Ոչ եւս է բանաստեղծ, մտաւորական Վարդ Շիկահեր

Պոլսոյ մէջ, 16 յուլիսին, կեանքին հրաժեշտ տուաւ բանաստեղծ, արձակագիր, մանկավարժ, սրտի հիւանդութիւններու մասնագէտ տոքթ. Վարդ Շիկահեր։

Վարդ Շիկահեր ծնած է Պոլիս, 1926ին։ Դպրոցական տարիներուն թղթակցած է «Մարմարա» թերթին։ 1944ին աւարտած է Վենետիկի Մխիթարեան վարժարանը. 1951-1957ին, իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պոլսոյ համալսարանի բժշկական բաժինին մէջ։ 1944էն 1981 դասաւանդած է Պոլսոյ Մխիթարեան, Էսաեան եւ Ֆերիգիւղի միջնակարգ վարժարաններուն մէջ։
«Հայ գրականութիւնն ու մեր մայրենին կորսնցուցուցին իրենց ամէնէն հաւատարիմ պահակներէն մէկը», կը գրէ «Մարմարա»։
Իսկ «Ակօս»ի 26 յուլիսի թիւին մէջ կը կարդանք.

ՎԱՐԴ ՇԻԿԱՀԵՐԻ ԱՆՄԱՀ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Նախորդ շաբաթ պոլսահայ գրական ու մշակութային կեանքը ապրեցաւ մեծ կորուստ մը բանաստեղծ եւ արձակագիր, սրտաբան բժիշկ Վարդ Շիկահերի մահով։ 94- ամեայ Վարդ Շիկահեր շատ երկար տարիներ բերաւ իր գրական ներդրումը հրատարակած բազմաթիւ բանաստեղծական հատորներով-, արձակ էջերով եւ յուշագրութիւններով։ Այս յուշագրութիւններու մէջ տուրքը մատուցեց իր ուսանած Մխիթարեան վարժարանի եւ անոր ներկայացուցած կարեւոր աւանդին հանդէպ։ Հանրապետական շրջանի պոլսահայ գրականութեան մէջ կարեւոր եղած է իր սերնդակիցներու, դասընկերներու փաղանգը, որուն մաս կազմեցին Զահրատ, Հատտէճեան, Խրախունի, Քամպուրեան, Ֆըչըճեան եւ աւելի կրտսեր սերունդէն Սարըասլան։
Վարդ Շիկահեր նաեւ նպաստեց մայրենիին իբրեւ հայերէնի եւ գրաբարի ուսուցիչ Էսաեան վարժարանի մէջ։ Երկար տարիներ ստանձնեց դպրոցի հիմնադիրի ներկայացուցիչի պաշտօնը եւ մաս կազմեց Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին։
Վարդ Շիկահերի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Սահակ Բ. Պատրիարքի, Արամ արք. Աթէշեանի եւ պոլսահայ եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասու։ Պատրիարք սրբազան իր դամբանականին մէջ շեշտեց հանգուցեալի բերած եւ իր ազգին ընծայած վաստակը ու նշելով հանդերձ անոր գրական, հասարակական եւ բժշկագիտական բոլոր ծառայութիւնները այս հսկայ վաստակը գնահատեց «մարդ» կոչումով։
«Իր քերթուածները պիտի կարդանք, իր արձակով պիտի հիանանք մեր մայրենիի գեղեցկութեան վրայ, իր անեկդոտները ժպիտ պիտի պատճառեն մեր շրթներուն վրայ կրկին, իր ուսումնասիրութիւններով պիտի լուսաւորուինք եւ իրմէ բուժում ստացած հազարաւորներ պիտի աղօթենք իր անմահ հոգիին համար երբ յիշատակը կայծակի յանկարծ»։
Գիտակցելով իր մեծ ժառանգին մենք ալ կը բաժնենք Պատրիարք սրբազանի հաստատումը նշելով թէ յիշատակը յաճախակիօրէն պիտի կայծակի պոլսահայ գրականութեան վերեւ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *