ՀՐԱՇԱՊԱՏՈՒՄ ԶՐՈՅՑՆԵՐ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ո՞Վ ԿՈՒՐՑՈՒՑ, Ո՞Վ ԲԺՇԿԵՑ

Սամասը Քեսապի մուտքին գտնուող բլուր մըն է։ Հոն կը գտնուի Ս. Մարուքէի ուխտատեղին։ Հին ժամանակներէն մնացած բնակութեան հետքեր կան։ Մօտիկ արտին մէջ կար նաեւ ձիթհանք մը (պաթոս)` խոշոր ճմլիչով: Ատկէ` այդ վայրը կը կոչուի Պաթուսէն Ուօրտը (Պաթոսին Արտը): Անհատ ուխտաւորներ Ս. Մարուքէ կ՚ելլեն մոմ կը վառեն, աղօթք մը կ՚ընեն, մանրադրամ մը կը դնեն պնակին մէջ, ադդուօր (ճերմակ ներքնազգեստէն կտրուած երիզ մը) մը կը կապեն խորանի վանդակաձողին, կ՚անցնին։ Ժողովուրդը կը հաւատայ, որ Սամասի փշակաղնիի պուրակէն փայտ հատելը, պնակէն դրամ իւրացնելը ծանր մեղքեր են ու կը պատժուին ի վերուստ։
Շատ զրոյցներ կը պատմուին այստեղ պատահած դէպքերու մասին, «հեքիա՞թ թէ իրականութիւն» կ՚ըսես ու կը մտածես, որ երանելի էին անոնք, որ կը հաւատային։ Անոնցէ մէկը կը պատմէ Յովհաննէս Գարաեագուպեանը, ծնեալ 1935-ին: Կը պատմէ հայերէնով՝ տեղ-տեղ բարբառն ալ գործածելով։
Ահաւասիկ.
— Մեծ մայրիկս՝ Աշգար նանարը, անունը` Զարուֆ, բարեպաշտ ու աշխատասէր կին մըն էր: Կը սիրէր կովը արածել: Օր մը կովը կը տանի մեր տունէն քիչ անդին, Պաթոսին Արտը: Ս. Մարուքէի բլուրէն անցնելու պահուն կը մտնէ Ս. Մարուքէ ու աղօթք մը կ՚ընէ: Կը տեսնէ պնակը լեցուն է մանր մետաղադրամներով: Վերադարձին մետաղադրամները գոգը կը պարպէ, տուն կու գայ: Առտուն եկեղեցի կ՚երթայ ու բոլոր դրամները եկեղեցւոյ պնակին մէջ կը դնէ:
Այդ օր մեծ մայրս իր տեսողութիւնը կորսնցուց, երկու աչքերով կուրցաւ: Բժիշկի տարինք, Տոքթոր ամմոյին՝ Ինճեճիկեան, ի զուր: Մեր Աշգար նանարը կուրցած էր: Հալէպցի բժիշկ մը կար, Տոքթոր Ճեպեճեան, Քեսապ կու գար ամառանոց: Տարինք. նայեցաւ: Կաթիլ տուաւ, բայց գործողութիւն չթելադրեց:
— Ծեր է, — ըսաւ, — կը պատահի:
Պառաւը զիս շատ կը սիրէր:
— Հաննիէս, — ըսաւ, — միտքս պղտոր է, սիրտս՝ անհանգիստ:
Ու պատմեց, թէ ինչպէս Ս. Մարուքէի մետաղադրամները վերցուցեր ու տարեր դրեր է եկեղեցւոյ պնակին մէջ:
Ես այն ատեն եկեղեցւոյ ժամկոչն էի: Երեք պնակ կը պտտցնէին եկեղեցւոյ մէջ, երկուքը եկեղեցւոյ, մէկը ժամկոչին` ինծի համար: Խաչահամբոյրը հաւաքելէ ետք խնդրեցի Սողոմոնեան Վահանէն, թաղականութեան մեծն էր, որ պնակս եղածին պէս պահեն, չձեռնեն, ուխտ ունիմ: Պատարագէն ետք այդ մետաղադամները լեցուցի տոպրակի մը մէջ.այդ ատեն շուկայի մէջ թուղթէ տոպրակներ կային, նանարիս աջ ձեռքն ալ մտցուցի ներս ու տոպրակը դաստակէն կապեցի;
— Հայտը հէմու, ուրթունք Ս. Մարուքէ, — ըսի ու թեւը մտնելով գացինք դէպի տուն: Ճամբան մտանք Ս. Մարուքէ, ձեռքը դրի պնակին մէջ, քակեցի տոպրակին կապը ու մետաղադրամները պարպեցի պնակին մէջ: Աղօթեցինք, խաչ հանեցինք ու գացինք դէպի տուն:
Մտանք բակը. կովը կապեր էինք ծառին տակ:
— Օղլում, Հաննիէս, — ըսաւ, — կովուն տեղը արեւ դպեր է, տար միւս անկիւնը կապէ, մեղք է:
Աշգար նանարս կը տեսնէր:
Լաւ կը յիշեմ, ասեղը այսպէս կը բռնէր աչքերուն դէմ, դերձանին ծայրը կը սրէր շրթունքներուն մէջ ու, հը,՛ մէկ շարժումով կ՚անցընէր ծակէն:
Էվտուղէն-հէվէտուղէն, — կ՚ըսեն քեսապցիները։

ԱՆՈՆՔ ԱԼ ՅԱՐԳԱՆՔ ՈՒ ԵՐԿԻՒՂ ՈՒՆԻՆ

Անտիոքի շրջանի հայոց սրբատեղիները՝ քարայրներ, ծառեր, աղբիւրներ, կիղիցիկներ (փոքրիկ եկեղեցիներու աւերակներ) եւ այլն, միշտ ալ այցելուներ ունեցած են, եղած են անհատական, ընտանեկան եւ հաւաքական ուխտագնացութեան վայրեր։ Տարօրինակ մի նկատէք, որ այլազգիներն ալ յարգանք ունեցած են անոնց նկատմամբ, ուխտի եկած են՝ խնդրակատար այդ վայրերու սուրբերէն խնդրելով բժշկութիւն, յաջողութիւն, զաւկի ծնունդ եւ այլն։ Աւելին՝ անոնց մէջ եւս բոյն դրած է այն հաւատքը, որ սրբատեղին անարգելը, անկէ բան գողնալը, անոր վնաս հասցնելը մեղք ունին, ու մարդ անպատիժ չի մնար իր այդ արարքներուն համար։

Քապուսիէ Մուսա Լեռան գիւղերէն մէկն էր։ Գիւղին հիւսիսակողմը կը գտնուի Ս. Սարգիսի քարայրը, որ յայտնի ուխտավայր էր։ Քարայրը կարելի է բարձրանալ երկար սանդուղքի մը սանդղամատերէն մէկիկ-մէկիկ մագլցելով։ Հիմա հոն թուրքեր կ՚ապրին։ Վագըֆէն ինծի ուղեկցող Մուսա Էմլէքեանը ահա թէ ի՛նչ կը պատմէ անոր եւ գիւղի այժմու բնակիչներուն մասին։ Կ՚ըսէ.
— Օր մը այնտեղ խաղացող թուրք տղայ մը կ՚ըսէ ընկերներոուն. «Եկէք այս երկար սանդուղքը հրենք, թող ձորը իյնայ»: Շատ բարձր սանդուղք է: ընկերներով կը հրմշտկեն, ու սանդուղքը կ՚իյնայ ձորը, կը սահի աւելի վարերը: Յետոյ կ՚երթան խաղալու, մէյ մըն ալ ի՛նչ տեսնեն, սաղդուղքը տեղն է. կ՚երթան Քապուսիէ ու կը պատմեն իրենց մեծերուն.
— Աման տղաք, — կ՚ըսեն, — լաւ որ Սուրբ Սարգիսը չպատժեց ձեզ, չըլլայ մէյ մըն ալ փորձէք, Սուրբ Սարգիսը ձեզ ձորը կը նետէ:

Խտըրպէկ եւս Մուսա լեռան գիւղերէն էր։ Նշանաւոր էր իր հնամենի Սօսիով, որուն փորոքին մէջ կարելի է երկու ձի կապել կամ սեղան դնել ու չորս հոգիով թղթախաղի նստիլ։ Սրբացուած ծառ էր հայոց համար։ Անոր շուքին, յորդ գետակին եզրին տեղի կ՚ունենային Վարդավառի ժողովրդական տօնակատարութիւնները։ Հիմա Խտրպէկ հաստատուած թուրքերը գիտեն, որ հայերը գացին, բայց կը հաւատան, որ հայերուն սուրբերը Սօսի ծառին մէջ կ՚ապրին, չեն կտրեր ճիւղերը, տակը կը նստին կը զուարճանան: «Անգամ մը Սօսիին տակ հարսանեաց խնճոյք կ՚ըլլայ, — կը պատմէ Մուսա Էմլէքեան: — Հով մը կը փրթի, ծառերը իրար կ՚անցնին, Սօսիէն հսկայ ոստ մը կտրուելով կ՚իյնայ հարսնեւորներուն վրայ: Մարդու վնաս չի հասնիր, բայց չեն համարձակիր ոստերը կտրտելով տակը մնացողները ազատել: Կը վազեն Վագըֆ, կ՚աղաչեն, որ հայերը գան Սօսի ծառին ոստը կտրտեն հանեն, իրենք կը վախնան ծառի սուրբերէն»:

Եագուպիէ գիւղի (Սուրիոյ Իտլիպ նահանգ) Ս. Աննա ուխտավայր եկեղեցւոյ մասին եւս զարմանահրաշ պատմութիւններ կը պատմուին։ Գիւղացիները զայն կը կոչեն Արեւմտեան եկեղեցի; «Գիշեր մը, — կը գրէ Ներսէս քհն. Թաթարեան, — Գայգուն [արաբ սիւննի մօտակայ գիւղ մը] գիւղէն երկու անձեր Եագուպիէի մատռան դուռը հանեցին, անոնցմէ մին իր կռնակը առաւ եւ իրենց գիւղը վերադարձան: Գիւղացիք ինչ որ ըրին՝ չկրցան իջեցնել գողցուած դուռը: Ծերունի մը դիտել տուաւ, թէ դուռը կը պատկանի Արեւմտեան եկեղեցւոյ եւ թելադրեց, որ անմիջապէս վերադարձնեն զայն, այլապէս կրնայ պատուհաս մը յառաջ գալ գիւղին մէջ: Ծերունիին խրատը լսուեցաւ, դուռը վերադարձուեցաւ եւ ինքնաբերաբար մարդուն կռնակէն իջաւ եւ իր տեղը հանգչեցաւ: Նման դէպք մըն ալ պատահեցաւ, երբ գողեր մատռան քարը վերցուցին»:
Արամայ գիւղին (Լաթաքիոյ նահանգ) մօտիկ հայոց վանքի եռախորան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հանդէպ խոր յարգանք ունին նաեւ ալեւիները; Անոնք վանքի եկեղեցւոյ նայելով «Եա խտըր» կը կանչեն, անկէ ուժ եւ ողորմութիւն կը հայցեն։ Խտըրը Ս. Գէորգն է։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից կը գտնուի նաեւ Ս. Գէորգ եկեղեցին։ 20-րդ դարու կէսերուն, հայ բնակչութեան նուազումին հետեւանքով անոնք եկեղեցւոյ ձախակողմեան խորանին մէջ տարիհ (կանաչ սաւանով ծածկուած Սուրբի խորհրդանշական գերեզման) կը զետեղեն։ Վերջերս նկատեցի, որ գաւիթը ծածկած են գորգերով ու բոկոտն ներս կը մտնեն. յարգանք ունին գլխաւոր խորանին հանդէպ, ուր կան կրկնադիր խաչաքանդակով քար, հայերէն սուրբգրային նիւթեր, խաչելութեան եւ Աստուածամօր նկարներ, պատերուն վրայ բազմաթիւ խաչաքանդակներ, որոնք անձեռնմխելի են անոնց կողմէ։ Անոնք եւս կը հաւատան, որ այդտեղէն որեւէ բան վերցնողը կամ սրբապղծութիւն կատարողը ծանր պատիժի կ՚արժանանայ ի վերուստ։ Եկեղեցւոյ կից կայ Ծակ քարը։ Հայերը անկէ կ՚անցընեն նոր մկրտուած մանուկները՝ հաւատալով որ ատիկա մանուկը զերծ կը պահէ թոքային հիւանդութիւններէ։ Ալեւիներն ալ կը հաւատան Ծակ քարի բժշկական հրաշքներուն։

ԽԱՄՈՒՐ ՓԱԹ-ՓԱԹ, ՉՈՃՈՒԽ ՉԱԹ-ՉԱԹ

Հաւանաբար դժուար ալ չէ որոշել, թէ այս զրոյցներուն մէջ ո՛ւր կը վերջանայ իրականութիւնը եւ ուրկէ կը սկսին անիրականն ու առասպելականը։ Ասոնք կը պատմուին շատերու կողմէ, եւ տարօրինակ է, որ իմ բանասացներէն ոչ ոք կ՚ըսէ, թէ «սուտ է»։ «Ինչ գիտնամ, այդպէս կ՚ըսեն» կը յաւելեն։
Այսպէս՝ այս մէկը Քեսապի մէջ կը պատմուի. նորահարս մը առեւանգող արջի մասին է: Առաջին անգամ լսած եմ Գնտըր Նանարէն (Խաթուն էր անունը, Կէօքճեան), Գարատուրանի իրենց տանիքին վրայ, ուր իր թոռներուն հետ մենք եւս կը հաւաքուէինք ամռան գիշերները։ Իմ առաջին գրառած զրոյցներէն մէկն է, 1969-ին Պէյրութ, երբ այցելեցի արդէն անկողնոյն ծառայող Գընտըր Նանարը։
Յետոյ նկատեցի, որ այս զրոյցը կը պատմուի նաեւ այլուր, կը պատմեն շատեր։ Ամեն պատմող կը պատմէր որպէս դէպքին տեղեակ, հերոսները ճանչցող մէկը, այսինչ գիւղէն կամ այնինչ թաղէն, այնինչ ընտանիքին այսինչին դեռատի կինը: Արջի որջին տեղը կը փոխուէր պատմողին համաձայն: Գարատուրանի մէջ ընդհանրապէս կը յիշուէին Կիւնիկ լեռը եւ Գարամաղարինէն: Այսպէս՝
— Օր մը վարի թաղի կիները Կիւնիկ կ՚երթան ցախ բերելու: Հեռու եւ դժուար ճամբայ է, հոն մարդիկ ցախ կտրած պատրաստած կ՚ըլլան, կիներուն գործն է չոր ցախը շալակով բերելը՝ հաց եփելու, լուացք ընելու ու ճաշ եփելու համար։ Կիները միշտ խումբով կ՚երթան ցախի, անոնց հետ կ՚ըլլայ նաեւ այնսինչերուն (մականուն կը տրուի) հարսը, երիտասարդ կին՝ այն ատեն (Հայաստան գացին): Կիները ցախը կը հաւաքեն, շալակ կը շինեն, կը կապեն կռնակներուն ու իրարու ետեւէ կու գան կ՚իջնեն Գարատուրան: Այդ կինն ալ ամենէն անդին շալակ կը շինէ եղեր: Կռնակը կու տայ բեռին, կ՚անցընէ օղակը վիզին, զոյգ ծայրերով կը քաշէ, կը կապէ ու ոտքի պիտի ելլէ` չի կրնար, ինչ կ՚ընէ` շալակը չի բաժնուիր գետնէն։
— Ցախը տեղ մը բռնուած ըլլալու է, — կ՚ըսէ,— ժայռի մը կամ թուփի մը…
Կը քակէ շալակը, օղակը կը հանէ վիզէն ու ոտքի կ՚ելլէ: Հսկայ արջ մը կեցած է երկու ոտքին վրայ, կինը չի հասցներ պոռալու, արջը թաթը կը դնէ բերնին, կը դնէ կինը թեւին տակ ու կ՚առնէ կը տանի:
Կ՚առնէ կը տանի Անթը Գարամաղարինէն: Հոն շատ քարայրներ կան, մեր գիւղացիները իրենց այծի հօտերը հոն կը պառկեցնէին։ Հոն մեծ քարայր մը կայ եղեր, կը տանի հոն: Կինը կը փորձէ փախչիլ, բայց արջը չի թողուր: Կինը պիտի պոռայ` արջը բերանը կը գոցէ: Կինը կը նկատէ, որ արջը իրեն վնաս չի հասցներ, կը լռէ կը նստի: Արջը կնկան կը հրամցնէ վայրի տանձ, փեթակով մեղր եւ ինչ որ գտեր է լեռները:
Գիւղացիները, երբ կը տեսնեն հարսը չի գար, կ՚ելլեն կ՚երթան լեռները՝ հարսը փնտռելու. ամեն անկիւն կը փնտռեն, մարդ չեն տեսներ, ձայն-ձուն չեն լսեր: Օր մը, երկու օր, շաբաթ մը երկուք… Գիւղին մէջ բողոքներ կը լսուին. ամեն օր գիւղէն բան մը կը պակսի, օր մը ասոր կուժը չկայ, ուրիշ օր անոր սաճը (հաց եփելու մատաղէ տաշտաձեւ աման), ուրիշ օր քուրցով ալիւրը, ուրիշի մը տունէն՝ նոր եփած հացը, կարասով պանիրը, ձէթն ու իւղը… Կը զարմանան կը մնան… Օր կու գայ՝ հարսը կը մոռնան, անծանօթ գողը կը փնտռեն, ի՛նչ կ՚ընեն, ի՛նչպէս կը պահեն` չեն կրնար բռնել:
Չըսես ՝ արջն է, որ քարայրէն ելած ատեն, հսկայ քար մը կը գլորէ դռան առջեւ, ու կ՚երթայ կնոջ համար տան պէտքեր բերելու, բան մը պակաս չի ձգեր…
Կինն ալ կը վարժուի արջին, քովը կը պառկի:
Օր կ՚անցնի օր կ՚երթայ, ճիշդ ժամանակին կինը մանուկ մը կը ծնի` կէսը մարդ է, կէսը արջ:
Արջը աւելի կանոնաւոր կերպով կը հոգայ տունը, ինչ կայ չկայ՝ կը բերէ տուն, կը դնէ կնոջ առջեւ, կը հրամցնէ, կը խաղցնէ մանուկը… Ու այլեւս չի փակեր քարայրին դուռը… Կը ձգէ որ կինը դուրս ելլէ, հով առնէ պզտիկին հետ, քովի անտառը մտնէ…
Օր մըն ալ քարայր կը վերադառնայ, կը տեսնէ կինը չկայ. խմորը թթուեր է, լաղէն կը հոսի փաթ-փաթ, մանուկը (չոճուխ) անօթի է, լացէն պիտի ճայթի չաթ-չաթ… Դուրս կ՚ելլէ, գոռալով ու պոռալով կինը կը փնտռէ.
— Խամուր փաթ-փաթ, չոճուխ չաթ-չաթ։
Որսորդները կը նկատեն արջը, կը կրակեն, կը վիրաւորեն: Վիրաւոր արջը կը մօտենայ քարայրի դռան ու կը կանչէ, կը գոռայ ու կը պոռայ.
— Խամուր փաթ-փաթ, չոճուխ չաթ-չաթ…

Ի դէպ, Քեսապի մէջ շատ կը գործածեն այս ասոյթը՝ նկատի ունենալով տունը խմորի տաշտն ու օրօրոցը ձգած դուռէ դուռ անցնող պտտկան կիները, կամ հակառակը՝ արտին մէջ ամուսինին օգնութեան հասած կինը, որ թոնիր տարուելիք խմոր շաղեր է կամ օրօցքին մէջ արթնցած մանուկ ունի;
—Շուտտի, (վազէ), — կ՚ըսեն այդպիսի կիներուն, — խամուր փաթ-փաթ, չոճուխ չաթ-չաթ։

Երեւան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *