ԼՕԼԱ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ
Մօրս՝ Այտային
(1933-2019)
Կը տեսնեմ քեզ ամեն կիրակի
երբ քովս նստած
կը հարցնես ամուսնոյդ մասին
առանց նկատելու
առանց յիշելու թէ
արդէն տարիներէ ի վեր
զինք չես …։ Continue reading “ՅԻՇԱՏԱԿ”
Հորիզոն շաբաթաթերթի գրական յաւելուածը
Մօրս՝ Այտային
(1933-2019)
Կը տեսնեմ քեզ ամեն կիրակի
երբ քովս նստած
կը հարցնես ամուսնոյդ մասին
առանց նկատելու
առանց յիշելու թէ
արդէն տարիներէ ի վեր
զինք չես …։ Continue reading “ՅԻՇԱՏԱԿ”
Արցախի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի դասախօս
ԳԼՈՒԽ ԱՌԱՋԻՆ (Ա.)
ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ. — ԱՇԽԱՐՀԱՅԵԱՑՔԻ ԵՒ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ, ԿԱՄ՝ ԳՐՈՂԻ ՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութիւնը թերեւս կարելի է գնահատել էկզիստենցիալիստական (գոյապաշտական) մտածողութեան գեղարուեստական հարթութիւնում: Էկզիստենցիալիզմը(8) (գոյութեան փիլիսոփայութիւն) արդի բուրժուական փիլիսոփայութեան մէջ իռացիոնալիստական ուղղութիւն է, որն առաջ է եկել որպէս մի փորձ` ստեղծելու բուրժուական ինտելիգենցիայի շահերին համապատասխանող նոր աշխարհայեացք։ Առօրեայ կեանքում մարդը միշտ չէ, որ գիտակցում է իրեն որպէս էկզիստենցիա, դրա համար անհրաժեշտ է, որ նա գտնուի սահմանամերձ իրադրութեան մէջ, այսինքն՝ մահուան դէմ-յանդիման։ Continue reading “Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութիւնը — 2”
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Եթէ ձեզմէ մէկը յանձն առնէ «Նոր հայկազեան»-ն ու «Արմատական»-ը մանրակրկիտ թերթատել, ապա պիտի նկատէ, որ մեր բառերուն եւ արմատներուն գանձարանը եղող այս զոյգ բառարաններուն մէջ չկայ որեւէ միաւոր, որուն մէջ յ տառէն առաջ ե կամ է գտնուի. այլ խօսքով՝ չունինք՝ ո՛չ եյ եւ ո՛չ էյ: Continue reading “Ուղղագրական առեղծուած մը”
Սիրելի ընթերցող,«Հորիզոն գրական»ի նոյեմբեր 2019-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Ծիան գիւղ եկաւ գարնանը, երբ գիւղի բերքատու ծառերը ծաղկել էին: Գիւղը նրան ծաղկունքով դիմաւորեց: Ամերիկայի փոշին թափ տուեց մեր տան շեմին ու ներս մտաւ: Արդէն 20 տարի էր անցել նրա առաջին այցից, բայց նա դեռ 20 տարեկանի խանդավառութիւն ունէր: Ամեն բան նոյնն էր, ամենակարեւորը՝ ժպիտը չէր փոխուել. դա այն ժպիտն էր, որով 20 տարի առաջ նա արեւի ջերմութիւն էր պարգեւում նկուղներից նոր դուրս եկած մանուկներին եւ ստիպում հաւատալ իրեն՝ արեւին: Continue reading “ԲՈԼՈՐ ԵՐԱԶԱՆՔՆԵՐԸ ԲԵՐՈՒՄ ԵՆ ՇՈՒՇԻ”
Արցախի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի դասախօս
Ծանօթ. խմբ. — Այս տարի լրացաւ 20րդ դարու երկրորդ կէսի մեր գրականութեան ամենայատկանշական դէմքերէն Յակոբ Կարապենցի մահուան 25-ամեակը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութեան մասին Արցախի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի դասախօս Նանար Սիմոնեանի ընդարձակ աշխատասիրութեան ներածականը։ Յաջորդական թիւերով պիտի տանք աշխատասիրութեան շարունակութիւնը՝ գլուխ առ գլուխ։
Քսաներորդ դարի երկրորդ կէսի սփիւռքահայ արձակը դժուար է պատկերացնել առանց Յակոբ Կարապենցի գրական հարուստ ժառանգութեան։ Նա պատմուածքի, վիպակի, վէպի, փորձագրութեան ժանրային սահմաններում վերակառուցել է իմացական խօսքի սրութիւնն ու նպատակասլաց ընթացքը։ Continue reading “Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութիւնը — 1”
Նոյեմբեր 2-ին, Գալիֆորնիոյ Փասատենա քաղաքին մէջ մահացաւ բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեան՝ 102 տարեկանին։ Continue reading “Ոչ եւս է բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան”
Հիմա գիշեր: Օրավերջի ժամն է ճշգրիտ՝
Ու ես կ՚ընեմ խիղճըս կըշիռք նուրբ ու վճիտ:
Ցանգեր է օրն ահա լամբիս հսկուն աստղին,
Սեղանիս քով, ուր սրտամփոփ և անձկագին՝
Շիջած օրուան լուսանկարն աչքիս դէմ խոր
Ինձ հարց կու տամ, — Հոգի՛ս, ես ի՞նչ ըրի այսօր… Continue reading “ՀԱՇՈՒԵՓԱԿ”
Դաժան դարեր անդադար կռփեր, կրծեր, խածխծեր
Են ձոյլ մարմինը անոր՝ դարերուն չափ հի՛ն ու ծե՛ր՝:
Բայց իր խաչով, որ դրօշակ կը ծածանէ յաղթօրէն,
Իր գմբէթով, որ կարծէք Արարատ է հոգեղէն,
Դեռ կա՛յ, կանգո՛ւն է Հայ Եկեղեցին: Continue reading “ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ”
Բանաստեղծը Պէյրութ գտնուած շրջանին ամեն անգամ որ գիրք մը հրատարակէր, հայրս նոյն օրը անութին տակ դրած կը մտնէր տուն։ «Սուրբ Գիրքը թող միշտ բաց մնայ սեղանիդ վրայ» վերնագիրն էր իր մէկ բանաստեղծութեան։ Սուրբ Գիրքը միշտ բաց մնաց մեր հիւրասենեակի ճիշդ մէջտեղի սեղանին վրայ։
Վարդանանցին մեր դպրոցի — Հայ Աւետարանական Գոլէճ — եկեղեցիի սրահին մէջ պիտի պատգամէր Ժագ Յակոբեան։ Իններորդ դասարան էի։ Մայրս ու ես գացինք։ Յակոբեանի մազերը Վահան Տէրեանի մէկ կողմի վրայ ինկած մազերը կը յիշեցնէին։ Continue reading “ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ՝ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆԻՆ ԵՒ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ”