Զաւէն Պիպեռեան, «Անկուտի սիրահարներ»

Բ. ՀՐԱՏ. ԽՄԲ. ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄ՝ ԱՐԷՏ ԿԸՃԸՐԻ. ԱՐԱՍ ՀՐԱՏ., ՊՈԼԻՍ 2017. 224 ԷՋ

Զաւէն Պիպեռեանի «Անկուտի սիրահարներ»-ը՝ 55 տարի վերջ, դարձեա՛լ մեզի հետ… Առանց կորսնցուցած ըլլալու իր թարմութիւնն ու այժէականութիւնը։ Continue reading “Զաւէն Պիպեռեան, «Անկուտի սիրահարներ»”

ՀԱՄԱՍՏԵՂԻ ԽՕՍՔԱՐՈՒԵՍՏԸ

ԿԱՐԻՆԷ ՌՈԲԵՐՏԻ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Սփիւռքահայ գրականութիւնը հայի՝ փորձութիւններով լի ճակատագրի արգասիքն է, սակայն այն դուրս է գալիս հայ գրական շրջանակներից եւ հարստացնում համաշխարհային գանձարանը, երբ խորիմաստ ասելիք է ունենում եւ տաղանդաշատ գրիչ է հեղինակում այն, քանզի Սփիւռքը, ցաւօք, համամարդկային իրողութիւն է։ Այս պարագայում հային կրկին տրուել է իմաստնանալու, պատմութիւնից դասեր քաղելու, ուծացման վերահաս արհաւիրքին դիմակայելու, ազգային դէմքը, տեսակը պահպանելու, անսահման ցաւից արուեստ կերտելու եզակի հնարաւորութիւն։ Մեզ մնում է ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն յայտնել այն նուիրեալներին, ովքեր անխոնջ, հետեւողական աշխատանքով լայն ընթերցողին են հասցնում սփիւռքահայ գրականութեան լաւագոյն մնայուն էջերը։
Continue reading “ՀԱՄԱՍՏԵՂԻ ԽՕՍՔԱՐՈՒԵՍՏԸ”

ՍԷՐԸ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքէն

Չորեքշաբթի՝ 5 ապրիլին, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն ներս (Թորոնթոյի Հայ կեդրոն) տիրող թեման սէրն էր։ Յատուկ աշխատանք տարուած էր Հաւաքին ընդմէջէն ներկայացնելու սէրը՝ իրարմէ բոլորովին տարբեր գրողներու դիտանկիւնէն։
Թէ ինչպէ՞ս սէրը կը յայտնուի մեր գրականութեան էջերուն մէջ, կախում ունի գրողէն, իր ներաշխարհէն, մտածումներէն, միջավայրէն, փորձառութենէն, գրելու ոճէն…։ Continue reading “ՍԷՐԸ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ”

ՍՏԱՑՈՒԱԾ ԳՐՔԵՐ — ԱՊՐԻԼ 2017

Հեղինակներէն կամ հրատարակիչներէն, այլեւ բարեկամներէ շնորհակալութեամբ ստացած ենք Հորիզոնի, Հորիզոն գրականի կամ աւագ խմբագրի անունին՝

Ժիրայր-Վահէ Մալճեան, ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻՆ, հրատ. Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի, Անթիլիաս 2016, 263 էջ

Աւետիս Բայրամեան, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԴԱՐԱՆ, Լոս Անջելես 2012, 708 էջ

Հայկ Դեմոյեան, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՊՈՐՏԸ եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ, Երեւան 2015, 274 էջ

ՄԱՐՏ 2017-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի մարտի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆՈՅՇ ԴՒՈՅԵԱՆ
...ու գետերը կ՚երթան մինչեւ հոն, մինչեւ սկիզբը պատմութեան,
հոն, ուր են կորսուած պզտիկ տղաքը:

2016թ. վերջին Ինքնագիր գրական ակումբը լոյս ընծայեց Քրիստիան Բատիկեանի «Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան» գիրքը: Սա հեղինակի առաջին հատորն է, համեստ մի հատոր ոչ միայն ձեւաւորմամբ (շապիկը եւ պատմուածքների գծանկարները` Էլիս Սարգիսեան, ձեւաւորումը` Գէորգ Փալանճեան, խմբագիր` Մարուշ Երամեան), այլ նաեւ հեղինակի ոճով: Այն բերում է մեր գրականութեան մէջ ոչ այնքան յաճախ հանդիպող պատանեկան մի փորձառութիւն, բայց որ առաւել կարեւոր եմ համարում` այդ փորձառութիւնը ասող լեզու: Հատորն իրենով մի քանի խնդիրներ է ի յայտ բերում միանգամից, որոնք էլ ուզում եմ ներկայացնել: Continue reading “ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ”

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՅՈՒՇԵՐ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԷՆ
Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Վկայ եղա՞ծ էք ժամը հարիւր քիլոմեթր արագութեամբ սուրացող մրրիկի մը, որ իր ընթացքին մէջ առանց խնայելու ատակ է արմատախիլ ընել ծառեր ու վար առնել բնակարաններու կտուրներ։ Ներսէս Պարսումեան այդ մրրիկը հանդիսացած է 1940-50-ական թուականներուն՝ Հալէպի ազգային ու ուսումնական կեանքին մէջ։ Continue reading “ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ”

Ո՞ՒՐ ԵՐԳԵԼ ԵՒ Ո՞ՒՐ ԱՂՕԹԵԼ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ծաղկաձորէն եւ Աղվերանէն ետք, այս անգամ հայրենի մեր բարեկամները մեզի,— այսինքն՝ ինծի եւ կնոջս, — թելադրեցին «օդափոխութեան համար» նոր վայր մը՝ Ստեփանաւան երթալ: Թէեւ գիտէի, որ Հայաստան համայնավար հերոս Ստեփան Շահումեանի անունը յաւերժացնող բազմաթիւ յուշարձաններ կային, սակայն իր անուան հետ կապուած օդափոխութեան վայրի մը գոյութեան մասին անկեղծօրէն անտեղեակ էի:

Ստեփանաւանը Լոռիի շրջանէն ներս գեղեցիկ ու մեծ գիւղ մըն է,— աւան մը, ինչպէս անունը կը թելադրէ,— որուն շրջակայ բլուրներուն վրայ հանդարտօրէն հանգչած էին այսպէս կոչուած «հանգստեան» տուներ: Եթէ գիւղէն դէպի պանդոկներ տանող ճամբուն խեղճութիւնն ու զանազան հոտերը նկատի չառնէի, իր տեսքէն դատելով ան փոքր Զուիցերիա մըն էր ինծի համար: Continue reading “Ո՞ՒՐ ԵՐԳԵԼ ԵՒ Ո՞ՒՐ ԱՂՕԹԵԼ”