ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ՝ Պալեաններուն նուիրուած պատկառելի հատոր մը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ներկայ տարուան՝ 2021-ի սկիզբը լոյս տեսաւ նախ թրքերէն, ապա անգլերէն THE BALYANS — Ottoman Architecture and Balyan Archive («Պալեանները — Օսմանեան ճարտարապետութիւնը եւ Պալեան արխիւը») հատորը, լաթակազմ եւ ընտիր թուղթի վրայ (352 մեծադիր էջեր՝ 26 սմ x 31 սմ, բազմաթիւ ներծալ էջերով), հեղինակութեամբ Պիւքէ Ուրասի։
Հեղինակը օգտուած է բազմաթիւ աղբիւրներէ. թարգմանուած են ԺԹ. եւ Ի. դարերու հայկական վաւերաթուղթեր, պատճէնահանուած գերեզմանատուներու եւ եկեղեցիներու արխիւներ եւ հատորին մէջ ներառուած 155 նկարներ, որոնց 98-ը՝ Հայաստանի Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ինստիտուտէն, մնացեալ 57-ը անհատական հաւաքածոներէ, ՀԲԸՄ-ի Փարիզի Նուպար մատենադարանէն, հայկական, թրքական, ամերիկեան եւ եւրոպական տարբեր թանգարաններէ ու պետական կամ այլ հաստատութիւններէ։
Ուրաս, ճարտարապետ ու գրող, ծնած է Իսթանպուլ 1976-ին, ճարտարապետութիւն ուսանած է Հռոմ, աշխատած է Նիւ Եորք, ապա Թուրքիա վերադարձած ու բացած է սեփական գրասնենակը եւ դասաւանդած Պահչեշեհիր համալսարանին մէջ։ Ան աշխատակցած է զանազան թերթերու եւ պարբերաթերթերու։ Ներկայիս կը բնակի Փարիզ։
Այս գործի նախաձեռնողն ու հովանաւորն է ՀԱՅՃԱՐ Ճարտարապետ եւ ճարտարագէտներու միութիւնը, ծրագրին համադրողները (նաեւ հովանաւորները)՝ Արսէն Եարման եւ Գէորգ Էօզգարակէօզ։
Այս հատորը արդիւնք է լայն համագործակցութեան մը։ Գրքի տուեալներու էջին վրայ կը յիշուին բազմաթիւ աշխատակիցներ ու աջակիցներ՝ ընդհանրապէս հայ։
Արսէն Եարման, իր ստորագրած ներածական խօսքին մէջ կը տեղեկացնէ, թէ երբ բացայայտուած է Պալեան արխիւը, յառաջացած է այնտեղ թաքնուած իրողութիւնները պատմութեամբ հետաքրքրուողներու սեփականութիւնը դարձնելու ցանկութիւնը։ Այդ արխիւի ուսումնասիրութիւնը յստակօրէն հաստատած է, որ «Պալեանները, որոնք յաճախ սխալ մեկնաբանուած են պարզապէս որպէս շինարարներ, եւ որոնց յօրինողի ինքնութիւնը մոռացութեան տրուած է, ի՛րապէս գործող եռանդուն ճարտարապետներ էին թէ՛ ծրագրերու պատրաստութեան եւ թէ անոնց գործադրութեան մարզերուն մէջ»։ Եարման կ՚աւելցնէ, որ շատ քիչեր գիտեն, թէ աւելի քան մէկ դար «պալատներ, զօրանոցներ, տաղաւարներ, մզկիթներ, դամբարաններ, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ կերտած» Պալեան ամիրաները ի՛նչ մասնակցութիւն բերած են երկրի ճարտարարուեստականացման եւ քաղաքային զարգացման, ուստի սոյն գիրքը լոյս ընծայելը պարտաւորութիւն մըն էր աւելի քան պարզ ցանկութիւն մը։
ՀԱՅՃԱՐ Ճարտարապետ եւ ճարտարագէտներու միութիւնը, իր կարգին նոյնպէս ներածականի մը մէջ կը նշէ թէ կարեւոր իրադարձութիւն մըն ալ նկատուելու է Քիրմիզիեան եղբայրներուն շնորհիւ Սկիւտարի (Պաղլարպաշըի) մէջ վերաշինութիւնը Պալեան գերդաստանի դամբարանին, որուն ծրագրի ներկայացումը Վենետիկի ճարտարապետական երկամեայ ցուցահանդէսին, 2014-ին, առիթը կը հանդիսանայ, որ ճարտարապետ Արմէն Կիւրեղեան Հայաստանի ճարտարապետական թանգարանի տնօրէն Աշոտ Գրիգորեանին հանդիպի ու անոր յանձնէ Պալեան արխիւը՝ գործադրելով իր մեծ հօր՝ Պալեաններուն գործակից Ճարտարապետ Լեւոն Կիւրեղեանի կամքը։ Այս վերջինը արխիւը Պոլիսէն դուրս բերած եւ 1927-էն ի վեր պահած էր իր «Արարատ» մենատան մէջ, Ասոլօ, Իտալիա, միշտ յուսալով ու կամենալով, որ այդ կարեւոր վաւերաթուղթերը օր մը Հայաստան կը հանգրուանեն։
Գրքին հեղինակը Նախաբանին մէջ բովանդակութեան ընդհանուր ներկայացումը կատարելէ ետք, կը հաստատէ, թէ «Պալեաններու ծրագրերուն պարզապէս արդի մեկնաբանութեամբ մօտենալու փոխարէն յատուկ ճիգ մը թափուեցաւ զանոնք համարկելու իրենց ժամանակաշրջանի հեռանկարին մէջ»։ Այդ նպատակով, շուրջ երեք տարի իր կատարած ուսումնասիրութիւններուն շնորհիւ առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնեն, շնորհիւ Պալեան արխիւին, ցարդ մասնակիօրէն միայն ծանօթ բազմաթիւ անկերտ ծրագրեր, արդէն իսկ քանդուած կամ ամբողջովին փոխուած պալատներու եւ այլ շէնքերու գծագրութիւններ, ծանօթ առկայ գործերու յօրինման տարբերակներ, ինչպէս նաեւ Սարգիս Պալեանի ջրաներկ հեռանկարները, որոնք կը պահուին Նուպար մատենադարանին մէջ։
Առաջին գլուխին՝ «Պալեան ճարտարապետական արխիւը»-ին մէջ, Ուրաս, առանց ձեռնոց դնելու, յստակ կը գրէ. «Պալեանները իրենց ճարտարապետական յղացքներուն մէջ աննախընթաց չափերու կրցան հասնիլ որդեգրելով նոր տիպաբանութիւններ եւ առաջադրելով նոր լուծումներ առկայ տիպաբանութեանց, որոնք հետզհետէ աւելի ու աւելի կը բարդանային գործառոյթի առումով։ Պալեան ճարտարապետութիւնը յատկանշող այլ տարրեր են միջգիտակարգային (միջմասնագիտական) գործակցութիւնը, նոր շինանիւթերու գործածութիւնը եւ շինարարական բարդ վայրերու կազմակերպումը՝ ներառումովը կառուցողական նորարար հմտութիւններու եւ գործելաձեւերու, մօտէն հետեւելով ժամանակակից ճարտարարուեստական յեղափոխութեան արհեստագիտական զարգացումներուն»։
Պալեանները ժամանակի նոր-պարոքեան զարդապաշտական մօտեցումներուն հաւատարիմ մնալով հանդերձ, «յուշարձանային դասականութիւնը»,— կ՚ըսէ ան,- «հարստացուցին աւանդական ցայտուն տարրերով՝ պատմական բազմընտրականութեան մը մէջ, որ պիտի առաջնորդէր ճարտարապետական շարժումի մը, որ պիտի ճանչցուէր որպէս օսմանեան վերածնունդ»։
Հակառակ տարբեր ծրագրերու իրականացման՝ տարբեր յղացքային մօտեցումներով, տարբեր ոճերով, հեղինակը կ՚աւելցնէ, թէ անոնք ճանաչելի են շնորհիւ «մեր այն հոգեբանական ընկալումին, որով կը տեսնենք անոնց միջեւ որոշ կապ մը»։ […] «Այդ՝ տարածութեան ոգին է որպէս վերացական ընկալում մը։ Այդ՝ վեհութիւնն ու մեծութիւնն է որ կը ներկայացնէ երեք ցամաքամասերու վրայ տարածուած հսկայ կայսրութիւն մը, որ կը պատշաճի օսմանեան սուլթանին՝ որպէս արուեստի բացառիկ հովանաւորի մը»։
Այս հատորը բաւական բծախնդիր մանրամասնութեամբ կու տայ Պալեան գերդաստանի պատմութիւնը, սկսելով անոր հաւանական նախահայրէն՝ Մերեմեթճի Պալի Խալֆայէն, որ վարպետ նորոգողի համբաւ ունէր,– ուրկէ ալ իրեն տրուած այդ անունը,– որ գաւառէն փոխադրուած է Կ. Պոլիս։ Իր շառաւիղները ճանչցուած են Պալի-եան, ապա Պալեան (Պալիի զաւակներ) մականունով։ Անոնցմէ երկուքը ճարտարապետ եղած են, Սենեքերիմը (1768-1853) ու Գրիգորը (1764-1831)՝ կայսերական ճարտարապետը, որ ճանչցուած է նաեւ որպէս Գրիգոր ամիրա։ Վերջին ամիրաներէն հանդիսացած է անոր զաւակը՝ Կարապետ ճարտարապետը (1800-1866)։ Այս վերջինին չորս զաւակները, որոնք նոյնպէս նոյն ասպարէզը ընդգրկած են, եղած են Նիկողոսը (1826-1858), Սարգիսը (1931-1899), Յակոբը ( 1838-1875) եւ Սիմոնը ( 1846-1894)։ Սարգիսը, բացի ճարտարապետ ու տաղանդաւոր գեղանկարիչ ըլլալէ, նաեւ գիւտարար մըն էր, որ հիմնական կերպով պիտի զարգացնէր շինարարութեան մեքենական սարքերն ու միջոցները։ Այս գերդաստանի վերջին ճարտարապետ շառաւիղը պիտի ըլլայ Նիկողոսի զաւակը՝ Լեւոնը (1855-1925), որ, «ժամանակի պայմաններուն ու անձնական դժուարութիւններու» պատճառաւ Փարիզ փոխադրուած է ու հոն ալ մահացած։
Բայց Պալեան անունը, որպէս ճարտարապետներու գերդաստանի անուն, ժամանակ մը եւս շարունակուած է շնորհիւ Պալի Պալեանի (1835-1911), որ բացառիկ արուեստագէտ էր ու անմիջական գործակիցը Պալեաններուն, ու իբր պատուոյ կոչում ստացած է ու պահած է Պալեան մականունը։ Իր զաւակը՝ Կարօն (1878-1960) ճարտարապետ է եղած, 1896-ին (այդ ալ ուրիշ դժխեմ ժամանակի մը մէջ) փոխադրուած է Պուլկարիա, ապա Գահիրէ։ Այնտեղ ինքն ալ համբաւ վաստկած՝ յօրինած է խտիւներու պալատները կամ շէնքերը։ Իր զաւակը՝ Հրազդան Պալեանը եւս ճարտարապետ էր։
Պալեանները կը յատկանշուին որպէս հաւաքական ուժ գործած գերդաստան։ Անոնք ունեցած են ընտանեկան համագործակցութիւն եւ յաջողած իրենց տարբեր անդամներու տաղանդն ու ձիրքերը ի մի բերել եւ աւելի արդիւնաւէտ ասպարէզ մը ունենալ։ Արդէն անոնց աւարտն ալ մասամբ հետեւանք է այդ երկարամեայ ներգործակցութեան տկարացման։
Կ՚աւելցուի նաեւ, թէ ամիրաներու եւ Պալեա՛ն ամիրաներու օրով է, յատկապէս 1820-1840, որ կարելի է եղած շրջանցել մինչ այդ առկայ կայսերական-պետական արգելքները ու նորոգել հայկական եկեղեցիներն եւ հաստատութիւնները ու կերտել նորերը։ Սա արդէն Պալեաններու տարբեր ներդրումն է, յատկապէս հայկական տեսանկիւնէ։
Դժբախտաբար Պալեանները իրենց ճարտարապետական յղացքներուն եւ մօտեցումներուն մասին որեւէ գրաւոր վաւերաթուղթ չեն ձգած, կամ նման վաւերաթուղթեր չեն գտնուած, սակայն անոնց պատմութիւնը արձանագրուած է իրենց կերտած յուշարձաններուն եւ գծագրութիւններուն միջոցաւ։
Գրքին գլխաւոր բաժինը կը հանդիսանայ «Պալեան արխիւի ցուցակը» գլուխը, շուրջ 200 էջ, եւ աւելի քան 200՝ եթէ նկատի առնենք, որ բազմաթիւ էջեր ունին կրկնակի չափեր, ներծալ, բացուելով ու ցուցադրելով մեծ գծագրութիւններ՝ երբեմն մինչեւ չորս էջերու լայնքին։
Այդ գծագրութիւնները յատակագիծեր են, ճակատներ ինչպէս նաեւ մէկական արուեստի գործ հանդիսացող ներսոյթներ (ներքնամասեր), որոնք կը պարզեն շէնքերու տեղադրման, յօրինումի եւ զարդարման մէջ Պալեաններու անզուգական տաղանդը։ Այստեղ է, որ կ՚ըմբոշխնենք Չըրաղան պալատի, Եըլտըզի տաղաւարի, Ազիզիէի մզկիթի, Սարայպուրնու պահեստարաններու, Մաչքա զինարանի կամ տաղաւարներու եւ այլ շէնքերու մանրակրկիտ գծագրութիւնները, ինչպէս նաեւ նախորդ գլուխներուն մէջ զետեղուած լուսանկարները Տոլմապահչէ պալատի կամ ուրիշ շէնքերու։ Կը հանդիպինք այլեւ այդ շէնքերուն մէջ զետեղուած կահաւորման կամ ջահերու եւ այլ օժանդակ իրերու, ընդհանրապէս այլոց կողմէ ստեղծուած, որոնք վարպետօրէն համարկուած են Պալեաններու ճարտարապետութեան մէջ։ Նաեւ իրապէս տպաւորիչ է Պէշիկթաշի սիւնազարդ ու կամարազարդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանին լուսանկարը, 1860-ի շուրջ առնուած։ Չկառուցուած Ազիզիէ մզկիթը, իր ծրագրուած չորս մինարէթներով, պիտի հանդիսանար օսմանեան եւ իսլամական ճարտարապետութեան գլուխ-գործոցներէն մէկը։
Մատենագիտութեան ընդարձակ գլուխով մը, 7 էջերու վրայ, ապա անձնանուններու, տեղանուններու եւ շէնքերու նոյնպէս ընդարձակ ցուցակով մը կ՚ամբողջանայ այս մեծարժէք հրատարակութեան բովանդակութիւնը։
Օսմանեան կայսրութեան զարգացման մէջ հայ մարդուն, հայ քաղաքացիին ունեցած մեծ ներդրումին վկայութիւնը կը հանդիսանայ այս գործը, որ կու գայ հարստացնելու այս ուղղութեամբ ասկէ առաջ կատարուած աշխատանքը եւ մեծ ծառայութիւն մըն է որ կը մատուցէ թէ՛մե՛ր եւ թէ՛ աշխարհի մշակոյթին ու պատմութեան։
Վարձքը կատար այս գիրքը ստեղծողներուն։ Կը յուսանք, որ հետաքրքրուողները կարենան գնահատել եւ ոչ միայն անկէ օրինակ մը ուզեն ունենալ իրենց գրադարանին մէջ, այլեւ նախանձախնդիր ըլլան զայն տարածելու՝ նուիրելով հայ թէ օտար վարժարաններու, գրադարաններու եւ կեդրոններու, այդպիսով նպաստելով մեր ազգի առաւել ճանաչման(*)։

(սոյն գրութեան աւելի ընդլայնեալ տարբերակը կարդալ «Դրօշակ»-ի 2021 մայիսի թիւին մէջ)

*) Հատորը կարելի է ապսպրել www.thebalyans.com կայքէջէն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *