ՈՒԻԼԻԱՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ — ՀԷՄԻՆԿՈՒԷՅԻ ՄՐՑԱԿԻՑՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՊԵԽԵՐԸ

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

ԵՐԵՒԱՆ 1978
Թէեւ ամիսը չեմ յիշեր, սակայն կը յիշեմ որ մռայլ եւ տհաճ օր մըն էր։ Յանձնարարուած էր ինծի, իբրեւ դաս, գեղանկարչական անհատական ցուցահանդէս մը կազմակերպել, որուն արդիւնքը կրնար ազդեցութիւն ունենալ աւարտաճառիս վրայ։ Տարբեր տեղերէ մերժուելէ ետք, ղեկավարներս՝ գրականագէտ Էդուարդ Ջրբաշեանն ու արուեստաբան Վահան Յարութիւնեանը կը յանձնարարէին «Մշակութային կապի կոմիտէութիւն» դիմել։ Տեղը շատ յարմար չէր ցուցահանդէսի համար եւ այդ պատճառով ալ անտրամադիր էի ու մտահոգ: Սակայն ստիպուած էի յարմարուելու…:
Կը բարձրանայի պատմամշակութային արժէք ներկայացնող շէնքի մը աստիճաններէն, որոնց վրայ կոխած էին Արամի և Ռուբէնի նման ականաւոր դէմքեր…։ Ելայ եւ մտայ երկրորդ յարկի այն սրահը, ուր վճռորոշ ժողովներ տեղի ունեցած էին… առաջին հանրապետութեան տարիներուն։ Երբ «մասնագէտի աչքով» սրահը կ՚ուսումնասիրէի, յանկարծ դիմացս ցցուեցաւ Ուիլիըմ Սարոյեանը եւ ցուցամատը թափ տալով վրաս ըսաւ.
— Դուն ո՞վ ես, ի՞նչ գործ ունիս հոս, ինչո՞ւ եկար։
Շշմած ու շուարած՝ չկրցայ անմիջապէս պատասխանել։ Ան շարունակեց.
— Թելեֆոնի՞ստ, թելեֆոն շինելո՞ւ եկար, ինչո՞ւ թելեֆոն չ՚աշխատիր…։
Մինչ այդ քարտուղարուհին, որ գաւաթ մը բռնած էր ձեռքը, Սարոյեանի ետեւը կեցած աչքով ունքով կը հասկցնէր որ խաղաղեցնեմ զինք: Իրականութեան մէջ, մէկը պէտք էր զիս հանդարտացնէր այդ պահուն։ Սակայն Սարոյեանն էր վերջապէս։ Ան շարունակեց.
— Ես գէշ բան չխօսիմ, Հայաստան լաւ, «Սովետ» լաւ։ Այդքան դժուա՞ր Ամերիկա խօսիլ։ Ես գիտեմ Հայաստան, Չարենց, Սարեան…
Մօտեցայ եւ ըսի.
— Պրն. Սարոյեան, ես «թելեֆոնիստ» չեմ, ուսանող եմ եւ դուրսէն… քեզի պէս…
— Ամերիկացի՞…։
— Ո՛չ, լիբանանցի։
— Ուրեմն Պէյրութէն գաս։
— Այնճարէն։
«Այնճար» բառը կարծէք մոգական ազդեցութիւն գործեց վրան։ Ան խոր շունչ մը քաշեց եւ լայն ժպիտ մը գծագրուեցաւ անոր «թափթփած» պեխերուն տակէն։ Քարտուղարուհին առիթէն օգտուելով հրաւիրեց որ նստինք։ Նստանք եւ երկրորդ թէյ մըն ալ ապսպրեց ինծի համար։
— Հիմա հասկցայ, Այնճա՞ր ըսիր։
— Այո՛, հոն ծնած եմ, մանկութիւնս եւ պատանեկութիւնս հոն անցուցած եմ եւ ապա հոս եկած եմ ուսանելու։
— Այնճարը լաւ տեղ, լաւ մարդիկ, Մուսալեռ։ Համով հերիսա եփեն, ինծի հերիսա կերցուցին, ամմա՜ համով էր… տոլմայի չափ համով էր… կերանք խմեցինք…։ Զիս տեղ մը տարին, ջուր կար, շուք կար, հա՛ թմբուկ-զուռնա կար, երգեցինք պարեցինք… դուն հո՞ն էիր։
— Ո’չ։
— Ինչո՞ւ հոն չէիր։
— Ես հոս էի, ափսոս որ հոն չեմ եղած։
— Դուն հո՞ս դպրոց կ՚երթաս։
— Այո՛։
— Ի՞նչ կը սորվիս։
— Արուեստաբանութիւն։
— Ատ ի՞նչ «բանութիւն» է…
— Պրն. Սարոյեան «ֆիլոլոկ»ի բաժինը կ՚ուսանիմ, «արթ քրիթիք» պիտի ըլլամ։
— Հա՜, հիմա հասկցայ, դուն Ամերիկա մի գար, հոն չեն ձգեր որ մեծնաս, հոս կեցիր կամ Լիբանան գնա… Պուրճ Համուտ… ես գիտեմ… շատ լաւ տեղ է ։
Հոս կ՚ուզէի յիշեցնել իրեն, թէ շաբաթ մը առաջ մենք հանդիպած էինք Ռազմիկ Դաւոյեանի բնակարանը ու միասին ընթրած։ Պահը յարմար կը նկատէի, երբ յանկարծ ան դարձեալ հարցուց.
— Անունդ ի՞նչ է։
— Մովսէս:
— Մովսէս ի՞նչ:
— Հերկելեան։
— Հերկելեա՞ն, Այնճա՜ր, դուն… բանաստե՞ղծ։
— Ոչ, բանաստեղծը եղբայրս է, Պետիկ Հերկելեանը։
— Հա՜, հիմա հասկցայ…”My name is Aram”, այո ան արտասանեց, պզտիկ տղայ, բայց յետոյ մեծ մարդ… մեծ բանաստեղծ… Շիրազ: Ինչո՞ւ հոս եկար։
— Արուեստաբանը պէտք է որ նկարել գիտնայ, մասնաւոր դասերու կը հետեւիմ Արտաշէս Յունանեանի եւ Արթօ Պաղտասարեանի քով։ Եկած եմ հոս որ այս սրահին մէջ ցուցահանդէս կազմակերպեմ։
— Յունանեան գիտեմ, մեծ artist է: Այդ մէկը չեմ ճանչնար։ Այս սրահը լաւ չէ painting-ի համար։ Այս Վարդգէս Համազասպեանը…
Խօսքը օդին մէջ մնաց, որովհետեւ քարտուղարուհին ներս հրաւիրեց զինք… Ամերիկա խօսելու համար։ Թէեւ Սարոյեանի առոգանութիւնը աւելի ժխտական կը հնչէր, ինծի յայտնի չեղաւ թէ ան Համազասպեանի մասին լա՞ւ, թէ գէշ պիտի խօսէր։ Ափսոս սակայն որ ան գնաց, որովհետեւ գոհ էի որ առանձինն կը հանդիպիմ իրեն: Ահագին հարցեր ունէի, յատկապէս քանդակագործ Վարազ Սամուէլեանի մասին։ Ռազմիկ Դաւոյեանի տան մեր հանդիպման ատեն, իր ուշադրութիւնը չկրցայ գրաւել ու հետը զրուցել, հակառակ անոր որ Ռազմիկ Դաւոյեանն ու Յակոբ Յակոբեանը լաւ ձեւով ներկայացուցին զիս։ Շատ դէմքեր կային հոն եւ արդէն իսկ կենացները շիկացած էին, երբ ես հասայ։ Հոն էր նաև լուսանակարիչ Պօղոս Պօղոսեանը, որ լուսանկարեց նաեւ զիս եւ Սարոյանը առանձին: Ես ալ լուսանկարեցի զինք եւ Սարոյեանը միասին: Սակայն ես չկրցայ այդ թանկագին յիշատակը ունենալ… մնաց Պօղոսի մօտ, որովհետեւ իբրեւ թէ «պատժեց» զիս, անոր համար որ զինք եւ Սարոյեանը նկարելու ատեն սխալ կոճակի վրայ կոխած էի… : Ինչ որ է… անցնինք:
Սպասեցի մինչեւ որ դուրս գայ Սարոյեանը ու զրոյցը շարունակենք: Սակայն երբ ան դուրս ելաւ Համազասպեանը իր թեւը մտած, ես ներս հրաւիրուեցայ Համազասպեանի տեղակալի՝ Մարտիրոսեանի մօտ։ Սիրտս ճմլուեցաւ, անգամ մըն ալ ե՞րբ առիթը պիտի ունենայի հանդիպելու այս քանքարաւոր հայուն…

* * *

Սիրելի ընթերցող,
Նախ քան եզրակացնելը, հարկաւոր է նաեւ պատմեմ թէ ինչպէս Փօլ Կիրակոսեանը պատկերած է Սարոյեանը:

1979 կամ 1980, Պէյրութ:
Ամառուան տաք ու խոնաւ հեղձուցիչ օր մըն էր: Քովը գացած էի իրեն յանձնելու նամակ մը արուեստաբան Վահան Յարութիւնեանէն, որ իմ «թեկնածուականի» երկու ղեկավարներէն մէկն էր: Կիրակոսեանը հայերէն կարդալ չէր գիտեր: Նամակը ես ընթերցեցի, ու հակառակ անոր որ դարձեալ Հայաստան կը հրաւիրէին զինք ցուցահանդէսի, առաւ, մէկ կողմ դրաւ ու հարցուց.
— Դուն Սարոյանին կը ճանչնա՞ս:
— Այո կը ճանչնամ:
— Մե՞նծ մարդ է:
— Շատ մեծ: Ամերիկահայ նշանաւոր գրող է: Այնքան մեծ որ Հէմինկուէյի «ընկերը» եղած է:
— Հէմինկուէյը ըրեն չը սըրեր… ես գիտեմ: Ընծի ըսին որ Սնապեանը գիրք մը պըտի գրէ իր մասին, եւ կ՚ուզէ որ Սարոյեանին նկարեմ : Ընծի photo-ներ բերին… : «Ատոնք» չեն գիտեր որ ես Սարոյանին չեմ ճանչնար: Ըրեն չեմ տեսած: Ի՞նչպէս պըտի գծեմ:
— Դուն կրնաս… դուն ոեւէ մէկը չես…:
— Դուն չես հասկնար: Ասիկա abstract չէ, portrait է, Սարոյանը թէ պըտի ապրի ու խօսի եւ թէ character-ը մէջը պըտի ըլլայ. պէտք է իրմէն բան մը կարդամ…: Ընծի ըսին. մէկ պէխը պստիկ է միւսը՝ մենծ. Ճի՞շդ է:
— Չեմ կարծեր: Գուցէ այդպէս կը թուի: Ես անձնապէս տեսած եմ զինք, իմ տպաւորութիւնս այն է, որ ան պարզապէս անխնամ կը ձգէր պեխերն ու մազերը…
— Հա՜ , հիմա հասկցայ, մենծ մարդիկ այդպէս կ՚ըլլան: Սարոյանի character-ը իր պեխերուն մէջն է… հասկցայ: Բայց ըրմէն գիրք մը պէտք է կարդամ, որպէսզի գիտնամ ո՞վ է, ի՞նչ մարդ է… որպէսզի գիտնամ ինչպէ՞ս պըտի գծեմ: Դուն կրնաս բերել:
Բարեբախտաբար Երեւանի «Պուկինիստական» խանութէն ձեռք ձգած էի Սարոյանի “My Heart’s In the Highlands” անգլերէն հատորը, զոր քանի մը օր ետք տարի իրեն:
Տարիներ ետք երբ արդէն Սնապեանի խմբագրած Սարոյանի հարցազրոյցներու հաւաքածոն հրատարակուած էր, օր մը հեռաձայնեց.
— Նայիր, քեզի պըտի ուրախացնեմ: Եկուր, միայն թէ մէկ անգամէն վերը Atelier ելիր և մէկուն բան մը մ՚ըսեր:
Գացի, բարձրացայ վեր, Սարոյեանի դիմանկարն ու այլ ջրանակար մը երկարեց ինծի, ըսելով.
— Ասիկա քըզի պահէ, մէկուն մը՚տար ու մէկուն մ՚ըսեր…: Այս aquarelle-ը ծախէ, որ քըզի «խաշլըք» ըլլայ… մէկուն մ՚ըսեր…:
Իմ արուեստասէր ընթերցող՝ խոստովանիմ որ ան պարբերաբար նկարներ կը նուիրէր ինծի… միշտ պատուիրելով որ գաղտնի պահեմ: Մեկնելով իր մարդասիրական սկզբունքներէն, ան սովորութիւն ունէր նկարներ նուիրել որոշ անձերու ու անձնաւորութիւններու… թէկուզ ընտանիքէն գաղտնի: Կիրակոսեանի մարդկային այս կեցուածքի մասին հարկաւոր է որ յատուկ նշմար մը գրեմ:
Սարոյանի դիմանկարը թափանցիկ calque թուղթի վրայ իրագործուած արուեստի իւրայատուկ գլուխ-գործոց մըն է, որուն կերպարի ազատախոհ ու ամրապինդ նկարագրի դրսեւորման մէջ, բացի աչքերէն, կենսական դեր եւ նշանակութիւն ունին նաեւ, արագ ու անկաշկանդ քանի մը վրձնահարուածներով արտայայտուած մազերն ու յատկապէս՝ պեխերը…:
Ի դէպ, Սարոյանի կերպարը բազմաթիւ հայ կերպարուեստագէտներու նախընտրած թեմաներէն եղած է: Անոնցմէ շատեր, յաջողած են կերտել ուրոյն ու տիպար «Սարոյեաններ»: Ինչպէս. Արա Շիրազ, Դաւիթ Երեւանցի, Յակոբ Ճանպազեան, Մկրտիչ Տարագճեան, Սամուէլ Համբարձումեան, Վանուշ Պապիկեան եւ այլն:

* * *

Հարկաւոր է վկայել նաեւ, թէ Սարոյանը այդ տարի գրական ոչ միայն աշխուժութիւն, այլ ուղղակի փոթորիկ ստեղծեց Երեւանի մէջ։ Ամեն տեղ իրերայաջորդ հանդիպումներ կը կազմակերպուէին, (Ակադեմիա, Գրողներու միութիւն, Մատենադարան, Պետ-համալսարան…) եւ միշտ սրահները ծայրէ ծայր լեցուն կ՚ըլլային։ Հարցումնե՜ր ու հարցումնե՜ր…։ Ան կը պատասխանէր իր գիտցած Պիթլիսի բարբառով։
Հոս անհրաժեշտ է որ ճշդում մը ընեմ նաեւ։ Ան գովասանքներ եւ նոյնիսկ ներբողներ կը շռայլէր հայ գրողներու, նկարիչներու եւ առհասարակ տարբեր տեսակի մտաւորականներու հասցէին։ Չափազանց կը գովէր նաեւ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը։ Կողմնակի ունկնդիր մը կրնար շողոքորթութիւն համարել այդ բոլորը։ Թէեւ «հարբած» կը թուէր ըլլար իրեն շնորհուած բացառիկ ընդունելութիւններէն ու պատիւներէն, այնուամենայնիւ անկեղծ էր իր արտայայտութիւններու մէջ, որովհետև ինչքան որ կը սիրէր իր ծննդավայրն ու կը գնահատէր Մարդկայինը Մարդու մէջ, նոյնքան կը սիրէր իր Պապենական Հայրենիքն ու կը գնահատէր Ազգայինը Հայու մէջ … վկայ՝ իր ողջ գրականութիւնը։
Սարոյեանն էր ի վերջոյ…
Մտաւորական դասն ու ուսանողները ծարաւը ունէին Սարոյեանի նման մեծութիւններու… այդ տարիներուն։

2021 դեկտեմբեր, Երեւան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *