ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Գ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Երեւան, 23 յունուարի, Արմէնփրես: «Իտալիան արգելափակել է «TikTok»-ը որոշ օգտատէրերի համար…»:
—Այս ալ արգելափակումի ուրիշ այլանդակ պարագայ մը, որ այլեւս… չի զարմացներ, երբ նկատի ունենանք, որ անոր ետին կեցողը «Արմէնփրես»-ն է, որուն հայագիտական մակարդակին ու ճաշակին, այլեւ հայեցի զգացողութեան ծանօթ է սփիւռքահայ ընթերցողը: Կը մնայ, որ արժանանանք այն բախտին, ուր կարելի դառնայ այս կայքի այլասերած անձնակազմը խմբովին արգելափակել ս. Խաչի սիւնազարդ խուցերուն մէջ եւ օրական գոնէ երեք անգամ գանակոծել, մինչեւ որ քիչ մը հայանան եւ քիչ մըն ալ հայերէն սորվին:

Մայր աթոռը. «Աջակցինք Արցախին»՝
Ապահովիր սնունդ, կացարան, կենցաղային պարագաներ աջակցութեան այս տարբերակներով. Մէկ մարդը՝ 125 դոլար ամսեկան, մէկ ընտանիքը՝ բաղկացած 2-4 հոգուց՝ 220 դոլար ամսեկան, մէկ ընտանիքը՝ բաղկացած 5-7 հոգուց 275 դոլար ամսեկան
—Ուրեմն Մայր աթոռն ալ յետին ռամիկին պէս սկսած է շփոթել ամսականն ու ամսեկանը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ուրիշ բաներու հետ տարրական հայերէնագիտութիւնն ալ սկսած է նահանջել այնտեղէն, որ ատենին հայագիտութեան փարոս մըն էր:

«Հայաստան բերած նաւին այնքան թունդ կը հայհոյի, որքան թունդ կանայք էին անիծում…» (Գրիգոր Ջանիկեան, «Գրական թերթ»):
—Ուրիշ ցաւ մըն ալ «Գրական թերթ»-ի լեզուական զառածումներն են, որոնք հետզհետէ նոր ոլորտներ կը նուաճեն: Ահա նմուշ մը. ճիշդ ի՞նչ պէտք է հասկնալ «թունդ կանայք» բառակապակցութեամբ: Ըսենք՝ օղիին թունդը, — մանաւանդ եթէ Քարահունջի է, — գինիին թունդը, այլեւ քացախինն ու … հայհոյանքինն ալ՝ ասոնք բոլորը ըմբռնելի են, սակայն ինչպիսի՞ն կրնայ ըլլալ …թունդ կինը:
Հարցը ինքնիրեն կը լուծուի, եթէ թունդ ածականը դնենք իր բո՛ւն տեղը, այսինքն՝ «որքան կանայք էին թունդ անիծում»,— ուրեմն կանայք չէ որ «թունդ» էին, այլ անոնց անիծելու ոճը, եղանակը: Իսկ թէ ինչպէ՞ս պէտք է որակել թունդ անիծող կանայք, — Ջանիկեան հանգիստ կրնայ մտածել այս մասին:

«Ընդամենը Լեռնային Ղարաբաղ մշտական բնակության վայր է վերադարձել 48 հազար 241 փախստական»։
—Ուրիշ շուարած մըն ալ այս տողը գրողն է՝ ընդամենը Լեռնային Ղարաբաղ…
«Լեռնային Ղարաբաղ… է վերադարձել ընդամենը 48 հազար 241 փախստական»:
«Լեռնային Ղարաբաղ… է վերադարձել ընդամենը 48. 241 փախստական»։
«Լեռնային Ղարաբաղ… է վերադարձել ընդամենը 48. 241 տեղահանուած»:
Ծանօթ.—Հայը փախստական կը կոչէ այն գողը, ոճրագործը կամ որեւէ այլ կարգի յանցագործ, որ կը խուսափի օրէնքէն ու անոր պատիժէն եւ կը թաքցնէ իր հետքը:

«Աշխարհի ամենէն մեծ ձմեռնային փառատօնը Չինաստանի մէջ»:
Ճիշդը՝ «Աշխարհի ձմեռնային ամենէն մեծ փառատօնը՝ Չինաստանի մէջ:
«Աշխարհի ձմեռնային մեծագոյն փառատօնը՝ Չինաստանի մէջ»:
Ուրեմն՝ մէկ կողմէ փոխանակեցինք ամենէն մեծ (=մեծագոյն) եւ ձմեռնային բառերուն տեղերը, միւս կողմէ՝ բութ մը աւելցուցինք «Չինաստանի մէջ» բառակապակցութենէն առաջ:
Մեր ածականները կը բաժնուին երկու մեծ խումբի.
ա) Անոնք, որոնց վրայ կարելի է դնել աւելի, նուազ, ամենէն բաղդատականները. օրինակ՝ մեծ-աւելի մեծ-նուազ մեծ-ամենէն մեծ, սուր-աւելի սուր-նուազ սուր-ամենէն սուր, ուրախ-աւելի ուրախ-նուազ ուրախ-ամենէն ուրախ եւ այլն:
բ) Անոնք, որոնց վրայ չենք կրնար դնել յիշեալ բաղդատականները. օրինակ՝ մայրական, լեռնային, երկաթեայ, ձմեռնային… ասոնց վրայ չենք կրնար աւելցնել աւելի, նուազ, ամենէն բաղդատականները. անիմաստ է ըսել՝ աւելի մայրական, նուազ լեռնային, ամենէն երկաթեայ եւ այլն:
Խօսքի մէջ, երբ ասոնք միաժամանակ վերաբերին նոյն գոյականին, պէտք է գրել նախ բ. խումբի ածականը, ապա՝ ա. խումբի ածականը, վերջապէս գոյականը:
Այսպէս՝
— մայրական քնքուշ սէր
— լեռնային առողջարար կլիմայ
— երկաթեայ խոշոր դուռ
— ձմեռնային (ամենէն) մեծ(ագոյն) փառատօն

«Անոնք չեն խօսած Ուքրանիոյ եւ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլա Մատուրոյի ճակատագիրին մասին»:
— Այնպէս, ինչպէս գրուած է ան, այս շարադրանքէն կը հետեւի, թէ Ուքրանիա եւ Վենեզուելա ունին մէկ ու միասնական նախագահ մը, որ կը կոչուի Նիքոլա Մատուրօ: Այս՝ ա՛յս կը նշանակէ, եւ ուրիշ բան չի նշանակեր: Իսկ խաշած հաւն ալ գիտէ, որ ճիշդ չէ, այս երկիրներէն իւրաքանչիւրը ունի ի՛ր նախագահը:
Յայտնի է, որ գրողը Ուքրանիոյ նախագահին անունը… չի գիտեր, այդ պարագային՝ կա՛մ պիտի հետաքրքրուէր ու գտնէր (Google-ը ատոր համար է), կա՛մ պիտի չյիշատակէր նաեւ Վենեզուելայի նախագահին անունը:
Խմբագրութեան կողմէ. Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ չկայացած խօսակցութիւնը կը վերաբերի Ուքրանիոյ ճակատագրին եւ Վենեզուելայի նախագահի ճակատագրին, այսինքն՝ գործ ունինք երկու չկայացած խօսակցութիւններու մասին, որոնք պէտք չէր մէկ նախադասութեան մէջ թխմել փորձել։ Նաեւ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար գրել Ուքրայնա։

Հայ-ադրբեջանական սահմանի ամբողջ երկայնքով սահմանային միջադէպեր չեն արձանագրուել:
— Երբ կ՚ակնարկենք «սահմանի ամբողջ երկայնքով», արձանագրուուղ միջադէպի, ալ ինքնաբերաբար այդ միջադէպը պիտի ըլլայ սահմանային, չի կրնար ուրիշ բան ըլլալ. ա՛լ ինչու կրկնել «սահմանային» բառը:
Տրամաբանակա՞ն է ըսել՝ «Ջուրին մէջ ոչ մէկ ջրային ձուկ կայ»:
Ո՛չ, քանի ջուրին մէջինը չի կրնար ջրային չըլլալ:

Պէյրութ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *