ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
1. Կ՚երդնունք, որ պիտի շարունակենք պայքարը…
Բոլորս ալ հակամէտ ենք գործածելու այսպիսիները՝ կ՚երդնում, կը զբօսնուս, կ՚ընթեռնու, պիտի թողուր…
Իսկ եթէ շարունակել պէտք ըլլայ այս բայերու խոնարհումը՝ տարածելու զայն այլ դէմքերու, թիւերու, եղանակներու ու ժամանակներու վրայ, — ապա կը կարծեմ, թէ բոլորս ալ պիտի անճրկինք. միայն հմուտ գրաբարագէտ մը պիտի կարենար ընել այդ մէկը, եթէ իրապէս հմուտ գրաբարագէտ մնացած է ի մերում կողմանս:
Բայց եւ այնպէս մեր աշխարհաբար բառարանները կը յորդին նման բայերով. օրինակ՝ երդնուլ, լնուլ, հեղուլ, յենուլ, ընթեռնուլ, զարթնուլ, զգենուլ, ոստնուլ, այտնուլ, ցասնուլ, ցածնուլ, զենուլ, յեռուլ…եւ այլն, որոնց ոչ խոնարհումը ծանօթ է, ոչ ալ, երբեմն, նշանակութիւնը. քանի՞ հոգի գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ այտնուլ, ցասնուլ, յեռուլ: Բայց եւ այնպէս ասոնք բառարանէ-բառարան եւ սերունդէ-սերունդ հաւատարմօրէն կը փոխանցուին իբրեւ լեզուական մոմիաներ:
Ասոնց ոչ մէկը կը գտնենք արեւելահայ արդի բառարաններու մէջ, որովհետեւ… արդի հայերէնին մաս չեն կազմեր ասոնք: Իսկ բառարան ըսուածը թանգարան չէ, ուր կարելի ըլլայ պատմական հնութիւններ ցուցադրել:
Պարզ է, որ հետագայ բառարանագիրը պարտի ասոնց մէկ մասը արտաքսել՝ պահելով անոնց արդի աշխարհաբար հոմանիշները, մնացեալին տալ աշխարհաբարեան կառոյց ու լծորդութիւն. օրինակ՝
—երդնուլ > երդում տալ, երդուիլ (կ՚երդուիմ, երդուեցայ, երդուի՛ր)
—լնուլ > լեցնել
—հեղուլ > հեղել, թափել
—յենուլ > յենել
—ընթերռնուլ > կարդալ, ընթերցել
—զարթնուլ > արթննալ, զարթնել (զարթնեցի, զարթնի՛ր)
—զգենուլ > հագնիլ, զգենալ (կը զգենամ, զգեցայ, զգեցի՛ր)
—ոստնուլ > ոստում կատարել, ոստնել (ոստնեցի, ոստնի՛ր)
—այտնուլ > ուռիլ
—ցասնուլ > զայրանալ, կատղիլ, ցասնիլ (ցասնեցայ, ցասնի՛ր)
—ցածնուլ > ցածնալ, ստորնանալ
—զենուլ > զենել, մորթել
—յեռուլ > յեռել (1), շարել, ընդելուզել, հիւսել
Այսպէսով մեր բառարաններէն կը վերնայ -ուլ լծորդութեան բայերու չարաշուք կերպարը, եւ անոնց առիթ կը տրուի մերուելու արդի լեզուին եւ փրկուելու կորուստէ:
2. Բայ-երկբայ-աներկբայ
Հայերէնը ունի յ-ով վերջացող միավանկ բառերու երկու տարբեր խումբեր.
ա) բայ, գոյ, խոյ, կոյ, հոյ, ճայ, նայ, պայ, վայ գոյականները, որոնց յ տառը կ՚արտասանուի:
բ) բայ, գայ, գոյ, լայ, կայ, տայ բայերը, որոնց յ տառը չ՚արտասանուիր:
Արտասանական այս երկփեղկուածութիւնը տեղի ունեցած է 7-8-րդ դարերուն:
Այստեղ նկատառութեան արժանի են երկու զոյգեր՝ բայ եւ գոյ, որոնք, ուրեմն, թէ՛ գոյական են, թէ՛ բայ: Աւելցնենք, որ ասոնք աշխարհաբարի մէջ կորսնցուցած են իրենց բայական նշանակութիւնը, եւ կը գոյատեւեն միայն իբրեւ գոյական:
Բայ՝ յառաջացած է բալ բայէն, որ կը նշանակէ ըսել, խօսիլ. ան բոլորովին մաշած ու պակասաւոր հասած է 5-րդ դար, ուր ան կը պահէր իր երբեմնի ամբողջական յարացոյցէն փշրանքներ միայն.
բամ-բաս-բայ-բամք-բայք-բան
Գոյ՝ յառաջացած է գոլ բայէն, որ կը նշանակէ ապրիլ, գոյութիւն ունենալ. սա իր կարգին բաւական մաշած հասած է 5-րդ դար.
գոմ-գոս-գոյ-գոմք-գոյք-գոն
գոյր-գոյին…գուցէ-գուցեն
Երկուքն ալ իրենց բայական երբեմնի արժէքին կից ծնունդ տուած են նաեւ գոյականներու: Բամ՝ տուած է բայ եւ բան գոյականները: Իսկ գոմ՝ տուած է գոյ, որ գոյական ու ածական է միաժամանակ եւ որմէ՝ գոյք յոգնակի գոյականը:
Միւս կողմէ անոնք տուած են բազմաթիւ ածանցաւոր ու բարդ բառեր, որոնցմէ մեր քննարկութեան առարկան կը հանդիսանան երկբայ եւ աներկբայ ածականները. աւելի ճիշդը՝ ասոնց արտասանութիւնը:
* * *
Գրաբարը ունէր, ուրեմն, երկբայ ածականը, որ կը նշանակէ կասկածելի, տարակուսական, անորոշ. սա զանազան զարգացումներով՝ երկբայական, երկբայաբար, երկբայօրէն, երկբայանալ եւ այլն, հասած է աշխարհաբար եւ իր վերջին արտասանուող յ-ով մտած է մեր բոլոր բառարաններուն մէջ… մինչեւ 1944 (2)։
Այս թուականէն անդին՝ 20-րդ դարու երկրորդ կէսին, երկբայ անհետացած է արեւելահայ բառարաններէն: Ենթադրելի է, որ Եզրաբանական յանձնաժողովի կերած ապուրներէն մէկն է այս ալ: Չեմ մանրամասներ, մենք քանիցս անդրադարձած ենք այդ միջոցին տեղի ունեցած լեզուական խեղումներու (3):
Երկբայ իր կարգին տուած է աներկբայ ածականը, որ կը նշանակէ ամեն տարակոյսէ, կասկածէ, երկւութենէ զերծ. պայծառ, յստակ, դիւրիմանալի եւ այլն: Այս ածականը եւս համահայկական է եւ կը գտնուի բոլոր բառարաններու մէջ:
Սակայն ի՞նչ արտասանութեամբ:
Մեր քննակումի կիզակէտը ահա այս բառին արտասանութիւնն է:
* * *
Ինչպէ՞ս արտասանել աներկբայ ածականը, — աներկբա՞յ, թէ՞ աներկբա (այսինքն՝ առանց վերջի յ-ի): Այլ խօսքով՝ վերը սերտուած զոյգ արտասանութիւններէն ո՞ր մէկուն տրամաբանօրէն կը յարի այս բառը՝ բայակա՞ն արտասանութեան, թէ՞ գոյականական:
Սկսինք արեւելահայերէնէն. Մալխասեան զայն կ՚արտասանէ «աներկբա»՝ առանց բառավերջի յ հնչիւնին: Նոյն կերպ կ՚արտասանեն միւս բառարանները՝ Էդ. Աղայեանն ու Ակադեմիայի քառահատորը: Այս ալ կը նշանակէ, թէ Արարատէն անդին բառս աներկբա է, ինչ որ կը զարմացնէ զիս. այո, իմ անձէս դուրս որեւէ մէկուն անունով չեմ կրնար զարմանք արտայայտել: Քանզի ես համոզուած էի, որ ան կ՚արտասանուի աներկբայ՝ բառավերջի յ-ով: Հիմա որ շատ կը կապուինք արեւելահայ բանաւոր ցանցերու, այստեղ ալ կը լսեմ նոյնը՝ աներկբա, եւ արդէն այս առիթով էր, որ գայթակղած, քանի մը անգամ նոյնը լսելէ ետք, դիմեցի բառարաններու օգնութեան, եւ ինչպէս ըսի արեւելահայ բոլոր բառարանները միահամուռ կը հաստատեն իրողութիւնը՝ աներկբա եւ ոչ թէ աներկբայ:
Եթէ Մալխասեան մեսրոպեան ուղղագրութեան թելադրանքով կը շարունակէ գրել, — մի՛այն գրել, — աներկբայ (բայց արտասանել աներկբա), ապա միւս երկուքը արդէն կը գրեն ըստ արտասանութեան, աբեղեանական ուղղագրութեամբ՝ աներկբա:
Քիչ մը առեղծուածային կացութիւն է այս. երբ Մալխասեան կ՚ընդունի երկբայ արտասանութիւնը՝ յ-ով, ինչո՞ւ այդ արտասանութիւնը պիտի փոխուի աներկբայ-ի առթիւ:
Իսկ ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ արեւմտահայ իրականութեան մէջ՝ բառարաններու թէ կենդանի արտասանութեան տեսակէտէ:
* * *
Ինչպէս ըսի, մերոնք բոլորը կը գրեն աներկբայ՝ հետեւողութեամբ մեսրոպեան ուղղագրութեան: Սակայն այստեղ ոչ մէկը նուազագոյն թելադրանքը կը կատարէ բառիս արտասանութեան մասին: Այլ խօաքով՝ մեր գրաւոր աղբիւրները չեն լուսաբաներ, թէ կ՚արտասանենք աներկբա՞յ, թէ՞ աներկբա:
Անդին կը մնայ կենդանի արտասանութիւնը:
Ահա այս պարագային ալ, ինչպէս վերը ակնարկեցի, իմ համոզումովս՝ ան կ՚արտասանուի աներկբայ՝ յ-ով: Եւ այս՝ իմ համոզումս է, որ… բաւարար չէ:
Ուստի կը դիմեմ ընթերցողներուս, որ իւրաքանչիւրդ ձեր սեփական հետազօտութիւնը կատարէք եւ ինծի գրէք, թէ ինչպէ՞ս պէտք է արտասանել այս բառը: Կը խոստանամ յաջորդիւ հրատարակել արդիւնքները: Եւ… շնորհակալութիւն:
Յետագրութիւն
Մեր ընթերցողնրուն պիտի թելադրեմ, որ եթէ միջոցը ունին, իրենց կարգին կատարեն փոքրիկ քննութիւն մը՝ հարցնելով իրենց շրջապատին, թէ ինչպէ՛ս կ՚արտասանեն աներկբայ բառը, եւ արդիւնքը ղրկեն ինծի, որպէսզի կարենամ աւելի ճոխ վիճակագրութիւն մը կազմել ու հրամցնել մեր ընթերցողներուն: Շնորհակալութի՛ւն:
armenag@gmail.com
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1 — «Շուրջն են յեռեր մարգրիտներ արցունքներու պէս պայծառ» (ԴՎ):
2 — Մալխասեան ունի երկբայ՝ բառավերջի արտասանուող յ-ով:
3 — Արեւմտահայ բոլոր բառարանագիրները ունին երկբայ՝ բացի Գնէլ արք. Ճերեճեանէն, որ առաջնորդուած է արեւելահայ բառարաններով: