ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ա.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Մեր անխոնջ աշխատակից Արմենակ Եղիայեան պարբերաբար կը վերլուծէ հայերէն մամուլին մէջ լոյս տեսնող ընգծելի թերիներ կամ այլապէս հայերէնի առօրեայ օգտագործման ընթացքին նկատուող անհեթեթութիւններ։ Ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնենք անոնցմէ առաջին քաղուածք մը։

ՇՈՒՏԱԼՈՒՏ

Մամուլի մէջ կարդացինք. «Մաքրոնի շուտալուտ այցելութիւնը Լիբանան…»
— Ի զուր պիտի փնտռէք ձեր բառարաններուն մէջ այս շուտալուտ կոչուած մարգարիտը, որուն հեղինակն է արեւմտահայ շնորհալի խմբագիր մը: Շատ որոշ է անոր տրամաբանութիւնը. ինչո՞ւ մօտ կրնայ տալ մօտալուտ, իսկ շուտ պիտի չտայ… շուտալուտ: Այո՜, արեւմտահայ լեզուաբանին համար, — ներողութիւն՝ խմբագիրին պիտի ըսէի, թող որ արեւմտահայ ամեն խմբագիր տեսակ մը լեզուաբան ալ է, — անկարելի բան չկա՜յ. վաղը ուրիշ մը կրնայ ըսել՝ հեռու-հեռալուտ, երրորդ մը՝ վեր-վերալուտ, չորրորդ մը՝ վար-վարալուտ… եւ այսպէս շարունակ՝ առանց մտածելու, — ի՞նչ պէտք կայ… մտածելու, — որ հայերէնը լուտ կոչուած ածանց մը չունի, որպէսզի աջ ու ձախ փակցնենք զայն:
Ջահուկեան հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ մօտալուտ-ին յառաջացումը. մօտ ածականը կրկնութեամբ տուած է մօտամօտ, — ինչպէս՝ զան-զանազան, մեծ-մեծամեծ, չար-չարաչար, — սա դարձած է մօտամուտ, — ինչպէս մենք ալ կ՚ըսենք՝ մարդ-մուրդ, մանր-մունր, վայ-վույ, — որ իր կարգին հնչիւնափոխուելով տուած է մօտալուտ: Ուրեմն՝
մօտ… > մօտամօտ…> մօտամուտ…> մօտալուտ
Այլ խօսքով՝ այստեղ ածանց թուող լուտ-ը հեռաւոր մօտ մըն է:

* * *

1895-ի ջարդէն ետք գիւղացիները ոչ հագուելիք, ոչ անկողին եւ ոչ ալ հաց ունէին ուտելու։

(«Հասկ», 4-5, 2020, էջ 204)

Անշուշտ ըմբռնելի է, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ ըսել այս նախադասութիւնը գրող տառապակոծ հայորդին, սակայն չի բաւեր, որ նախադասութիւն մը ըմբռնելի ըլլայ. շատ բաներ մենք կրնանք ըմբռնելի դարձնել զանազան նշաններով, շարժումներով, ճիչերով ու ծամածռութիւններով, ինչպէս կ՚ընեն ու զիրար կը հասկնան… համրերը, որոնք նախադասութիւն իսկ չեն կազմեր, ա՛լ ուր մնաց, թէ ճիշդ կազմեն:
Գրաւոր խօսքը, մանաւանդ երբ ան պատկառելի հաստատութեան մը պաշտօնաթերթն է, պէտք է նաեւ խնամուած ու ճիշդ ըլլայ ըստ ձեւի եւս: Ինչ որ պարագան չէ, դժբախտաբար:
Տեսնենք, թէ ինչո՛ւ:

1. Նախ կը գտնենք բառային սխալ կիրարկութիւն մը. հագուստը կը հագնինք, չենք հագուիր. ուրեմն՝ պարտէինք գրել՝ հագնելիք:

2. Բերուած նախադասութիւնը, այնպէս ինչպէս շարադասուած են անոր բառերը, քերականօրէն կը նշանակէ, որ հագուելիքը, անկողինը եւ հացը հաւասարապէս ուտելու կը ծառայեն, ուտելու առարկաներ են երեքն ալ:
Այո՜, երբ ձեր ծիծաղը վերջ գտնէ, նորէ՛ն կարդացէք օրինակը ու պիտի անդրադառնաք իրողութեան, որուն հապճեպ ընթերցումի առթիւ չենք անդրադառնար, եւ յանցաւոր չենք, քանի գրողը ի՛նք ալ չէ անդրադարձած:
Այս ամբողջ թիւրիմացութեան պատճառը ուտելու բառին սխալ տեղադրումն է. ան դրուած է նախադասութեան աւարտին եւ այդ պատճառով ալ ալ կը վերաբերի թէ՛ հագուելիքին, թէ՛ անկողինին, թէ՛ հացին. մինչդեռ ան պէտք է դրուէր հաց բառին ճի՛շդ առջեւը:
Սա՛պէս՝ «1895-ի ջարդէն ետք գիւղացիները ոչ հագուելիք, ոչ անկողին եւ ոչ ալ ուտելու հաց ունէին»:
Այս շարադասութեամբ՝ ուտելու առարկայ կը դառնայ մի՛այն հացը:
Այսքանը՝ ըստ ձեւի, այսինքն՝ ըստ քերականութեան:

3. Հիմա քիչ մը աւելի պիտի խորանամ՝ անոնց համար, որոնք կ՚ուզեն աւելի առաջ երթալ եւ աւելի խստապահանջ ու նախանձախնդիր են իրենց ոճին:
Բերուած օրինակին մէջ համադասուած են՝ հագուելիք, անկողին, (ուտելու) հաց:
Ասոնց կը պակսի համադասութեան հիմնական մէկ յատկանիշը, որ համասեռութիւն ըսուածն է: Այս համադասութիւնը համասեռ չէ: Այսինքն՝ զայն կազմող բառերը նոյն տեսանկիւնէն ու տարողութեամբ չեն բնորոշեր հասկացութիւնները. հեղինակը հագուստ ըսելու փոխարէն՝ ըսած է հագուելիք, իսկ յաջորդը կոչած է անկողին՝ փոխանակ կոչելու պառկելիք, երրորդն ալ կոչած է հաց՝ փոխանակ կոչելու ուտելիք:
Ինչպէ՞ս համասեռ դարձնել այս համադասութիւնը:
Ունինք երկու միջոց.
ա) հագնելիք — պառկելիք — ուտելիք
բ) հագուստ — անկողին — հաց
Իր ոճը խնամողը պիտի ընտրէ ասոնցմէ մէկը կամ միւսը:
Իսկ աւելի ճաշակաւորը պիտի ընտրէ երկրորդը. ինչո՞ւ, — որովհետեւ որքան կարելի է պէտք է խուսափինք դերբայները իբրեւ գոյական գործածելէ, այսպիսիները՝ հագնիլ, հագած, հագնելիք, շատ կը ծանրացնեն, կը ծանծաղեցնեն մեր խօսքը, եւ դժբախտաբար արեւմտահայ խմբագիրը պինդ կառչած է ասոնց, որովհետեւ մեր արդի գրողները շատ հեռու են ոճաբանական նրբութիւններու իմացութենէն եւ առ հասարակ մտքերնէն ալ չեն անցըներ սրբագրել այդ թերին:

4. Անդին կը գտնենք տակաւին ոճաբանական ե՛րկրորդ թերութիւն մըն ալ, այսինքն՝ երկրորդ անհամասեռութիւն մը. արդարեւ, բաղդատենք՝
հագուելիք — անկողին — ուտելու հաց
Համադասութեան առաջին երկու անդամները պարզ՝ միակի բառեր են, երրորդը՝ երկբաղադրիչ բառակապակցութիւն մըն է: Այս առումով պէտք է նմանապէս միատեսակ ըլլան անոնք:
Այսինքն՝ եթէ պիտի ըսենք ուտելու հաց, — ինչպէս ըսուած է, — ապա պարտէինք նաեւ ըսել՝ հագնելու հագուստ, պառկելու անկողին:
Ընդունելի, սակայն ուսանելի լուծում մը չէ այս. ծանծաղ բառակապակցութիւններ են երեքն ալ: Հագուստը կրնայ մի՛այն հագնելու ըլլալ, ինչպէս անկողինը՝ պառկելու, հացն ալ՝ ուտելու: Այլ խօսքով՝ աւելորդ են՝ հագնելու-ն, պառկելու-ն, ուտելու-ն:
Այս բոլորը նկատի առած՝ կ՚ակնկալէինք «Հասկ»-ի մէջ կարդալ.
«1895-ի ջարդէն ետք գիւղացիները ոչ հագուստ, ոչ անկողին եւ ոչ ալ հաց ունէին»:
Ինչ որ լռելեայն կը նշանակէ՝ հագնելիք, պառկելիք եւ ուտելիք չունէին:

Անշուշտ բոլորս ալ հակում ունինք ըսելու՝ «Եղբա՛յր, հիմա բան-գործ ձգած ասանկ պարապ բաներո՞վ ժամավաճառ պիտի ըլլանք, ժամանա՞կը գտար. տառապած ազգ ենք, Եղեռն ու Սիպիր տեսեր ենք, իսկ հիմա ալ Արցախ… Փաշինեան… Մանուկեան… Ալիեւ…»:
Եւ բոլորս ալ իրաւունք ունինք: Ի մասնաւորի՝ խմբագիրները, որոնք հիմա ազգին յառաջամարտիկները դարձած են ի հայրենիս եւ ի սփիւռս. այնքան ըսելիք ու գրելիք ունին:
Մինչ լեզուն միշտ կրնայ սպասել, ան վարժ է սպասելու:
Այո, բայց որքա՞ն, մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր:

* * *

ԱԹՍ

Այս՝ այսուհետեւ երիցս տխրահռչակ, սարքը օրին ալ չէի սիրեր, եւ պատճառը իր անշնորհք անունն էր՝ անօդաչու թռչող սարք:
Ոմանք, — շատ քիչեր ու շատ քիչ անգամ, — կը գրեն անօդաչու սարք, որ լիովին բաւարար է՝ բնորոշելու համար զայն: Երբ առարկայ մը անօդաչու կը կոչենք, բանիւ նովին ակնարկած կ՚ըլլանք հասկացութեան մը կամ սարքի մը, որ կը թռչի, սակայն առանց օդաչուի: Պատահա՞ծ է, որ մէկուն մտքէն անցնի «անօդաչու» կոչել թռչելու յատկութենէն զուրկ առարկայ մը, ըսենք՝ աթոռ մը, գիրք մը, կօշիկ մը կամ թէ լողացող, սողացող, քալող էակ մը:
Տրամաբանօրէն անօդաչու կրնայ ըլլալ միայն այն առարկան, որ օժտուած է թռչելու յատկութեամբ եւ սակայն… առանց օդաչուի:
Մարդկային բանականութիւնը ունի իր որոշ օրինաչափութիւնը, որ չի շեղիր, չի սայթաքիր եւ կը գործէ ամեն արարածի մէջ:
Եւ անօդաչու անուանումը գաղափարներու անշեղ զուգորդութեամբ կը թելադրէ թռչող հասկացութիւնը, որ հարկ չկայ կրկնելու եւ ծանրաբեռնելու այս եզրը:

* * *

«Արցախը անկասկած, պիտի վերադառնայ իր անցեալի փառքին»

Որքան ազնիւ ցանկութիւններ կրնան խափ-խայտառակ դառնալ ապիկար գրողին կամ խօսողին պատճառով, ինչպէս բերուած օրինակն է, որ իր կարգին ճիշդ մտածուած, սակայն սխալ շարադրուած է, — ինչպէս կը պատահի սովորաբար:
Յանցաւորը… ստորակէտն է, որ սխալ կամ անտեղի կիրարկուած է, այսպէս է, որովհետեւ արեւմտահայ գրողը շատ կարեւորութիւն չի տար նման աննշան բաներու:
Այդ ստորակէտին պատճառով նախադասութիւնը բաժնուած է երկու ոչ-ինքնաբաւ հատուածներու.
ա) Արցախը անկասկած…
բ) պիտի վերադառնայ իր անցեալի փառքին…
Այս երկուքէն ոչ մէկը ըստ ինքեան, այսինքն՝ առանձնաբար, բան մը կ՚ըսէ:
Եւ որպէսզի այս բառակոյտը կենդանութիւն եւ իմաստ ստանայ, պարտէինք գրել հետեւեալ երկուքէն մէկը.
ա) Արցախը, անկասկած, պիտի վերադառնայ իր անցեալի փառքին:
բ) Արցախը անկասկած պիտի վերադառնայ իր անցեալի փառքին:
Առաջինին մէջ անկասկած-ը վերածուեցաւ միջանկեալ խօսքի, մինչ բնագիրին մէջ ան որոշիչն էր Արցախ-ին եւ անոր հետ կը կազմէր մեկուսի բառակապակցութիւն մը: Իսկ Արցախ-ը՝ իբրեւ ենթակայ, կապուեցաւ պիտի վերադառնայ ստորոգիչին:
Միջանկեալ խօսքը կրնայ ըլլալ բառ մը, ինչպէս այստեղ է, բառակապակցութիւն մը, ամբողջ նախադասութիւն մը, աւելին ալ… ան քերականօրէն չի կապուիր խօսքի մնացեալ անդամներուն հետ. բանաւոր խօսքի մէջ կ՚արտասանուի աւելի անկեալ հնչերանգով: Պատկերացուցէք բեմին վրայ դերակատար մը, որ կը խօսի. կը պատահի, որ ան ձեռքը շեղակի բերանին տանի, դադրի խօսակիցին նայելէ, յառաջանայ դէպի հանդիսատեսները ու բաներ մը ըսէ հապճեպով ու քիչ մը ցած ձայնով, խօսակիցին անլսելի մնալու ճիգով… ահա այդ եւս միջանկեալ խօսք է, որ չի կապակցուիր խօսակիցին ուղղած խօսքի բովանդակութեան, անկէ դուրս է: Սա՛ եւս միջանկեալ խօսք է, բեմակա՛ն տարբերակը:
Երկրորդ տարբերակով մը ջնջեցինք ստորակէտը, եւ այս պարագային անկասկածը կը դառնայ նախադասութեան լիարժէք անդամը եւ կ՚որոշադրէ պիտի վերադառնայ ստորոգիչը. ինչպէ՞ս պիտի վերադառնայ, — անկասկած:
Այս պարագային կարելի է նոյնիսկ շեշտով մը օժտել զայն՝ ա՛նկասկած:

* * *

«Նախագահ Պայտընի երդմնառութեան օրը»…

(«Պայքար», թիւ 207, էջ 2)

Ես հիացում ունիմ անոնց հանդէպ, որոնք… նոր բառ կը հնարեն:
Վրէժ-Արմէնը վկայ է, որ անկեղծ եմ. ատենը մէյ մը զինք շնորհաւորելու առիթ կ՚ունենամ, աւելի ճիշդը՝ ինք կը ստեղծէ այդ առիթը իր նորագիւտ ու շնորհալի բառերով, որոնք քիչ մըն ալ բարի նախանձս կը գրգռեն:
Բայց…
Հիմա դառնանք մեր փարախը. երբ ընտրեալ նախագահ մը աջ ձեռքը կը բարձրացնէ եւ աւագ դատաւորին ու ազգի ներկայացուցիչներու առջեւ կ՚երդնու՝ ստանձնելու համար իր պաշտօնը… ան երդում առա՞ծ, թէ՞ տուած կ՚ըլլայ…
Որքան ես գիտեմ՝ տուած կ՚ըլլայ:
Անցեալին հայը կ՚ըսէր երդնուլ, ներկայիս կ՚ըսէ երդուիլ, նաեւ՝ երդում տալ, ժողովրդախօսակցական ոճով՝ երդում ուտել: Բայց ոչ՝ երդում առնել: Հետեւաբար երդմնառութիւն-ը ճիշդ յղացք մը չէ, չունինք երդմնատւութիւն եւս, որ սպասելի բառ մըն է, եւ եթէ հանդիպէի այս մէկին, բնաւ պիտի չգայթակղէի:
Այս պարագային մեր ունեցածը պաշտօնակալութիւն բառն է:
Որ կը նշանակէ պաշտօն մը ստանալը, ստանձնելը:
Անշուշտ ոչինչ կ՚արգիլէ, որ դուք հնարէք աւելի լաւը:
Վասնզի ամեն հայերէն խօսողի ու գրողի իրաւունքն է բառեր ստեղծել ու փորձել զայն տարածել ու յանձնել ժամանակի ահեղ, բայց եւ անաչառ դատաստանին պայմանաւ անշուշտ, որ քիչ մը կուտուկորկոտ ունենայ ան: Վերջին որոշումը տուողը կ՚ըլլայ լեզուն, այսինքն՝ զայն կիրարկող հաւաքականութիւնը:

* * *

ՄԻԱ՛ՅՆ թէ՞ ՄԻ՛ԱՅՆ

Մեր գրողներու 99 տոկոսը կը շեշտէ միայն բառին ա ձայնաւորը:
Ուրկէ՞ կու գայ այս սովորութիւնը, իմա՝ մոլորութունը, — չեմ գիտեր, միայն գիտեմ, թէ այնքան խոր հաստատուած է ան մեր մէջ, որ այլեւս կարծես անօգուտ է զայն խնդրոյ առարկայ դարձնել:
Մինչդեռ մեր արդի արտասանութեամբ՝ կը շեշտենք ի ձայնաւորը: Փորձեցէ՛ք քանի մը անգամ փոխնիփոխ շեշտել մէկ կողմէ ի, միւս կողմէ ա ձայնաւորը, եւ վստահաբար պիտի անդրադառնաք, որ ա ձայնաւորը շեշտելի չէ կամ թէ կը ստացուի բոլորովին բռնազբօսիկ շեշտադրում մը: Մինչ որքան հեզասահ ու բնական է ի-ի շեշտադրումը՝ մի՛այն: Միւս կողմէ անշուշտ՝ մի՛միայն:
Երբ հարցը բարձրացուցի առաջին անգամ, կարգ մը ընթերցողներ գրեցին, թէ իրենք կը կիրարկեն առաջինը, իսկ ընթերցող մըն ալ գրած էր, թէ մեր հոգեւոր (իմա՝ գրաբար) գրականութեան մէջ կը գտնէ միա՛յն, մինչ ինք իր առօրեային մէջ կը կիրարկէ մի՛այն: Ահա՛ եզակի արեւմտահայ մը, որ գիտէ վերլուծել իր արտասանութիւնը…

Ես միտքս շատ չարչարած եմ, թէ ուրկէ՛ յառաջացած է միա՛յն աւանդոյթը, որ խորթ է մեր արդի շեշտադրումին: Եւ ահա դիմեցի «Նոր հայկազեան»-ին, ուր իրօք կը գտնեմ միա՛յն: Ամենայն հաւանականութեամբ ա՛յս էր, որ հետագային մեկնակէտ կամ օրինակ ծառայեց յետնորդներուն ու այդպէս ալ նուիրականացաւ:
Արդ, գրաբարի ու աշխարհաբարի մէջ միայն նոյն բաները չի նշանակեր, ուստի նոյն կիրարկութիւնն ու շեշտադրումն ալ չունի ան:
Գրաբարի մէջ միայն կը նշանակէր «մէն, մեկին, մին, միակ, առանձնական, եզական, սոսկական, միայնաւոր, առանձին ոք կամ ինչ» («Նոր հայկազեան»), — աշխարհաբար՝ մինակ, թրքերէն՝ եալընըզ: Ասոնք բոլորը ածականներ են, որոնք դրուելով գոյականի կամ դերանունի վրայ, կ՚որոշադրեն զայն, ցոյց կու տան անոր որպիսութիւնը, մինչ աշխարհաբարի մէջ միայն-ը վաղուց դադրած է իբրեւ ածական գործածուելէ. ան այլեւս ածական չէ՛:
Հոն ուր շարականագիրը կ՚ըսէ «միա՛յն սուրբ, միա՛յն Տէր, Յիսուս Քրիստոս…», — այս կը նշանակէ «Քրիստոս, դուն միա՛կ սուրբն ես, միա՛կ Տէրն ես», եւ այս պարագային իրօք ալ եւ ըստ կանոնի կը շեշտուի ա ձայնաւորը, որ բառիս վերջինն է:
Այլ օրինակներ՝
— Չեմ միայն, զի հայր ընդ իս է:
(Առանձին չեմ, քանզի Աստուած ինծի հետ է)
— Նա միայն էր մօրն:
(Ան մօրը մէկհատիկն էր)
— Եղէ ես որպէս ճնճղուկ միայն:
(Ես մինակ ճնճղուկի նմանեցայ կամ միայնակ ճնճղուկ դարձայ)
Այս բոլոր կիրարկութեանց մէջ միայն կը շեշտուի հայերէնի ընդհանուր կանոնով, այսինքն՝ վերջաշեշտ է՝ միա՛յն:
Մալխասեան տուած է մօտաւորապէս 45 կիրարկութիւն, որոնց մէկ հատը միայն ունի գրաբարեան առանձին, միայնակ նշանակութիւնը՝ «Ես միա՛յն մնացի», — ուր շեշտուած է ա ձայնաւորը, իսկ մնացեալները կիրարկուած են արդի իմաստով եւ ոչ մէկը շեշտուած է:
Աշխարհաբարի մէջ, ուրեմն, այս իմաստը անհետացած է, եւ միայն այլեւս ածական չէ, ուրիշ՝ եղանակաւորող բառ մըն է, որ կրնայ դրուիլ նախադասութեան ո՛րեւէ մէկ անդամի վրայ եւ կը նշանակէ բացառապէս, բացառաբար եւ ունի սաստկական մըն ալ՝ մի՛միայն, եւ ասոնց մէջ շեշտուողը առաջին ձայնաւորն է՝ ի:
Օրինակ՝
Ան շահածը կը մսխէ:
Մի՛այն ան շահածը կը մսխէ (բացառաբար ան՝ ուրիշ ոչ ոք):
Ան մի՛այն շահածը կը մսխէ (բացառաբար շահածը՝ ուրիշ ոչ մէկ բան):
Ան շահածը մի՛այն կը մսխէ (բացառաբար կը մսխէ՝ ուրիշ բան չ՚ը՛ներ՝ չի՛ պահեր, չի՛ խնայեր, չի՛ նուիրեր, օգուտ մը չի՛ քաղեր, չ՚ո՛ւտեր, չի՛ խմեր):
Իմաստային կամ կիրառական այս այլազանութիւնը «Նոր հայկազեան»-ի վերը մէջբերուած ածականական նշանակութիւններով չենք կրնար արտայայտել:
Հետեւինք՝ մի՞թէ նոյն բանն են.
— Ան մօրը միա՛կն էր:
— Ան մի՛այն մօրն էր:
Առաջինը կը նշէ անոր մէկ հատիկ ըլլալը, ուրիշի մը բացակայութիւնը, մինչ երկրոդը կը նշէ անոր բացառաբար մօրը, — եւ ուրիշ ոչ մէկուն, — պատկանիլը:
— Դուն միա՛կ սուրբն ես:
— Դուն մի՛այն սուրբ ես:
Առաջինը կը նշանակէ քեզմէ բացի ուրիշ սուրբ չկայ, մինչ երկրորդը կը նշանակէ դուն բնութեամբ սուրբ ես, որեւէ ուրիշ բան չես:
Եւ աշխարհաբարեան այս նշանակութիւնները ի յայտ կու գան մի՛միայն ի ձայնաւորի շեշտադրութեամբ՝ մի՛այն: Կեղծ, արուեստական ու անթելադիր շեշտադրում մըն է միա՛յն-ը: Եւ այսպէս չի շեշտադրեր արդի հայը: Այլ հարց, թէ ան կ՚արտասանէ մի՛այն ու կը գրէ միա՛յն, ինչո՞ւ, — որովհետեւ տեղ մը վարժապետ մը նախապաշարած է զինք, որ հայերէնը կը շեշտէ բառին վերջին ձայնաւորը. ըստ այսմ ալ՝ ան կ՚արտասանէ չ՚ա՞ռներ, ու նոյն «տրամաբանութեամբ» կը գրէ չ՚առնե՞ր՝ նոյն «ուսմունքին» թելադրանքով: Այսպէս «կը տրամաբանէ» նաեւ մեր վեղարաւոր ու անվեղար մտաւորականութեան… 99 տոկոսը:
Փորձեցէ՛ք եռակի կամ քառակի ուժգնութեամբ փոխն ի փոխ արտասանել՝ մի՛այն եւ միա՛յն՝ անդրադառնալու համար վերջինին արհեստականութեան:

Մի՛այն-ի առաջին ձայնաւորի շեշտադրումին ի նպաստ կը խօսի նաեւ մի՛միայն-ը, որ իր սաստկական տարբերակն է, եւ որուն շեշտադրումը անվիճելի է:
Մի՛այն-ի ի նպաստ կը խօսի նաեւ մին բառը, որ միայն-էն յառաջացած է հետեւեալ ձեւով. միայն կորսնցուցած է նախ ա անշեշտ մնացած ձայնաւորը, ու դարձած է միյն, իսկ այս վերջինը չէր կրնար գոյատեւել հայերէնի մէջ, քանի հայերէնը կը մերժէ իյ հնչիւնախումբը. իյ-ով բառ չունինք՝ բացի իյնալ-էն, որ եզական բացառութիւն մըն է եւ ունի բարբառային աղաւաղ կառոյց մը:
Հետեւաբար լեզուն հետզհետէ դարմանած է այս խորթութիւնը եւ միյն դարձած է մին: Այս արդիւնքին պիտի չկարենայինք հասնիլ, եթէ միայնա ձայնաւորը շեշտակիր ըլլար, քանի որ շեշտակիր ձայնաւորը չ՚անհետանար, մի՛այն անշեշտ ձայնաւորն է որ դատապարտուած է կորուստի: Մինչ անդին ի ձայնաւորը անվթար մնացած է, որովհետեւ շեշտակիր եղած է:
Միայնի ձայնաւորի շեշտումի մէկ փաստն է նաեւ մինակ աշխարհաբարեան բառի յառաջացումը, որ գրաբարի մէջ միայնակ էր. սա իր կարգին կորսնցնելով իր առաջին ա անշեշտ ձայնաւորը՝ տուած է, միյնակ, որ վերոնշեալ ծանօթ պատճառով դատապարտուած էր դառնալու մինակ:
Բերենք վերջին փաստարկում մը եւս՝ աւելին ցանկացողներուն համար:
Միայն-ը գումարն է մի «մէկ» արմատին եւ այն դերանունին, որ կը սկսի այ երկբարբառով:
Այս նոյն արմատով կազմուած է միւս ցուցականը, որ գումարն է մի եւ եւս բառերուն. այս վերջինը իր կարգին կը սկսի եւ երկբարբառով: Այս կը նշանակէ, որ բառս նախապէս եղած է միեւս, որ միւս դառնալու համար՝ կորսնցուցած է ե ձայնաւորը, որ շեշտազուրկ էր, — ճի՛շդ իրեն համապատասխանող եւ նո ՛յն դիրքի վրայ գտնուող ա-ին պէս, — եւ պահած է ի ձայնաւորը, որովհետեւ շեշտակիր է:
մի՛այն > միյն > մին եւ մի՛եւս > միւս
Միեւս-ին եւ միւս-ին դասական արտասանութիւնները աւելի թելադրական են, սակայն հարցը կրնայ ճապաղիլ, ուստի կանգ կ՚առնեմ. ասոնք բաներ են, որոնք, աւելի ըմբռնելի դառնալու համար, պէտք է բերանացի ուսուցուին՝ կենդանի շեշտադրութեամբ:

* * *

«Ամեն բան բախտին եւ օտարի քմահաճոյքին պէտք չէ ձգել»(*):

Կա՞յ խելքը գլուխը հայ մը, որուն ծանօթ չըլայ այս ասոյթը, դուք ըսէք՝ իմաստութիւնը: Քաւ լիցի, ատանկ բան չկա՜յ, զի ամեն հայու խելքը գլուխն է եւ ամեն հայ իմաստուն է:
Սակայն այս չի նշանակեր, թէ ամեն հայ հայերէն գիտէ:
Այլապէս մէջբերուած ասոյթը նման բանաձեւում պիտի չունենար:
Արդ, ի՞նչն է որ հարթ չ՚ընթանար այստեղ:
Հարցը հետեւեալն է. հայերէնի, — եւ ոչ միայն հայերէնի, — մէջ ամեն, որ համրանք, չափ, քանակութիւն ցոյց տուող բառ է, տարբեր ծաւալ, տարողութիւն ու ընդգրկում կը դրսեւորէ՝ նայած, թէ իր հետ կիրարկուող բայը դրակա՞ն է, թէ՞ ժխտական:
Այսպէս՝
ա) Ամեն աշակերտ փողկապ կապած էր:
բ) Ամեն աշակերտ փողկապ կապած չէր:
Ուրեմն առաջինին մէջ ունիմ կապած էր, երկրորդին մէջ կապած չէր:
Առաջինով, շնորհիւ ամեն-ին, ներառուած են բոլոր աշակերտները, աշակերտներու ամբողջութիւնը. բոլորը փողկապ կապած են:
Սակայն, մինչ կ՚ակնկալուէր, որ երկրորդը ժխտէր, բացառէր աշակերտութեան՝ իբրեւ փողկապ չկապողներու ամբողջութիւնը, ահա կը նկատենք որ այդպէս չէ. որովհետեւ տարրական հայերէն գիտցողին համար ալ երկրորդը կը նշանակէ՝ մէկ մասը փողկապ կապած էր, ուրիշ մաս մը փողկապ կապած չէր. այս ա՛յս կը նշանակէ:
Այլ խօսքով՝ եթէ ամեն-ով հաստատումը ամբողջական է, ժխտումը ամբողջական չէ, այլ մասնական է միայն:
Վերադառնանք մայր օրինակին:
«Ամեն բան բախտին եւ օտարի քմահաճոյքին պէտք չէ ձգել», — բոլորիս համար ալ ըմբռնելի է, որ այսպէս գրողը ամբողջական ժխտում կ՚ակնկալէր, ամբողջական ժխտումի կը միտէր, որովհետեւ անհեթեթ է պատկերացնել հրապարակագիր մը, — որ ընթերցողներուն խիղճն է, — որ ընդունէր, թէ «ամեն բանի մէկ մասը բախտին եւ օտարի քմահաճոյքին չձգուէր», իսկ «միւս մասը բախտին եւ օտարի քմահաճոյքին ձգուէր»:
Հարցը այն է, որ «բախտին եւ օտարի քմահաճոյքին բոլորովին չձգելու» կերպը լեզուականօրէն բանաձեւել չի գիտեր ան եւ կիսկատար կը բանաձեւէ զայն:
Այսպէս է, որովհետեւ չեն սորվեցուցած իրեն, թերի կրթութիւն ստացած է, ինք ալ իր կողմէ որեւէ ճիգ չէ թափած վերնատունին խաւարը լուսաւորելու, գէթ մոմ մը վառելու այնտեղ: Հակառակ ատոր՝ ձեւով մը հասած է խմբագրատուն, ուրիշ ձեւով մը գրաւած է խմբագրական աթոռ մը եւ արդէն հասած է իր սուրբ նպատակին ու առաքելութեան վախճանին, վասնզի անոր առաքելութիւնը աթոռ մը գրաւելն էր:
Աթոռն ու առաքելութիւնը շփոթողները հիմա այնքան շատցած են որ…

Ջանանք զանազանել՝
Ամեն բան բախտին ու օտարի քմահաճոյքին պէտք է ձգել:
Ամեն բան բախտին ու օտարի քմահաճոյքին պէտք չէ ձգել:
Ոչինչ բախտին ու օտարի քմահաձոյքին պէտք է ձգել:
Ուրեմն՝ մեր խմբագրին ըսել ուզածը վերջին տարբերակն է, ուր ամեն բան-ին ամբողջական ժխտումը կատարուած է ոչինչ-ով եւ ոչ ժխտական բայով մը, որ երկրորդ տարբերակին պարագան է եւ որը մասնակի ժխտում ցոյց կու տայ:

Ամեն բառի տնտեսումին ենթակայ են ուրիշ բառեր եւս.
ա) ամեն, ամեն մէկ, բոլոր, իւրաքանչիւր, ողջ, ամբողջ, համայն, ամենայն:
Ասոնք ածականական յատկութեամբ օժտուած բառեր են. ամեն օր, ամեն մէկ ժամ…
բ) ամենը, ամենքը, ամեն ինչ, ամեն ոք, իւրաքանչիւրը, իւրաքանչիւր ոք:
Ասոնք գոյականական յատկութեամբ օժտուած բառեր են. ամենը գրեցի, ամեն ինչ վերջացաւ…
Բերուած միաւորներուն բոլորն ալ քանակութեան մը ամբողջութիւնը ցոյց կու տան, հանրական դերանուններ են, եւ շատ դիւրաւ կրնան փոխարինել զիրար:
Ասոնց ժխտումը կը ստանաք՝
ա) ոչ ոք, ոչ մէկ, ոչինչ,
բ) ոչ մէկը
համապատասխան հանրական ժխտական դերանուններով:
Ինչպէս նաեւ՝ բնաւ, երբէք ժամանակական քանակական մակբայներով:
Օրինակ՝
— Ամեն օր ներկայ է: — Ոչ մէկ օր ներկայ է: — Բնաւ ներկայ չէ:
— Ամբողջ գումարը մսխեց: — Ոչ մէկ գումար մսխեց: — Ոչինչ մսխեց:
— Բոլորին հասաւ: — Ոչ մէկուն հասաւ: — Ոչ ոքի հասաւ:
— Ամեն ոք ներկայացաւ: — Ոչ մէկը ներկայացաւ: — Ոչ ոք ներկայացաւ:
— Համայն հայութիւնը ներկայ էր: — Ոչ մէկ հայ ներկայ էր:
— Ամենքը ընդունեցին: — Ոչ ոք ընդունեց: — Բոլորը մերժեցին:

(Շարունակելի)

*) Հեղինակը գրած էր «ամէն», հակառակ որ այլուր համամտութիւն յայտնած է «Հորիզոն գրական»ի որդեգրած «ամեն» գրելաձեւին։ Խմբ.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *