ԹԱՕ ԹՕ ՔԻՆԿ — Հինգ քերթուած

ԼԱՕ ՑՈՒ(*)

Ֆրանսերէնէ հայացուց ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

Ա.

Գեղեցիկը ամէն ոք կը համարէ գեղեցիկ,
բայց հո՜ն է տգեղութիւնը անոր.
լաւը ամէն ոք կը համարէ լաւ,
բայց հո՜ն է չարիքը անոր.

Քանզի
Էութիւնն ու անէութիւնը կը ծնին զիրար,
հեշտն ու բարդը կ’ամբողջանան իրարմով,
երկարն ու կարճը մէկը միւսով կը նիւթուի,
բարձրն ու ցածը յար կը հպին մէկմէկու,
ձայն եւ հնչիւն միասին են ներդաշնակ,
առաջն ու յետոն կը յաջորդեն իրարու։

Ահա թէ ինչու կ’որդեգրէ սուրբը
անշարժութեան եղանակ,
կը կիրարկէ առանց խօսքի ուսուցում։
հեղինակը չէ
երկրի վրայ յայտնուածին։

Ան կ’արտադրէ,
առանց իւրացնելու.
ան կը գործէ,
առանց ակնկալելու.
չի կապուիր ձեռքբերածին աւարտած.
եւ քանի որ չի կապուիր
անոր գործը չ’անհետիր։

Բ.

Նուաճէ՜ գերագոյն դատարկութիւն
եւ մնա՜ խաղաղութեան մէջ.
մարդոց եռուն շարժունութեան դէմ
անո՜նց ձգտէ միայն դուն։

Այլազան էակները երկրի
կը դառնան իրենց բունին.
բունի դարձը կը հասցնէ անդորրի,
անդորրը կարգկանոնի կը տանի,
կարգկանոնը մնայունին կը յանգի,
մնայունը ճանչնալ՝ լուսաւորում է արդէն։

Ով չի ճանչնար մնայունը
կոյր՝ կը դարբնէ իր թշուառութիւնը.
բայց ճանչցողը՝ մնայունը, հանդուրժել կրնայ,
հանդուրժողը անշահախնդիր կ’ըլլայ,
անշահախնդիրը՝ արքայական,
արքայականը՝ երկնային,
երկնայինն ու Թաօն կը կազմեն մէկ.
իսկ ով մէկ է Թաօին հետ,
կ’ապրի երկար, վնասէ զերծ
մինչեւ շունչը իր վերջին։

Գ.

Երկինքը կը դիմանայ եւ
երկիրը կը տեւէ։
Ինչո՞ւ
կը դիմանայ երկինքը ու երկիրը կը տեւէ.
որովհետեւ
իրենց համար չեն ապրիր.
ահա պատճառը տեւումին։

Սուրբը ետեւ կը ձգէ ինքզինք,
ուստի առջեւ կը մղուի.
կ’անտեսէ անձը,
անձը կը պահպանուի ուրեմն.
ըլլալով անշահախնդիր,
կ’ապահովուին շահերը։

Դ.

Երեսուն ձող կեդրոնախոյս
կը ցրուին անիւի առանցքէն,
բայց միջանկեալ պարապութիւնն է
որ սայլին գնացքը կ’արտօնէ։

Կաւին ձեւ կուտանք ծաղկամանի,
բայց պարապութեամբ իր ներսի
կը գործածուի անիկա։

Տան պատերուն դուռ- պատուհան կը դրուի,
բայց իր պարապ տարածքով
այն կը դառնայ բնակելի։

Էութիւնը կը ստեղծէ կարելին,
բայց այն գործի կը դրուի
անէութեան շնորհիւ։

Ե.

Ո՜վ ենթարկուի, պիտի մնայ ամբողջական,
ո՜վ խոնարհի, պիտի վերականգնի,
ո՜վ դատարկուի, պիտի լեցուի,
վնասուողը պիտի նորոգուի,
քիչը հասկցողը պիտի հաստատ իմանայ,
շատը հասկցողը կասկածի մէջ պիտ’ իյնայ։

Այսպէս, սուրբը հասած ըլլալով միասնութեան,
պիտի դառնայ օրինակը աշխարհի.
չցուցադրելով ինքզինք, շողարձակէ պիտի,
չհաստատելով ինքզինք, պիտի պարտադրուի,
չփառաւորուելով, պիտի ճանչցուին արժանիքները,
չբարձրացուելով, պիտի դառնայ առաջնորդ։
Եւ քանի որ մարդո՜ւ հետ չի մրցակցիր,
ոչ ոք պիտի կարենայ իր հետ մրցիլ։

Անիմա՞ստ է ուրեմն հին առածը՝
ՙով որ ենթարկուի պիտի մնայ լման՚։

Հոնկէ է որ կը սկսի պահպանումը մեր ամբողջութեան։

*) Չինական Թաոյական կրօնափիլիսոփայութեան հիմնադիրը համարուող Լաօ Ցուի (Lao Tseu կամ Lao Zi) Թաօ Թօ Քինկ (Tao-tö-king, Dao de jing կամ Dàodéjīng) գիրքը, գրուած է հաւանաբար Ք.ա. Զ. դարուն, կը համարուի չինական մշակոյթի դասական գլխաւոր երկերէն։

Թարգմանիչին կողմէ. — Հինգ քերթուած՝ ընտրուած Լաօ Ցուի վերագրուած Թաօ Թօ Քինկ հատորէն։ Հայացումը կատարուած է չինարէնէ ֆրանսերէնի ճամբով։ Գիրքը, որմէ օգտուած ենք լոյս տեսած է 1967-ին, Փարիզ, Կալիմար (Gallimard) հրատարակչատունէն։

Փարիզ
Ապրիլ 2017

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *