ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ո՞վ է Նաղաշ՝ Ղարիպը
Մկրտիչ Նաղաշ (1394-1470) հայ յարգուած բարձրաստիճան եկեղեցական ղեկավար մըն էր՝ Տիգրանակերտի (Ամիդի) եպիսկոպոսը, որ ցասում պատճառեց Օսմանեան իշխանութիւններուն, երբ այնտեղ կառուցեց զանգակատուն մը, որ աւելի բարձր էր քան մօտակայ բոլոր մզկիթները։ Այդ պատճառաւ աքսորուեցաւ։ Ան նաեւ բանաստեղծ էր եւ մանրանկարիչ (որմէ՝ իր անունը) ու կը գրէր թափառական հայրենազուրկի, ղարիպի վիճակին մասին եւ կ՚արտայայտուէր աւելի ռամիկ, աշուղական ոճով՝ դիւրաւ մատչելի ըլլալու համար իր ժողովուրդին։ Կղերական եւ գիտուն մարդ ըլլալով հանդերձ՝ Նաղաշ բանաստեղծութիւնը գործածեց որպէս խոնարհ ժողովուրդի հետ հաղորդակցութեան միջոց: Իրմէ մեզի հասած են փունջ մը բանաստեղծութիւններ եւ քանի մը մանրանկարներ՝ Աստուածաշունչի գիրքերուն վրայ հիմնուած։
Ո՛վ է Ճան Հոտեան
Ցեղասպանութենէն վերապրողներու շառաւիշ՝ ան մեծցած է Ֆիլատելֆիա եւ Նիւ Եորք, ապրած է Պերլին (Գերմանիա), մինչեւ որ հաստատուած է Երեւան։ «Որպէս յօրինող/մեկնաբան, գործիս բերումով տեւաբար կը ճամբորդեմ աշխարհի տարածքին, յաճախ ունենալով այն զգացումը թէ անտունի մըն եմ՝ նոր ժամանակներու ղարիպ մը, որ կ՚ապրի իր հայրենիքէն հեռու, որ անկարող է նոյնիսկ սահմանելու թէ ի՞նչ է ըլլալու այդ հայրենիքը…»։
Եւ ո՞վ է Վիեբկէ Զոլման
Wiebke Zollmann ծնած է 1990-ին՝ Գերմանիա։ «2009-ին էր, որ առաջին անգամ Հայաստան գացի՝ որպէս կամաւոր աշխատելու համար Կենդանական աշխարհի ու մշակութային հարստութիւններու պահպանման հիմնարկին համար։ Աւելի ուշ Պիենի մէջ (Զուիցերիա) հետեւեցայ ստեղծագործական գրականութեան, 2014_2015 դասաւանդեցի Բրիւսովի անուան համալսարանին մէջ, Երեւան, յետոյ՝ 2016-ին, սկսայ աշխատիլ Նաղաշ համոյթին հետ»։ Տիկ. Զոլման գրագիտուհի է, կը գրէ թէ՛ արձակ, թէ՛ չափածոյ եւ թէ՛ հրապարակագրական յօդուածներ. ան նաեւ մերթ ընդ մերթ լուսանկարիչ է ու թարգմանիչ՝ անգլերէնէ, ֆրանսերէնէ եւ հայերէնէ՝ գերմաներէնի։
Ի՞նչ է Նաշաղ համոյթը
Թող Ճանը ինք լուսաբանէ. «Նաղաշ Համոյթը կազմելու միտքը ծագեցաւ երբ առաջին անգամ ըլլալով լսեցի Յասմիկի երգելը Գառնիի տաճարին մէջ: Հիմնականին մէջ ան միջնադարեան հոգեւոր երգեր կ՚երգէր. իր սքանչելի ձայնը, Գառնիի հիանալի լսողականութեամբ միասին, խորապէս դրոշմեցին հոգիս: Անկէ ետք որոշեցի անպայման յօրինել բան մը որ կարենայ այդ հնչիւնները գործածել նոր արտայայտութեամբ: Տարիներ առաւ, մինչեւ որ գտնեմ պատշաճ բնագրեր: Ամիսներ շարունակ պրպտումներ կատարեցի Երեւանի, Նիւ Եորքի եւ Պերլինի գրադարաններուն մէջ: Երբ որ վերջապէս հանդիպեցայ միջնադարեան հայ բանաստեղծ Մկրտիչ Նաղաշի գործի մէկ բեկորին, բառերը յորդեցան էջէն եւ հոսեցան հոգւոյս մէջ, եւ հասկցայ որ փնտռածս գտած եմ։ Այդ պահուն Երեւան էի, հետեւաբար կրցայ որոնել ու գտնել անոր բոլոր 15 քերթուաները: Երկար ժամանակ խորհրդածելէ ետք թէ ինչպէս զատեմ այն բանաստեղծութիւնները որոնք պիտի գործածեմ, որոշեցի վերջապէս բոլորն ալ ընտրել: Բառերը, թէպէտ իմացական, այսուհանդերձ ուղղուած են Նաղաշի ժամանակաշրջանի սովորական մարդուն, եւ կը կարծեմ, թէ անոնք նոյնքան այժմէական են այս օրերուն, որքան որ էին 1400-ական թուականներուն»։
Երաժշտութիւնը ինքնաբերաբար եկաւ բնագրերէն, — կ՚ըսէ ան։ Գործիքներու ընտրութիւնը նոյնպէս կը կատարուի «բնազդաբար»։ Յետադարձ ակնարկով ի յայտ կու գայ, որ անոնք կ՚ամբողջացնեն բառերը, «այն իմաստով որ կը բովանդակեն ձեւային տարրեր (լարային քառեակ եւ դաշնամուր), որոնք հաւասարակշռուած են հայ աւանդական գործիքներու (տհոլ, տուտուկ եւ ուտ) ճոխ հնչողականութեամբ»:
Ճան սակայն շատ վստահ չէր, թէ ինչ որ կը փորձէր ընել, իսկապէս կ՚արժէ՛ր ընել։ Իրապէս հայկական երաժշտութի՞ւն էր ստեղծածը։ «Ինքնութեան հարցը շատ կարեւոր է հայերուն համար, իմ պարագային՝ մեծ է մշակութայի՛ն ինքնութեան, յատկապէս երաժշտակա՛ն ինքնութեան հարցը», — կը խոստովանէր ան վերջերս (2019-06-11) «Համազգային»-ի Հ-բեմ (h-pem) կայքէջի աշխատակցուհի Լիլի Թորոսեանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին։ Կու գայ պահ մը, երբ կ՚ուզէ ունենալ Տիգրան Մանսուրեանի կարծիքը։ Անուանի յօրինողը, Ճանի հայթայթած նախնական արձանագրութիւն մը ունկընդրելէ ետք, «ձեռքը դրաւ ուսիս, հայեաքը ուղղեց աչքերուս եւ ըսաւ. “Ասիկա հին Կիլիկիոյ ձայնն է, վերստեղծուած՝ 21-րդ դարուն համար”»։
Հոտեան 2010-ին կը հիմնէ Նաղաշ համոյթը, նուագելու համար այդ նորաստեղծ երաժշտութիւնը: Բեմ բարձրացնելով Հայաստանի լաւագոյն մակարդակի երգիչներ եւ երաժիշտներ, Համոյթը իր առաջին ներկայացումը կը կատարէ 14 հոկտեմբեր 2012-ին, Երեւանի Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան դահլիճին մէջ: «Մինչ նախնական նպատակը նուագել էր այս խտասալիկին բովանդակութիւնը կազմող չորս գործերը, ձայնագրման ընթացքին, որոշեցի երգի վերածել մնացեալ տասնչորս բանաստեղծութիւնները եւս, եւ Նաղաշ համոյթը այսպէսով դարձաւ շարունակական յանձնառութիւն»:
Այսօր խումբը ունի երեք երգչուհիներ՝ Յասմիկ Բաղդասարեանէ(սոփրանօ — զիլ), Տաթեւիկ Մովսէսեան (սոփրանօ — զիլ), Արփինէ Տէր-Պետրոսեան (ալթօ) եւ չորս երաժիշտներ՝ Արամայիս Նիկողոսեան (ուդ), Էմմանուէլ Յովհաննիսեան (դուդուկ), Տիգրան Յովհաննիսեան (դհոլ) եւ ինքը՝ Ճան Հոտեան (դաշնակահար եւ յօրինող)։ Զոլման ընթերցողն ու վարիչն է Համոյթին։ «Աքսորի տաղեր» եռերգութեան խտասալիկներու պատրաստութեան ատեն այլ արուեստագէտներ ալ հիւրաբար բերած են իրենց մասնակցութիւնը։
Վիեբկէն ուրկէ՞ ուր մաս կազմեց այս նախաձեռնութեան
Կը թուի հետաքրքրական ուղեւորութիւն մը։ «Սիրահարուեցայ Նաղաշ համոյթի երաժշտութեան երբ առաջին խտասալիկը կը պատրաստուէր։ Նեցուկ կանգնեցայ հանգանակութեան՝ այդ առաջին սալիկի հրատարակութեան համար։ Անոր տաղերէն խորապէս զգածուեցայ։ Մինչեւ 2016 օգնեցի խումբին թարգմանութիւններով եւ այլ սիրայօժար աշխատանքներով։ Անկէ ետք դարձայ Համոյթին Եւրոպայի ներկայացուցիչը։ Չափազանց գոհունակութիւն կը զգամ տեսնելով, թէ ինչպէս ցամաքամասի ամբողջ տարածքին տարբեր հանդիսականներ անհաւատալիօրէն դրական հակազդեցութիւններ կ՚ունենան այս երաժշտութեան նկատմամբ։ Ինծի համար այս երաժշտութիւնը հայ մշակոյթի բացառիկ “դեսպան” մըն է, եւ ես շատ երջանիկ եմ, որ կը կարողանամ օգնելու այս երաժիշտներուն, որ աւելի լայն հասարակութեան մը հասնին»։
Հայ երաժշտութեան ո՞ր յատկանիշն էր, որ գրաւեց իր ուշադրութիւնը։ Վիեբկը ինչպէ՞ս կը սահմանէ հայ երաժշտութեան գլխաւոր բնորոշիչ տարրերը՝ տարբեր ուրիշներէ կամ նմա՛ն ուրիշներու։
«Այն տարին, երբ դասաւանդեցի Բրիւսովի անուան համալսարանին մէջ, գրեթէ ամեն օր տարբեր համերգի մը ներկայ կ՚ըլլայի, ժողովրդական տոհմիկ երաժշտութենէն մինչեւ Կոմիտասի մշակումները, ռոք, ճազ, դասական երաժշտութիւն, ծանօթանալով տեղական երաժշտական ընդհանուր պատկերին։ Հոյակապ երաժշտութիւն կ՚ունկնդրէի, չեմ գիտեր ինչո՛ւ յատկապէս աւանդական հայկականը հետաքրքրեց զիս։ Ես երաժշտական մեծ ուսում մը չեմ ստացած, ուստի սրտո՛վ կ՚ունկնդրէի եւ հմայուած էի։ Նաղաշ համոյթը խանդավառութիւնս ա՛լ աւելի առաջ տարաւ, քանի որ ան ի մի կը բերէ իսկապէս հայկականը եւ ժամանակակից դասական ազդեցութիւններ ու շատ եռանդ։ Այս տաղերը կրնամ նուագել, օրինակ՝ գերմանացիներուն, որոնք բացառաբար կը լսեն դասականը, ռոքը կամ համաշխարհայի երաժշտութիւնը, ու անոնք նոյնքան պիտի վայելեն զայն»։
Ինչպէ՞ս վայելել Նաղաշը
Հրապարակի վրայ է Նաղաշ համոյթի եռերգութիւնը Նարեկացի արուեստի միութեան հրատարակութեամբ (Երեւան), ու կարելի է զայն ապսպրել Music BMI-էն:
Հատոր Ա. — Աքսորի տաղեր, 2014 (5 տաղեր)
Հատոր Բ. — Աքսորի տաղեր — Հաւատամք եւ համոզմունք, 2016 (6 տաղեր)
Հատոր Գ. — Աքսորի տաղեր — Ողբեր եւ օրհնութիւններ, 2019 (4 տաղեր եւ երկու գործիքային նախերգանքներ)
Խտասալիկներուն ընկերացող գրքոյկները կը բովանդակեն ներածական գրութիւններ եւ երգուած տաղերը հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն ու գերմաներէն, ինչպէս նաեւ Նաղաշի գեղեցիկ մանրանկարները։
Ի դէպ, Նարեկ Յարութիւնեան (Նարեկացի արուեստի միութիւնը) եւ շատ ուրիշներ Նաղաշ համոյթի հաւաքական ճիգին մասնակից են եղած նիւթապէս, թարգմանութիւններով, պրպտումներով ու շատ այլ ձեւերով։
Ա. հատորի ներածականէն կը տեղեկանանք, թէ Նաղաշի բանաստեղծութիւնները յաճախ կը բխին իր կրօնական քարոզներէն: Ունկնդրին կը հայցեն, որ «իր կեանքի մասին խորհրդածէ. անմիտ որոշումներ չառնէ. այս աշխարհի “բաներուն” չկապուի»: Կը զգուշացնեն թէ «ոչինչ կը տեւէ այստեղ»: Իմաստասիրական այս հոսանքը նաեւ կարեւոր ուժ կը հանդիսանայ միջնադարեան մահմետականութեան, ինչպէս նաեւ պուտտայականութեան համար: Հետաքրքրական է նկատել, թէ այդ ժամանակաշրջանին, այս երեք կրօնները իմաստային սերտ կապեր ունեցած են իրարու միջեւ, աշխարհի այդ շրջանին մէջ, Մետաքսի ճամբու երկայնքին:
Բ. հատորը կեդրոնացած է «նրա վրայ, թէ ինչպէս գոյութիւն ունենալ այս աշխարհում, որպէսզի պատրաստ լինել հետագայ կեանքին միւս աշխարհում: … Նաղաշը լեզուի գործածման իւրայատուկ ընդունակութիւն ունի` անդրադառնալով ե՛ւ հարուստներին ե՛ւ աղքատներին: Իր կտրուկ նախազգուշացումներն ուղղուած են աշխարհիկ առաջնորդներին, հոգեւորականներին, ինչպես նաև հասարակ մարդուն: Այս բանաստեղծություններից շատերում Նաղաշը խրատում է, որ ով էլ որ լինենք, բոլորս հասնելու ենք նոյն “շեմին”` լինի դա մահ թե հանգուցեալ կեանք: … Զարմանահրաշ է, թե որքան անմահ են Նաղաշի ընտրած թեմաները: … Անընդհատ շեշտուող գաղափարն է այն, թե որքան վտանգաւոր է ագահութեամբ լի կեանքը: Նաղաշի մտավախութիւնները վերստին տեղին են, քանզի մեր հասարակութիւնը շարունակում է հարստության և ուժի խիստ անհաւասարության աւանդոյթը»:
Գ. հատորի գրքոյկին մէջ դոկտ. Մայքլ Պետրոսեան Փիֆեր կը գրէ. «Նաղաշն արձագանգել է որդու մահուանը եւ շատ այլ երիտասարդների կորստին՝ գրելով մի ողբասացութիւն, որը փայլուն կերպով երաժշտութեան է վերածուած այս ձայնագրութեան մէջ։ Այդ բանաստեղծութեան մէջ Նաղաշը յորդորում է մեզնից հեռացած մեր սիրելիների համար միջոցներ գտնել աղօթքի շնորհիւ։ Բանաստեղծութիւնը, այլ կերպ ասած, արտայայտում է գործելու կոչ՝ մասնակցել հանրութեան հոգեւոր կեանքին՝ բեւեռուած սուրբ պատարագի մէջ։ Նաղաշը նաեւ իր բազմաթիւ բանաստեղծութիւններում շեշտում է, որ մենք չպէտք է մոռանանք միմեանց հանդէպ մեր պարտականութիւնները։ … Նաղաշի բանաստեղծութիւնները լայնօրէն ընդունուել են նաեւ իր հայրենի քաղաքից շատ հեռու։ Յատկանշական է, որ 1513 թուականին Վենետիկում հրատարակուած հայ պոեզիայի առաջին տպագիր գիրքն իսկ պարունակում է Նաղաշի մի քանի բանաստեղծութիւններ։ Հայերը, որ մերձենում էին նոր ժամանակներին, նրա խօսքերում յստակօրէն տեսնում էին հնչեղ արձագանգներ, որոնք խօսում էին ոչ միայն հայութեան առանձնայատուկ պայմանների, այլեւ աւելի լայն մարդկային փորձառութեան մասին»։
Ըսեմ, որ ծրագրուած է, որ Նաղաշ համոյթը հիւրախաղերով այցելէ Գանատայի եւ ԱՄՆ-ի զանազան քաղաքները այս տարուան ընթացքին։.
Կ՚ուզեմ եզրափակել այս յօդուածս ուրիշ մէջբերումով մը Հ-բեմ-ի հետ հարցազրոյցէն։ Երբ Լիլի հարց տուած է Հոտեանին, թէ դուն, բանաստեղծական լեզուով, անդունդէն, աւելի ճիշտ՝ աքսորէն, ժամանակէն ու կորսուած յիշողութենէն յարութիւն տուիր մէկու մը, արդեօք ա՞յդ էր նպատակդ՝ երաժշտութեան ճամբով աքսոր(եալ)ը վերակենդանացնել, Ճան պատասխանած է. «Ո՛չ, բազում ձեւերով Նաղա՛շն է, որ զիս վերակենդանացուց։ Յօրինող մը եղած էի ամբողջ կեանքս, բայց Նիւ Եորքի մէջ վերապրելու համար տարիներ սպառած եմ ֆիլմերու եւ հեռատեսիլի ներկայացոմներու համար յօրինելով։ Շատ յաջող էի, սակայն ոչ մէկ առնչութիւն կը զգայի ըրածիս հետ։ Ի վերջոյ դադրեցուցի առեւտրական բոլոր աշխատանքներս որ կ՚ընէի ու որոշեցի ես ինծի համար գրել։ Բայց տարիներով կորսուած էի ու ոչինչ կը գրէի։ Միայն Յասմիկին ձայնը լսելէս ու հետագային Նաղաշի քերթուածները յայտնաբերելէս ետք էր, որ կրակ մը վառեցաւ մէջս եւ կազմաւորուեցաւ տեսիլքը անոր, որ պիտի դառնար Նաղաշ համոյթը»։
Խորապէս համոզուած եմ, որ Նաղաշին պատմութիւնը նաեւ Ճանին պատմութիւնն է, աւելի ճիշտ՝ Յովհաննէսի՛ն։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Աղբիւրներ՝ «Աքսորի տաղեր» եռերգութեան ներածականները, Հ-բեմի վերոյիշեալ հարցազրոյցը եւ այլ նիւթեր որոնք ինծի հայթայթուեցան Զոլմանի ու Հոտեանի կողմէ, եւ իրենց պատասխանները իմ կարգ մը հարցումներուս։