, անոնք յարգանքով ու ակնածանքով կ՚ընկալէին այդ տողին բովանդակութիւնը, սակայն ժամանակին հետ ռամիկին ու զանգուածին յիշողութենէն սկսաւ վրիպիլ անոր նրբութիւնը, մինչեւ որ վերջնականապէս ջնջուեցաւ ան, եւ տողս դարձաւ բոլորովին անհեթեթ. չէ՞ որ ամեն մահկանացու ալ իր մահէն քառորդ ժամ առաջ ողջ կ՚ըլլայ: Եւ ան տեղի տուաւ հեգնանքի, արհամարհանքի ու ծաղրանքի: Դարձուածն ալ հոմանիշ դարձաւ ճապաղութեան ու տափակութեան: Այսօր երբ «լափալիսեան ճշմարտութիւն» կը կոչենք արտայայտուած միտք մը, ապա պարզապէս կը հասկնանք այնպիսի ճշմարտութիւն մը, որ ինքզինք կը բացայայտէ առանց որեւէ ճիգի, ուստի ոչ մէկ փաստարկումի կը կարօտի ան: Ինչ որ հիմնովին պիտի հերքուէր, եթէ յիշեալ քերթուածին բառերը ճիշդ մեկնաբանուէին:
* * *
Իսկ մեր մէջ…
Լեւոն Շանթ ըսած է. «Կ՚ուզեմ ապրիլ մինչեւ մահ», — ինչ որ շատ բաներով կը յիշեցնէ… լափալիսեան ճշմարտութիւնը. անշուշտ թէ մարդ կ՚ապրի մինչեւ մահ, եւ ապրելու ու մեռնելու ուրիշ ձեւ գոյութիւն չունի:
Այսպէս կը մտածէ, սակայն, ռամիկը միայն, բայց ո՛չ Շանթ, որուն համար ապրիլը միայն շնչել չէր, միայն բնախօսական վիճակ մը կամ արարք մը չէր, այլ ստեղծագործութիւն էր, ինքնահաստատում էր, առաքելութիւն էր, իսկ այս բոլորին համար անհրաժեշտ է ամէն բանէ առաջ մտքի՛ առողջութիւնը, իմացակա՛ն պայծառութիւնը, կամքի՛ տոկունութիւնը, որոնք միշտ բնախօսականին հետ զուգահեռ ու համատեղ չեն ընթանար. ահա այս յատկութիւններն էր որ Շանթ կը մաղթէր ունենալ իր այնքան պարզ, բայց խորիմաստ ու վսեմ խօսքով:

Լինե՞լ, թէ՞ չլինել
Շեքսպիրի հերոսին՝ Համլետի մենախօսութեան (Արար Գ, տես. 1) առաջին տողն է այս, որով երիտասադ արքայազնին համար հարցադրումի գերագոյն առարկայ է ապրելու եւ չապրելու միջեւ կատարելիք ընտրութիւնը: Հակառակ իր իշխանական կարգավիճակին եւ ունեցած արքունական բարեկեցութեան՝ ան յաջողած է այնքան դառն փորձառութիւն,— յատկապէս մօրը դաւաճանութիւնը հօրը հանդէպ,— կուտակել, որ այլես զզուած է ամէն ինչէ, եւ կը պատրաստուի խզելու այս աշխարհի մէջ ունեցած իր վերջին անկեղծ կապն ալ, որ Օֆելիան է՝ իր գեղեցիկ ու պարկեշտ նշանածը:
—Կուսանո՛ց մը մտիր, — կը թելադրէ անոր, — ինչո՞ւ մեղաւորներ սնուցող մը պիտի ըլլաս:
«Լինե՞լ, թէ՞ չլինել»-ը թարգմանուած պէտք է ըլլայ աշխարհի բոլոր լեզուներուն, որոնց բոլորին մէջ ալ ան կը խորհրդանշէ դժուար ու ճակատագրական ընտրութիւն մը կատարելու հարկադրանքէն յառաջացող մոլորեցուցիչ տուայտանքները:

Լինչի ենթարկել / Լինչի դատաստան
Չարլզ Լինչը Միացեալ Նահանգներու անկախութեան պատերազմի տարիներուն գումարտակի հրամանատար էր Վիրճինիա նահանգի մէջ. ան ինքնագլուխ ստեղծած էր յանցագործներն ու մանաւանդ քաղաքական հակառակորդները հաշուեյարդարի ենթարկող դատարան մը, որուն գործունէութիւնը 1782-ին յատուկ հրամանագիրով մը անօրինական նկատուեցաւ եւ վերջ գտաւ: Սակայն Լինչի մեթոտաբանութիւնը եւ ոգին գոյատեւեցին մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը՝ ձեռամբ զանազան սպիտակ ցեղամոլ անհատներու եւ կազմապերպութիւններու, որոնց մէջ յատուկ յիշատակութեան արժանի է Klu-Klux-Klan-ը: Անոնց գլխաւոր զոհերն էին սեւամորթները, ինչպէս նաեւ ձախակողմեան հակում ունեցող սպիտակամորթներ, որոնք առանց դատի ու քննութեան կ՚ենթարկուէին ծաղրուծանակի ու խոշտանգումներու, հուսկ հաշուեյարդարի ու մահուան:
Լինչի ոգին ու մեթոտաբանութիւնը 20-րդ դարու նմանապէս առաջին կէսին գործեցին, այս անգամ պետական մակարդակով, մասնաւորաբար ֆաշիստական Սպանիոյ, նացի Գերմանիոյ ու մանաւանդ Խորհրդային Միութեան մէջ եւ այլուր, ուր զոհերը բազմատասնեակ միլիոններով կը հաշւուէին:
Եւ տակաւին հարց է, թէ այդ ոգին ու մեթոտաբանութիւնը իսկապէս հիմնովին վերջ գտա՞ծ են արդի աշխարհի բարքերուն մէջ:

(Շարունակելի)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *