ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆԻ «ՃՌՌԱՑՈՂ ԼՌՈՒԹԻՒՆ» ՇԱՐՔԸ

ՆԱՆԱՐ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Բանասիրական գիտութիւնների թեկնածու

Հերմինէ Աւագեանի «Վազում եմ, սպասի՜ր…» պատմուածքների ժողովածուն պայմանականօրէն բաժանուած է երեք բաժինների՝ «Ճռռացող լռութիւն», «Յաջորդ կանգառը՝ մանկութիւն» եւ «Ժպի՜տ, նկարում եմ» վերնագրերով։
Արձակագիր Հերմինէ Աւագեանի լեզուն  պարզ է, անմիջական։
Թւում է՝ բարձրաբերձ լեռներից սկիզբ առնող զուլալ աղբիւրի ջուր ես խմում, խմում ու չես յագենում։ Ուզում ես անվերջ կարդալ նրա Continue reading “ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆԻ «ՃՌՌԱՑՈՂ ԼՌՈՒԹԻՒՆ» ՇԱՐՔԸ”

Կարդալով Հերմինէ Աւագեանի «Վազում եմ, սպասի՞ր…» հատորը

Տաթեւ Թամրազեան(*)

Երազի միջով հեղինակը հիմա պիտի ուղեկցի մանկութեան պատկերասրահով։
«Ի՞նչ ենք շահելու դրանից»։ ՉԷ՞ որ յիշողութիւնները գուցէ պիտի ցաւ պատճառեն յաճախ եւ կամ պիտի արցունք բերեն։ «Ճանապարհը չհասնելու մէջ է նաեւ գեղեցիկ։ Կարեւորը՝ ոչինչ չկորցնես»։
Եւ մենք ոչինչ չենք կորցնում այս գունազարդ պատկերասրահով շրջելիս։ Կտաւներից վայրի խնձորի, ալիւրի, հող ու ջրի, սուրբ հողի հոտ ու համ է գալիս։ Պատերազմը չի սկսւում մի պատմուածքում եւ Continue reading “Կարդալով Հերմինէ Աւագեանի «Վազում եմ, սպասի՞ր…» հատորը”

Խղճի խոստովանութի՞ւն, ճակատագի՞ր, թէ պարզապէս սիրավէպ

ՎՈՎԱ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մարդու էութեան ամենախորքային բացայայտումների նպատակադրմամբ պէտք է բացել հայ ժամանակակից եզակի կին արձակագիրներից Մարգարիտ Տէրանցի «Սէր լուսնեզրին» վէպը: Հեղինակի գրիչը պրպտում է մարդկային ճակատագրերի լուսանցքներում, ձեւաւորում ինքնուրոյն մտածողութիւն եւ հաղորդում հետաքրքիր կառուցուածքային բովանդակութիւն: Արձակագիրը չի վախենում երեւոյթների մեծութիւնից, դրանց ներկայացնելու ինքնատիպ կարողութիւնն իսկապէս իր գրականութեան կարեւոր հիմնասիւներից է: Մարգարիտ Տէրանցն իր արձակի համար կարեւորում է ժամանակը, իրավիճակը եւ խորութիւնը: Հէնց այս երեք Continue reading “Խղճի խոստովանութի՞ւն, ճակատագի՞ր, թէ պարզապէս սիրավէպ”

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ» ԳԻՐՔԸ

ԴՈԿՏ. ԹԱՄԱՐԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի աւագ գիտաշխատող

Մեծապէս գնահատելի պէտք է համարել աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան դոկտ. Աբէլ քհն. Մանուկեանի «Հայ եկեղեցու սարկաւագուհիները» գրքի հրապարակումը: Այն Հայ եկեղեցու սարկաւագուհիների ձեռնադրութեան վերաբերեալ արժէքաւոր եւ ամփոփ աշխատանք է եւ լրացնում է մեր եկեղեցու պատմութեան մէջ Continue reading “ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ» ԳԻՐՔԸ”

Խաշմանը՝ արժանաւոր կերպար մը եւս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Բախտաւոր պէտք է զգանք, որ հայրենի մտաւորական մը ստանձնած է մոռացութենէ փրկել մեր ազգի երախտաւոր կարգ մը դէմքերը, որոնք համայնավար բռնապետութեան այդ ամբողջ տասնամեակներուն անտեսուած ու անգոսնուած էին իրենց ազգային-գաղափարական հակումներուն կամ այլ պատճառներով։
Ահա անգամ մը եւս այդ վեհ նպատակին կը ծառայէ «Յակոբ Խաշմանեան ՄՈՌԱՑՈՒԱԾ ԷՋԵՐ նամակներ» 544 էջ բովանդակող Continue reading “Խաշմանը՝ արժանաւոր կերպար մը եւս”

«Որովհետեւ օդը պէտք է պայծառանայ»

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ

Խմբագրութեան կողմէ — Շողեր Ալին Մարգարեանի «Պատանեկան օրագիր, իններորդ դասարան» գիրքը ընթերցողին ներկայացուցած էինք մէկ տարի առաջ՝ մեր 2021 յուլիսի թիւով, սակայն թագաժահրային համաճարակի պատճառած սահմանափակումներն ու յետաձգումները պատճառ դարձան որ «Համազգային»-ը անոր շնորհանդէսը կատարէ միայն այս տարուան մայիսի 12-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Կէօնճեան» սրահէն ներս։ «Հորիզոն գրական»ի խմբագրական խորհուրդի անդամ Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան կատարեց գրքին ներկայացումը, որ կու տանք ստորեւ։

2019-ին Համազգային Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը հայերէն գիրքի մրցոյթ մը կազմակերպած է, ուղղուած 13-19 տարեկան պատանիներու, եւ դատական կազմի միաձայնութեամբ Շողեր Ալին Մարգարեանի «Պատանեկան օրագիր, իններորդ դասարան» գիրքը կը շահի մրցանակը, եւ գիրքը կը հրատարակուի Մոնթրէալի մէջ, 2021-ին, «Ինքն ա տիպ» հրատարակչատան եւ «Մելան» տպարանին կողմէ: Continue reading “«Որովհետեւ օդը պէտք է պայծառանայ»”

ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՈԳԵՂԷՆԻՆ ՄԷՋ՝ ՎԱՍՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ.

(«ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄՈՒՄ», Ա. եւ Բ. հատորներ)

Հայոց անցեալի բազում յուշարձաններ եւ կոթողներ կը պատմեն ոգիէն, որ յարաբերական խաղաղութեան սակաւ պայմաններու եւ յաճախակիօրէն անտանելի կացութիւններու մէջ՝ պահած էր ժողովուրդ մը, մինչեւ անոր պանդխտաբար հեռանալը, եւ կամ՝ արմատախլուիլը, տարագրուիլը…: Անոնք նաեւ կը պատմեն մոռացութեան մասին: Ախտաճանաչում մը՝ որ Յ. Օշական կատարած էր: Մինչ Continue reading “ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՈԳԵՂԷՆԻՆ ՄԷՋ՝ ՎԱՍՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ”

Հայկազի չորս կեանք(եր)էն՝ Վերապրում, փախուստ, աքսոր եւ Նոր աշխարհ

(«Պանդոկ»-ի հրատարակութեան 55 ամեակին առթիւ)

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

«Պանդոկ» հատորը լոյս տեսած է երբ հեղինակ Արամ Հայկազ 67 տարեկան էր: Ըստ Պօղոս Սնապեանի՝ «Ուրիշ գրողներ յիսունի սեմին դանդաղութիւն մը կը սկսին մատնել կամ քէն ընելով կը քաշուին հրապարակէն»(1). մինչ այդ, Հայկազ յիսունէն յետոյ է, որ աշխուժացուցած է իր ստեղծագործական ու գրական թափը: Իր տաս հատորներէն միայն երկուքը հրատարակած է իր կեանքի յիսնամեակէն առաջ: Continue reading “Հայկազի չորս կեանք(եր)էն՝ Վերապրում, փախուստ, աքսոր եւ Նոր աշխարհ”

«ԿԻՆ՝ ԱՏԵԱՆ ԵՒ ՄԱՏԵԱՆ» — ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆԻ ՎԿԱՅԱՐԱՆԸ

Ս.Ա.Յ.

Վերջերս լոյս տեսաւ Վեհանոյշ Թեքեանի, «Կին՝ ատեան եւ մատեան» խորագրեալ հատորը (Զանգակ հրատարակչատուն, Երեւան 2022, 360 էջ), խմբագրութեամբ Յարութիւն Պէրպէրեանի։ Կողքի նկարազարդումը Նշան Գազազեանի «Ինքնաբարձրացում» խորագրեալ գործն է (ըստ Մայա Անճելուի երկին)։ Կողքի ձեւաւորումը՝ Նշան Գուլեանի։ Լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ։
Ինչպէս կողքի բացատրականը կը նշէ՝ «Քերթողական եւ արձակ կտորներու այս հաւաքածոն Վեհանոյշ Թեքեանի վաստակին մէջ կիներու մասին խօսող արտադրութեան մէկ ճաշակն է։ Հոն կը ներկայանան այլատեսակ կիներ՝ տարբեր մշակոյթներէ, ցամաքամասերէ ու ընկերային յարաբերութեանց Continue reading “«ԿԻՆ՝ ԱՏԵԱՆ ԵՒ ՄԱՏԵԱՆ» — ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆԻ ՎԿԱՅԱՐԱՆԸ”

1909 ԱՏԱՆԱՅԻ ԱՐՀԱՒԻՐՔԸ՝ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՈՍՊՆԵԱԿՈՎ

Ս.Ա.Յ.

Լոյս տեսած է Դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեանի Ատանայի կոտորածին մասին գրած գիտաշխատութիւնը The Horrors of Adana: Revolution and Violence in the Early 20th Century, նուիրուած ապրիլ 14-17 եւ ապրիլ 25-27 1909-ին Ատանայի նահանգին մէջ տեղի ունեցած աղիտալի սպանդին։
Հատորը շարունակութիւնն է հեղինակին նախորդ պատմագրական ուսումնասիրութեան՝ Shattered Dreams of Revolution: From Liberty to Violence in the Late Ottoman Empire։ Երկու հատորներն ալ լոյս տեսած են Սթանֆորտ համալսարանի հրատարակչատունէն (Stanford University Press)։
1908-ի Օսմանեան Սահմանադրական յեղախոխութեան տուած հաւասարութեան իրաւունքներու յոյսերը խորտակած 1909-ի Ատանայի կոտարածը հայութեան յիշողութեան մէջ վառ կը մնայ Զապէլ Եսայեանի Continue reading “1909 ԱՏԱՆԱՅԻ ԱՐՀԱՒԻՐՔԸ՝ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՈՍՊՆԵԱԿՈՎ”