ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ը.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
1.Հետաքննութի՞ւն, թէ՞ յետաքննութիւն

Շատ ըմբռնելի պատճառներով՝ ոմանք հակամէտ են գրելու յետաքննութիւն՝ յ-ով, այն «տրամաբանութեամբ», որ տեղի ունեցածը յետոյ, ետքը, վերջը կատարուած քննութիւն մըն է: Եւ ուրեմն կ՚ենթադրեն, թէ բառիս առաջին արմատն է յետ, որ կը նշանակէ յետոյ:
Թող որ ամեն քննութիւն ալ կը կատարուի բանէ մը ետքը, յետոյ, վերջը…
Սակայն այսպէս չէ, այս տրամաբանութեամբ կազմուած չէ բառս, այլ ան հետաքննութիւն է, ուր առաջին արմատն է հետ(ք) «նշան», եւ իրօք ալ «հետաքննութիւն» կը նշանակէ ձգուած «հետքերու, նշաններու» քննարկում:Ð
Երբ ոստիկանները ոճիրին վայրը կը փութան՝ հետաքննութեան համար, ապա այնտեղ կը փնտռեն այն զանազան հետքերը, նշանները, որոնք կ’օգնեն բացատրելու ու բացայայտելու տեղի ունեցած ոճիրը: Կամ թէ երբ դատարանին մէջ կը կատարուին այլազան հարցաքննութիւններ՝ վկաներու, հարազատներու եւ ուրիշներու, տեղի ունեցածը իր կարգին հետաքննութիւն մըն է՝ գործուած յանցանքին պարագաները լուսաբանելու ծառայող:
Միւս կողմէ՝ յետաքննութիւն գրելուն մէջ կայ մեծ գայթակղութիւն մը, որ կը խուսափի արդի արեւմտահայու գիտութենէն. եթէ բառս իրօք յետաքննութիւն ըլլար, ապա ան պիտի նշանակէր, ոչ թէ յետոյ կատարուող քննութիւն, այլ… «դէպի ետեւ եկող, դէպի ետեւ ընթացող» քննութիւն, քանի յետ արմատը բարդութեանց սկիզբը՝ բայարմատի մը ներկայութեան, կը նշանակէ ետեւ կամ դէպի ետեւ. օրինակ՝
յետադաս ետեւը դասուած
յետադէմ դէպի ետեւ դիմող
յետամնաց ետեւը մնացած
յետաշրջել դէպի ետ(եւ) շրջել
—յետահայեաց ետեւը հայող, նայող
—յետսապահ ետեւի դիրքերը պահող, պաշտպանող
—յետընթաց դէպի ետեւ ընթացող
Պէ՞տք է այստեղ յիշեցնել, որ յետագայ ալ կը նշանակէ «դէպի ետեւ եկող», եւ ոչ թէ «յետոյ եկող, ապագայ կամ գալիք», ինչպէս կը կարծեն մեր լուսապսակ հայագէտները: Իսկ հայերէնը նման բառ չունի. «Նոր հայկազեանը» եւ «Արմատականը» վկայ:
Ունինք հետագայ, որ կը նշանակէ «հետքին վրայէն եկող, հետեւող, գալիք, ապագայ»:
Ծանօթ. Աւելորդ կը սեպեմ վկայակոչել արեւմտահայ բառարանները, որոնք, այս պարագային, կը ներկայացնեն իսկական լաբիւրինթոս մը: Հետաքրքրուողը կրնայ դիմել անոնց: Անդին կը մնայ արեւելահայերէն Մալխասեանը. արդ, Մալխասեան անարդարօրէն կը նուիրականացնէ յետագայ ձեւը՝ ընդունելով հանդերձ հետագայ-ն, եւ ասոնք նկատելով երկու տարբեր բառեր: Մեր բոլոր յարգանքները այս մեծ հայուն հանդէպ, սակայն անոր միակ մոլորութիւնը չէ այս. Մալխասեան կը գրէ նաեւ երբէք՝ է-ով, մինչ զայն պէտք է գրել երբեք՝ ե-ով, ի նմանութիւն ուրեք եւ ուստեք բառերու կազմած յարացոյցին.

* * *

Արդ, կարելի է արդարօրէն հարց տալ, թէ ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս յառաջացած է յետ բառի յետոյ նշանակութիւնը: Փութանք կանխել, որ ան իրօք ալ ունի այդ նշանակութիւնը՝ տարբեր կառոյցներու մէջ:
ա) Սեռական հոլով գոյականներու մէջ ան ցոյց կու տայ գործողութեան մը ժամանակը:
Օրինակ՝
—յետ մահու՝ մահէն ետք
—յետ պատերազմի՝ պատերազմէն ետք
—յետ բանակցութեանց՝ բանակցութիւններէ ետք
բ) Կարգ մը գոյականներու հետ կը կազմէ բարդ ածականներ, որոնք նմանապէս կը բովանդակեն յիշեալ նշանակութիւնը:
Օրինակ՝
—յետպատերազմեան՝ պատերազմին յաջորդող, անկէ ետք եկող.
—յետբանակցային, յետջրհեղեղեան, յետձմեռնային, յետգարնանային, յետամառնային, յետաշնանային, յետծննդեան , յետմիապետական, յետխորհրդային…

2. Մեր թերթերէն մէկուն մէջ կը գտնենք հետեւեալ խորագիրը.
«Պաքու Երեւանը կը մեղադրէ հայ զինուորներ Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխելու համար»:

Ի՞նչ կը կարծէք, թէ ըսել կ՚ուզէ այս նախադասութիւնը…
Եթէ արեւմտահայ էք եւ քիչ թէ շատ ունիք արեւմտահայու լեզուամտածողութիւն, ապա այս նախադասութիւնը պէտք է բառացի մեկնաբանէք սա՛պէս. «Պաքու Երեւանը կը մեղադրէ, որպէսզի հայ զինուորներ Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխէ»:
Վերստին կարդացէք մեկնաբանութիւնս, եւ պիտի անդրադառնաք անոր քաոսային բովանդակութեան: Այս նախադասութիւնը մարդկային բանականութիւնը գոհացնող ոչ մէկ տարր կը բովանդակէ, անհեթեթ բառակոյտ մըն է ան, որ ոչինչ կ՚ըսէ. Պաքուն ինչպէ՞ս կրնայ հայ զինուոր փոխադրել Լեռնային Ղարաբաղ եւ ապա՝ ատոր համար մեղադրել… Երեւանը:
Այսքանը՝ խորագիրի լեզուական-քերականական թելադրանքով:
Հիմա այդ նոյն խորագիրը փորձենք մեկնաբանել օրուան քաղաքական դրուածքով, որուն ծալքերուն հաւանաբար տեղեակ էք լրատուական այլ աղբիւրներու շնորհիւ.
—Պաքուն կը մեղադրէ Երեւանը՝ Լեռնային Ղարաբաղ հայ զինուորներ տեղափոխելու ամբաստանութեամբ:
—Պաքուն կը մեղադրէ Երեւանը՝ Լեռնային Ղարաբաղ հայ զինուորներ տեղափոխելուն համար (=պատճառով):
—Պաքուն կը մեղադրէ Երեւանը՝ Լեռնային Ղարաբաղ հայ զինուորներ տեղափոխելու պատրուակով (մէջ):
Եթէ վերոնշեալ խորագիրին հեղինակը լեզուական բծախնդրութիւն ունենար, ապա պիտի գրած ըլլար այս երեք առաջարկներէն մէկով. բացառուած չէ ուրիշը եւս: Սակայն այնպէս ինչպէս ինք գրած է, ապա մեղադրողը եւ փոխադրողը կը նոյնանան, այսինքն՝ նոյն կողմը թէ՛ կը մեղադրէ Երեւանը, թէ՛ կը փոխադրէ, մինչդեռ միտք բանին կամ ըսել ուզուածը այն է, որ Ղարաբաղ հայ զինուոր փոխադրողը Երեւանն է, իսկ զայն մեղադրողը Պաքուն է:
Այս ամբողջ անհեթեթութեան աղբիւրը կամ պատճառը յօդի մը բացակայութիւնն է. այդ յօդը դուք կը գտնէք իմ առաջարկած երկրորդ նախադասութեանս «տեղափոխելուն» անդամին վրայ: Այդ մէկ հատիկ յօդը վերի բառային լղրճուկը կը վերածէ բանական կառոյցի, իսկ անոր բացակայութիւնը… տեսաք ինչի կը վերածէ զայն: Կամ թէ՝ այդ յօդը համար-ը, որ նպատակ ցոյց կու տայ, կը վերածէ պատճառ ցոյց տուող յետադրութեան:
Բաղդատենք՝
—Ան վարձատրուեցաւ (ի՞նչ նպատակով) ջանադիր աշխատելու համար:
—Ան վարձատրուեցաւ (ի՞նչ պատճառով) ջանադիր աշխատելուն համար:
Եւ մանաւանդ այդ յօդը կ՚արեւմտահայացնէ ձեր մտածողութիւնը. արեւմտահայը առանց այդ յօդին չի կրնար կազմել այս նախադասութիւնը՝ առանց հիմնովին շրջելու անոր բուն իմաստը:
Իսկ արեւելահայը… կրնայ կազմել զայն, եւ արդէն տեղի ունեցածը արեւելահայ աղբիւրի մը կոյր ու հետեւակ փոխադրումն է արեւմտահայերէնի:
Այսպէս է, քանի արեւելահայերէնը ներկայիս կը շփոթէ նպատակը եւ պատճառը:
Օրինակ՝ «Ես քեզ դիմում եմ այս պարտքը վճարելու համար»:
Այս նախադասութիւնը, որ ոչինչ կ՚ըսէ ինծի, երկու բան կ՚ըսէ արեւելահայուն.
ա) Ես քեզի կը դիմեմ, որպէսզի այս պարտքը ես քեզի վճարեմ:
բ) Ես քեզի կը դիմեմ, որպէսզի այս պարտքը դուն ինծի վճարես:
Պատկերացուցէք նախադասութիւն մը, որ երկու բոլորովին տարբեր իմաստներ ունենայ: Այս մարդիկ ինչպէ՞ս կը հաղորդակցին, ինչպէ՞ս կը խօսին ու կը հասկնան զիրար:
Այլ օրինակ՝ «Թորոսը Մարկոսին սպանել է պարտքը չվճարելու համար»:
Արեւմտահայուն համար սա մէկ ու միասնական իմաստ ունի. այն է՝ «Թորոսը սպանած է Մարկոսը՝ իր ունեցած պարտքը անոր՝ Մարկոսին, չվճարելու նպատակով»:
Սակայն արեւելահայուն համար այս նոյնը կը նշանակէ նաեւ. «Թորոսը սպանած է Մարկոսը, որովհետեւ այս վերջինը՝ Մարկոսը, չէ ուզած վճարել իր ունեցած պարտքը Թորոսին»:
Այսպէս է, որովհետեւ արեւելահայերէնը անորոշ դերբայը որոշիչ յօդով չի կրնար օժտել: Չի կրնար ըսել «չվճարելուն». եթէ կարենար ըսել, իսկոյն պիտի հասկնայինք, որ չվճարողը… Մարկոսն է , եւ ոճիրը այդ պատճառով գործուած է Թորոսին ձեռքով, ու վե՛րջ:
Եւ այդ յօդին չկիրարկումը իրարու կը խառնէ նապատակն ու պատճառը:
Հիմա հարց է, թէ իրենք՝ արեւելահայերը, այս կացութեան մէջ ինչպէ՞ս կը զանազանեն գործողութեան մը, կացութեան մը նպատակն ու պատճառը… չեմ գիտեր, կատարեալ առեղծուած մըն է այս, որ ահա տարիներէ ի վեր կը չարչարէ ուղեղս, — կարծես Յակոբ Պալեանի ճապկել-ը ու ճապկում-ը բաւարար չըլլային, — եւ բազում հոգերուս վրայ իր կարգին եկած ու բազմած է «չունեցած» հոգերուս կողքին, եւ եկո՛ւր դիմացիր այս բոլորին:
Գալով արեւմտահայուն՝ ան պարտաւոր է արեւելահայերէն հատուած մը փոխադրելու առթիւ հետեւիլ այս բոլորին, փորձել թափանցել նախադասութեան խորքը ու ճիշդ կողմնորոշուիլ, գոնէ փորձել այսքանը, եւ ոչ թէ կոյրզկուրայն տեսածը տարածել արեւմտահայ ընթերցողին աչքերուն առջեւ:
Ի՞նչ ընենք, ա՛յս է կացութիւնը:

Ուշադիր կարդանք հետեւեալ երկուքը.
ա) «Փրկարարները շարունակելու են իրենց աշխատանքները մինչև խնդիրը լուծում չստանայ»:
բ) «Փրկարարները շարունակելու են իրենց աշխատանքները մինչև խնդիրը լուծում ստանայ»:
Ասոնց առաջինը քաղուած է արեւելահայ մամուլէն, սակայն մտածական նոյն կաղապարը յաճախ կը հանդիպի նաեւ մեր կողմերը: Երկրորդը իմ առաջարկս է:
Զարմանալի տրամաբանութիւն կը ցուցաբերէ առաջինը. փրկութեան ճիգեր տեղի կ՚ունենան, քանի լուծելի խնդիր մը կայ, եւ անոնք կանգ պիտի առնեն, երբ այդ խնդիրը լուծում ստանայ եւ ոչ թէ… չստանայ:
Նոյն տեղը կը գտնեմ «լորձունքախառն», որ պէտք է ըլլայ… լորձնախառն:
Բառիս դասական արմատն է լորձն, որուն յոգնակին է լորձունք:
Բարդութեան եւ ածանցումի առթիւ հայերէնը կը հիմնուի եզակի սկզբնաձեւին վրայ, ուրեմն՝ լորձն+ա+խառն = լորձնախառն:

Պէյրութ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *