ՊԶՏԻԿ ՀԵՐՈՍԸ

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

Այս ճգնաժամային պահուն էր, որ անակնկալօրէն ձեռնառումբ մը պայթեցաւ Բերդի դրան առջեւ տարածուող հրապարակին վրայ։ Մետաղի ու քարի բեկորներ անձրեւեցին չորս կողմ ու փոշին, վառօդի ծուխին խառնուած, րոպէ մը վարագուրած պահեց հրապարակը։ Թուրքերը , դուռը քանդելու աշխատանքը դադրեցուցած, ինքնապաշտպանութեան անցան։ Այն ատեն, դրան վրայ դիրք գրաւողները իրենց ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին դուրսէն եկողներուն վրայ ու կասեցուցին անոնց յառաջխաղացքը։ Մինչ այդ , ներսի թուրքերը կը կռուէին կատաղօրէն. գիտէին, որ եթէ այս պատեհութիւնը կորսնցնելով Բերդին մուտքը չբանային դուրսի իրենց ընկերներուն դիմաց, ամէն բան վերջացած էր։ Վերջացած էր իրենց կեա՛նքն ալ։ Անոնց թիւը այնքան մեծ էր, որ մերոնք չէին համարձակեր իրենց դիրքերէն դուրս գալ ու յարձակման անցնիլ։ Կը ջանային, սակայն, զանոնք զբաղած պատել մինչեւ որ… մինչեւ որ… մինչեւ որ ի՞նչ. մինչեւ ե՞րբ… Մինչեւ որ հրաշքը պատահէր մինչեւ որ Հայուն Աստուածը անգամ մը եւս օգնութեան հասնէր, որովհետեւ միւս դիրքերէն օգնութիւն ակնկալելը յիմարութիւն էր, պարզապէս յիմարութիւն…։ Բոլորն ալ նեղն էին, զբաղած ու կոտորակուած…։ Եթէ թուրքերը պարիսպներէն դուրս կամ վարը ըլլային, թերեւս կիներ ու տղաք յաջողէին քարերով զանոնք ջախջախել, բայց ներկայ պայմաններուն տակ այդ բանը անհնար էր։ Այսուհանդերձ, թուրքերը կրցած էին գուշակել, թէ իրենց վրայ նետուած ձեռնառումբը եկած էր դրան դիմաց գտնուող հացթուխ կիներու յատկացուած շարք մը քարայրներէն մէկէն ու կը կրակէին անոնց վրայ ալ։ Հաց եփող կիները, գործը ձգած, անձկութեամբ կը հետեւէին կռուի ճակատագրին։ Անոնց քով, հսկիչի պաշտօնով, միայն մէկ այր մարդ կար, Կարմիրեան Գարեգինը, որ իր տասնոցը քաշած՝ վերէն կը կռուէր…։ Եթէ միայն անոր քով արագաչարուած մը կամ քանի մը ձեռնառումբ գտնուէր, գործը մեծապէս կը դիւրանար, բայց որո՞ւ միտքէն կ՚անցնէր հացթուխ կիներու օճախներուն քով ռումբ ամբարել…։ Կիներն անգամ ըմբռնած էին այդ բանը ու «պոմպա՜ մը, պոմպա՜ մը հասցուցէք», կը պոռային պաղատագին։ Այդ պահուն , ո’չ թէ մարդ, թռչո՛ւն իսկ չէր կրնար թեւ բանալ տեղէ տեղ , ալ ո՛ւր մնաց ծանր առարկան գրկած՝ խիճերուն վրայէն բլուրն ի վեր վաղելով՝ քարայրներուն հասնելու հնարաւորութիւնը։
Բայց «պոմպա»յի անոնց կոչը լսուած էր, տեղ հասած՝ եւ Սրա Սառնիճներէն հատ մը ճամբայ հանուելով՝ բերուած էր մինչեւ պատին ծայրը։
Ո՞վ պիտի ըլլար ստոյգ մահը յանձն առնողը՝ զայն տեղ հասցնելու համար…
Մէկ գնդակով վիրաւորուիլը կամ սպանուիլը գէշ բան էր, անբաղձալի, սարսռազդու. ռումբը ձեռքը գնդակներու կարկուտ մը դիմագրաւելը յիսուն կամ հարիւր կոորներու վերածուիլը յանձն առնելը, խենթի կամ հերոսի գործ էր։
Կիներ ու տղաք, աչքերը լայն բացած՝ հիմա կը նայէին այդ մահաբեր գործիքին ու չէին խօսեր, չէին շարժեր. մէկ մը կը նայէին ռումբին, մէկ մը ճամբուն, նորէն ռումբին, նորէն ճամբուն…։ Չէ՛, անկարելի էր…։ Գնդակները սուլելով կը զարնուէին քարերուն եւ խիճերուն ու անոնց ինկած տեղէն դեղին փոշիի պզտիկ ամպեր կը բարձրանային։
Ես կը տանի՜մ, — ըսաւ յանկարծ պզտիկ ձայն մը։
Հմայեակ Թէվէքէլեանն էր, հազիւ տասնըչորս տարու, թափթփած, քթին առջեւ միշտ թաց տղայ մը։
Զարմանքով, պաշտումով, հիացումով իրեն նայեցան բոլորը։ Ամեն մարդու մտքէն, հաւանաբար, նոյն բանը անցաւ, բայց ո’չ մէկը խօսեցաւ, ո՛չ մէկը բան մը ըսաւ։ Մարդ բերանը չբացաւ։
Այն ատեն, Հմայեակ հանեց բաճկոնը, ծռեցաւ ու ճերմակ լաթի մէջ փաթաթուած ռումբը պլլեց իր բաճկոնին մէջ ու դրաւ թեւին տակ: Ոտքի եմենիները հանեց-նետեց, խաչակնքեց ու թեթեւ մը առաջ ծռած՝ սլացաւ դէպի քարայրները։
Շունչերնին բռնած, չնչելը մոռցած, բոլորը կը հետեւէին անոր շարժումներուն։
Աստուածածի՛ն, — պաղատեցաւ կին մը, — Աստուածածի՛ն, պահէ՛ ատ տղան։
Աղօթքէ, խնդրանքէ աւելի, Փրկիչին մօր ուղղուած հրաման մըն էր արտաբերուածը։
Աստուածածի՛ն, պահէ՛ ատ տղան։
Հմայեակ կը սուրար գնդակներով հերկուած զառիթափին վրայէն, ռումբը թեւին տակ սեղմած, առաջ ծռած, ազատ թեւը լողացողի մը պէս ետ-առաջ շարժելով կը սուրար:
Աչքերնի՛ն քէօռնայ, տղան կերա՜ն, — անիծեց կին մը եւ ուշաթափուեցաւ։
Չէ՛, չէ՛, քարին ետեւ մտաւ հանգչելու, — ուրախ բացագանչեց ուրիշ մը, — տեսայ ոտքերը ներս քաշեց…։
Րոպէ մը ետք, երբ կրակը պահիկ մը մեղմացած էր, ան դուրս եկաւ քարին ետեւէն ու նորէն սուրաց դէպի քարայրը։ Գնդակներու անձրեւ մը կը շաչէր իր շուրջ, բայց ան մէկ աջ, մէկ ձախ հակելով՝ կը վազէր, կը սահէր, կ՚իյնար, կ՚ելլէր ու քարայրի ապահովութեան մէկ քայլ մնացած՝ թեւին տակի թանկագին ծրարը երկու ձեռքով աոաջ երկարած՝ քիթն ու բերնին կ՚իյնար վար ու կը մնայ անշարժ։ Կնոջ մը թեւը թանկագին ծրարը կ՚առնէր ներս։ Թուրքերու կրակը բզիկ-բզիկ կ՚ընէր պզտիկ հերոսին անշնչացած մարմինը…։
Վայրկեան մը ետք, քարայրներուն առջեւ ցցուած ապառաժի կատարէն վար նետուեցաւ Հմայեակի տարած ռումբը։ Դժոխային որոտով մը վրէժի աստուծոյ մը ցասման մռնչիւնին նման ահեղ՝ պայթեցաւ մահաբեր գործիքը ։
Քարերը դողացին ու արձագանգը, քարերուն զարնուելով, քանի մը անգամ կրկնուեցաւ։ Երբ ծուխն ու փոշին ցրուեցան, գետինը ծածկուած էր դիակներով ու դրան առջեւ թուրք չկար։
Ճիշդ այդ պահուն, հրաշալի ու անսպասելի բան մը կը պատահի։ Մերոնք ժամանակը հասած համարելով՝ դուրս կու գան դիրքերէն ու կ՚անցնին յարձակողականի։ Առջեւէն կը վազէ Երեմիա Բալուցեանը։
Եկէ՛ք, տղա՛ք, մեռնիլ է նէ մէ՛կ անգամ պի՚ մեռնինք, — կը պոռայ աջ ու ձախ կրակելով ու կը վազէ առաջ։
Անոր կը հետեւին բոլորը — զէնք ունեցո՛ղն ալ, չունեցողն ալ, մե՛ծն ալ, պզտիկն ալ։ Գինովցած են։ Մահը ա՛լ սարսափ չունի իրենց համար։ Անհաշիւ կը վազեն առաջ։ Վիրաւորներու եւ մեռնողներու համար ա՛լ կանգ չեն առներ։ «Մահ իմացեալ անմահութիւն է», «Մա՛հ թուրքերուն», «Զարկէ՛ք, զարկած ձեռքերնուդ ղուրպա՜ն», աղաղակներ, կանչեր, հառաչանքներ, օրհնութեան ու անէծքի բեկորներ, հեծեծանք…։
Բերդը մաքրուեցաւ։
Յաղթանակի լուրը տարածուեցաւ ամբողջ Բերդին մէջ եւ ընդհանուր խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։ Ամեն տեղէ երգի ձայն կը լսուէր.
Ուխտել ենք կռուել
Այդ սիրով մեռնել։
Համոզուած ենք, որ
Միայն զէնքով կայ
Հայուն փրկութիւն։

Մեր ուրախութեան աղմուկը թշնամիին հասաւ։ Ան, սրտաբեկ, մութը իջնելուն պէս քաշուեցաւ ետ, իր վէրքերը կապելու եւ թերեւս վաղուան կռուին համար վերակազմուելու։
Անբացատրելի, անանուն զգացում մը ողողած էր մեր հոգին այդ օրը։ Մահուան մօտ էինք եղած ու զայն խաբած։ Մահու հրեշտակին թեւը քսուեր էր մեր ուսին եւ տասնչորս տարու տղու մը հերոսութենէն ահաբեկ՝ պարտուեր…։
Ա՛լ ասկէ ետք որքան ապրէինք, շահ էր։

(«Ապրէք, երեխէ՛ք», Պէյրութ, 1973։ Էջ 119-122)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *