ԲԱԲԳԷՆ ԹՕՓՃԵԱՆ
Ան ծնած է Պարսկաստանի Շիրազ քաղաքը 1750 թուականին: Սկզբնական իր կեանքին մասին սակաւ են մեր ծանօթութիւնները: Թէեւ ան ճանչցուած է ու կը կրէ Շմաւոնեան մականունը, սակայն իր տպարանէն լոյս տեսած 1789-90-ի «Նահատակաբանութիւնը կոյս Մարիանէի» վերահրատարակուած հատորին մէջ, յիշուած է որպէս «Շիրազցի Յարութիւն քահանայ, որդի Շմաւոնի»:
Տէր Յարութիւն քահանայ ձեռնադրուած է Նոր Ջուղայի Ամենափրկչեան վանքին մէջ:
Շիրազի հայ համայնքին քահանայագործութեան միջոցին, դժբախտութիւնը ունեցած է յաջորդաբար կորսնցնելու իր զոյգ մանչերը. անոնց յանկարծահաս մահերը խոր ազդեցութիւն ունեցած են իր կեանքին վրայ եւ, իբրեւ հետեւանք, հոգեւոր հովուութեան պաշտօնը լքելով՝ քաշուած է քաղաքին մօտակայքի Պապաքան բլուրը ու նուիրուած ճգնաւորական կեանքի պարսիկ տէրվիշներու ընկերակցութեամբ:
1777-1784 մենակեցութեան տարիներուն, ան ինքզինք նուիրած ու խորասուզուած է ուսումնական ինքնազարգացումի՝ յաջողապէս տիրապետելով պարսկական եւ արաբական լեզուներուն, գրականութեան, իմաստասիրութեան ու կրօնական գիտելիքներու:
Եօթը տարի ճգնաւորական կեանք վարելէ յետոյ, 1784-ին, վերադարձած է ծննդավայրը, տեղի տալով սիրելի բարեկամներու պաղատանքներուն: Նոյն տարին, ան կը նշանակուի Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքի հայ եկեղեցւոյ աւագ հովիւ: Արդարեւ, անոր 40 տարիներու պաշտօնավարութեան շրջանը, կրօնական, ազգային, հասարակական ու մշակութային բեղուն գործունէութեամբ, մեծամեծար գնահատուած է տեղւոյն ազգասէր ու գրասէր հայորդիներու կողմէ:
Ազդեցիկ հայ առեւտրականներու խրախոյսով, ան հիմը դրած է Մատրասի երկրորդ տպարանին՝ 1789 թուականին: Իսկ քաղաքին առաջին տպարանը հիմնուած էր 1772-ին, Աղա Շամիր Սուլթանումեանի որդի՝ Յակոբի (Շահամիրեան) ջանքերով, ուրկէ, այլ հրատարակութեանց կարգին, նաեւ լոյս տեսած է անոր հեղինակած «Նոր տետրակ որ կոչի Յորդորակ» եւ «Որոգայթ փառաց» հիմնական զոյգ գործերը:
Յարութիւն քահանային խմբագրութեամբ հայերէն առաջին պարբերականը լոյս կը տեսնէ 28 հոկտեմբեր 1794 թուին, Ամենայն Հայոց Հայրապետ Տ. Ղուկաս Ա. Կարնեցիի (1780-1799) կաթողիկոսութեան շրջանին:
«Ազդարար» ամսաթերթի հրատարակութեամբ (միայն 18 համար), խմբագիր քահանային նպատակը եղած է հնդկահայերու, բայց մասնաւորելով արտացոլացնել Մատրասի հայութեան կեանքը, պատահած կարեւոր իրադարձութիւնները, տեղի ունեցած եկեղեցական խորհրդակատարութիւնները (ծնունդ, մկրտութիւն, ամուսնութիւն, մահ), առեւտրական ու նաւային շրջանառութեան տեղեկութիւններ, հայ վաճառականներու ծանուցումներ, գրական ստեղծագործութիւններ, գրախօսականներ, կրօնաբարոյական ու պատմագիտական յօդուածներ եւ այլն: Ամսագրին աշխատակցած են Յովսէփ Արք. Արղութեան, Սէթ Սամ, ինչպէս նաեւ գրական ծածկանուններով՝ Բարեկամ, Հայ որդի հայի, Ազգակից, Ուրախակից, Սատանի Չարխ յօդուածագիրները:
Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը, Յ. Իրազեկի «Պատմութիւն Հնդկահայ Տպագրութեան» երկասիրութեան յառաջաբանին մէջ, իրաւամբ ըսած է.
«Տպարաններու հաստատումը, ստեղծագործական, ինքնագիր թէ թարգմանական երկասիրութիւններու հրատարակումը, մամուլի ստեղծումն ու ծաւալումը ուրիշ նպատակ չէին հետապնդեր, եթէ ոչ ժողովուրդի լուսաւորութեան մարդկային եւ ազգային առողջ ինքնահասկացողութեան եւ կեանքին ըստ այնմ ապրելու եւ արժեւորելու փիլիսոփայութեան իւրացումի նախանձախնդրութիւնը, հեռանկարը եւ առաքելութիւնը» (Անթիլիաս, 1986, էջ Թ… ԺԷ):
1894-ին, Ազդարարի տպագրութեան հարիւրամեակը հայ լրագրողներու կողմէ նշուած է Հնդկաստան, Կ. Պոլիս, Զմիւռնիա, Թիֆլիս, Վենետիկ, Վիեննա, Մարսէյլ եւ Ամերիկա. իսկ Վիեննայի Մխիթարեան միաբաններէն Հայր Գ. Վ. Գալէմքեարեան, ի յիշատակ հայ լրագրութեան հայր՝ Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի, 1893-ին, աշխատասիրած եւ տպագրած է «Պատմութիւն Հայ Լրագրութեան, Ա. հատոր, 1974-1860» հատորը:
1970-ին ալ, Ազդարարի լոյս ընծայման 175-ամեակին առթիւ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը զայն վերահրատարակած է երկու հատորով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2019-ը Մամուլի Տարի հռչակեց հայրապետական կոնդակով: Հաւանաբար շարք մը հրատարակութիւններու կողքին եւ այլեւայլ հանդիսութեանց ընթացքին, նաեւ պանծացուի հայ լրագրութեան հիմնադիր՝ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի անթառամ յիշատակը:
Ան վախճանած է 9 փետրուար 1824-ին, եւ մարմինը ամփոփուած է Մատրասի Հայոց գերեզմանատան մէջ:
Մոնթրէալ