ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Անցեալ տարի բժ. Կարպիս Հարպոյեան ընթերցողին սեղանին դրաւ չորս նոր հատորներ, որոնք իր «Բժիշկին խօսքը» շարքին մաս չեն կազմեր, որքան ալ որ այս կամ այն ձեւով առնչուած են կամ իր՝ բժիշկի մը կեանքին կամ ընդհանրապէս հայ բժշկութեան։ Անոնցմէ երեքին մեկենասը կը հանդիսանան Նայիրի Հարպոյեան-Մոմճեան եւ զաւակները՝ Բիւրակ եւ Յակոբ՝ ի յիշատակ Կարօ Մոմճեանի, իսկ մէկուն մեկենասը՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը՝ հասկնալի առնչութեամբ։ Բոլորն ալ լոյս տեսած են Մոնթրէալ, TLC Global inc. տպարանէն։
Առնենք մէկ առ մէկ։
— ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ ՀԱՅ ԲԺՇԿՈՒՀԻՆԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ, ձօնուած (այլեւ յատկացուած) Հայ օգնութեան միութեան Գանատայի շրջանին, 213 էջ։
Առաջին գլուխը նուիրուած է անցեալի թէ ներկայի 43 անուանի բժշկուհիներու, երկրորդ գլուխը՝ 13 աքսորեալ բժշկուհիներու։ Իր ներածականին մէջ հեղինակը իրաւամբ դիտել կու տայ, թէ «Հայ կինը, իբրեւ բժիշկ եւ առողջապահութեան սպասարկու, դարերու ընթացքին իր մեծ դերակատարութիւնը ունեցած է հայ ժողովուրդի առողջապահութեան եւ բժշկական խնամքին բնագաւառներուն մէջ», աւելցնելով, որ «յիշատակութեան արժանի են այն հայ բժշկուհիները, որոնք իրենց հետքը ձգած են իրենց կատարած գիտական-բժշկական իրագործումներով, ո՛չ միայն հայ իրականութեան մէջ, այլ նաեւ միջազգային բեմերու եւ հարթակներու վրայ։
— ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ ԲԺԻՇԿԻ ԿԵԱՆՔԷՍ, ձօնուած «Բոլոր այն հիւանդներուն, որոնք ապաւինեցան բժշկական խնամքիս», 223 էջ։ Կողքին՝ Վազգէն Թիւթիւնճեանի գծանկարը։
Այս հատորը կը բովանդակէ 44 յօդուածներ, բոլորն ալ առնչուած որոշ փորձառութիւններու՝ ըլլա՛յ ուրիշներու, ըլլա՛յ սեփական հիւանդութիւններու առիթով, կամ այլ իրադարձութիւններու՝ միշտ բժիշկ հեղինակին ասպարէզին բերմամբ։ իր «Նախաբան»-ին մէջ Հարպոյեան կը նշէ, որ իր բարեկամին՝ Սարգիս Մահսերէճեանի դրդումով գրած է այս գիրքը. «Յետադարձ ակնարկ մը նետեցի մինչեւ 70-ական թուականները։ Մէկ առ մէկ վերյիշեցի հեռաւոր եւ մօտիկ անցեալիս բոլոր այն հետաքրքրական դրուագները եւ պատահարները, որոնք քնացած-մնացած էին ուղեղիս ծալքերուն մէջ»։
— ՀԱՄՈՎ-ՀՈՏՈՎ ԵՒ ԼԵՂԻ ՅՈՒՇԵՐ, ձօնուած «Բոլոր ընկերներուս, բարեկամներուս եւ հարազատներուս, որոնք մասնակից դարձան կեանքիս համով-հոտով եւ լեղի իրադարձութիւններուն», 494 էջ։ Կողքին՝ Պերճ Չագըճեանի գործը։
Այս մէկը դարձեալ յուշագրական շատ աւելի ընդարձակ հատոր մըն է՝ թիւով 80 յօդուածներով, 74-ը՝ անտիպ։ Գրքին սկիզբը Սարգիս Մահսէրէճեան կ՚ընէ շատ դիպուկ նշում մը. « Եթէ ընթերողը բանայ այս հատորին դուռը եւ մտնէ ներս, պիտի տեսնէ, որ հեղինակը ստանձնած է զբօսաշրջիկներ առաջնորդողի դեր մը, սակայն զինք տեսարժան վայրեր, հնութիւններ եւ կոթողներ առաջնորդելու փոխարէն՝ պտոյտի կը հանէ իր կեանքի էջերէն քաղուած, իբրեւ մարդ ապրուած դրուագներու “տեսարժան վայրերուն” մէջ». Իսկ քիչ անդին կը գրէ, թէ «կը պատմէ պարզութեամբ, մտերմիկ ոճով, հազուադէպ զուարթախոհութեամբ, այլ ընդհանրապէս լուրջ ձեւով, եւ հազիւ ցոյց տրուող՝ խորհրդատուական թելադրականութեամբ»։
— ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՏԷՆ ԱՆԴԻՆ, ձօնուած «Կեանքիս 56 տարիներու անզուգական ընկերոջս, կողակիցիս եւ երեք դուստրերուս մօր՝ Էլիզապէթին», 542 էջ։ Կողքին՝ Արշակ Ֆէթվաճեանի «Ընթերցող կրօնաւորը» գործը։
Բ. Կարպիս Հարպոյեանի բոլոր միւս հատորներէն տարբեր բնոյթի երկ մըն ալ այս մեծածաւալ գործն է։ Անոր 54 յօդուածներէն (30-ը՝ անտիպ) ոմանք յուշագրական են, ոմանք տեղեկատուական, ոմանք լրատուական-թղթակցային, ոմանք իր դասախօսութիւններն ու զանազան առիթներու արտասանած խօսքերն են, ուրիշներ ալ՝ ուսումնասիրութիւններ։ Իր «Նախաբան»-ին մէջ հեղինակը կը հաստատէ. «Այսօր բախտաւոր կը զգամ, բժշկութեան ասպարէզին մէջ բազմաթիւ տարիներու ծառայութեանս զուգահեռ, ունեցայ ազգային ծառայութիւն։ Փորձած եմ կարողութեանս սահմաններուն մէջ նպաստս բերել Հայ եկեղեցիին, Հայ դպրոցին, հայ հաւաքականութեան ու ընկերութեան, այլ խօսքով՝ հայ կեանքին»։ Ահա այդ ծառայութեան արձագանգն է, որ այստեղ մեզի կը մատուցուի։
Կողքերու ձեւաւորումը (բացի բժշկուհիներու նուիրուած գիրքի կողքէն)՝ ողբ. Եղիա Պէքմէզեանի։ Սարգիս Մահսէրէճեան օժանդակած է խմբագրման աշխատանքին եւ սիրայօժար կատարած է այս հատորներու յօդուածներու ջախջախիչ մեծամասնութեան լեզուական սրբագրւթիւնը՝ փոքր մաս մըն ալ բաժին ինկած է ստորագրեալիս։ Հեղինակը շնորհակալութիւն յայտնած է իր բոլոր «օգնականներուն»։