ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Յիշողութիւնս
աչքեր ունի,
որ մնացել են
մեր գիւղի ճամբին
եւ սպասում են
ուշացող վերադարձիս… Continue reading “* * *”
Բանաստեղծութիւններ՝ չափածոյ կամ արձակ
Յիշողութիւնս
աչքեր ունի,
որ մնացել են
մեր գիւղի ճամբին
եւ սպասում են
ուշացող վերադարձիս… Continue reading “* * *”
Խմբագրութեան կողմէ. ստորեւ կու տանք «Գրանիշ» կայքի,— ուրկէ արտատպեցինք Հայասէր Յովսէփեանի սոյն քերթուածները,— խմբագրութեան ներածականը. այլ խօսքեր աւելորդ են։
Նրանք ապրում էին իրենց երկրում ու հողում, իրենց տանը, խաղաղ աշխատանքով էին զբաղուած՝ դասաւանդում էին, բժշկութեամբ, հողագործութեամբ կամ որեւէ այլ աշխատանքով զբաղւում: Երբեմն նաեւ ստեղծագործում էին, գրում իրենց հողի, իրենց հոգեւոր ապրումների ու դժուար կեանքի մասին, մինչ ինչ-որ մարդիկ անհասկանալի հողատիրական պահանջներով գլխիվայր շուռ տուեցին նրանց կեանքը՝ փորձելով դուրս հանել նրանց իրենց իսկ տնից, հողից:
Եւ ահա դու, սովորական մի ուսուցիչ-բանաստեղծ, զէնքը ձեռքիդ կանգնած ես խրամատում, որովհետեւ թիկունքում քո տուն է, քո տատ ու պապից մնացած յիշողութիւնը, որ պարզապէս չես կարող յանձնել օտարին:
Հայասէր Յովսէփեանը ուսուցիչ էր աշխատում, նաեւ բանաստեղծ էր: Ցաւօք, արցախեան այս պատերազմը ընդհատեց նաեւ նրա կեանքը: Խոր կսկիծ ենք ապրում, յիշում ենք ու յիշելու ենք իրենց հողի ու տան համար պայքարող մեր բոլոր հայրենակիցներին: Յիշատակդ վառ կը մնայ մեր սրտերում, Հայասէր ջան: Խոնարհւում ենք քո անմահ յիշատակի առջեւ…
(Գրանիշ)
Իմ հոգին արարչութիւնն է Աստծոյ,
որ երկինք պիտի տանեն անկումիս սպասող հրեշտակները ստրկամիտ:
Բայց ես մարմին ունեմ ըմբոստ,
որ տուել եմ խրամատներիդ արնածարաւ,
եւ ծածկում եմ,
ահա,
քո մարմինը փխրուն
մարմնով իմ պողպատէ,
բեկելով սլացքը դէպի քեզ սուրացող մահաբեր գնդակների: Continue reading “Իմ հոգին արարչութիւնն է Աստծոյ”
Կանթե՛ղը, վառած է կանթեղը,
Ձէթ չկայ, վառած է կանթեղը.
Սեւոցք ոռնոցի մէջ գիշերուան
Նոր մանուկ, նոր պատրոյգ կ՚երեւան։ Continue reading “ԱՐՑԱԽ”
Կը մխայ Երկիրը լռութեան հրդեհի մէջ
Երկիրը՝ պատմութեան շոգի,
Կիրակնամուտի խնկաման՝ շպրտուած
Աւերուած խորանի շեմին.
Այնտեղ հացն է անբորբոս ու բազմադարեան
Քրտնաթաթախ շնչող, արեւելում Բանի,
Երկիրը պիտի չմայրանայ այլեւս
Երկիրը կ՚երգէ իր նոր անտունին։ Continue reading “ԳՈՅԱՍՈՒԶՈՒՄ”
ՄԷԿ
Քորոնա
ԵՐԿՈԻ
Առաջինը դուն ես,
Երկրորդը չկայ… Continue reading “ՔՈՐՈՆԱ — Տասը երգ (2019-2020)”
մահուան վախը հաճոյք մըն է մանկական
շնիկի պէս
իրեն տուած չարչարանքէս
չի գիտեր ուր խուսափի
եւ դեռ կ’ուզէ իմ խաղերուս տակ սմքիլ
հպատակիլ իրեն տուած ցաւերուս Continue reading “ՄԱՀՈՒԱՆ ՀԱՃՈՅՔԸ”
կը զարնուի կը զարնուի երկաթներուն ձողերուն
ու յուսահատ սիրտը կոտրած ծունկին վրայ կը կքի
կը կրկնէ
քանիերորդ անգամն է այս
չի համոզուիր
չի հասկնար Continue reading “ՊԻՏԻ ՉԾՆԻ”
Դուն, Տէր, յաւերժ կը դիմես ինծի,
նոյնիսկ երբ ներկայ չեմ քեզի համար:
Դուն կը դիմես ինծի,
նոյնիսկ երբ կը կարծեմ,
թէ դուն բացակայ ես:
Դուն միշտ եւ առանց ձանձրանալու
եւ յոգնելու կը դիմես ինծի,
այլապէս պիտի դադրէի ըլլալէ:
Դուն է, որ զիս կը բռնես կեանքին մէջ
եւ կեանքին համար: Continue reading “ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»-Ի ՎՐԱՅ”
Մայրիներու շուքին տակ,
Բարակ աղջիկ մը խանդոտ, կը վազվռտէ հերարձակ.
Նորափթիթ հոգւոյն մէջ՝
Կոկոններ վառ, դողդողուն
Ու երազնե՜ր փողփողուն։ Continue reading “Մայրիներու նախերգանք”
ա.
«չեմ կրնար շնչել,
այ մարդ.
հաճիս.
չեմ կրնար շնչել:
հաճիս, ծունկը վիզիս մէջ,
չեմ կրնար շնչել… Continue reading “(ներ)շնչում (ա-բ-գ-դ)”