Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 9 – Մանրանկար» առցանց հատորը, որ կը պարունակէ 33 կարճ պատմուածքներ։
«Մուտք» վերնագրուած ներածականին մէջ հեղինակը կը գրէ.Ինչո՞ւ «Մանրանկար» եւ ոչ՝ «Մանրապատում»։ Չէ՞ որ այդպէս ալ կարելի էր բնութագրել այս «Ոստայն 9»-իս մէջ համախմբուած գրութիւնները։
Հատորը բացող «Պահը» գրութեան մէջ, խօսելով լուսանկարչական արուեստին մասին, հետեւեալը կ՚ըսուի. «Պահու զգայնութիւնը շատ կարեւոր է լուսանկարիչին համար։ Այդ տեսակէտէն ան կը տարբերի բոլոր միւս արուեստագէտներէն, բայց մանաւանդ իր արուեստին ամենէն մօտ՝ կերպարուեստի վարպետներէն»։ … «Լուսանկարիչը չունի շքեղանքը օգտուելու յաջորդական պահերու ընծայած հնարաւորութենէն։ Ան պէտք է “որսայ” կամ “բռնէ” տուեալ պահը։ Եթէ չորսաց կամ չբռնեց՝ պահը չքացած է, ուրիշ մը յաջորդած է անոր, որ այլեւս նման չէ նախորդին, որ ներշնչած էր զինք։ Եւ ճիշտ ա՛յդ արագ շարժելուն մէջ կը կայանայ անոր վարպետութիւնը»։
Այս «մանրանկար»-ները համարելու ենք լուսանկարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը փորձած է «պահ» մը որսալ։ Բոլորն ալ ապրուած պահեր են, այս տողերը գրողին իսկ կողմէ, ոմանք ալ ուրիշներու, որոնք զանոնք պատմած են առանց գուցէ կասկածելու, որ օր մը կրնան գրի առնուիլ։ Ֆրանսերէն արտայայտութիւնը՝ «pris sur le vif», լաւապէս կը բացատրէ այս մանրանկարներուն բնոյթը, այսինքն առնուած կեանքէն՝ իրենց բնական վիճակին մէջ իսկ, առանց շպարի, առանց զարդարանքի։
Հատորին շապիկը ու ձեւաւորումը գործն են Կարօ Մարկոսեանի։
Հեղինակին վերջին վեց հատորները մատչելի են ընթերցողին Հայերէնblog կայքէջի «Գիրքեր» բաժնին մէջ (https://hayerenblog. wordpress.com/ Գիրքեր)։ Այնտեղ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակի ոչ-անձնական բնոյթի նամականին, որ հետզհետէ պիտի ամբողջանայ։