Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի վերջին թիւի նիւթերը կը գտնես ստորեւ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում
Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի վերջին թիւի նիւթերը կը գտնես ստորեւ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում
Ամեն տարի, երբ ապրիլը կը բացուի, տանս որոշ անկիւնները կը դառնան մրջիւններու սեփականութիւնը։ Նախակարապետ հետախոյզները առաջինը կը յայտնուին խոհանոցին ու հիւրասենեակին մէջ. անոնք անշեղ նպատակասլացութեամբ կը քննեն ամեն մէկ ծալք ու անկիւն՝ սեղանը, հացի տուփը, մինչեւ իսկ Continue reading “Սիման եւ մրջիւնները”
Ի յիշատակ Յասմիկին
Փաթիլը ոչ միայն Պօղոսեան վարժարանի դասընկերուհիս էր, այլ նաեւ Փաթիլին Մարիանէ անունով մայրը բարեկամուհին էր Նուէր զարմիկիս, զոր Հոճուր կը կոչէինք. երկուքն ալ նորաձեւութեան եւ կարի հանդէպ մեծ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունէին։ Չեմ գիտեր ինչպէ՛ս իրարու ծանօթացած էին, եւ ինչպէ՛ս եղած էր անոնց կապը։ Պատահած էր, որ, երբ Հոճուրս Փաթիլենց այցելէր, իրեն ընկերակցէի Continue reading “Գուքիին հետ անմոռանալի՜ պտոյտ մը”
Շարունակութիւն նախորդ թիւէն
Եգիպտական սրճարան մը։ Սեղաններ ու աթոռներ շարուած են տեղ-տեղ եւ նարկիլէի ծուխը կը լեցնէ մթնոլորտը։
ԹՈՒՐՔ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆ — Երկիրը խաղաղութեան եւ բարգաւաճութեան մէջ է, բայց մեր ձեռքէն կորսնցուցինք Եգիպտոսը, Continue reading “Վարձկան թագաւորը (Դ.)”
Տղայ մը կար վտիտ, ազազուն, ներհուն,
որ շաբաթը չորս անգամ՝
կ՚երթար խանութ մը փոքրիկ —
լուռ ծուարած թաղին անկիւնը գողտրիկ —
տուփ մը աժան ծխագլանիկ գնելու։ Continue reading “Բանաստեղծութիւններ”
ԳՐՈՂԸ — Հինգ հոգի են, համերգէ մը կը վերադառնան։ Վայելած են Նարեկ Հախնազարեանի եւ Կրեկորի Ջայծէի թաւ ջութակի եւ դաշնակի համերգը՝ նուիրուած Մեծ վիպապաշտներուն։ Ունկնդրած են ոչ միայն ռուս, այլեւ հայ ու վրացի յօրինողներու գործեր ալ։ Ուրախ են ու հպարտ։ Քաղաքամէջէն կը վերադառնան Փարգ պողոտայով, երբ կը հասնին Ժան-Թալոն փողոցին անկիւնը, մէկը ցոյց կու տայ այնտեղ Continue reading “Արձանը եւ մնացեալը”
Սկիզբը՝ փետրուար 2026-ի թիւով
Անհամասեռ կառոյցը իր երբեմն ճկունութեամբ, ծաւալով, բարեհնչութեամբ այնքան գրաւիչ է ու տիրական, որ գրողը, նոյնիսկ ուշադիր գրողը, յաճախ կը սայթաքի՝ մտքին ծայրէն իսկ չանցընելով համասեռ տարբեդրակը: Continue reading “ՈՃԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ (Դ.)”
Կսկիծով իմացանք մահը մեր բազմամեայ աշխատակից, նկարիչ, գծագրիչ, բանաստեղծ, թարգմանիչ, գրականագէտ, հրապարակախօս, բազմատաղանդ ու բազմաշնորհ մտաւորական Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի։
Մեծ է ընկեր Թաթուլի վաստակը հայութեան հաւաքական կեանքին եւ մասնաւորաբար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հայ Continue reading “Ամբողջական գեղագէտը՝ Թաթուլ Սոնենց (1928-2026)”