Ս.Ա.Յ.
Վերջերս լոյս տեսաւ Վեհանոյշ Թեքեանի, «Կին՝ ատեան եւ մատեան» խորագրեալ հատորը (Զանգակ հրատարակչատուն, Երեւան 2022, 360 էջ), խմբագրութեամբ Յարութիւն Պէրպէրեանի։ Կողքի նկարազարդումը Նշան Գազազեանի «Ինքնաբարձրացում» խորագրեալ գործն է (ըստ Մայա Անճելուի երկին)։ Կողքի ձեւաւորումը՝ Նշան Գուլեանի։ Լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ։
Ինչպէս կողքի բացատրականը կը նշէ՝ «Քերթողական եւ արձակ կտորներու այս հաւաքածոն Վեհանոյշ Թեքեանի վաստակին մէջ կիներու մասին խօսող արտադրութեան մէկ ճաշակն է։ Հոն կը ներկայանան այլատեսակ կիներ՝ տարբեր մշակոյթներէ, ցամաքամասերէ ու ընկերային յարաբերութեանց Continue reading “«ԿԻՆ՝ ԱՏԵԱՆ ԵՒ ՄԱՏԵԱՆ» — ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆԻ ՎԿԱՅԱՐԱՆԸ”
