ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՂԱԳԻՐՔԵՐ

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Գրասեղանիս վրայ ընթերցումի իրենց հերթը սպասող բանաստեղծական երկու գիրքեր կան. երկուքին ալ հեղինակները ամերիկահայեր են եւ երկու գիրքերուն ալ լեզուն անգլերէնն է:
Alec Ekmekdji — THE UNAUTHORIZED BIOGRAPHY OF TANGO WOMAN
Shahe Mankerian — HISTORY OF FORGETFULNESS
Երկու հեղինակներն ալ իրենց կեանքին երկրորդ քառորդը գրեթէ աւարտած կամ արդէն աւարտած բանաստեղծներ են, երկուքին ալ առաջին հատորներն են ասոնք, թէեւ երկուքն ալ վաղուց մաս կազմած են «Ծննդանիշ» (Birthmark) բանաստեղծական երկլեզու հաւաքածոյին:
Այս երկու գիրքերը անգամ մը եւս զիս կը դնեն լեզուին՝ արեւմտահայերէնին Սփիւռքի տարածքին դիմագրաւած հարցերուն առջեւ: Անգամ մը եւս կը մտածեմ օտարագիր հայ հեղինակներուն առջեւ զգացած ափսոսանքիս մասին, որովհետեւ ինչպէս նախապէս, այս երկու հեղինակները եւս իրենց քերթողութեան մէջ կը բերեն բանաստեղծութեան կարեւոր բաղադրիչները եւ կը հաստատեն իրենց բանաստեղծ-ութիւնը, բանաստեղծ ըլլալը՝ ինքնուրոյն մտածելակերպ, պատկերներու նորութիւն եւ այժմէականութիւն, հարցերը դիտելու երգիծանք:

Շահէ Մանկըրեան — քերթուածը որպէս պատմութեան արձանագրութիւն
Շահէ Մանկըրեան, որ ապրած է Պէյրութի պատերազմին սկիզբի օրերը, կը նկարագրէ իր փորձառութիւնը: Գիրքին խորագիրը ինքնին խորհրդանշական է՝ «Մոռացումի Պատմութիւն». կարելի չէ ապրիլ ծանր յուշերու հետ ամեն օր եւ ամեն ժամ, հետեւաբար ուղեղը ինքզինք կը պաշտպանէ մոռացումով, սակայն հոգին չ՚ուզեր մոռնալ, այլ՝ պահ տալ տեղ մը, իրմէ դուրս. եւ ո՞ւր աւելի յարմար տեղ, քան քերթուածը, յուշերուն ծանրագոյնները պահ տալու համար:
Շահուած մրցանակներուն ցանկը, բոլորն ալ ամերիկեան քերթողական մրցանակներ, իսկապէս տպաւորիչ է՝ տասնմէկ մրցանակներ, շահուած տարբեր տարիներու գրուած բանաստեղծութիւններու համար:
Այս քերթողագիրքը 2013 եւ 2014 տարիներուն չորս անգամ հասեր է մրցումներու մասնակցող գիրքերու վերջնագծին:
Հեղինակը մասնաւոր շնորհակալութեան խօսք ունի քեթողութեան իր չորս դասախօսներուն համար (իսկ մենք ոչ միայն քերթողութեան յատուկ դասախօսներ չունինք, այլ նոյնիսկ չենք քաջալերեր քերթողութեան ընթերցումը):
80 էջերու վրայ երկարող գիրքին Ա. բաժինը կը սկսի լիբանանցի աշխարհահռչակ գրագէտին՝ Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի խօսքով.
If the other person injures you, you may forget the injury; but if you injure him, you will always remember.
Առաջին բանաստեղծութեան առաջին տողն իսկ կը դնէ ընթերցողը դէմ յանդիման մահուան ծանր ներկայութեան.
«Կրթութիւնս դիազննարանին մէջ ստացայ»
Ու յետոյ՝ «Մահը բարգաւաճող պիզնէս մըն էր»:
Ժամանակը 1975-ին սանձազերծուած լիբանանեան պատերազմն է:
Նկարագրութիւնները թէեւ պարզ, սակայն այնքան հատու են եւ յաճախ անոնց մէջ սպրդած նախադասութիւնները այնքան ցնցող, որ կը մղուիս անընդհատ գիրքը վար դնելու ձեռքէդ. բայց քերթողութիւնը կը յաղթէ ու կը շարունակես, իւրաքանչիւր բառին հետ ցաւելով.
«Մահը տեսայ ապրելէս առաջ»
Պատերազմին ամբողջ ահաւորութիւնը գեղեցիկ պատկերներով, պարզ բառերով եւ այնպիսի անմիջականութեամբ արտայայտուած, կը դնէ ընթերցողը մեծ հակապատկերի մը առջեւ՝ մէկ կողմէ պատերազմը իր ահաւորութեամբ, միւս կողմէ բանաստեղծութիւնը իր գեղեցկութեամբ:
Ճիշդ է որ արեւմտահայ բանաստեղծներ եւս արտայայտուած են պատերազմին, աւելի ճիշդը՝ ջարդերուն մասին, ինչպէս Սիամանթօն, սակայն անորը հռետորութեամբ ծանրացած է, մինչ Մանկըրեանի պարագային բանաստեղծութիւնը անմիջականօրէն կը ներթափանցէ ընթերցողին մէջ, անոր էութիւնը շարժելով:
Թերեւս ասիկա ամերիկեան բանաստեղծութեան ազդեցութիւնն է, որ առօրեականը, իր անմիջականութեամբ, բերաւ քերթողութեան, դարձնելով զայն շատերու սիրելին:
Բայց ի՞նչ կրնայ զգալ պատանի մը պատերազմի ահաւորութեան մէջ, ընկերոջ մահը տեսնելէ ետք, իրեն ծանօթ աշխարհին, այլ խօսքով կեանքին հիմնայատակ փլուզումին ականատես ըլլալէ ետք: Ամբողջ ապրածը բառի վերածելէ առաջ, երկար տարիներ պիտի սպասէր լռութեան մէջ, կարենալ խօսելու համար ցաւը, որ չի բառանար: Մեր քերթողներէն շատեր, մեր քերթողներուն լաւագոյնները չունեցան ցաւը քերթողութեան վերածելու եւ անով իսկ զայն նուաճելու առիթը:
Աչխփուկը որպէս խաղ յաճախ կը յիշուի եւ անմիջապէս զուգահեռ մը գծելով կը յիշեցնէ մեզի կեանքի աչխփուկը, երբ մէկը կը մնայ, մինչ միւսը, թէկուզ պատանի, կը դառնայ յաւիտեանի ճամբորդ: Ինչո՞ւ:
Եւ լիբանանեան մշակոյթը իր Ճըպրանով եւ «Մարգարէն»ով անշուշտ ներկայ պիտի ըլլար խրախճանքին, որ կը կոչուի … պատերազմ եւ որուն զոհերը, տարօրինա՜կ, պատանիներ են միայն կարծես, որովհետեւ հեղինակը իր պատանութեան ընդմէջէն է որ կը վերյիշէ շրջան մը, երբ «Ամառը արագ վերջացաւ / այն օրը երբ թաղեցինք զինք», ճիշդ այնպէս, ինչպէս շատ արագ աւարտի հասեր էր իր եւ իր սերունդին անմեղ պատանութիւնը:
Գիրքին երկրորդ՝ II բաժինը կը սկսի Իտրիս Շահի(1) մէկ խօսքով.
You have not forgotten to remember; you have remembered to forget.
Այս երկու խօսքերը, ըսուած 20-րդ դարու երկու կարեւոր անուններուն կողմէ, կը խտացնեն գիրքին միտք բանին՝ ցաւ եւ յիշողութիւն:
Մոռնալ ինչպէ՞ս եւ յիշել ինչո՞ւ:
Հետաքրքրական է նաեւ, որ պատերազմի թոհուբոհին մէջ իսկ տղան չի կրնար մոռնալ իր «օտար»ութիւնը, իր «այլ»ութիւնը, երբ միւս լեզուն, արաբերէնը, կը ճնշէ իր էութեան վրայ.
She even walked
In Arabic.
She
Wanted to chօke
My Armenian.
Բայց բանաստեղծութիւնը, որ տարբեր դէմքերով կը ժպտի իրեն, կը խոստանայ փրկել զինք:
Յիշելու եւ մոռնալու երկընտրանքին մէջ կը ծաղկը նոփ-նոր սէրը արդէն երիտասարդութեան ճամբան մտած պատանիին եւ, հակառակ իր փուշերուն, կը փրկէ պատերազմին մէջ բռնուած այս տղոց առօրեան:
Even nature
Revered the laws of war.
Կրօնք, սէր եւ պատերազմ կը ներհիւսուին Մանկըրեանի քերթողագիրքին մէջ, ստեղծելու համար անմոռանալի երկ մը, որ իր ճամբան կը սկսի քերթողութեան երկար ճամբուն վրայ:
Այս քերթողագիրքը ցաւին դէմ յաղթանակի սքանչելի կոթող մըն է:

Ալեք Էքմէքճի — Գիրքը որպէս գեղարուեստական իր
The Unauthorized Biography of Tango Woman
A Tone Poem in Fifteen Movements.
Ինչպէ՞ս գրել գիրքի մը մասին, որուն իւրաքանչիւր էջը, հակառակ իր շատ խիտ տողերուն եւ ժուժկալ գծանկարներուն, ամբողջական խրախճանք մըն է գիտակցական եւ անոր տակէն հոսող բազմաթիւ հոսքերու: Կարդալը այս պարագային կը վերածուի ոչ միայն ընթերցումի եւ դիտելու կրկնակի հաճոյքին, այլ եւ տողերուն եւ գծանկարներուն մէջէն դարձդարձիկ ճամբաներով ընթացող մտածումներու ու թերեւս՝ ենթագիտակցութեան բացայայտումին:
Գիրքը խմբագրուած է Նազիկ Նաթալի Քարամանուկեանի կողմէ եւ ձօնուած «Հօրս, որ մեզ Ամերիկա բերաւ, երբ տասներեք տարեկան էի եւ մէջս սերմանեց սէրը քերթողութեան, երաժշտութեան, գրականութեան եւ նոյնքան կարեւոր՝ պատմելու արուեստին»:
Նոյն էջին վրայ՝ Ֆրանսուա-Րընէ Շաթոպրիանի խօսքը.
«ամեն մարդ իր մէջ կը կրէ աշխարհ մը, իր սիրածներէն եւ տեսածներէն կազմուած. ամեն անգամ ա՛յս աշխարհին է որ անընդհատ կը վերադառնայ, թէեւ կրնայ անոր մէջէն անցնիլ եւ ապրիլ լրիւ տարբեր աշխարհի մը մէջ»:
Իր չափով, էջադրումով, գծանկարներով եւ էջերուն սպիտակ տարածքով այս քերթողագիրքը կը դառնայ ընթերցողին արուեստի զգայարանքը շոյող իր մը, ընթերցումի սկսելէն իսկ առաջ:
Գծանկարները հեղինակինն են ու թէեւ համակարգիչով իրագործուած, կը դառնան դիտելու եւ ընթերցումի արարքները միաւորող միջոց:
Նորութիւն չէ, որ բանաստեղծներ, իրենց բանաստեղծութիւնը «մեկնաբանեն» կամ փորձեն աւելի խիտ տպաւորութիւն ձգել, ազդելով ընթերցողին նաեւ տեսողութեան վրայ, գծանկարներու միջոցով:
Մեր բանաստեղծութեան մէջ սակայն հազուագիւտ են նման միջոցի դիմած քերթողները:
Իսկ բանաստեղծ-նկարիչ գործակցութիւնը նոյնքան անսովոր է մեզի համար (թէեւ օտարագիր գրականութեան մէջ ալ այնքան առատ չէ այս երեւոյթը), երբ նկատի առնենք միայն երկու նման գործակցութիւն՝ Վահէ Օշական-Արշակ եւ Գրիգոր Պըլըտեան-Ասատուր Պզտիկեան:
Իսկ այն բանաստեղծները, որոնք իրե՛նք նկարազարդած են իրենց գիրքերը, կարելի է մատի վրայ համրել: Այս հեղինակը անոնցմէ մէկն է:
Գծանկարները ոչ միայն կը բանին քերթողութեան «տեսողական» մակարդակին վրայ, այլ նաեւ քերթողագիրքը կը վերածեն գեղարուեստական իրի մը, որ ընթերցումին հաճոյքը կը կրկնապատկէ:
Եւ որովհետեւ հայքուն, իր էութեամբ, խտացումի արուեստ է, ուր բառերը կը լարուին իրենց ամենասեղմ վիճակով, գծանկարները կը նպաստեն, որ բառերուն պրկումը քակուի եւ պատկերը ծաւալի ընթերցողին երեւակայութեան մէջ:
Ալեք Էքմէքճին սկիզբէն անգլերէնով ստեղծագործող հայ մըն է, որ կ’ապրի ԱՄՆ եւ որուն գիրքը կը կոչուի The Unauthorized Biography of Tango Woman.
Փոքրիկ, արագ առցանց զրոյցի մը ընթացքին հեղինակը որոշ չափով բացայայտեց գիրքին ենթախորագիրը՝ “A Tone Poem”(2), որովհետեւ, ըսաւ, իր քերթողագիրքին կառոյցը շատ նման է երաժշտական այս ոճին, ուր իր կեանքին տարբեր շրջանները «ցուցադրուած» են, ժամանակագրական կարգով:
Ըստ բանաստեղծին, դիւրին չէ իր այս քերթողագիրքը դնել պիտակի մը տակ՝ քերթողութի՞ւն, չափածոյ նորավէ՞պ թէ այլ բան: Այդ է Tone Poem-ին դերը հաւանաբար՝ պիտակել երկը:
77 հայքուներէ եւ 15 մասերէ կազմուած այս գիրքը տարօրինակ համադրում մըն է օտար-հայու:

Քննարկելէ առաջ սակայն պէտք է մտածել.
Ա. Ո՞վ է այս քնարական հերոսուհին, որ կը կոչուի tango woman.
Բ. ինչո՞ւ Թանկօ:
Գ. Ի՞նչ են առնչութիւնները այն զոյգ քաղաքերուն, որոնք նշուած են բովանդակութեան անմիջապէս յաջորդող էջին, որպէս «Թանկօ կնոջ ճամբորդութիւնները», ինչպէս օրինակ Փարիզ-Եոքոհամա, Եկեական ծով-Լոռի,Երեւան-Նիւ Եորք, Վենետիկ-Քիլիմանճարօ եւ այլն:
Յաջորդ էջին՝ «Թանկօ կնոջ հիացողները», որոնք անհաւանական զոյգեր կը կազմեն, ինչպէս օրինակ Շամիրամ եւ Ճոն Տոն կամ Ակամեմնոն եւ Ժիւլիէթ Կրէգօ. մէկ խօսքով այն բոլոր համաշխարհային անունները, որոնք կը թուին ազդեցութիւն ունեցած ըլլալ հեղինակին վրայ:
Ապա անխուսափելիօրէն՝ «Թանկօ կնոջ նախահայրերը»՝ Պետրոս Դուրեանէն մինչեւ Հայկ Նահապետ, անցնելով Վարդան Մամիկոնեանէն, Լուսինեան թագաւորէն, Սողոմոն Թէհլիրեանէն եւ այլ դէմքերէ:
Գլուխները բաժնուած են ըստ այս կնոջ յարաբերութիւններուն՝ բանաստեղծին հետ, բնութեան հետ, ուրիշներու հետ եւ ի վերջոյ՝ հողին, հայրենիքին հետ:
Այլ խօսքով՝ աշխարհաքաղաքացի հայ մը, որ իր հայութիւնը կը զգայ ամեն պահ, օտար ափերու վրայ, օտար բառերով եւ ոճով հայքուներ գրելով, որոնք, հակառակ իրենց շատ սեղմ սահմաններուն, կրնան արտայայտել ենթագիտակցական հոսք մը, որ ուղղութիւն ունի դէպի … արուեստ եւ … հայրենիք:
Թանկօ կինը սակայն կրնայ քնարական հերոս ըլլալու փոխարէն, ըլլալ հեղինակին, կամ այլ քնարական հերոսի մը մտերիմը, սիրելին, ուսուցիչը, alter ego-ն, երեւակայութիւնը, ցանկութեան առարկան, հմայելու իր միջոցը, մէկ խօսքով այն բոլորը, որոնց հետ, երբեմն անոնց ընդմէջէն թէ անոնց միջոցով հեղինակը կ’ապրի իր կեանքը:

my tango woman
writes long haikus in the sand
swallows read in flight

Այս հայքուին երկրորդ տողով կարելի է մտածել թէ tango woman-ը բանաստեղծին alter ego-ն է, որովհետեւ աւազին վրայ երկար հայքուներ կը գրէ, իսկ հայքու գրողը … բանաստեղծը ի՛նք է:
Իւրաքանչիւր հայքու իր երկու տողերով — որովհետեւ բոլորին ալ առաջին տողը նոյնն է՝ my tango woman – այնքան բան կը խտացնէ՝ ամբողջ գիրք մը, երաժշտական գործ մը, ծանօթ ու երբեմն անծանօթ համաշխարհային անուն մը, որ նախ կը մղէ մտածելու, ապա պրպտելու, ապա կրկին կարդալու աշխարհ մը սեղմող այդ երկու տողերը, ապրելու քերթողութեան հաճոյքը եւ … հիանալու բանաստեղծին կարողութեամբ:
Գիրքը ունի այն յատկութիւնը — ինչպէս բոլոր գեղարուեստական գիրքերը — որ գրուելէն ու տպուելէն ետք կը դառնայ ընթերցողին սեփականութիւնը, եւ ընթերցողը, ընթերցումին ընդմէջէն կը նուաճէ զայն ի՛ր հայեցողութեամբ մեկնաբանելու իրաւունքն ու ազատութիւնը:
Հետեւաբար ի՛նչ որ կարելի է ըսել գիրքին մասին, անկէ բխող եւ ընթերցողը ողողող հաճոյքն է, ինչպէս սկիզբը ըսինք՝ ընթերցումի՛ն եւ դիտելո՛ւն հաճոյքը …
Երանի մեր բոլոր գիրքերն ալ ունենան այս մէկը, իրենց ընթերցողներուն հրամցնելու համար: Վերջին հաշուով ընթերցումը կը մնայ կեանքի մեծագոյն հաճոյքներէն մին:
Եւ անշուշտ ափսոսանքը կրկին ինքզինք կը դնէ հայ ընթերցողին եւ հաճոյքին միջեւ, որոշ չափով խանգարելով այլապէս կատարեալ այս հաճոյքը:

Գահիրէ

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1) Idries Shah 1924-1196, Հնդկաստան ծնած սուֆի մը, որ 20-րդ դարու իմաստուններէն մին կը համարուի:
2) Սիմֆոնիք կամ թոն քերթուածը նուագախմբային երաժշտութեան ժանր մըն է, 1800-ական թուականներու սկիզբը մէջտեղ եկած, ընդհանրապէս մէկ շարժում (մաս) ունեցող, որ կրնայ տեւել 20-40 վայրկեան եւ որ երաժշտութեամբ կը պատմէ քերթուած մը, նորավէպ մը, գեղանկար մը, գաղափար մը, կամ ոչ երաժշտական այլ գործ մը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *