Հետաքրքրական հրատարակութիւն մը՝ Սփիւռքեան երկխօսութիւն՝ DIASPORALOGUE

Ս.Ա.Յ.

Վերջերս Հորիզոն գրականի խմբագրութեան ուշադրութեան յանձնուեցաւ DIASPORALOGUE խորագրեալ հրատարակութիւն մը (Thaddée հրատարակչութիւն, նոյեմբեր, 2017, 214 էջ), ուր ֆրանսաբնակ ծանօթ շարժանկարի բեմադրիչ, դերասան, գրող Սերժ Աւետիքեան եւ թղթակից Տիգրան Եկաւեան երկխօսութեամբ ընթերցողին կը փոխանցեն ինքնութեան, Սփիւռքի, Ֆրանսայի, հայութեան յուզող նիւթերու մասին իրենց խոհերը ամփոփուած վեց գլուխներու տակ, հետեւեալ շարքով. իրենց երազային Ֆրանսան, մանկութեան երկիրները, իրենց պատկերացումի անիրական Հայաստանը, լեզուական եւ մշակութային փոխանցումի հարցեր, հայ-թուրք երկխօսութեան եզրեր, հրեաներն ու հայերը, այժմու իրականութիւնը։
Ինչպէս գիրքի ներածականին մէջ կը նշուի, այս հրատարակութեամբ առաջին անգամ ըլլալով տարբեր սերունդներու պատկանող հայկական ծագումով երկու ֆրանսայի քաղաքացիներ կը զրուցեն զիրենք յուզող շահեկան նիւթերու մասին, ինչպէս ինքնութեան և մշակութային ժառանգի փոխանցման հարցերը։
Աւետիքեան ծնած է Երեւան, Խորհրդային Հայաստան։
Տիգրան Եկաւեան Փորթուկալ հասակ առած է ու հաստատուած Ֆրանսա 18 տարեկանին, երկրորդական ուսումը ամբողացնելէ ետք։ Ան հայերէն սորված է 11 տարեկանին Հալէպ, ինչպէս նաեւ արաբերէն։ Եկաւեան որպէս թղթակից հարցադրողն է, իսկ Աւետիքեան՝ պատասխանողը։ Երկուքն ալ նախնական կրթութիւն ստացած են ֆրանսական դպրոցներու մէջ։
Ֆրանսան Աւետիքեանի համար, իր ծնունդէն առաջ իր յիշողութեան մաս կազմած է։ Մայրը Ֆրանսա ծնած էր, իսկ հայրը երեք ամսական երեխայ Պուլկարիայէն ծնողքին հետ հաստատուած էր Մարսէյ, Ֆրանսա։ Աւետիքեանի ծնողքը հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդի զաւակներ էին։ 1947-ին ներգաղթած էին Հայաստան։ Տասնըհինգ տարեկանին ծնողքին հետ վերահաստատուած էր Ֆրանսա, հոն Սահակ անունը փոխած է Սերժի։ Հայաստան իր ծնողքը իրար հետ ֆրանսերէն կը խօսէին տունը։ Ֆրանսան իրենց համար կորուստեալ դրախտն էր։ Հայրը հայերէն չէր գիտեր կարդալ, ֆրանսերէն կը կարդար։
Խօսակցութեան ընթացքին Եկաւեան ի յայտ կու գայ որպէս քաջածանօթ հայ գրականութեան, իսկ Աւետիքեան կը նշէ թէ ծանօթացած է Շահան Շահնուրի եւ Նիկողոս Սարաֆեանի գործերուն Մ. Նշանեանի միջոցաւ։ Ի դէպ գիրքը կը սկսի Ն. Սարաֆեանէն ֆրանսերէնի թարգմանուած քանի մը տողերու մէջբերումով.
«Notre patrie nous a échappé, elle a glissé sous nos pieds, nous projetant à la mer. Mais c’est la meilleure occasion pour apprendre à nager» (Մեր հայրենիքը կորսնցուցինք, մեր ոտքերուն տակէն փախաւ եւ մենք ծովը ինկանք։ Բայց այս լաւագոյն առիթն է լողալ սորվելու — Սարաֆեանի բնագիրը ձեռքի տակ չունենալով, մեր այս թարգմանածը կրնայ բնագիրէն տարբերիլ. Խմբ.)։
Զրոյցները կ՚աւարտին եզրակացնելով, թէ հարկ է ունկնդրենք մեր մանուկներուն հարցադրումները.
Les enfants savent poser des questions — et parfois ils sont dans l’essentiel —, que les adultes n’entendent plus. Sachons écouter nos enfants de demain en essayant de répondre à leurs questions et en leur posant les nôtres à notre tour.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *