Artsvi Bakhchinyan
Այս անգամ Արծուի Բախչինեան կը զրուցէ ալճերիական եւ հայկական արմատներով ֆրանսացի նկարիչ, բեմագրող, գծավէպի վարպետ Ֆարիտ Պուճելլալի հետ։ 1953-ին Թուլոն (Ֆրանսա) ծնած Պուճելլալ ֆրանսախօս երկիրներուն մէջ ճանչցուած է իր ընտրած ասպարէզին մէջ ցեղային խտրականութեան, հանդուրժողականութեան եւ հանրային այլ թեմաներու արծարծումով, յատկապէս սիրուած են անոր գծավէպերը Փըթի Փոլիօ անունով հերոսին մասին։ Պուճելլալ հրատարակած է նաեւ «Հայ Մեծ-Մաման» (Mémé d’Arménie) գծավէպը (թարգմանաբար լոյս տեսած է նաեւ հայերէն եւ թրքերէն՝ Իսթանպուլի մէջ), ներշնչուած իր հայ մեծ մօրմէ՝ Մառի Պետրոս Գարամանեանէ, որ եղած է օսմանահպատակ եւ Ցեղասպանութենէ ետքը ապաստանած է Ալճերիա, ապա՝ Ֆրանսա… Continue reading “Farid Boudjellal, l’auteur de « Mémé d’Arménie »”