ԱՏՄԱՅԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Սոյն գրութիւնը քաղուած է յաջորդ հատորէս՝ «Ոստայն 19 – Էջեր զուգահեռ օրատետրէս», որ տակաւին պատրաստութեան մէջ է։ Հատորը կը բաղկանայ օրագրութիւններէ, որոնցմէ ոմանք գրուած են հարազատի մը ուղղուած նամակի ձեւով։ Հրատարակման համար այդ նամակներէն զեղչած եմ այն մասերը, որոնք շատ անձնական բնոյթ ունէին։ — Վ-Ա.

21 սեպտեմբեր 1998

Սիրելի, շատ սիրելի Սիրարփի մօրաք,

Մոնթրէալի Տորվալ միջազգային օդակայանն եմ — մօտաւորապէս մէկ ժամէն Air Canada-ի թիւ 866 թռիչքը ճամբայ կ’ելլէ դէպի Լոնտոն, Անգլիա: Անգլիան կը դնեմ, որովհետեւ մենք ալ Լոնտոն մը ունինք այստեղ, մեր դրացի Օնթարիօ նահանգին մէջ. քանի մը հայեր ալ հոն կ’ապրին:
Տունէն մեկնելէս քիչ առաջ (Արազը բերաւ զիս օդակայան), երբ գրասեղանիս վրայ կը զետեղէի այն թուղթերս, որոնք հետս առնելու պէտք չունէի՝ տեսայ նամակդ, որ ամիսէ մը ի վեր աչքիս առջեւն էր ու խիստ-խիստ կը նայէր ինծի. «Ե՞րբ պիտի գրես մօրաքիդ, գիտես, որ գրիդ կը սպասէ»: Շիտակը խոստովանելու համար, այնքան «պարտականութիւններ» վերցուցած եմ հետս, որ ճամբու ընթացքին կարդամ կամ գրեմ, որ չէի մտածած նամակդ ալ առնել. սակայն այդ պահուն կարծես ներշնչում մը եղաւ, եւ ահա հիմա ալ, երբ սպասման սրահին մէջ կը ջանամ ժամանակս լաւագոյնս օգտագործել՝ առաջինը օգոստոս 14-16-ի այդ նամակդ աչքիս զարկաւ, ու որոշեցի գրել: Գրել քեզի ու մի քիչ պարպուիլ՝ որպէսզի կարենամ աւելի հանդարտ մտքով թուղթին յանձնել «Հորիզոն»-ին համար պատրաստելիք յօդուածս (Ատոմ Էկոյեանի ելոյթին մասին) կամ «Համազգայինը 2000 թուականի սեմին» խօսքս (որ պէտք է մշակեմ՝ երկու օր ետք Պէյրութ կայանալիք Համազգայինի Գ. Պատգամաւորական ժողովին ներկայացնելու համար):
Նաեւ, քանի որ հետս չեմ առած օրատետրս՝ աւելորդ ծանրութենէն խուսափելու համար, նամակդ պիտի համարեմ էջ մը, — էջեր, — այդ օրատետրէս ու պիտի զրուցեմ քեզի հետ մինչեւ Մոնթրէալ վերադարձս՝ 30 սեպտեմբերին: Այսպէս, քեզ ալ մասնակից պիտի դարձնեմ մեր ժողովին ու մտահոգութիւններուն: Անշուշտ՝ եթէ համաձայն ես եւ եթէ կ’ուզես կարդալ գրելիքս: Ամեն պարագայի քիչ գրած եմ կամ գուցէ երբեք չեմ գրած այս տեսակ նամակ…
Օդանաւ կը կանչուինք. կը շարունակեմ քիչ ետք։

* * *

Հիմա որ տեղաւորուեցայ՝ 32H աթոռս գրաւեցի (թէ՛ ձախիս անցք է, թէ՛ առջեւս բաց է. ելքերէն մէկուն մօտն եմ), կրնամ գրել մինչեւ վերելքի պահը (երբ սեղանիկը պէտք է այլեւս ծալել)։
Առաջին հերթին ըսեմ, որ յունիսի 23-էն ի վեր մաման հիւանդանոց փոխադրուած է: Ի՞նչ ունի. ոչինչ մասնաւոր, բացի… ծերութենէ: Ինք կը կարծէ, որ կռիփ է. վերջին երկու-երեք տարիները երբոր հարցնէինք կռիփ էր… պարզապէս ուղեղը կը դաւաճանէ. բժիշկին ախտաճանաչումը այն է, որ ուղեղը իր ծաւալը կը կորսնցնէ եւ այդ պատճառաւ ալ մարմնի բոլոր մասերը բնականօրէն չեն գործեր: Յիշողութիւնը կը նուազի. քիչ առաջ ըրածը, ըսածը չի յիշեր, հին օրերու մինչեւ յետին մանրամասնութիւնը՝ ուզածիդ պէս. երէկ, օրինակ, երբոր պահ մը գացի իրեն այցի, 7 տարեկանին Պէյրութ հանդիպած տարօրինակ մականունով մէկը յիշեց, — Տատիկոսեան, — «գնա՛ եւ գտիր զայն» ըսաւ:
Ամենէն աւելի իրեն զրկանք պատճառողը տեսողութեան նուազումն է. խանգարուած է rétine-ը (ցանցենին). ամեն ինչ մութ եւ շուքի պէս կը տեսնէ. ոչ կրնայ կարդալ, ոչ կրնայ հեռատեսիլ դիտել:
Ի հարկէ մէկ օրէն միւսը չէ, որ այս վիճակին մատնուեցաւ, բայց արդէն քանի մը տարի է, որ ոչ ընկերային կեանք ունէր, ոչ ազգային կեանքին կրնայ մասնակից ըլլալ. դեռ աչքերը աւելի լաւ եղած ատեն գէթ «Հորիզոն» կը կարդար, – անհամբեր սպասելով, որ նամակատարէն առաջ ե՛ս իրեն հասցնեմ թարմ թերթը, ինչպէս ատենին ամեն օր կ’ապրէր «Յուսաբեր»-ի գալուն ակնկալութեամբ։
Ազդանշանը տուին, թէ ճամբայ կ’ելլենք. քովս երկու գերմանացիներ են, երիտասարդ մը եւ միջին տարիքի մարդ մը: Պաստառին վրայ՝ ապահովութեան միջոցառումներուն բացատրութիւնները կը տրուին՝ գօտիները կապել, ելքերուն տեղը գիտնալ եւ այլն: Ինծի համար նորութիւն չկայ… Տակաւին կը գրեմ՝ տետրակը ծունկերուս վրայ: Շարժակը սկսաւ աշխատիլ: Սկսանք նաեւ յառաջանալ՝ պատրաստուելով վերելքին: Ձայնասփիւռը օփերայէ մը մասնիկ մը ձայնասփռեց:
Մեր բժշկական պետական ապահովագրութիւնը տարեցներուն համար ամեն տեսակ խնամք ու դիւրութիւն կ’ընծայէ. մաման տեւաբար կը մերժէր որեւէ օգնութիւն: Յունիս 23-էն ի վեր՝ ակամայ կ’ենթարկուի պայմաններուն: Շուրջ ամիս մը մնաց այդ հիւանդանոցը, ուր գտնուած օրերուն, յուլիս 24-ին ծնաւ մեր թոռնուհին՝ Արինը, մամային գտնուած 7-րդ յարկէն 3 յարկ վար: Մանկաբարձ բժիշկը եգիպտացի էր (նախկին):
Ապա, օգոստոսի սկիզբները մաման փոխադրեցին Saint-Georges հիւանդանոցը, ուր իրեն նման տարեցներ են միայն: Այս մէկը իմ աշխատած վայրիս (քաղաքամէջի) շատ մօտ է. մեթրոյի 3 կայարան, բայց հայրիկիս համար հեռու է: Պապան բացի 2 օրէ, մինչեւ այսօր ամեն օր կանոնաւոր այցելեց իրեն, կէսօրուան ճաշին ներկայ եղաւ, օգնեց ուտելուն: Բարեբախտաբար լաւ կ’ուտէ, բայց ատկէ զատ տաղտկալի գոյութիւն մը կը քաշկռտէ: Քիչ-քիչ զինք կը հանեն, կը քալեցնեն, — հիմա քիչ մը աւելի ուժ ունի, — բայց ինք մարզանքներու չի մասնակցիր: Սկիզբը ամեն անգամ կ’ընդդիմանար, երբ կը լոգցնէին զինք, հիմա աւելի հաշտուած կ’երեւի:
Դիմում ըրած ենք որ մեր բնակած շրջանին աւելի մօտ հիւանդանոց մը բերեն, այսօր նամակ ստացանք, որ հաւանաբար շուտով այդ ըլլայ, եւ հայրիկն ալ աւելի դիւրաւ կարենայ իրեն այցելել. ձմեռը, ձիւներուն պապան շատ չի սիրեր ինքնաշարժ վարել. ինքն ալ ի վերջոյ 83 եղաւ, մամայէն մէկ տարի մեծ է:
Հիմա ան մինակ ապրելու կը վարժուի. եկող ապրիլին իրենց ամուսնութեան 60-ամեակն է. այդ ամբողջ 60 տարուան մէջ միայն մէկ գիշեր տունէն բացակայած է. վերջին 2 տարիներուն գրեթէ բանտարկուած էր՝ մամային քովէն չհեռանալու համար: Հիմա աւելի հանգիստ կը շարժի, բայց ինք եւս ընկերային կեանք չունի այլեւս: Կը կարդայ, հեռատեսիլ կը դիտէ, մարզանք կ’ընէ տան մէջ:
Անօթեցայ, դեռ չեկան սպասարկելու: Ժամը 8:30-ն է երեկոյեան:
Ըսի, որ հիմա թոռնիկ մը ունինք, Նազիկը վրան կը խենթանայ:
Ճաշը եկաւ, կը շարունակեմ յետոյ:

* * *

Ճաշելու պարտականութիւնը կատարուեցաւ: Մոռցայ ըսելու, որ տեղս փոխեցի. ուղեկցորդուհին առաջարկեց. աւելի յարմար, սովորական աթոռ մը, քովը պարապ:
Արինը բոլորին սիրելին է. 2 օրէն կ’ըլլայ 2 ամսու: Արազն ալ վրան կը խենթանայ, միշտ քրոջը քովն է. կ’օգնէ, երախայով կը զբաղի: Լացող երեխայ չէ, բայց երբ անօթի է՝ գիտէ ուզածը հասկցնել. եւ ամբողջ օրը անօթի է:
Ան սկսած է ժպտիլ, նաեւ մատիկը՝ բթամատը ծծել։ Հետզհետէ կը ծանօթանայ շրջապատին եւ ինքնիրեն: Մեծ, մեծ հետաքրքրութեամբ կը զննէ շուրջը:
Իբր մեծ հայր տակաւին զինք գրկելէն, համբուրելէն զատ բան մը չեմ ըներ: Ծնած օրը իրեն յայտնեցի, որ զինք Համազգայինի անդամ կ’արձանագրեմ…
Համազգայինի մասին խօսելով, ըսեմ, որ երեք տարի է, որ Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետն եմ: «Հորիզոն»-ով զբաղելէս ի վեր վարչական գործ չէի ստանձնած: 1978-ին էր, որ վերջին անգամ նոյնպէս Համազգայինի Շրջանային մարմինի անդամ էի: Նաեւ, 1992-93 տարեշրջանին անգամ մը եւս տեղւոյս ՀՅԴ կոմիտէի անդամ եղայ, քարտուղար: Այլապէս թերթն էր եղած գլխաւոր մտահոգութիւնս: 1992-ի յունուարէն ասդին, սակայն, թերթին պատուակալ աւագ խմբագիրն եմ եւ օրը-օրին գործին մասնակից չեմ: Ամեն շաբաթ յօդուածս կը գրեմ եւ ամիսը անգամ մը կը խմբագրեմ գրական յաւելուածը: Այս բոլորը՝ արդէն քանի տարիէ ի վեր՝ բոլորովին կամաւոր կերպով: Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչի հանգամանքով ալ կ’երթամ Պատգամաւորական ժողովին: Հետս խօսած են, որ թեկնածութիւնս դնեն Կեդրոնական վարչութեան անդամութեան: Գանատայի ընկերներէն ոմանք (հետս վարչական) կը վախնան, որ տեղւոյն գործունէութիւնը կրնայ տուժել եթէ անկէ անցնիմ Կեդրոնական: Միւս կողմէ ուրիշներ կ’ակնկալեն որ համահայկական մակարդակով կարենամ օգտակար ըլլալ: Չեմ գիտեր: Տեսնենք ժողովը ինչ կը տնօրինէ:

* * *

Կը ներես, որ այսքան ուշացայ շարունակելու զրոյցս: Հիմա արդէն Լոնտոնի Հիթրոյ օդակայանի սպասման խճողուած սրահներէն մէկուն մէկ նստարանին վրայ նստած կը սպասեմ Նազիկին մեծ հօրեղբօր զաւկին՝ Բարսեղ Պոհճելեանին, որ Անգլիա կը բնակի այժմ (Կիպրոսէն գաղթած) եւ կնոջ հետ (Ազնիւին) պիտի գայ այստեղ ինծի հանդիպելու: Տակաւին կանուխ է. երեքշաբթի, 22 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:

Դեռ Պէյրութ չենք հասած. շուրջ մէկ ժամուան թռիչք կը մնայ. Middle East Airlines-ի (MEA) թիւ 202 թռիչքն է, որ Լոնտոնէն մեկնեցաւ տեղական ժամով կ.ե. մէկուկէս-երկուքին: 4½ ժամ կը տեւէ:
Օդանաւին վրայ աւարտեցի նոյն ժողովին ներկայացնելիք խօսքիս յատակագիծը՝ ուրուագիծը: Աւելի պիտի չմշակեմ, չգրեմ, այլ այդ օգտագործելով պիտի խօսիմ:
Նոյն թռիչքին վրայ ինծի հետ կու գան, Լոս Անճելըսէն, Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու երկու պատգամաւորները՝ Կասիա Քուշեանն ու Յակոբ Օվայեանը:

24 սեպտեմբեր
Զրոյցս ընդհատուեր էր ամբողջ օր ու կէս:
Առաւօտեան ժամը 9:00-ն է. այսօր 9:30-ին պիտի սկսի նիստը. սենեակն եմ. պատուհանէս կը բացուի Միջերկրականը. Ժիւնիէն քիչ մը անդին ենք, Ատմայի բարձունքին, եւ ձախին լեռներն են, որոնք կը սահին դէպի ծովը ու ձեռքի մը բացուած մատներուն պէս կ’երկարին ծովուն մէջ: Զարմանալի է, բայց թեթեւ անձրեւ մը կայ. թեթեւ մառախուղ մըն ալ, սակայն շէնքերը, փոքր խաղալիքներու կամ ճարտարապետական մանրակերտներու (maquettes) մը նման այդ լեռներուն եւ հրուանդաններուն վրայ կը տարածուին: Բազմայարկ, միայարկ կամ երկյարկ, յաճախ կարմիր կղմինտրէ կտուրներով, բայց նոյնքան եւ տափարակ կտուրներով: Օդը զով է, շատ հաճելի: Կ’երեւին Ժիւնին, Անթիլիասը, Տորան, Պուրճ Համուտն ու Պէյրութը:
Հաւաքուած ենք «Տար Սայիտեթ էլ Ժեպէլ», այսինքն «Լեռան Աստուածածնայ տունը», որ մարոնիթ մայրապետներու (հայրապետներ ալ կան) ղեկավարած մէկ պանդոկն է, ուր մերինին նման ժողովներ կարելի է գումարել:
Առջի օր, երեկոյեան 8:30-ին օդանաւը վայրէջք կատարեց Պէյրութի օդակայանը: Ֆրանսական արտադրութեան Airbus մըն էր, որ նախորդ թռիչքէն (Մոնթրէալ – Լոնտոն) աւելի հանգիստ, նուազ ցնցումներով մեզ բերաւ այստեղ: Երկու երիտասարդներ՝ Պետիկ Գալայճեանն ու Սերոբ Եագուպեանը եկան մեզ դիմաւորելու: Օդանաւին վրայ հետս ժամանած ընկերներս տարին պանդոկ մը, Համրայի մէջ, ուր հաւաքուած էին ժողովականներէն շատեր, իսկ զիս հանեցին վեր, Պիքֆայա, Զոհրապ Թորիկեանի ամառանոցը, ուր խումբ մը ընկերներ եկեր էին ընթրիքի: Թեթեւ, համով համադամներով սեղան էր շտկուած, եւ բաւական երկար զրուցեցինք, ժողովէն առաջ ժողով՝ մտահոգութիւններու փոխանակում:
Առաւօտուն Զոհրապ կանուխէն գործի իջած էր. տիկնոջ՝ Քնարիկին եւ աղջկան՝ Ծովինարին հետ պահ մը վեր, աւելի վեր՝ Նաաս բարձրացանք։ Քմայքիս գոհացում տալու՝ Նաասի ակէն ափ մը ջուր խմելու համար։ Մանկութեանս ծնողքիս հետ այս կողմերը եկած ենք (1952-ին ու 1955-ին) ու երկուական ամիս մնացած ենք։ Հին յիշատակներ վերապրեցայ, թէեւ այլազան շէնքերով վայրագօրէն պատուած է հիմա երբեմնի այդ գեղատեսիլ բնութիւնը։ Փոքր Պիքֆայա գիւղն ալ քաղաքի վերածուած է։
Կ.ե. ժամը 4-ի ատենները Ճեմարանի մեծ օթոպիւսներէն մէկը մեզ, իսկ փոքր օթոպիւսներէն մէկն ալ մեր ճամպրուկները փոխադրեցին ժողովավայր, ուր մեր սենեակները ստանալէ ետք հաւաքուեցանք մեզի յատկացուած մեծ սրահը, ու ժողովը անցաւ իր աշխատանքներուն:
Չեմ ուզեր մտնել ժողովի մանրամասնութիւններուն մէջ, բայց ըսեմ որ ինչպէս կը պատահի շատ յաճախ, ինչպէս եղած էր երկու նախորդ պատգամաւորական ժողովներուն, մաս կազմեցի բանաձեւերու յանձնախումբին: Հետաքրքրական էր, որ ժողովի չորս ատենադպիրներէն երեքը իմ Գանատայի ընկերներն էին (Էլիզ Շարապխանեան, Սոնա Յովհաննէսեան եւ Յակոբ Մանճիկեան), իսկ չորրորդը՝ Գանատայէն ետ Լիբանան վերահաստատուած Յակոբ Լատոյեանը:
Երէկ գիշերուան 11:00-ը անց աւարտեցինք ժողովը, իսկ այսօր առաւօտ 9:30-ին սկսելով հասանք մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:30, որմէ ետք բանաձեւի յանձնախումբս շարունակեց աշխատանքը մինչեւ 12:00, եւ պատրաստեց բանաձեւը Կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան, որ քննարկուեցաւ երէկ եւ այսօր ամբողջ օրը:
Սենեկակիցս՝ Յակոբ Մանճիկեան նոյն այդ ժամերուն (մինչեւ կէսգիշեր) ատենագրութիւն գրելով զբաղած էր:
Հիմա պէտք է լոգնամ ու պառկիմ՝ վաղը շարունակելու համար:

30 սեպտեմբեր
Կը տեսնես, որ խօսքս չեմ յարգած, եւ քանի օրէ ի վեր քեզի հետ զրուցելու համար տող մը իսկ չեմ կրցած գրել: Ներողամիտ եղիր. հիմա մեղքս կը քաւեմ:
Չորեքշաբթի առաւօտ է. տեղաւորուած եմ Middle East Airlines-ի թիւ 201 թռիչքի աթոռիս մէջ. քովս ալ՝ բժ. Եղիկ Գոնիալեանը, որ Համազգայինի երկարամեայ վաստակաւոր ընկեր է, Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ եւ բազմիցս վարչական, ատամնաբոյժ-վիրաբոյժ, համալսարանի դասախօս, այժմ հանգստեան կոչուած, քեզի տարեկից առաւել կամ պակաս. կ’երթայ Լոս Անճելըս, ուր հաստատուած է 12 տարիէ ի վեր:
Օդանաւը քանի մը վայրկեանէն ճամբայ պիտի ելլէ:
Առաւօտուն 4:30 քիչ անց էր, երբ արթնցայ զարթուցիչի ազդանշանին վրայ: Յակոբ ու Սոնա Եափուճեաններն ալ հետս արթնցան, — իրենց տունը մնացեր էի վերջին երկու օրերը, — զիս ճամբու դնելու համար. շուտով պատրաստուեցայ, արդէն ճամպրուկներս ալ նախորդ գիշերէն ղրկեր էի. անոնք աւելի ծանրացած են… գիրքերով ու այլ հրատարակութիւններով, մեծ մասը՝ նուէր: Այլեւ քարթոնէ սնտուկ մըն ալ ունիմ հետս, Համազգայինի գրատունէն՝ Գանատայի գրատարածի ապսպրանքները. բարեբախտաբար ծանրութեան իրաւունքս ունեցած բեռէս աւելի է, առանց առարկութեան ան ալ անցուցի քիչ առաջ՝ քովս մնացած ճամպրուկներուս հետ: Սերոբ Եագուպեանն էր, որ 5:30 չեղած եկաւ ու ճեմարանի van-ով զիս առաւ. ճամբուն վրայ անցանք Աշրաֆիայէն ալ, ընկ. Վարուժան Տեմիրճեանը վերցնելու, ուղղուեցանք դէպի օդակայան: Մուս-մութ էր. փողոցները գրեթէ ամայի, բայց արդէն գործի գացողներ կային այդ ժամուն ալ. հետաքրքրական երեւոյթը ձիերն էին, որ իրենց առաւօտեան մարզանքին հանուած էին ու մայթերն ի վար կը քալէին. ձիարշաւարանի կենդանիներն էին:
Ճիշդ 6:00-ին օդակայանն ենք: Եւրոպական-ամերիկեան հասկացողութեամբ շէնք է. մաքուր, լուսաւոր. չկան (ընկ. Եղիկի բառով) parasite-ները («մակաբոյծները», այսինքն՝ բեռնակիրները, որոնք կը յարձակին վրադ ու պայուսակներդ կը խլեն ձեռքէդ, կառքին վրայ կը բեռցնեն). փոխարէնը, մուտքին սայլակները զետեղուած են. հատ մը կ’առնես ու դուն կը դնես ճամպրուկներդ վրան:
Սպասման սրահին մէջ կը զրուցենք երեքով, մինչեւ որ օդանաւ մտնելու ժամը հասնի: Եւ ժամանակը արագ կը սահի:
Հիմա այս ժապաւէնին ճախարակը արագ ետ պիտի դարձնեմ, որպէսզի նկարագրեմ քեզի վայրը, ուր տեղի ունեցաւ մեր ժողովը, ժողովին ընթացքը պատմեմ ու արդիւնքը հաղորդեմ, յետոյ՝ ժողովի յաջորդող օրերու անցուդարձերը, մինչեւ մեկնումս:

(Շարունակելի)

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *