ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
Ի՞նչ կը կորսնցնենք, երբ բանաստեղծ մը կորսնցնենք …
Մտածած չենք. որովհետեւ մեզի կը թուի, թէ չենք կրնար բանաստեղծ մը կորսնցնել:
Ճիշդ է: Բանաստեղծը կ՚ապրի մեր մէջ իր տողերով եւ իր արտաշնչանքով, որ կը ներշնչէ մեզ:
Բայց կը կորսնցնենք իր գալիք տողերը, իր սոսկական գոյութիւնը, որ տարօրինակ ապահովութիւն մը կու տար մեզի. կարծես ի՛ր վրայ բեռցուցած լեզուն պահելու ամբողջ հոգը, մենք կրնայինք ապրիլ մեր առօրեան քիչ մը անհոգ, քիչ մը անուշադիր, քիչ մը էական բաները մոռացութեան տուած:
