ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
*
Բեւեռային գիշե՞ր է սա,
ուր ինկած ենք արիւնլուայ:
մութին՝ ձայներ աղաղակող,
սակայն կարծես լսող չկայ:
Գարշապար մը գլխուդ վրայ
կը փորձէ քեզ միշտ մղել վար,
սակայն անվերջ կ’ընդդիմանաս
մինչեւ հասնի առաւօտեան
լոյսը փրկող, որ կ’ուշանայ …
Ինչպէ՞ս թոյլ տալ, խրտուիլակ
կամ ծաղրածու մը խեղկատակ,
սուտ խօսքերով չարաշահէ
ժողովուրդին ցասումն արդար ,
եւ շնական հաշիւներով
խաղայ- անոր ճակատագրին
հետ անվրդով, վտանգելով
գոյութիւնը անոր ընդմիշտ:
Սխրանքները ո՞ւր մնացին
այդ անձնուրաց մարտիկներուն,
ի՞նչ նեռ է որ կապկպած է
ձեռքերն անոնց, կամքն աննկուն,
եւ խլութեան ինչ ախտ է սա,
որ վարակած երկիրս հին,
թոյլ չի տար որ լսուի կրկին
զարթնումի գոռ կանչը հողին:
Անոնց որ ինկան դաւաճանութեամբ
Անոնց որ ինկան դաւաճանութեամբ,
երբ պայքարի խոր կորով ունէին
իրենց մէջ պահուած
եւ երազանք՝ վերադարձի:
Անոնց որ ինկան դաւաճանութեամբ,
որոնք իրենց այնքան մաքուր արեան մէջ
սէրը կար երկրի,
պաշտպանութիւն՝ սահմաններուն սրբազան,
եւ ցանկութիւն ազատագրման՝
ցեղասպանութեամբ կամ դաւադրաբար
հայրենական տարածքներուն կորսուած:
Անոնց որ ինկան
նոյնիսկ երբեմն փամփուշտ չարձակած …
Եւ յանձնուեցան բլուրներ կանաչ,
մարտիրոսներու արեամբ ուղխօրէն ջրուած,
առարկութեամբ թէ այն տարածքները
բնակուած էին մեզ յաճախ ջարդած … դրացիներով:
Երկիր մը ամբողջ
դեռ կառավարուող
ծառայութենէ այս կամ այն ձեւով ճողոպրած, փախած
անողնայար ու ապիկար խամաճիկներով,
որոնք ծախեցին ձեզ լկտիաբար,
եւ անդիմագիծ խուժան մը անդէմ,
ստամոքսի վրայ սողացող, ընկճուած,
գոհ էր որ պրծաւ
իր եղբայրներուն համար կռուելու
պայքարէն երկար,
խուլ ծափահարեց
արնոտ ափերով ղեկավարիկին,
մինչ հողն ոտքին տակ
կը սահէր՝ կ’երթար …
Անոնք որ ինկան կամ կորսուեցան
տարածքներուն մէջ լքուած, յանձնուած,
նոյնիսկ չգիտցան՝ ի՞նչ պատահեցաւ,
կամ թէ ո՞ւր էին, անոնք որ այնտեղ
տէր պիտի ըլլային իրենց, առաջնորդ,
այդպէս շլմորած՝ միացան հողին …
Մինչ անդիմագիծ փերեզակներու
խումբերը տմոյն,
առեւտրական նոր ճամբաներու
ելքեր կ’երազեն,
ոտնատակ տալով ողջ սերունդներու
ներդրումը մաքուր,
պայքարը ահեղ, տեսիլները սուրբ,
անոնք որ ինկան դաւաճանութեամբ,
աչքերով դատարկ,
սակայն անյողդողդ ակնկալութեամբ
կը սպասեն այնտեղ
արդար հատուցման:
Հիմա կրնամ արձանագրել
«Այս գիշեր կրնամ գրել ամենատխուր տողերը»
Փապլօ Ներուտա
Շաբաթներով տագնապելէ, բարկանալէ,
ճակատագրին, ինքս ինձ դէմ զայրանալէ,
ուրիշներու դէմ վիճելէ,
խոր տխրութեան կիրճերուն մէջ թաւալելէ,
յիմար տողեր կարդալէ ետք, հակազդելէ,
մոլեգնելէ,
կարծես արդէն ինքնիրմէս դուրս ելլելէ ետք
այս տողերը կրնամ գրել:
Հող որ շահուած էր անարդարութեան,
դէմ պայքարներով,
կռիւ արիւնոտ՝ ընդդէմ կորուստին
տասնամեակներու, անցած դարերու,
դեռ երազանքի ծիլ՝ վերադարձի
ջարդուած հայրերու ծննդավայրի,
ահա կը յանձնուէր այնքան դիւրութեամբ,
առաւել տալով գետահոս արիւն,
ամբողջ սերունդ մը՝ վեհ, խոստմնալի:
Այո, դեռ պէտք է արձանագրեմ
ժողովուրդի մը ամորձատումի
փորձերը տխուր,
ձախողութիւններ արդարացնելու
ճիգերը մեկին,
նոյնիսկ մեզ ջարդած ստոր ոսոխին
հետ հաշտուելու,
անցեալն մոռնալու կոչերը կրկնուող,
ամեն ինչ տալու կամ վտանգելու
քայլերը մթին՝ վասն հանգիստի,
պատառ մը հացի:
Այս երեկոյ ո՞վ կրնայ խօսքերով
կամ արարքով մը մեզ մխիթարել,
մեր անմեղ տղոց այսպէս դիւրութեամբ
արիւնն հեղելու,
դարեր շարունակ այսպէս կրկնուող
ապիկարութեան,
դուրսէն ծրագրուած խարդաւանանքին
տրուելու համար,
այսպէս կամակոր լուռ յանձնուելու …
Կիւլիվէրեան ճակատագրով
Յաճախ եղայ աշխարհին մէջ լիլիբուտներու,
ուր ամեն ինչ փոքր էր, մանրուք:
Ճղճիմ, անազնիւ, կուզ հոգիներով
մանր արարածներ,
որոնք կարծր, պինդ առասաններով
կը կապկպէին ամեն արարած,
որ իրենցմէ վեր, բարձր էր հասակով,
կը ձգտէին զայն
հաւասարեցնել՝ իրենց չափերուն,
եւ պէտք էր վարպետ Հուտինի ըլլալ
այդ լարերէն ողջ դուրս գալու համար:
Լիլիփուտներու ողջ հայրենիքը
տան յետնամասի պարտէզը, բակն էր,
ուր կրնային բանջարեղէն աճեցնել
եւ խաղողէն արաղ քաշել,
ատկէ անդին՝ երկրորդական,
անապահով եւ զիջելի վայրեր էին …
Դեռ պէտք էր իրենց
անորակ, ռապիզ երգերը լսել,
բեմերու վրայ եւ հանդէսներու
համար արտադրուած
զգացական լէյլումները գնահատե՜լ:
Տակաւին ոմանք
լիլիփուտեան բարբառն փողոցի,
խառնած լեզուին մեր կենդանի,
կը փորձէին ներկայացնել
նոր առօրեան …
Հոս կեդրոնն էր այս բոլորին,
հակասական, ողբեգական մանրաշխարհ մը,
մեծ տեսիլի, հերոսութեան հակադրուող:
Միջավայր մը,
որ անցեալին ունեցած էր
զոհողութեան, նուիրումի մեծ թռիչքներ,
սակայն հիմա վերածուած էր
հոգի ծախած, խեղճ ու կրակ աստուածներու խնկարկուի …
Սակայն գիտեմ, որ այս վայրերուն մէջ,
մարդանման, բայց այլասերած
եահուներու կողքին ապրող,
հույհնհնիմներու՝ խօսող ձիերու բիլ աշխարհը կար,
որոնք ազնիւ թռիչք ունէին
ու ազնիւ հոգի,
գիտէին կռուիլ, անվերջ պայքարիլ եւ ստեղծագործել …
եահուները փախցուցի՞ն զիրենք
մութ նկուղներո՞ւ մէջ բանտարկեցին
կամ աքսորեցի՞ն …
Երբ վերադարձայ շրջապատս սովորական՝
չեմ ըսեր որ ամեն ինչ լաւ էր,
հոս եւս կային լիլիփուտներ եւ եահուներ,
որոնք նոյնպէս սորված էին
բեմերու վրայ արտասանել,
խօսքեր որ իրենք իսկ չէին հաւատար,
դեռ լիլիփուտեան շքանշան զարդասեղներով
զարդարուիլ եւ հաճոյանալ,
եւ խանդավառ ծափահարել
ինչ որ պատահէր
լիլիփուտներու հայրենիքին մէջ …
Յաճախ կը խորհիմ աւելի լաւ չէ՞
հույհնհնիմներու խումբին պատկանիլ,
քան յաջողակ եահու ըլլալ:
Լաւալ