Սիրելի ընթերցող,
Այս թիւը ծրագրելու ընթացքին էինք, երբ ստացանք մեր վաղեմի աշխատակից, արձակագիր, թատերագիր, գրականագէտ, գրաքննադատ եւ թարգմանիչ Ալեքսանդր Թոփչեանի մահուան գոյժը։ Որպէս մեր կողմէ հեռակայ ծաղկեպսակ մը բազմավաստակ անխոնջ մտաւորականի թարմ շիրիմին, ընթերցողին կը ներկայացնենք ստորեւ հատուածը իր «Բանկ Օտոման» վէպէն, որ յետ-խորհրդային շրջանի հայ գրականութեան ամենաուշագրաւ երկերէն է, ինչպէս նաեւ իր գրականագիտական վաստակէն նշոյշ մը՝ իր կողմէ կազմուած եւ խմբագրուած վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Հերեանի «Ընտրանի»-ի ներածականը։
«Հորիզոն գրական»ի ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։