«Օթոստրատ»ը

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ

Մայտային

Օթոստրատին վրայ, հակառակ ուղղութեամբ, նկատեց դէպի կանգառ յառաջացող օթոպիւսը: Պէտք է աճապարէր, կանգառ հասնէր, հակառակ պարագային, ամբողջ երկար ժամ մը պիտի սպասէր յաջորդին ժամանման…
Աշխատավայրէն իրեն բախտակից, գաղթական բանուորուհիի մը հետ դուրս եկան, աշխատանքային երկար օր էր: Մեծ էր թիւը գաղթողներուն, աշխատանքի դիմողներ շատ էին, ընդունուողները բախտաւոր կը համարուէին: Ինք փորձ-քննութեան յաջորդ օրն իսկ հրաւիրուեցաւ, կարի աշխատանոցի մէջ երկար տարիներ աշխատած էր.. հետեւաբար բախտաւորներու փաղանգին մաս կը կազմէր: Continue reading “«Օթոստրատ»ը”

Մէկ ծաղիկով ալ գարուն կու գայ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ օրերուն օգոստոս էր եւ երեւանեան օգոստոս ու երկինքը բաւական բարձր ջերմութեամբ կը ժպտար։ Ու ինչ մեղքս պահեմ, կ՚ուզէի այդ օրն ալ չծուլանալ եւ մտովի վերանորոգուիլ։ Թէեւ մայրաքաղաքի մեծ եւ յայտնի գրադարաններն ու գրախանութները կարգով այցելած էի, սակայն առիթով մը երեւանաբնակ աշակերտուհիներէս Մատլէնէն խնդրած էի, սանկ, քանի մը «անանուն» գրադարաններն ալ այցելել։ Անկեղծօրէն կ՚ուզէի միշտ լսել հայ գիրքին ձայնը։ Իրապէս, որ հայրենիքի կարօտիս կողքին, ընթերցումի սէրս ալ հետս Հայաստան բերած էի։ Եւ այդ օր մուրազիս հասած էի։ Continue reading “Մէկ ծաղիկով ալ գարուն կու գայ”

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԲԱՂՆԻՔ

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

1940-ական թուականներուն Հալէպի բնակարաններուն մեծամասնութիւնը սահմանափակ յարմարութիւններով օժտուած էր, ու բաղնիքները հեռու էին գործնական ըլլալէ. լոգնալու համար անհրաժեշտ էր օճախին վրայ խոշոր կաթսաներու մէջ ջուր տաքցնել, ապա «բաղնիք» համարուած փոքր խուցի մը մէջ մայրեր իրենց փոքրերը ցած, անթեւ աթոռակի վրայ նստեցնելով՝ կ՚օճառէին անոնց Continue reading “ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԲԱՂՆԻՔ”

Բադերը երեքն էին

ՎԻԳԷՆ Ա.

Միսաք Վանլեանի յիշատակին

Սեդրակ ուրախ էր։
Չորս օր առաջ թոշակի ելած էր, երեսուն երկար ու ձիգ տարիներ մետաղագործական հսկայ արտադրամասին մէջ շաբաթական հինգ օր տքնելէ ետք։ Փոքրիկ հանդիսութիւն մը, նուէր մը (թանկարժէք ժամացոյց մը), յուշատախտակ մը… եւ մանաւանդ ամեն ամիս կոկիկ թոշակի մը հեռանկարը։
Դեռ առոյգ էր Սեդրակ, վաթսունը նոր թեւակոխած։ Տակաւին ամբողջ կեանք մը ունէր առջեւը։ Տարիներ շարունակ երազած էր այս օրը։ Հազիւ պատանեկութենէն դուրս եկած, նետուած էր կեանքի ասպարէզ, ինչպէս գրոց-բրոցները կ՚ըսէին, եւ անընդհատ վազած էր։ Ի՜նչ գործ ըսես, որ չէր ըրած. աշկերտութիւն երկաթագործի մօտ հոն՝ Հալէպ, բանուորութիւն՝ Պէյրութ ապա Գանատա, քշած էր թաքսի՝ ինչպէս բոլոր նորեկները, յետոյ կրցած էր մտնել այդ գործարանը, որուն զուգահեռ պահած էր թաքսին, մէկ արտօնագիրը երեքի վերածած ու վարձու տուած, բացած էր թաղային մանր խանութ, կուտակած էր բաւական կարողութիւն… Զուգահեռ՝ կազմած էր ընտանիք, կին եւ երկու երեխայ, որոնց ուսման համար ոչինչ խնայած էր։ Կրցած էր սեփական տուն ունենալ, երկու անգամ փոխած էր զայն՝ աւելի մեծը գնելով։ Վերջին տունը չէր գնած, այլ անցեալ տարի գետի ափին կառուցել տուած էր՝ լայն, ընդարձակ, ուր ամառները պիտի հաւաքուէին իր ընկերներն ու ազգականները եւ իր սիրտը պիտի փառաւորուէր։ Continue reading “Բադերը երեքն էին”

Բանաստեղծութիւններ

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

ԵՐԿԻՐԸ ԵՐԿԻՐ (Չ)Է

«Դրամ չկայ»,
«Փող չկայ»,
«Էս՝ կեանք չի».
յետոյ ալ՝
«Էս երկիրը երկիր չի».
կրկնեցին
Հա կրկնեցին:
Գոց եղանք,
կշտացանք,
յագեցանք
նեղացանք
հիասթափեցանք.
—Օ՜ ուրեմն այն չէ, ինչ որ լսած էի,
այն չէ, ի՜նչով մեծցած էի…
խաբուա՞ծ էի… Continue reading “Բանաստեղծութիւններ”

ԳՐԻԳՈՐ ՀՈԹՈՅԵԱՆԻ ԲԱՐՈՅԱԽՕՍԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐԸ

Մեր սեղանին վրայ է թորոնթոյաբնակ յայտնի մտաւորական ու գրող Գրիգոր Հոթոյեանի նոր մէկ գիրքը, որ կու գայ աւելնալ վաստակաշատ գրագէտին կողմէ աւելի առաջ հրատարակուած հաստափոր գիրքերուն վրայ: Այս նոր գիրքը կոչուած է «Հայաշունչ պատմուածքներ»: Եթէ սկսիք գիրքը թղթատել, անմիջապէս պիտի հասկնաք որ հոս խնդրոյ առարկայ են ո՛չ միայն հայաշունչ, այլ նաեւ բարոյախօսական պատմուածքներ: Հոթոյեան իր այս նոր գիրքին մէջ ճամբայ կ՚ելլէ իր ընթերցողները հաղորդելու համար մարդուս բարոյական ու մարդասիրական աշխարհը հարստացնող ապրումներու ու թելադրութիւններու հետ: Continue reading “ԳՐԻԳՈՐ ՀՈԹՈՅԵԱՆԻ ԲԱՐՈՅԱԽՕՍԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐԸ”

Վրէժ-Արմէնի ՈՍՏԱՅՆ — 6 ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐ նոր հատորը

Այս հատորը, ինչպէս նախորդը՝ «Ոստայն 5 — Նամակապատում»,
լոյս կը տեսնէ միայն առցանց

Հեղինակին այս երկը կ՚ամփոփէ հայրենիք կատարած իր վերջին չորս այցելութիւններու ուղեգրութիւնները՝ Ժամադրավայրը մեր երջանկութեան (2005), Հայաստանեան հանդիպումներ (2007), Դարձեալ եւ միշտ Հայաստան (2008) եւ Հայաստանեան խճանկար (2009)։ Գալով իր առաջին երկու այցելութիւններուն, 1991-ին եւ 1994-ին, ատենին անոնց ուղեգրութիւնները լոյս տեսած են իր Ոստայն 3 — Հաղորդութիւն հատորին մէջ (1999)։ Continue reading “Վրէժ-Արմէնի ՈՍՏԱՅՆ — 6 ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐ նոր հատորը”

Մարիան Մեսրոպեան ՄագԳըրտիի «Սուրբ արդարութիւն» աշխատութիւնը

Marian Mesrobian MacCurdy with a forward by Gerard Libaridian, Sacred Justice. The voices of the Armenian Operation Nemesis. Transaction Publishers, New Brunswick, New Jersey, 2016.

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին լայն հետաքրքրութիւն կար հայ արդարահատոյց ահաբեկութեանց շուրջ ինչպէս օրինակ Կէտիկեանի շարժանկարը («Une histoire de fou»), Էրիք Պօղոսեանի Operation Nemesis հատորը, Ժաք Տերոժիի նոյնանուն գիրքի վերահրատարակումը՝ առաջին հրատարակութենէն գրեթէ 30 տարի անց։ Continue reading “Մարիան Մեսրոպեան ՄագԳըրտիի «Սուրբ արդարութիւն» աշխատութիւնը”