«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Զ.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ահա երկու գիրք եւս, որոնք տակաւին չէին տեղաւորուած գրադարանիս մէջ՝ սպասելով, որ իրենց մասին ալ քանի մը տող գրեմ։
Առաջինը Արամ Հայկազի «ՉՈՐՍ ՏԱՐԻ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆԻ ԼԵՌՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ»-ն է, որուն առաջին տպագրութիւնը (յԱնթիլիաս) օրին ունեցած եմ՝ հեղինակին մակագրութեամբ ալ օժտուած, եւ որուն 50-ամեակին առթիւ է, որ լոյս տեսած է այս մէկը 2022-ին, Երեւան, 608 էջերով։ Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Զ.”

«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Ե.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այս անգամ պիտի գրեմ արդէն տարիէ մը աւելի գրասեղանիս կողքի դասաւորման սպասող գիրքերու շարժական ու ճաղաւոր «շտեմարանէս» ինծի ծուռ-ծուռ նայող երկու գիրքերու մասին ։ Ի՞նչ մեղքս պահեմ, երբ ուրիշներ արդէն իսկ կ՚անդրադառնան նոր գիրքի մը հրատարակման, կը վարանիմ ես ալ բան մը գրելու։ Ընթերցողը տեղեկացուած կ՚ըլլայ, կրնայ ձեռք ձգել, կարդալ գիրքը։ Ուրեմն այս Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Ե.”

«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Դ.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այն երկու գիրքերը, որոնց մասին պիտի գրեմ, իրարմէ որքա՜ն տարբեր՝ երկարամեայ վաստակի արդիւնք են, հեղինակները՝ երկու դաշնակցական ընկերներս՝ մէկը գրեթէ տարեկից, միւսը երէց, որոնց հետ ծանօթանալու, զիրենք ճանչնալու, իրենց հետ ժողովի նստելու հաճոյքն եմ ունեցած։ Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Դ.”

«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Գ.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այս անգամ պիտի խօսիմ իրարմէ շատ տարբեր երկու գիրքերու մասին, մէկը առնչուած Սփիւռքին, միւսը՝ Հայրենիքին։ Սակայն ձեւով մըն ալ անկասկած առնչուած իրարու։
Առաջին գիրքը գրուած է անգլերէն. DARING TO ACCOMPLISH («Յանդգնիլ յաջողիլ»), որ կը կրէ երկու ենթատիտղոսներ՝ Born in Egypt from Armenian Genocide survivors — to Canadian CEO (Ծնած Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Գ.”

Փորձեց եւ յաջողեցաւ

— Մարգար Շարապխանեանի յիշատակին

Ստորեւ հատուած մըն է հեղինակին ընդարձակ մէկ գրութենէն, որ ձօնուած է Է./Մ.-ն։ Օրին ան ձօնին այդ սկզբնատառերէն անդին չէ՛ անցած բացայայտելու համար ինքնութիւնը Սօսիին ու Սերոբին, որոնց անունները պատահականութեամբ չէ՛, որ ընտրուած են…։ Խօսքը, ի հարկէ, կը վերաբերի Էլիզ ու Մարգար Շարապխանեաններուն։ Դրուագը կը կանխէ Թորոնթոյի մեր ամենօրեայ վարժարանի ստեղծումը, որուն մէջ այնքան ներդրում է ունեցած ի՛նքը՝ Մարգար, ապա վարած անոր տնօրէնութիւնը երկար տարիներ, միշտ ամեն ձեւով աջակից ունենալով իր հաւատաւոր կողակիցը՝ Էլիզը։ Իսկ ողբ. Հիլտան ճանչցողը պիտի յիշէ Էլիզին անբաժան ընկերուհին, որուն Մարօ անունն ալ այստեղ նոյնպէս յեղափոխական հայուհիէ մը փոխ առնուած է… Օրե՜ր էին։

Վ-Ա.

Գէմպրիճէն ետ՝ Թորոնթօ երբ հասանք, դեռ կանուխ էր. գնացքս մէկուկէս ժամէն կը մեկնէր։ Անցանք Սերոբի տունէն, ուր ակռայի խոզանակս մոռցեր էի:
Չորս հոգի էինք, Սերոբը, կինը՝ Սօսին, իրենց անբաժան ընկերուհին՝ Continue reading “Փորձեց եւ յաջողեցաւ”

«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Բ.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Կը շարունակեմ ստացած կամ ձեռք ձգած գրքերուս մասին ակնարկներու այս շարքը։
Մեծապէս հետաքրքրական նիւթ մըն է, որ կը մատուցէ Նազելի Մարգարեանի «Հայոց լեզուի տարիքի եւ տոմարի սկզբնաւորման շուրջ» փոքրիկ հատորը (Ոսկան Երեւանցի հրատ., Երեւան 2021, 87 էջ)։ Գրքին սկիզբը կը նշուի իրաւամբ. «Հայկական բարձրաւանդակի ներկայիս Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Բ.”

«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր»

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ա.

Կը չակերտեմ խորագիրս ի յարգանս «Բանե՜ր, բանե՜ր, ի՜նչ բաներ»-ի անմահ հեղինակին՝ Շաւարշ Նարդունիի…
Գիրքեր կու գան ու կը դիզուին գրասեղանիս մէկ անկիւնը՝ սպասելով… Ինչի՞ սպասելով, — որ կարդամ, թղթատեմ գէթ, շնորհակալութիւն յայտնեմ զայն գրած կամ ինծի նուիրած հեղինակին, կամ ինծի նուիրած ընկերոջս, բարեկամիս, գէթ երկու տող մը գրեմ թերեւս ու վերջապէս Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր»”

Կաղանդչէքը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Անհաւատալի բայց իրաւ»։
Վերնագիրս կրնար ա՛յդ ըլլալ։ Կրնար նաեւ ըլլալ «Աղուոր անակնկալ մը»։
Սակայն զայն «Կաղանդչէք» անուանեցի, որովհետեւ շատ հեռու չէինք ամանորէն, եւ այդ բառը կ՚արտայայտէ որոշ խորհուրդ մը. ունի նուէր մը ըլլալու հանգամանքը ։ Եւ վստահ եմ, որ զայն ինծի ղրկողն ալ ունէր այդ յետին նպատակը ։
Եւ ձեզ աւելի երկար սպասումի մէջ պահելու փոխարէն՝ պատմեմ պատմութիւնս, յետոյ դո՛ւք կրնաք որոշել, թէ ճիշտ վերնագիրը դրե՞ր եմ, թէ՞ ոչ։ Continue reading “Կաղանդչէքը”

ԳՐԻԳՈՐ ԱՃԷՄԵԱՆԻ ՄԵԾ ԵՐԱԽՏԻՔԸ — ՀՕՐ՝ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՀԱՐԻԻ ԵՐԿԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ 18 ՀԱՏՈՐՈՎ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՃԷՄԵԱՆ

Գրիգոր Աճէմեան շուրջ կէս դար իր կեանքը նուիրեց իր հօր՝ մեծանուն հայ գրող Գուրգէն Մահարիի ամբողջ գրական ժառանգութիւնը ընթերցողին սեփականութիւնը դարձնելու նպատակին։ Մասնագիտական մօտեցումով իր աշխատասիրութեան արդիւնքը եղան 18 հաստափոր հատորներ՝ շուրջ 12 000 էջերով։ Այս գործի խմբագիրները հանդիսացան Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճրզիէն) եւ Արքմենիկ Նիկողոսեան (Երեւանէն) ։ Continue reading “ԳՐԻԳՈՐ ԱՃԷՄԵԱՆԻ ՄԵԾ ԵՐԱԽՏԻՔԸ — ՀՕՐ՝ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՀԱՐԻԻ ԵՐԿԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ 18 ՀԱՏՈՐՈՎ”

Խաշմանը՝ արժանաւոր կերպար մը եւս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Բախտաւոր պէտք է զգանք, որ հայրենի մտաւորական մը ստանձնած է մոռացութենէ փրկել մեր ազգի երախտաւոր կարգ մը դէմքերը, որոնք համայնավար բռնապետութեան այդ ամբողջ տասնամեակներուն անտեսուած ու անգոսնուած էին իրենց ազգային-գաղափարական հակումներուն կամ այլ պատճառներով։
Ահա անգամ մը եւս այդ վեհ նպատակին կը ծառայէ «Յակոբ Խաշմանեան ՄՈՌԱՑՈՒԱԾ ԷՋԵՐ նամակներ» 544 էջ բովանդակող Continue reading “Խաշմանը՝ արժանաւոր կերպար մը եւս”