Այսօր քիչ մը անտրամադիր է

Անոյշ Ակներեան

— Հոյակապ քոնսեր է. պէտք է անպայման երթանք,— ըսաւ ընկերուհիս, Սոնան։
Խօսքը մեր երկուքին ծանօթ հայ ճազ երգչուհիի՝ Սթելլայի համերգին մասին էր, որ այդ օրերուն քաղաքը կը գտնուէր եւ միայն մէկ օր համերգ ունէր։
Ես համոզուելու կարիք չունէի արդէն։ Ճազի սիրահար՝ պատրաստ էի Continue reading “Այսօր քիչ մը անտրամադիր է”

Բոլորս կը սիրէինք զինք

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ

Տարիներէ ի վեր այրի էր արդէն հօրաքոյրս, երբ ինք ալ մահացաւ։ Մասնաւոր լուրջ հիւանդութիւն մը չունէր. պարզապէս սիրտը տկարացած էր եւ սկսած էր աներեւոյթ մարդոց հետ կռուիլ եւ բարկանալ, թէ ինչո՞ւ իր սենեակը կու գան եւ զինք կը դիտեն։ Վկայ չունէր, անշուշտ, որովհետեւ ծերանոցը կ՚ապրէր առանձին եւ իր տեսածներն ու լսածները ուրիշ ոչ ոք կը տեսնէր կամ կը լսէր։ Մինչ իր միւս ազգականները Չէ, ատանկ բան չկայ. դուն կ՚երեւակայես կոր, կ՚ըսէին, ես քիչ մը աւելի կարեկցութեամբ՝ Կարեւորութիւն մի տար այդ Continue reading “Բոլորս կը սիրէինք զինք”

Արձակուրդի մտորումներ

Բժ. Օհան Թապաքեան

Ընտանեօք արձակուրդի ենք ծովեզրը: Առաւօտ կանուխ, կիսամութին, սենեակիս պատշգամը, աթոռի մը վրայ նստած՝ կը սպասեմ ընտանիքիս անդամներուն զարթնումին, որոնք նախորդ օրուան ուշ ժամերուն կատարուած ճամբորդութենէն յոգնած՝ Մորֆէի գիրկը ապաստանած են, ու արթննալու որեւէ նշոյլ չեն ցուցաբերեր տակաւին. չեմ այպաներ զիրենք, որովհետեւ արձակուրդի ընթացքին ամեն բան խրախճանք է ու վայելք, ու քունը կարեւոր մասնիկներէն մին է վայելքին: Continue reading “Արձակուրդի մտորումներ”

Պարոն Արտաշէսը

Կարօ Պօհճալեան

Աթապայի հրապարակի բանուկ անկիւններէն մէկուն վրայ, Աւետիս Չագըճեանը Primus վաճառանիշով խոհանոցի օճախի, ռատիոներու, եւ շուէտական ուրիշ ապրանքներու ներկայացուցչական մեծ վաճառատուն ունէր:
Շէնքին ճակատի վերի մասին վրայ, գիշերները վառող-մարող գունաւոր լոյսերով ծանուցումներ կ՚երեւային, որոնց մէջ տիրական դիրքով Continue reading “Պարոն Արտաշէսը”

Երգը

Արտաշէս Շահբազեան

Սահակ Սահակեանի յիշատակին

Հեղինակին կողմէ. — 2020 թուականի մեծ ողբերգութեան նախօրէն էր: «Անուշ» նստած էինք իրար հետ՝ ես, Շառոյեան Ռադիկը եւ Սահակ Սահակեանը: Սահակի ներկայութեամբ, բնականաբար, խօսակցութեան թեման երաժտութիւնն էր: Խօսում էինք այն մասին, թէ ազգային-յեղափոխական երգը, որքան դերակատար եղաւ եւ ինչ ազդեցութիւն ունեցաւ Արցախեան ազատամարտի, ազատամարտիկների ոգու բարձրացման եւ հայրենասիրական դաստիարակութեան գործում: Սահակն ինձ ասաց, թէ՝ «Այ էս թեմայով մի բան գրիր»: Մօտ երեք շաբաթ անց գրուած պատմուածքը ներկայացրի ընկերների դատին: Յետոյ տեղի ունեցան աներեւակայելի իրադարձութիւնները եւ մենք մեզ մոռացանք, ուր է թէ ուրիշ բաների մասին յիշէինք: Սահակի հեռանալուց յետոյ յիշեցի այդ ամենը եւ որոշեցի պատմուածքը հրապարակել՝ նկատի ունենալով, որ երգչի նախատիպը Սահակն է, եւ պատմուածքն էլ նուիրուել է սիրելի ընկերոջը:

Երգը քէֆի սեղանով տարածուեց լաւաշ հացի հետ: Բազմաձայն երգը սենեակ խուժեց տղերքի խուռներամ բազմութեան, յատակին քսուող Continue reading “Երգը”

«Հունա Ալ Գահիրա»

Կարօ Պօհճալեան

Հին թաղերու փողոցներուն մէջ, աղմկոտ սրճարաններէն եկող ռատիոյի խօսնակներու բարձր ձայնը, երբեմն ընթացիկ յայտագիրը յանկարծ կ՚ընդմիջէր եւ՝ «Հունա ալ Գահիրա» ըսելով ունկնդիրներուն կը յիշեցնէր, որ կայանի ձայնային սփռումը Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէէն կը կատարուէր: Continue reading “«Հունա Ալ Գահիրա»”

Տառապանքին դրական հետեւանքները

Բժ. Օհան Թապաքեան

Կեանքը լուսեղէն անծայրածիր գետ մըն է, որ կը հոսի անարգել մարդկութեան սկիզբէն դէպի յաւիտենականութիւն: Բնական պայմաններու տակ ջուրին ընթացքը խաղաղ է ու հեզասահ, սակայն չարագործ մարդոց կողմէ յղացուած բազմատեսակ խոչընդոտներ ու արուեստական փոթորիկներ պատճառ կը դառնան, որ գետին խաղաղ Continue reading “Տառապանքին դրական հետեւանքները”

ՔԱՐԸ (Շուշիի Կանաչ ժամի սրբատաշ քարերից մէկի խոհերից)

Անահիտ Գաբրիէլեան

Ամեն ինչ սկսուեց յանկարծակի… Մի օր քարն օտար շունչ զգաց, օտար դէմքեր նկատեց… Օտար ափերը նախկին տէրերի ափերի պէս չէին շոյում իր կողերը, օտարները ակնածանքով չէին համբուրում իր դէմքը, չէին խաչակնքում երեսներին… Նախկին հարազատ դէմքերը էլ չերեւացին… դադարեց մանուկների քաղցրանուշ ճռուողիւնը… Continue reading “ՔԱՐԸ (Շուշիի Կանաչ ժամի սրբատաշ քարերից մէկի խոհերից)”

ՊԵՏՐՈՍԻ ԲԱԺԻՆ ՈՍՏԻԿԱՆԸ

Վազգէն Գաբրիէլեան

Երկու տարի առաջ Արտակը, ծառայողի պաշտօն ստանալով, ընտանիքով գիւղից մարզկենտրոն տեղափոխուեց: Իննսունմէկին մօտեցող, բայց դեռ առոյգ Պետրոսը, որ կնոջ մահից յետոյ ապրում էր եղբօր տղայի՝ Արտակի տանը, նոր զրուցակիցներ գտաւ քաղաքային զբօսայգում: Տարեցները նրանից աւելի ջահել էին, ընդունեցին որպէս «մեծ ախպէր», ներողամիտ ժպտում էին նրա մեկնաբանութիւնների Continue reading “ՊԵՏՐՈՍԻ ԲԱԺԻՆ ՈՍՏԻԿԱՆԸ”

ՓՈԽՎՐԷԺԻ ՊԱՏԳԱՄՆ ՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ

Գրիգոր Ջանիկեան

Սիրելի գրչընկերոջս՝ ՎՐԷԺ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆի յիշատակին,
բոլոր Վրէժներին, որ ծնուել, ծնուելու են անպայման

Հօրը տեսնելը տեսել էր, բայց աղօտ էր յիշում: Վերապրող խարբերդցիներն էին պատմում, որ հայրը, քսանը չբոլորած, Միացեալ Նահանգներ է մեկնել, ուսանել է Եյլի, Հարուարդի համալսարաններում, աւարտելուց յետոյ վերադարձել է Խարբերդ, «Եփրատ» քոլէջում տարրաբանութիւն, իմաստասիրութիւն, ընկերաբանութիւն է դասաւանդել: Շատ շուտով համաքաղաքացիները նրա բուն՝ Պարգեւ Պարթեւեան անուն-ազգանունը մոռացել, «Խարբերդի Սոկրատ» էին կոչել: 1915-ի յունիսին հօրը, քոլէջի բոլոր ուսուցչապետերի հետ տարել էին Արեգունի՝ Ծովքի հիւսիսային ափամերձ քարքարուտը: Հէնց այդ Continue reading “ՓՈԽՎՐԷԺԻ ՊԱՏԳԱՄՆ ՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ”