ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ
«Ծիծեռնակաբերդ բարձրացողները ձեռքերնուն մէջ ծաղիկ ունին,
իջնողները՝ սրտերնուն մէջ կսկիծ եւ աչքերու մէջ անօրինակ տխրութիւն մը»։
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ
— Կարմիր կակաչներ, — աղջիկը գումարը երկարեց տարեց ծաղկավաճառ կնոջ:
Կողքի երիտասարդ ծաղկավաճառուհին մօտեցաւ:
— Նայէք ինչ սիրուն են իմ վարդերը, մի փունջ տա՞մ:
— Չէ՛, ես կակաչներ վերցրել եմ արդէն… — պատասխանեց աղջիկը:
Ու աչքերը խոնարհելով ձեռքի փունջին՝ շարունակեց բարձրաձայն մտածելով։
— Կարմիր փակ թերթիկները պահում են խոցուած, սեւ սիրտը:
Տարեց ծաղկավաճառուհիի դէմքի կնճիռները աւելի խտացան, աչքերուն մէջ յիշողութիւնը խլրտաց, ու արցունքի կաթիլը սահեցաւ այտին վրայ:
— Թոռս կորել է, եօթ ամիս առաջ զանգել էր մօրը թէ Շուշիում ենք… հիմի զոհուել է թէ գերի չգիտենք…
— Մնացեալը պահիր, — աղջիկը շտապեց հեռանալ, նկատեց որ փունջէն կակաչ մը բացած էր իր թերթիկները ու սեւ, սեփ-սեւ սրտիկը կը թրթռար:
Նարեկը երէկ զանգեց:
— Օ՜… Աստուած իմ Նարեկ, ինչպիսի՜ անակնկալ:
— Այո՛ Մանէ, ես ողջ եմ… վաղը հիւանդանոցից դուրս եմ գրուելու, կը հանդիպե՞նք…
Մանէ լուռ էր:
— Հը՞ Մանէ, յուշահամալիրի մօտ:
— Յուշահամալիրի՞… բայց ինչի՞, — Մանէ շուարած էր:
— Միասին քայլենք դէպի անմար կրակը:
— Նարեկ դու լաւ ե՞ս… — աղջիկը շուարած էր, ապա արագ կողմնորոշուեցաւ. — լա՛ւ, լա՛ւ կը գամ:
Մէկ տարի առաջ, Նարեկը զինուորական ծառայութեան մեկնելու օրը սէր խոստովանած էր Մանէին, որ անակնկալի եկած ակամայ գրկախառնուած էր զօրակոչի մեկնող զինուորի հանդէպ իր պարտքը կատարող աղջկայ փութկոտութեամբ եւ զգացած Նարեկի սրտի զարկերը… ան իր դասընկերն էր, լռակեաց, ամչկոտ անուանուելու չափ:
Պատերազմի նախօրեակին զանգած էր ու հաստատած, որ ողջ-առողջ է, անպայման պիտի վերադառնայ, յետոյ լռութիւն:
Նարեկ մուտքին, ծառին տակ անշարժ կանգնած էր. յիշեց առասպելը, տղան իր սիրած աղջիկը սպասելով քար դարձած էր, իսկ այս քարերը բոլորը սպասող տղաք էին, թէ՞ յուսահատ աղջիկներ, որոնց սիրած տղաքը չդարձան:
Հապա յուշարձա՞նը, սրբադասուած նահատակներու կանգուն քարերն էին… Հայաստանը՝ քարակոյտերու երկիր:
Հարցումը չարչրկեց ուղեղը: Ինչո՞ւ այսքան սիրեր ենք քարերը, մոխրագոյն, վարդագոյն, գորշ քարերը… ինչո՞ւ մեր վարպետները յամառօրէն փորագրած են խաչքարեր, զարդանախշեր… զէնք սարքէին, անօդաչու սարքեր, որոնք պատուհաս եղան մեր անպաշտպան տղաներուն, վարդի նման Նարեկի սերնդակիցներուն:
* * *
Նիհարցած էր Նարեկ, տարիքոտ մարդու տխուր նայուածք կար աչքերուն մէջ, նկատեց բաճկոնին տակ վիրակապուած աջ ձեռքը:
— Ձե՞ռքդ…
Պահելը իմաստ չունէր.
— Հա՜… այս ձեռքի շնորհիւ եմ շնչում… բեկորը անսպասելի խոցեց, ուշակորոյս տարել են հիվանդանոց… — յանկարծ կանգ առաւ, կախեց գլուխը ու խուլ ձայնով շարունակեց. — յաջորդ օրը անօդաչու սարքը խփել է մեր ջոկատի տղերքը, բոլորը… — չշարունակեց:
Կան պահեր երբ բազմակէտերը աւելի պերճախօս են:
Չողջագուրուեցան. Նարեկի ձեռքն էր պատճառը թէ՞ իր վերապահութիւնը: Հաւանաբար պատերազմն էր սրտերը քարացնողը… չէ, չէ, պատերազմը սրտերը տեսակ մը փխրուն, դիւրաբեկ գունտի վերածեց:Սի՜րտ, սիրտ կայ, սիրտ ալ…
Թշնամին ախորժակը սրած կ՚ուզէ տիրանալ այս քարակոյտին… իսկ քարի լեզուէն միայն հայը կը հասկնայ: Ի՞նչ քարեր, թշնամին մեր բարձունքներուն, բարեբեր հողին, մեր զուլալ ջուրին տիրանալ կը տենչայ։
Պատերազմի ընթացքին համայն աշխարհը դիտորդի դերի մէջ զգաստութիւն թելադրեց կռուող կողմերուն: Նախայարձակը թշնամին էր, արգիլեալ ֆոսֆորային զէնքեր, ահաբեկիչ զինեալներ օգտագործողը ու… արդէն հասկնալի է, համայն աշխարհը ոչ միայն դիտող էր, այլեւ մեղսակից:
Մանէն ընկերուհիներուն հետ սննդամթերք, օժանդակութիւններ կը հաւաքէր, քաղաքի կեդրոնի մարդաշատ թաղերու մայթերուն վրայ սեղանիկներ զետեղեցին, բոլորը անվերապահ կու տային, ինչքան կարող էին։ Տակաւին իրիկուան կ՚երթար ցանցային ծածկ սարքելու աշխատանքին մասնակցելու, իւրաքանչիւր կտաւի կտորը կապած պահուն պարոյկը կը գծագրուէր ուղեղին մէջ։
Ինչո՞ւ բաց է մեր երկինքը, երբ պատերազմի ուրուականը սահմանին վրայ ամէն օր դիպուկահարի գնդակով մատղաշ կեանքեր կը խլէր… մատղաշ կեանքեր, Նարեկի ընկերներու ջոկատի նման հազարաւորներ, անպաշտպան երկնքի տակ:
Յետոյ պարոյկները կը բազմանային, կը խտանային ագռաւներու սեփ-սեւ կտուցներու նման ու կը ճնշէին ստիպելով մտածել:
Սահմանի վրայ անփորձ տղաք, նախնական զէնքերով ինչ պիտի ընէին ու այս ծածկերը հիմա՞ պիտի պատրաստուէին ու եթէ տեղ հասնէին, պիտի պաշտպանէի՞ն…
Գիշերը պատերազմի մասին տեղեկատուական ժամին աչքերը հեռատեսիլին պաստառին, Արծրունի հաղորդում «շոու»ին, թշնամիին տուժածները լսելով, դիտելով, կարդալով կը խանդավառուէր: Բոլորը, բոլորը կը խանդավառուէին, բոլոր-բոլորի նշանաբանը «յաղթելու ենք» լոզունքն էր: Յղի ընկերուհին, որ արու զաւակ կը սպասէր, արդէն որոշած էր «Արծրուն» անուանել նորածինը… ու 44 օր ետք Արծրունը ի յայտ եկաւ, որպէս սուտասան… միայն Արծրո՞ւնը, որո՞ւ հաւատալ, այնքան շատ էին սուտասանները:
Շուտ ոգեւորուող խեղճ հետեւորդներ էին, երեք տարի առաջ հրապարակն ու փողոցները ողողող՝ «Ազատութիւն, արդարութիւն» դուխով գոռացող հետեւորդներ:
Քար սիրող, հրաբուխային քարի նման ծակծկուած, քարային կարծրութիւնը կորսնցուցած հետեւորդներ: Իսկ այս բազմաչարչար ազգը միթէ՞ արժանի չէ կարգին առաջնորդ ունենալու:
Բայց անհերքելի իրականութիւն էր, որ հայ ազգը յաղթական եղած է, Մանէի մօրեղբայրը այդ յաղթանակ կերտողներէն էր, զոհուած Արցախեան ազատամարտին ու ինք առիթը չէր փախցներ հպարտանալու։
Հիմա գլխիկոր, ձեռքերուն մէջ ամուր սեղմած կակաչներու փունջը կը քալէր անխօս տուժածի կողքին։ Օ՜, քաւ լիցի Նարեկը մեղաւոր չէ, որ յաղթական չդարձաւ… մեղաւոր չէ, որ չզոհուեցաւ…
— Իսկ ինչո՞ւ Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր պիտի գնայինք. — կանգ առաւ Մանէ ու նայուածքը քամեց Նարեկի աչքերուն:
— Ես, ես… կմկմաց Նարեկ. — ախր մեր ջոկատի տղաքը… — շարունակելու անկարող նետուեցաւ նստարանին վրայ:
Մանէ կամացուկ նստեցաւ կողքին:
Պատերազմը շառաչիւն ապտակի նման շշմեցուցած էր բոլորը, պարտութիւնը՝ յիմարացուցած: Խոնարհեցուց նայուածքը ձեռքի փունջին վրայ, մատները անզգալաբար շօշափեցին փափուկ թերթիկները, ցնցուեցաւ, թաց արիւն էր կարծես, գրկին մէջ արիւն ու սեւ-սեւ սրտիկներ:
— Մեր ջոկատի տղաքը էնտեղ են, եռաբլուրի թարմ հողաթմբերի տակ… էստեղ սրբադասուածների յիշատակին խոնարհած քարերն են. — գլուխը կախ վերջապէս խօսեցաւ Նարեկ. — այո՛, ես էլ նրանց հետ պիտի լինէի, դու ինձ…
— Չէ՛, Նարեկ, դու պիտի ապրես, երանի նրանք էլ…
Զոհուածներու անունները երբ յայտնուէին հեռատեսիլի պաստառին վրայ Մանէ կողքի ծննդեան թուականները կը ստուգէր, մեծ մասամբ 18-20 տարեկան նորակոչիկներ էին: Պարոյկներու շարքը մեղուներու աշխուժութեամբ կը բզզար, կը խայթէր, երիտասարդութեան առաջին սանդուղին հազիւ ոտք դրած այս տղաքը սահմանագծին, կրակի դիմաց, բաց երկնքի տակ:
Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ…
— Ի՞սկ ձեռքդ. — հարցականներու ճնշման տակ ընկճուած Մանէ կրճատումով դիմեց Նարեկին:
— Ապրելու համար պիտի նայես քեզանից վատերին, երկու թեւեր կորցրած տղաներ էլ կան… պիտ գոհանաս. — սառած նայուածքը թեւին սեւեռած շարունակեց Նարեկ. — կարճ ասած, լուծելի պարագայ է: Դժբախտութիւնները կը կոփեն մարդը:
— Այո՛, անպայման. — համաձայնեցաւ Մանէ, աւելցնելիք չունէր:
Տեղ մը կարդացած էր, որ պատանի տարիքին աղջիկները աւելի հասուն տրամաբանութիւն կ՚ունենան քան տղաքը, Նարեկը ոչ թէ հասուն մարդու նման կը խօսէր, այլ կը փիլիսոփայէր, պայմանները, պատերազմը փոխեցին մեր տղաքը, իսկ հասարակութիւնը շլմորած ցաւով ոռնա՞ր, մխիթարէ՞ր, ողբա՞ր հինգ հազար զոհուածներու կորուստը, հազար-հազարներով հաշմանդամները, անհետ կորածները:— Պատմիր Նարեկ. — աչքերը աստիճանաբար բացուող թերթիկներուն յառած շշնչաց Մանէ:
— Ի՞նչ պատմեմ… քեռիդ յաղթական զոհուել էր իսկ ես պարտութեան խարանը ճակտիս վերադարձել եմ…
— Չէ՛, Նարեկ, դու չես պարտուել… արի բարձրանանք:
Լուռ քալեցին կողք-կողքի, յանկարծ Նարեկ վճռական կանգ առաւ:
— Աջ ձեռքի երեք մատները կորցրած, պարտուած բայց քեզ շատ սիրող ձախող տղուն կընդունե՞ս. — հարցուց:
Տատամսիլը կրնար վիրաւորական ըլլալ, Մանէ եւս վճռական կողմնորոշուեցաւ:
— Բռնիր ձեռքս Նարեկ. — ըսաւ քնքշօրէն առաջ մեկնելով աջ ձեռքը եւ բռնեց Նարեկի ձախ, ազատ ձեռքը:
Արեւի շողերը ողողեցին զոյգը, որ իրար հանգուցած մատներով կը յառաջանային ինքնավստահ:
— Ծաղիկ վաճառող տատիկն ասաց զինուոր թոռնիկից լուր չկայ… Շուշիում է եղել…
— Ա՜հ… ափսոս. — խորունկ շունչ քաշեց Նարեկ. — Սիրուն քաղաքները դաժան թշնամու ձեռքն ընկան, նահատակներ, գերիներ. — ձայնը դողդողաց ու մնացեալ բառերը խեղդուեցան կոկորդին մէջ:
— Շուշի՜՜. — հառաչեց Մանէ։
Երկու տարի առաջ երբ այցելեց Շուշի սիրահարուեցաւ այդ սիրուն, պատմական քաղաքին… իսկ այժմ տժգո՞յն պիտի որակուէր, անորոշ, անծանօթ պարագաներով անառիկ Շուշին յանձնուէր թշնամիին ու… ու կոչուէր Շուշա, անցներ այլ քաղաքներու Սասունի, Վանի, Անիի, Կարսի կարգին դառնալով աղջկայ, թաղամասի, խանութի անուն: Եւ այսպէս կորսնցնենք, կորսնցնենք ու անմահացնենք:
— Զգացական, մշակոյթի նուիրուած ժողովուրդ ենք, բայց եւ յանձնուած, երկպառակտուած, — մրմնջեց:
Սիրտը ամուր ճանկեցին։ Ո՛չ, ո՛չ, ամէն ինչ աւարտած չէր, անյոյս, խորտակուած կարելի չէր ապրիլ, ինք Շուշին ազատագրած, զոհուած մօրեղբայր ունէր:
Անմար կրակին առջեւ երկիւղածութեամբ կանգ առին, խաչակնքեցին ու Մանէ ձեռքի փունջի կակաչները թափահարելով նետեց անմար կրակի խոռոչին մէջ. կարմիր թերթիկները դողդոջելով բաժնուեցան ցողուններէն, իրեն թուեցաւ թէ կրակի բոցերը կլանեցին սեւ սրտիկները:
— Հայր մեր, որ յերկինս ես…- Մանէ երկիւղածութեամբ արտասանեց, մինչ Լուսինէ Զաքարեանի ձայնը կը բարձրանար դէպի երկինք։
— Տէր Ողորմեա՛… — միացաւ աղօթքին:
Նարեկ նայուածքը սեւեռած բոցկլտացող կրակին քարացած էր:
— Արի, Նարեկ, — Մանէ քաշեց Նարեկի ձեռքը:
Նարեկ քալեց շլմորած, մտամոլոր, բարձրացաւ աստիճաններէն ու կռթնելով թեք պատին կանգ առաւ, յետոյ հաւաքելով ուժն ու կոկորդին մէջ փակուած բառերը գոչեց.
— Ինձ կը ներե՞ս… չգիտեմ… ուզում էի մի կերպ ազատուել պատերազմի դժոխքից, էնտեղ ահաւոր էր, խլացնող պայթումների, յանկարծակի յայտնուող անօդաչու սարքերի սարսափը, որոնք անսպասելիօրէն ամէն ինչ կ՚ոչնչացնէին… զգում էի վտանգը, քո մասին էի մտածում… ու… չգիտեմ ո՞նց ստացուեց, ստացուեց… բեկորը օգնութեան հասաւ, խոցուեցի:
Մանէ քարացաւ ինք եւս հենուելով պատին. սփոփանքի բառեր չունէր, Նարեկի հանդէպ պարզապէս արգահատանքի զգացում կը տածէր, իսկ սէ՞ր… յիշեց մօր խօսքերը, ան բուռն սիրահարութեամբ ամուսնացած էր հօրը հետ ապա… ամուսնալուծուած:
* * *
«Տղամարդու սէրը ջրի նման է, մէկ էլ տեսար եռ գալով շոգիացաւ, գնաց ապակիներին կպաւ ու նորից ջրի կաթիլ, նոր սէր…», սիկարէթը մոխրամանին մէջ ճզմելով կը փիլիսոփայէր մայրը:
Զոյգի համերաշխութիւնը հօր բարձր պաշտօն ստանալով աստիճանաբար տուժած էր, սէրը շոգիացած, մայրն ու ինքը մնացեր էին երկսենեկանոց բնակարանին մէջ, մինչ ապակիներէն այն կողմ հայրը իր դիրքին յարիր կեանք կը վարէր. սիրուհիներ, մեքենաներ, առանձնատուն…
Երեք տարի առաջ երբ երկիրը կ՚ալեկոծուէր ժողովրդավարական գաղափարներով, ինք շարժման թունդ համակիր (հաւանաբար հօր հանդէպ ունեցած մերժողականն էր պատճառը) դասընկերներուն միանալով կ՚ուղղուէին Աբովեան փողոց, առեւտրի կեդրոնին ապրանքի պահելու պահարաններուն մէջ կը զետեղէին իրենց պայուսակները ու կը սուրային հրապարակ, «դուխով» մասնակցելու բազմահազար հոգիանոց հաւաքներուն: Երբ խանդավառ ու ոգեւորուած կը դառնար տուն, մայրը ծխախոտի ծուխը փչելով քմծիծաղը քթին տակ.
— Հը՞, նախկիններին ճամբեցի՞ք:
— Հա՜ շուտով, ինչ է վախենում ես ամուսնեակդ դիրքը կորցնէ, մեզ տրամադրած ողորմելի նպաստը կասեցնէ…
— Լսի՛ր, աղջիկ ջան, հին-նոր բոլորն էլ դիրք-պաշտօն որ ստանան… փո՜ւֆ. հայրդ էլ իտէալներ ունէր… բայց լաւ չի երբ հօրդ մասին էդ ոճով կը խօսես. — մրթմրթաց մայրը, ու շարունակեց քթածակերէն դուրս եկող ծուխի գուլաները դիտելով. — տեսա՞ր ծուխը ոնց դուրս եկաւ պատուհանից, նրանք էլ կը գնան… դու քո դասերին նայիր, տարին լրանում է, համալսարանում աթոռ է քեզ հարկաւոր:
— Նարե՛կ, յիշում ե՞ս մեր դասարանցիներով ոնց հրապարակ կը գնայինք. — ըսաւ փորձելով անջատել յուշերու թելը:
— Է՜հ… երանելի օրեր. — Նարեկ խոր շունչ քաշեց քունէն արթնցողի նման:
— Յաջորդ տարին բանակ պիտի գնայիք, դասարանի աղջկերքով հաւաքուեցինք ձեզ ճանապարհելու:
— Էդ օրը երկնագոյն շոր էիր հագել, ես պինդ-պինդ գրկեցի քեզ. — խօսեցաւ Նարեկ ոգեւորութեամբ:
— Տղերքը՝ Սիսակը, Սարոն, Վահանը, Աւետը… — Մանէ չշարունակեց:
— Ափսո՜ս. — հառաչեց Նարեկ:
— Իսկ ափսոսում ես, որ գնում էինք հրապարակ:
— Դե՜հ… ժողովրդական շարժում էր էլի. — կմկմաց Նարեկ:
— Ըհը՜՜, ժողովրդական շարժում. — գլուխը շարժեց Մանէ:
— Մանէ՛, ինձ կը ներես:
— Վա՜յ, Նարեկ ջան, էդ ինչ յիմար խօսք է, մի բան յստակ թող լինի, ես ախպեր չունեմ, դու իմ ախպերն ես:
— Այդքա՞ն. — ճնշուած հարցուց Նարեկ:
Մանէ բարձրացուց նայուածքը, հորիզոնին՝ սիգապանծ Արարատը գագաթը սպիտակ ամպերուն մէջ խրած, բազմած էր փոքր Մասիսի կողքին, հիանալի գեղանկարն էր: Տարածեց ձեռքերը գրկելու համար այնքան մօտիկ թուացող շքեղութիւնը, թեւերը մնացին կախ:
— Նարե՛կ դու լսած կա՞ս, թէ Արարատի այս սէգ պատկերը սահմանից այն կողմ այլ է, շատ սովորական, նոյնիսկ տխուր լերան մը պատկերն է:
— Ե՞ւ… ինչ արժէ երբ այդ գեղեցկութիւնը քոնը չի, — տխուր պատասխանեց Նարեկ:
Երկար մնացին անխօս:
— Վաղը ես գնում եմ բանակ ծառայութիւնս շարունակեմ, — Նարեկ յայտնեց վճռական:
— Մենք քարեր ենք Նարեկ, մեր քարէ երկիրը պահող քարեր… ապահով ծառայութիւն ու բարի վերադարձ, — եզրակացուց Մանէ:
— Մի հատ սելֆի անե՞նք, — խնդրեց Նարեկ:
— Անենք Նարեկ, — պատրաստակամ պատասխանեց Մանէ:
Սրբացած քարերով յուշահամալիրի պաստառին վրայ ողջագուրուող զոյգի ժպիտները անմահացան:
Երեւան, 12 օգոստոս 2021