ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ե.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
1. Ինչ որ … ինչ-որ

Ոմանք չեն յաջողիր զանազանել այս երկուքը, ուրիշներ բոլորովին անտեղեակ են նման զոյգի մը գոյութեան, այսինքն՝ ոչ իսկ գիտեն, թէ նման բան գոյութիւն ունի:
Ինչ որ բաղադրեալ յարաբերական դերանուն մըն է: Բուն դերանունը ինչ-ն է, որուն կցուած է որ թարմատարը(1), ճիշդ հետեւեալներուն պէս՝ ով-ով որ, ուր-ուր որ, երբ-երբ որ, ինչպէս-ինչպէս որ, քանի-քանի որ եւ այլն: Իր այս կիրարկութեամբ՝ ինչ որ-ը կը փոխարինէ ոչ թէ գլխաւոր նախադասութեան մէկ անդամը երկրորդական նախադասութեան մէջ, այլ ամբողջ գերադասը:
— Դուք նոր կ՚անդրադառնաք, ինչ որ ցաւալի ուշացում մըն է:
— Դո՛ւն ես ըսողը, ինչ որ կը հաստատէ իրողութիւնը:
— Իր վկայութիւնը զլացած է, ինչ որ քաղաքացիական թերացում է:
Առաջին օրինակին պարզումը կու տայ՝ «Ձեր նոր անդրադառնալը ցոյց կու տայ, թէ…», — այլ խօսքով՝ գերադաս նախադասութիւնը իր բոլոր բաղադրիչներով համատեղ փոխարինուած է «ինչ որ» յարաբերական դերանունով, որուն միջնորդութեամբ ալ դարձած է ցոյց կու տայ ստորոգիչի ենթական:
Ուրեմն այս օրինակներուն մէջ ամբողջական նախադասութիւններ են յարաբերեալները, եւ ոչ թէ առանձին բառեր:
Ինչ-որ՝ միութեան գծիկով, անորոշ դերանուն մըն է եւ ոչ մէկ կապական գործառնութիւն ունի. ան իբրեւ լրացում կը դրուի գոյականին վրայ. համարժէք է ֆրանսերէնի certain կամ un certain բառին: Ան ցոյց կու տայ խօսողին ունեցած մէկ վերապահութիւնը իր իսկ անուանած առարկային՝ անձին, իրին, երևոյթին հանդէպ. այս վերաբերումը աւելի կը շեշտուի լրացեալ գոյականին վրայ գրեթէ կանոնաւորաբար աւելցող մը անորոշ յօդով. օրինակ՝
— Այնտեղ հանդիպեցանք ինչ-որ դասախօսի մը:
Ինչ-որ հնագէտ մը տուաւ անորոշ բացատրութիւններ:
Ինչ-որ ժառանգորդ մը կը պահանջէր իր իրաւունքը:
Այս դերանունին կը յարին նաեւ՝ դոյզն-ինչ, ինչ-ինչ, փոքր-ինչ, որոնք որոշ հոմանշութիւն ալ ունին իրարու միջեւ:
Կիրառական նոյնպիսի յարաբերութեան մէջ կը գտնուին նաեւ ոչ ոքի եւ ոչ-ոքի: Անջատ գրութեամբ՝ ոչ ոքի ժխտական առարկայանիշ դերանուն է, եւ կը կատարէ անուղղակի խնդիրի պաշտօնը. օրինակ՝ Ոչ ոքի հարցուց: Ոչ ոքի մօտեցաւ եւ այլն:
Երկրորդը ունի յատկանշային՝ ածականական կիրարկութիւն. օրինակ՝ «Խաղը ոչ-ոքի աւարտեցաւ», «Իրաւարարը ոչ-ոքի վճռեց» եւ այլն:

2. Հակա-օ-դայի՞ն, թէ՞ հակ-օդային

Պէտք է բոլորդ ալ նկատած ըլլաք, որ այս եւ ասոր նմանող կարգ մը այլ բառեր երկձեւ՝ յօդակապաւոր եւ անյօդակապ կը գրուին մեր մէջ:
Մեր առաջին մատենագիրները ընդհանրապէս խուսափած են յօդակապ կիրարկելէ հոն, ուր բարդ բառին երկրորդ արմատը ձայնաւորով կը սկսի, ինչպէս է պարագան մեր բերած բառին, ուր երկրորդ արմատը կը սկսի «օ» ձայնաւորով:
Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ, աշխարհաբարը քիչ մը տարբեր ձեւաւորուած է եւ… տարբեր կը մտածէ: Այստեղ թոյլտրուած են բաներ, որոնք արգիլուած էին այնտեղ: Եւ հակօդային-ը(2) այլեւս խորթ կը հնչէ մեր ականջին: Խորթ, բայց մանաւանդ անթելադիր: Արդի հայուն ականջը կը փնտռէ հակա կառոյցը, եւ հակ-ը շատ բան չի թելադրեր իրեն: Մեր «հակ» արմատով սկսող մօտ յիսուն բառերուն աւելի քան քառասունը հակա ունին իրենց սկիզբը, եւ այդ հակա-ն կը մնայ թելադիրը: Հակ-ը կաղ, թերի ու պակաս բան մը ունի:
Հակաճառել, հակաճառող, հակաճառութիւն հասկացութիւնները արդի հայուն մէջ ձեւաւորուած են հակա-ով: Արդի հնարամիտ հայը «կազմած» է նոյնիսկ հակա ածական մը.
—Դուն մեզմէ՞ ես, թէ՞ հակա ես, — այսինքն՝ մեր թմբո՞ւկը կը զարնես, թէ՞…
—Թորոսը մեզմէ է, բայց Մարկոսը թունդ հակա է…
Ասոնք չհասկցող արեւմտահայ կա՞յ:
Մինչդեռ ոչ մէկը մինչեւ հիմա հարցուցած. «Դուն մեզմէ՞ ես, թէ՞ հակ ես»:
Այլ խօսքով՝ աշխարհաբարը, մեր արդի մտածողութիւնը կը գործէ յօդակապաւոր բարդութեան ի նպաստ, եւ մենք կը հանդիպինք օրինակներու, ուր ան պատմականօրէն թերեւս մերժուէր:

* * *

Ա յօդակապը բաւական քմահաճ երեւոյթ է ու բաւական խաղեր ալ կը խաղայ արդի հայուն գլխուն, իմա՝ հայերէնի գլխուն:
Հակօդային գրողները տարուած են այն մտքէն, թէ երբ երկրորդ արմատը կը սկսի ձայնաւորով, ապա յօդակապ չենք կիրարկեր: Անշուշտ ճշմարտութեան մեծ բաժին մը կայ այս ըմբռնումին մէջ: Բայց ահա եկուր տես, որ կան բազմաթիւ բարդութիւններ, որոնց երկրորդ արմատը կը սկսի բաղաձայնով եւ… յօդակապ չունին. օրինակ՝ նեղ-միտ, բան-գէտ, կրծ-կալ, հաց-թուխ, պատ-կից, երկ-տող եւ այլն: Հիմա որ մեր աչքերն ու միտքը ընտելացած են այսպիսիներուն, որքա՜ն խորթ պիտի հնչէր ասոնց յօդակապով օժտումը. հրամեր էք՝ նեղ-ա-միտ, բան-ա-գէտ, կրծ-ա-կալ…:
Չեն պակսիր միւս կողմէ պարագաներ, ուր լեզուն յօդակապը տնտեսած է նոր հասկացութիւններ անուանելու ի խնդիր. օրինակ՝ ամեն-ընտիր դասական բառ մըն է, որ կը նշանակէ «ամենքին, բոլորին կողմէ ընտրուած». օրինակ՝ ամենընտիր կաթողիկոս: Սակայն ասոր կողքին աշխարհաբարը հնարած է ամեն-ա-ընտիր, որ կը նշանակէ ընտիրներուն մէջ ընտրելագոյնը, լաւագոյնը, ազնուագոյնը:
Դ. Վարուժան մաճկալ ծանօթ բառին կից կը կիրարկէ մաճակալ ձեւը.
«Թող մաճակալ բազուկներէդ քսան ցուլի արիւն անցնի» («Օրհնութիւն»):
Ասոնք երկուքն ալ «մաճ բռնող» կը նշանակեն… ստուգաբանօրէն, այո, սակայն ունին շատ նուրբ տարբերութիւն մը. մաճկալ-ին մէջ «մաճը բռնողի» գաղափարը նսեմացած է այլեւս, եւ ան կը բնորոշէ մշակը: Մինչդեռ մաճակալ-ը միայն ու միայն «մաճը բռնող» կը նշանակէ: Վարուժան իմաստաբանական բացառիկ զգայնութեամբ մը ահա հնարած է «մաճակալ բազուկ» բառակապակցութիւնը:
Շատ ցաւալի է, որ ոչ մէկ հայ բառարանագիր նկատած ու նշած է այս նրբութիւնը:

* * *

Անդին կը հանդիպինք յօդակապաւոր տարբերակներու՝ նախ-ա-ընտրական («Մարմարա»), դիրք-ա-որոշում («Առաջին լրատուական»), որոնք ոչ մէկ առաւելութիւն կը ներկայացնեն անյօդակապ՝ նախ-ընտրական եւ դիրք-որոշում ձեւերուն վրայ:
Եւ վերջապէս հաւասար ուժերով կը պայքարին տես-երիզ եւ տես-ա-երիզ, վեր-որակաւորում եւ վեր-ա-որակաւորում ձեւերը, եւ արդի հայը առայժմ չի յաջողիր վերջնականապէս կողմնորոշուիլ: Պէտք է ձգել, որ ժամանակը լուծէ այսպիսիները:

Պէյրութ
armenag@gmail.com

1) Լեզուի մէջ թարմատար կը կոչուին բառերու վրայ անտեղի աւելցած անիմաստ տարրերը:
2) Նաեւ՝ ռազմա-օդային:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *