ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
1. Ինչ որ … ինչ-որ
Ոմանք չեն յաջողիր զանազանել այս երկուքը, ուրիշներ բոլորովին անտեղեակ են նման զոյգի մը գոյութեան, այսինքն՝ ոչ իսկ գիտեն, թէ նման բան գոյութիւն ունի:
Ինչ որ բաղադրեալ յարաբերական դերանուն մըն է: Բուն դերանունը ինչ-ն է, որուն կցուած է որ թարմատարը(1), ճիշդ հետեւեալներուն պէս՝ ով-ով որ, ուր-ուր որ, երբ-երբ որ, ինչպէս-ինչպէս որ, քանի-քանի որ եւ այլն: Իր այս կիրարկութեամբ՝ ինչ որ-ը կը փոխարինէ ոչ թէ գլխաւոր նախադասութեան մէկ անդամը երկրորդական նախադասութեան մէջ, այլ ամբողջ գերադասը: Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ե.)”